ԶԷՆՔԻ ՓՈԽԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ

Օսմանեան լուծի տակ տառապող Արեւմտահայաստանը 19րդ դարուն ենթակայ էր ամէնօրեայ թալանի, կողոպուտի ու ճնշումի: Իր իսկ հողին վրայ, իր իսկ աշխատանքով կերտուած հայու տունն ու ընտանիքը կը յափշտակուէին բռնի ուժով, անարդարօրէն: Այս բոլորին դիմած հայ գիւղացին վճռած էր այլեւս գլուխ չծռել. պէտք ունէր զէնքի ինքնապաշտպանութեան: Սակայն Երկրի մէջ զէնք ձեռք բերելը կը բախէր անյաղթահարելի դժուարութիւններու. նախ շատ վտանգաւոր էր եւ ապա՝ շատ սուղ:

Այդ պատճառով ալ, ժողովուրդի զինման գործը կապուած էր արտասահմանի եւ յատկապէս Կովկասի, ուր զէնք ձեռք ձգելը անհամեմատօրէն աւելի դիւրին էր եւ աժան: Այդ պարագային սակայն կը դրուէր այն հարցը, թէ զինամթերքը ի՞նչպէս փոխադրել Երկիր: Այս նպատակին համար 1890էն սկսեալ կը կազմակերպուին զինամթերք փոխադրող խմբակներ (5-10 հոգի)՝ Երկիր անցնելու համար: Անոնք Արեւելահայաստանէն ուղղակի Ալաշկերտի կամ Բասէնի վրայով կ՛երթային Տարօն, Սասուն կամ Ախլաթ: Սակայն, այս խմբակները վտանգաւոր ճամբաներու վրայ կը նկատուէին քիւրտ աւազակապատներու կողմէ եւ կռուի կը բռնուէին անոնց հետ: Այս ձեւով իրենց տարած ռազմամթերքը կռուի մէջ կը սպառէր եւ տեղ չէր հասներ: Ոմանք կը բնաջնջուէին, ուրիշներ կը հասնէին Երկիր, սակայն առանց զինամթերքի:

Այս անպատեհութիւններուն առաջքը առնելու համար, Դաշնակցութիւնը ձեռնարկեց աւելի մեծաթիւ խումբեր կազմելու եւ ղրկելու գործին, անոնց համար կայան ընտրելով սահմանին մօտիկ վայրերը՝ Բասէն կամ Թախթ:

Մեծ խումբերուն (30-40) առաւելութիւնը այն էր, որ աւազակապետերը նախատեսելով իրենց պարտութիւնը, չէին համարձակեր յարձակում գործել, սակայն այս պարագային ալ խումբերը կրնային դիւրութեամբ նկատուիլ (ինչ որ յաճախ կը պատահէր) սահմանապահներու, հովիւներու եւ քիւրտ ցեղախումբերու կողմէ, որոնք զօրքին լուր կու տային եւ անհաւասար կռիւը անխուսափելի կը դառնար: Թէեւ պատահած է, որ հակառակ անյաղթահարելի կռիւներուն, խումբերը յաջողէին թշնամիին շղթան ճեղքելով հասնիլ իրենց նպատակին (ինչպէս Ճարտարի խումբը, որ 1898ին 66 հոգիով Ալաշկերտէն անցած էր Ախլաթ):

1903ին, Երկրի ժողովուրդին ինքնապաշտպանութիւնը առաջնահերթ նկատեով, Դաշնակցութիւնը ձեռնարկեց Խանի եւ Նեւրուզի մեծաթի արշաւախումբին կազմութեան:

Արշաւախումբին ձախող փորձառութեան լոյսին տակ, Դաշնակցութիւնը հրաժարեցաւ զինատար խումբեր երկիր ղրկելու միջոցէն եւ որդեգրեց աւելի նպատակայարմար ձեւ. զինամթերքի փոխադրութիւնը եղան «ծծման» եղանակով, հայ եւ քիւրտ շալակաւորներու միջոցով:

Փոխադրական գիծերու վրայ գտնուող ժամանակաւոր կայաներուն մէջ կը շինուէին գաղտնի պահեստներ, ուր «Կանհետացուէին» եկած «ապրանքները», մինչեւ որ կարելի ըլլար «ծծման» եղանակով աւելի ներս փոխադրել զանոնք:

«Ծծման» եղանակով տեղի ունեցող փոխադրութիւնները կ՛ըլլային մեծ մասամբ հայ գիւղացիներու միջոցով եւ երբեմն ալ՝ քիւրտ վալատներով:

Ցորեն, սննդեղէն եւ ցախ հաւաքելիք սայլերը կ՛օգտագործուէին իբրեւ փոխադրական միջոց:

Կովկասէն դէպի Երկիր երկարող բոլոր գիծերը անխուսափելիօրէն կ՛անցնէին քիւրտ, մանաւանդ հայտարանցի մեծ եւ բազմաճիւղ աշիրէթներու սահմաննրուն մէջէն: Անոնց ձեռնտու դարձած էր բարեկամ մնալ ‎ֆետայիներու մղած հերոսական կռիւներէն եւ, հետեւաբար, հիացմունքով կ՛արտայայտուէին անոնց մասին: Նաեւ՝ որովհետեւ մասամբ համոզուած էին, թէ պայքարը եւ կռիւը իրենց դէմ չէր, այլ՝ թուրք կառավարութեան դէմ:

Այսպէս էր որ դաշնականներ աշիրապետներու քով կ՛ապրէին, իբրեւ անոնց քաղաքական խորհրդատուներ, բժիշկներ կամ սպայակոյտի պետեր: Անոնք աշիրէթապետերուն հետ մշակած էին անձնական սերտ յարաբերութիւններ եւ նուէրներով կը փորձէին սիրաշահիլ զանոնք:

Ահա այս ձեւով էր, որ 1903էն ետք ֆետայիերը կը յաջողէին նուազագոյն կորուստով Երկրէն ներս «ծծել» մեծ քանակութեամբ ռազմամթերք:

About admin

Check Also

Վարդան Շահպազ (Մինաս Տօնիկեան)

              Մինաս Տօնիկեան, ծնած է Սեբաստիոյ, Տիվրիկ շրջանի Օտուռ գիւղը, 1864ին: …

Leave a Reply