ՔԱՐԻՆՏԱԿԻ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԸ

Արցախեան գոյամարտի տարեգրութեան մէջ 1992 թ. Յունուար 26-ը նշանաւոր դարձաւ Շուշիի շրջանի Քարինտակ գիւղի հերոսամարտով եւ տարեգրութեան մտաւ որպէս Քարինտակի հերոսամարտի օր:

Յունուար 26-ի Քարինտակի ինքնապաշտպանական մարտը տեւեց շուրջ 12 ժամ: Ան վճռորոշ մարտ էր, իսկ աւելի ուշ` Ազէրիներու կողմէն ստացաւ «Արիւնոտ ձոր» անուանումը:

Շուշիի ժայռի տակ գտնուող Քարինտակի մարտերը կը վարէր Վաղարշակ Առուշեանը, ան յաղթանակով կ’ուզէր դուրս գալ մարտէն, քանի որ Քարինտակը գրաւելով ազրէրիները նպատակ ունէին կիսել Արցախը եւ «ծրագրել հետագայ յաղթանակներու»: Իսկ մարտը վարելու նպատակով անձամբ Շուշի ժամանած էր Ազրպէճանի Պաշտպանութեան նախարար Մեհթիեւը՝ նպատակ ունենալով գրաւել Քարինտակը եւ երթով մտնել Ստեփանակերտ:

Յունուարեան ցրտաշունչ այդ օրը թշնամին մի քանի հարիւր զինուորներով, սպայական փորձառու կազմով լայնածաւալ յարձակում իրականացուց՝ փակելով գիւղ մտնող բոլոր ճանապարհները: Գիւղը չորս կողմէն շրջապատեցին՝ ցանկանալով բնաջնջել իրենց ամէնէն շատ անհանգստացնող քարինտակցիները: Սկիզբը հակառակորդը չուզեց կորուստներ տալ, Շուշուայ բարձրունքէն վայրագութիւններ կատարեց, այրած մեծ տակառներ եւ այլ իրեր գլորեց դէպի գիւղ, ռմբակոծումներ տեղի ունեցան, բայց այդպէս ալ չի յաջողիր բնակիչներուն հնազանդեցնել:

Մէկ մարդու պէս ոտքի կանգնեցաւ հերոս ժողովուրդը: Մեծ ու փոքր, մահը աչքերնին առաջ, անհաւասար մարտի ելան ազէրիական վոհմակի դէմ եւ 12 ժամեայ կատաղի դիմադրութենէն յաղթող դուրս ելան:

Քարինտակցիներու հաւաստմամբ, թշնամին մարտադաշտ թողեց 150 դիակ: Գիւղն ալ կորուստներ ունեցաւ, անմահացան 22 մարդ, բայց ողջ գիւղը դարձաւ հերոս՝այր ու կին, ինչպէս օրինակ՝ գիւղի մէջ ծնած Նարինէ Առաքելեանը: Ան գիւղի ինքնապաշտպանական ջոկատի կազմին մէջ մանսակցած է մարտական գործողութիւններուն, եւ Յունուարեան այդ մարտին մէջ նահատակուած է: Ադելա Աղբալեան նոյնպէս գիւղի ինքնապաշտպանական ջոկատի անդամ էր որտեղ մարտնչած էր ամուսինը: Վիրաւոր ամուսնուն մարտադաշտէն հանելու ժամանակ զարնուեցաւ Ադելան… Այդ յաղթանակի ճանապարհին զոհուեցան նաեւ Անուշվան Յարութիւնեանը, Կարեն եւ Վաղարշակ Առուշեանները, Նորայր Մանասարեանը եւ ուրիշներ :

Յիշեցնենք, որ Քարինտակը Շուշիի քերածերին ներքեւ՝ Կարկառ գետի ձախ ափին ծվարած այն արծւաբոյնն է, որ այգիներու բերք ու բարիքով ապրելով, հացը ուտելով՝ թուրք խուժանը կ’ուզէր հողին հաւասարեցնել Շուշիէն 2 քիլոմեդր հեռաւորութեամբ, հնագոյն անցեալ ունեցող այդ բնակավայրը:

Ի դէպ, Շուշիի շրջանը ամէնափոքրն է Լ.Ղ.Հ. մէջ: Սակայն գիւղական 8 համայնք ունեցող այս փոքրիկ շրջանը պատմաճարտարապետական 150 յուշարձան ունի: Շրջանի հերոսական բնակավայրերն են՝ Բերդաձորը, Հին եւ Մեծ շեները, Եղցահողը, Ծաղկաձորը, Կանաչ Թալան, Խերխանը եւ իհարկէ Քարինտակը: 1988-1992 թ ազէրիական հրոսակները Շուշիի շրջանի հայկական բոլոր գիւղերը, բացառութեամբ Քարինտակը, ավերած են, իսկ բնակիչները բռնի տեղահաներ են: 1992 թ. Բոլորը ազատագրուած են եւ վերաբնակուած :

About admin

Check Also

Վարդան Շահպազ (Մինաս Տօնիկեան)

              Մինաս Տօնիկեան, ծնած է Սեբաստիոյ, Տիվրիկ շրջանի Օտուռ գիւղը, 1864ին: …

Leave a Reply