Ֆութպօլը խաղ մըն է , որուն ընթացքին իւրաքանչիւր խումբի նպատակը հնարաւորին չափ շատ գնդակ մտցնելն է դարպասը (goal): Անուանումը անգլիական է՝ ֆութ (ոտք) եւ պոլ (գնդակ): Այս անունը պահպանուած է նաեւ ֆրանսայի, Սպանիոյ, Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ այլ տեղերու մէջ: Սակայն կան երկիրներ, ուր տեղացիները Ֆութպօլիլ տուած են իրենց անուանումը, օրինակ՝ իտալացիները՝ «կալչիո» , լեհերը՝ «պիլկա նոժնա» , հունգարացիները՝ «լաբրոտագաշ»:
Ա.Մ.Ն.ի մէջ աւելի շատ տարածուած է ամերիկեան Ֆութպօլը՝ «ռեգբի»ն, իսկ իսկական Ֆութպօլը՝ ամերիկացիները կ’անունեն «սոքքըր»:
Ֆութպօլի ստեղծման ստոյգ վայրն ու ժամանակը անյայտ է: Ֆութպօլը խաղացած են թերեւս հին դարերու միջնադարեան եւրոպայի քաղաքներու փողոցներու եւ հրապարակներու մէջ, ան յաճախ առիթ տուած է արիւնահոսութեան ու կռիւի, որուն պատճառով 1603 թուականին Անգլիոյ թագաւորը խաղին արգելք հանդիսացած է:
Միջնադարեան Ֆութպօլը հրապուրիչ էր, սակայն անոր հիմնական հարցը կանոներու բացակայութիւնն էր, խաղացողներու թիւը անսահման էր եւ կը խաղային ճագարի կամ ոչխարի մորթէ պատրասդուած ոչ կլոր գնդակներով: Միայն 19րդ դարու 20ական թուականերուն առաջին փորձը եղած է որոշակի կանոններ մշակելու եւ խաղը մարզական ընթացքի մէջ դնելու ուղղութեամբ: Այստեղ էր որ ի յայտ եկաւ սկզբունքային հարց մը՝ խաղալ միայն ոտքերով թէ՞ նաեւ ձեռքերով:
Հարցին միանշանակ պատասխան չտրուեցաւ եւ վէճը ձգձգուեցաւ տարիներ: 1863 Հոկտեմբեր 1ին Լոնտոինի մէջ կազմակերպուեցաւ բարձրագոյն դպրոցներու հաւաք, որու ձայներու մեծամասնութեամբ յաղթեցին միայն ոտքով խաղի կողմնակիցները: Միւսերը հեռացան եւ կազմակերպեցին նոր խաղատեսակ մը՝ «Ֆութպօլի ռեգբին», իսկ մաքուր Ֆութպօլի հետեւորդները մշակեցին այդ խաղի 13 յօդուածներէ բաղկացած կանոնագրութիւնը, որ հրապարակուեցաւ 1863 Դեկտեմբեր 1-ին եւ յետագային արժանացաւ համընդհանուր ճանաչումի:
Այսպէս ծնաւ ժամանակակից Ֆութպօլը: Աշխարհի առաջին Ֆութպօլային ակումբը հիմնուած է՝ 1857 թուականին, Անգլիոյ Շէֆիլդ քաղաքին մէջ: 1904 Մայիս 21ին, Փարիզի մէջ գումարուեցաւ հիմնադիր համաժողով, ուր ծնունդ առաւ Ֆութպօլի միջազգային միութիւն՝ ՖԻՖԱն, որ ստանձնեց համաշխարհային Ֆութպօլը ղեկավարելու եւ զարգացնելու պարտաւորութիւնը, մասնաւորապէս յանձն առաւ աշխարհի ախոյանութիւններ (մոնտէալ) եւ միջազգային այլ մրցաշարեր կազմակերպելը:
Ֆիֆայի կեդրոնական գրասենեակը կը գտնուի Զուիցերիոյ Զիւրիխ քաղաքի մէջ:
Ֆիֆայի բարձրագոյն մարմինը քոնկրէսն է: Ֆիֆան ունի նաեւ շարք մը յանձնաժողովներ՝ մասնագիտական, մրցավարական, դրամական, բժշկական, կարգապահական եւ այլն:
«Աշխարհի Բաժակ»ին ամէնէն շատ տիրացած են Պրազիլցիները 5 անգամ, Իտալացիները 4 անգամ, Գերմանացիները 3 անգամ, երկուքական՝ Ուրուկուէյցիները եւ Արժանթինցիները, իսկ մէկական անգամ՝ Անգլիացիները , Սպանացիները եւ Ֆրանսացիները:
Աշխարհի առաջնութիւններուն մասնակցած են նաեւ հայազգի Ֆութպօլիստներ՝ Նիքիդա Սիմոնեան, Անդրանիկ Իսկենտերեան, Խորէն Յովհաննէսեան, Եուրի Ճորկայեւ, Ալէն Պօղոսեան եւ Անդրանիկ Թիմուրեան: