Home / Ա / Նիւթեր / Հոգեբանական / ԳՈՅՆԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ

ԳՈՅՆԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ

images (1)

Այս նիւթը հետաքրքրած է հոգեբանները, ինչո՞ւ չէ, նաեւ մեզ: Ուստի միշտ հարցուփորձի մէջ կը գտնենք մենքզմեզ…

Վերջերս ամերիկացի գիտնական հոգեբան դոկտ. Սեղմըն Մարթըն կարգ մը փորձերէ եւ պրպտումներէ ետք ձեռք բերած է գոյներու դասաւորումով բժշկութեան կարելիութիւնը: Հաստատած ըլլալով, որ գոյները մեծ ազդեցութիւն ունին անձի մը ֆիզիքականին, հոգեկանին եւ տրամադրութեան վրայ:

Եկէ՛ք միասին նայինք, թէ ի՞նչ կ’ըսեն մեզի այդ գոյները:

Կարմիրը՝ Զօրութիւն

Պատերազմի, արիւնի, սիրոյ եւ սրտի խորհրդանիշ է: Ջերմութիւն զետեղող եւ արեան շրջանը աշխուժացնող նաեւ առօրեայ մթնոլորտը փոփոխութեան ենթարկող եւ խանդավառող սիրուն գոյն մըն է: Երբ ուզէք ձեր կարողութիւնները բարձրացնել կամ հոգնութեան ծանրութիւնը ձեր ուսերէն վար առնել, գործածեցէք կարմիր գոյնը:

Դեղինը՝ Լուսաւորում

Արեւի, տաքութեան, ուրախութեան, հոգիի հանդարտութեան, մտքի պայծառութեան, առաւել՝ դառնութիւնները վերացնող գոյն մըն է:

Կապոյտը՝ Մեղմութիւն

Երկինք, ծով, երազային թափանցիկութիւն ներշնչող գոյն մըն է:

Հանդարտութեան, թուլութեան, հանգստութեան առաւել երազային ապրումներ ունենալու համար ընտրեցէք ծովային վայր մը, ուր ճնշող գոյնը պիտի ըլլայ կապոյտը:

Կանաչը՝ Կեանք

Գարուն, բնութիւն, յարատեւութիւն, կամքի զօրութիւն յայտնաբերող գոյն մը: Մի անտեսէք այս գոյնը, փորձեցէք ունենալ ձեր վրայ կամ ձեր մօտ վերանորոգման համար, որ անզգալաբար ձեզի միշտ պիտի յիշեցնէ բնութիւնը, որուն հետ մենք անմիջական կապ ունինք:

Ճերմակը՝ Մանկութիւն

Վերածնունդի, անմեղութեան, երեւակայութեան, պայծառութեան լուսաւորման գոյն մը: Հեքիաթային աշխարհ մտնելու, երեւակայութիւնները ընդարձակելու եւ մտքերը պայծառացնելու համար ընտրեցէք լուսաւոր բացօթեայ վայր մը:

Սեւը՝ Երազ

Նրբութիւն, պաշտօնականոթիւն ցուցաբերող գոյն մը, որ նախաձեւութեան մէջ կը գրաւէ առաջին կարգը:

Փորձեցէ՛ք այստեղի գոյները իրարու կապելով գտնել ձեր հակումը կեանքը վարդագո՞յն տեսնելու թէ սեւ անկիւնէն դիտելու:

1-     Գեղեցկութիւն

Ա-մանիշակագոյն-կապոյտ

Բ-կանաչ-դեղին

2-     Երջանկութիւն

Ա- կարմիր-կապոյտ

Բ- կանաչ-դեղին

3-     Զօրակցութիւն

Ա-սեւ-կանաչ

Բ- կապոյտ-դեղին

4-     Գործողութիւն

Ա-կապոյտ-դեղին

Բ-կարմիր-դեղին

5-     Խաղաղութիւն

Ա-կապոյտ-սրճագոյն

Բ-դեղին-սեւ

6-Տխրութիւն
Ա- Սրճագոյն-սեւ
Բ- կապոյտ-սեւ

7-   Ներդաշնակութիւն
Ա-կապոյտ-կարմիր
Բ- կանաչ-սեւ

8-   Ներմղում
Ա- կարմիր-մոխրագոյն
Բ- Սրճագոյն-կանաչ

9-   Անկեղծութիւն
Ա- կանաչ-կապոյտ
Բ- սրճագոյն-դեղին

10-   Մեծամտութիւն
Ա- դեղին-կանաչ
Բ- դեղին-մոխրագոյն

Արդիւնքի ցուցակ

Ամէն անգամ, որ ընտրութիւնը կը համապատասխանէ այս ցուցակի արդիւնքին, 2 կէտ հաշուեցէք, իսկ եթէ ոչ, 1 կէտ, ապա գումարեցէ՛ք զանոնք:

-1ա, -2ա, -3բ, -4բ, -5ա, -6բ, -7ա, -8ա, -9բ, -10ա

 

-Եթէ (20-15) կէտ հաւաքեցիք, լաւատես անձ մըն էք: Առտուն կ’արթննաք բարձր տրամադրութեամբ եւ լաւ օր մը դիմագրաւելու լաւատեսութեամբ:

Կեանքի հանդէպ ձեր այս դրական կեցուածքը կ’օգնէ, որ յաղթահարէք որեւէ դժուարութիւն:

Երբեմն ձեր չափազանցուած լաւատեսութիւնը կրնայ յուսախաբ ընել ձեզ եւ անհաճոյ անակնկալներու առջեւ դնել:

Ամենայնդէպս ձեր լաւատեսութիւնը գնահատուած է ձեր շրջապատին կողմէ, շատեր քաջութիւն եւ օրինակ կ’առնեն ձեզմէ:

-Եթէ (14-8) կէտ հաւաքեցիք, իրատես անձ մըն էք, չափաւոր՝ ձեր խօսքերուն, կեցուածքներուն եւ արժեւորումներուն մէջ:

Ո՛չ անտեղի կը խանդավառուիք եւ ոչ ալ կը յուսալքուիք, ամէն բան չափուած, ձեւուած եւ հաշուուած է ձեր մօտ, այս պատճառով ալ շատ քիչ անգամ յուսախաբութիւն կ’ապրիք:

-Եթէ (7-0) կէտ հաւաքեցիք, շատ հաւանաբար ժխտական կամ ցաւալի փորձառութիւններու շարք մը մարած է ձեր մէջ լաւատեսութեան բոցը, այլապէս պատճառ չունիք այս աստիճան յոռետես ըլլալու: Պէտք է ամէն գնով ճիգ թափէք փոխելու ձեր ընթացքը, որպէսզի կեանքը աւելի հեշտ ու տանելի դառնայ:

Ըստ գիտնական եւ փիլիսոփայ Պուրդ Պուայի աչքերու ձեւին եւ գոյներուն բացատրութիւնը:

Սեւ աչքերը: Ջղային, զգայուն, նախանձոտ, փափկասիրտ, սիրտն է որ կ’իշխէ խելքին:

Կապոյտ աչքերը: Անձնասէր, խորունկ մտածող, համարձակ, գմահաճ, ուրիշներու վրայ մեծ ազդեցութիւն ձգող:

Մոխրագոյն աչքեր: Կոշտ

Կանաչ աչքեր: կամքի զօրութիւն, պաղարիւն, պնդագլուխ, աշխատասէր:

Սրճագոյն աչքեր: Գթասիրտ, զգայուն, ամջկոտ, աշխատասէր, պատրաստաբան:

Մեղրագոյն աչքեր: Հանդարտ, լուռ եւ զգացումները զսպող:

 

Մեծ աչքեր: Ջղային, զգացումներուն ետեւը պահուուտող:

Պզտիկ աչքեր: խելացի, բծախնդիր, խելքն է որ սրտին կ’իշխէ:

Կլօր աչք: Քիչ մտածող, միշտ աշխոյժ, մարդ սիրող:

Նշաձեւ աչքեր: Մանրամասնութիւններով հետաքրքրուող, կեանքը սիրող, լաւատես, բծախնդիր:

Ցցուն աչքեր: Յոռետես, մանրասնութիւններով չհետաքրքրուող, երեւիլը սիրող:

 

 

 

 

About admin

Check Also

Ինքնաօտարացումն ու Քաղաքականութիւնը

           Ինքնօտարացումը հոգեկան հիւանդութիւն է, որ պատճառ կը դառնայ մարդու կողմէն օտար յատկանիշներն ընդունելու ու …

Leave a Reply