ՊԱՍՔԵՐԸ

Մեզի ծանօթ երկիրներու մէջ ապրող փոքրամասնութիւններու մասին գիտնալը նոյնպէս կարեւոր է մեր ընդհանուր զարգացումին համար: Սպանիոյ մէջ ապրող Պասք (Basque) ժողովուրդը, եւ մանաւանդ անոր ԻԴԱ (ETA) կոչուած կազմակերպութիւնը արժանի են ճանաչումի:

Սպանիոյ հիւսիսը եւ Ֆրանսայի aհարաւային շրջաններուն մէջ կ’ապրին պասքերը, որոնց ապրած շրջանը կը կոչուի Պասք (նահանգ): Միջին դարերէն սկսեալ, այս ժողովուրդը հաստատուած է յիշուած լեռնային շրջաններուն մէջ: Կարգ մը տեսութիւններ եւ պատմական աղբիւրներ կ’ըսեն, թէ՝ անոնց ծննդավայրը եղած է Կովկասի շրջանը եւ թէ անոնք հոնկէ եկած են Եւրոպա:

Պասքերուն ապրած հողամասը ունի լեռնային շրջաններ՝ Բիրենեան, եւ ծովեզերեայ շրջաններ՝ Ադլանտեան Ովկիանոսին վրայ:

Ժողովուրդին մեծամասնութիւնը կը բնակի երկու նշանաւոր քաղաքներու մէջ՝ Պելպաօ եւ Սան Սեպասթիան: Թիւով 850000 հաշուող պասքերուն մէկ մասը կ’ապրի Ֆրանսական հողերու վրայ, իսկ 20% Հարաւային Ամերիկա հաստատուած է: Անոնց գործածած լեցուն Եւրոպայի ամէնէն հին լեզուներէն մէկը կը նկատուի:

Հողագործութիւնը եւ ձկնորսութիւնը ժողովուրդին ապրուստի միջոցներն են:    Իրենց ազգային գլխաւոր յատկանիշներէն մէկն է ընտանեկան ստացուածքը պահելն ու զայն յաջորդ սերունդներուն փոխանցելը: Այս հարցին մէջ շատ խիստ են անոնք, եւ այս պարտականութեան անունը կը կոչեն ՔԱՍԵՐԻՕ (CASERIO):

Հազուագիւտ է որ օտարի հետ ամուսնանան եւ ձուլուին:

Տասերորդ դարուն պասքեր քրիստոնեայ դարձան եւ միացան Կաթողիկէ Եկեղեցիին: Սակայն, ասով հանդերձ, իրենց մշակոյթին մէջ տակաւին կայ կենդանապաշտութիւնը:

Անոնք ունին դարաւոր երազ մը որն է՝ Անկախ Պետութիւն ունենալ: Պասքերը ունին ինքնավար շրջան մը՝ Սպանիոյ թագաւորութեան իշխանութեան տակ: Ասիկա արիւնալի բախումներ կը ստեղծէ պասքերու եւ սպանական իշխանութիւններու միջեւ: Հարցը սկսած է 1930-ական թուականներուն, երբ Սպանիոյ քաղաքագիական պատերազմի տարիներուն, պասքերը անկախոութիւն ձեռք ձգելու առաջին փորձը ըրին: Ցոյցերով եւ գործադուլներով սկսած ժողովրդային իրենց շարժումը ճզմուեցաւ այն օրերուն Սպանիոյ ծանօթ բռնատէր Զօր. Ֆրանչեսքօ Ֆրանքոյի կողմէ: Ասոր դիմաց պասքերը անցան զինեալ պայքարի, եւ հիմնեցին ETA կոչուած զինուորական կազմակերպութիւնը: ETA կրճատումն է Պասքերէն EUZKADI TA AZKATASUNA-ի, որ կը նշանակէ՝ «Պասքերու Հայրենիք Եւ Ազատութիւն»: Այս կազմակերպութեան գործելակերպը եղած է, եւ մինչեւ այսօր ալ կը մնայ, ահաբեկչական: Անոր զոհերը եւ թիրախները եղած են պետական կառավարիիչներ, սպաներ եւ զինուորներ:

1997-Էն ասդին պասքերը ունին ինքնավար շրջան մը՝ տեղական կառավարիչով եւ խորհրդարանով: Սակայն, Սպանիոյ կառավարութիւնը զիրենք եւ ETA-ն կը կոչէ խանգարիչներ, իսկ պասքերը՝ իրենք զիրենք կը կոչեն անկախութեան համար պայքարող հերոսամարտիկներ:

About admin

Check Also

Հայկական Հնագոյն Ցեղերն ու Ցեղային Միութիւնները

           Ինչպէս ամէն ժողովուրդի, այնպէս ալ հայ ժողովուրդի կազմաւորման գործընթացը ընդգրկած է երկար ժամանակ, թերեւս …

Leave a Reply