Սիսը Դաշտային Կիլիկիոյ քաղաքներէն է:
Անունը սեմական ծագում ունի եւ արամերէն կը նշանակէ քահանայ, կրօնաւորների բնակատեղի: Հնագոյն ժամանակներուն Սիսը ենթարկուած էր Հռոմին, ապա Բիւզանդիոյ: 5-6-րդ դարերուն ան յաճախ յիշատակուած է հռոմէական եւ բիւզանդական աղբիւրներուն մէջ: 8-րդ դարասկզբին քաղաքը նուաճած են արաբները: Այդ ժամանակաշրջանի մասին գրող արաբ հեղինակները կը վկայեն, որ Սիսի բնակչութեան մեծ մասը հայեր էին: 11-րդ դարու կէսերուն Մեծ Հայքէն Կիլիկիայ գաղթած հայերը քաղաքի ու անոր շրջակայքի էթնիկական պատկերը վերջնականապէս փոխեցին՝ յօգուտ իրենց: Սիսի վերելքը կը սկսի այն ժամանակներէն, երբ հայկական աւատատիրական իշխանութիւններու հզօրացման շնորհիւ 1198 թուին ստեղծուեցաւ Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութիւնը:
12-րդ դարու կէսերէն Սիսը Կիլիկիոյ հայկական Ռուբինեան իշխանութեան կեդրոնն էր, իսկ Լեւոն Բ.ի ժամանակ (1198-1219)՝ հայոց թագաւորութեան մայրաքաղաքը: Այդ ժամանակ քաղաքը շրջապատուած է ամրակուռ պարիսպներով, կառուցուած արքունի պալատը, կրօնական ու հասարակական շէնքերը: Սիսը աւելի գեղեցկացած ու կառուցապատուած է Հեթում Ա.ի թագաւորութեան տարիներուն (1226-1270) ու անոր յաջորդներու ժամանակ: Հեթումի ժամանակ կառուցուած աչքի ընկող շէնքերէն էին թագաւորական նոր պալատը՝ Դարպաս անունով, որուն համար օգտագործուած են սրբատաշ քարեր եւ սեւ մարմար:
Քաղաքի մօտ, սրածայր ու անմատչելի Սիս լերան վրայ կը գտնուէր հայերու ձեռքով կառուցուած Սիսի հզօր ու ամրակուռ բերդը, որու սլացիկ աշտարակները, բուրգերը, ատամնաւոր պարիսպները քաղաքի անվտանգութեան յուսալի երաշխիքն էին: Սիսը նաեւ խոշոր կրօնական կեդրոն էր ու համահայկական կաթողիկոսութեան նստավայրը: 1441 թուին կաթողիկոսութիւնը էջմիածին տեղափոխուելէն յետոյ, Սիսը մնաց որպէս Կիլիկիոյ հայոց կաթողիկոսի նստավայր: Այստեղ յաճախ գումարուած եկեղեցական ժողովները կ’ընդունէին կարեւորագոյն որոշումներ, որոնք ունէին համահայկական նշանակութիւն: Սիսի մէջ տարբեր ժամանակներուն կառուցուեր են մէկուկէս տասնեակի չափ եկեղեցիներ՝ (Ս.Աթանագինէ, Ս.Աստուածածին, Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչ, Ս.Էջմիայծին, Ս.Յակոբ, Ս.Հոգի, Ս.Հռիփսիմէ, Ս.Մարինէ, Ս.Նիկողաիոս, Ս.Նշան, Ս.Պօղոս-Պետրոս, Ս.Սարգիս, Ս.Սիմէոն, Ս.Սոփի, Ս.Ստեփանոս) Ս.Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ թաղուած է Լեւոն Բ.ը: Եկեղեցիներու վրայ թողած էին կառուցման կամ վերանորագման մասին արձանագրութիւններ, պատկերաքանդակներ եւ զարդանաշխեր: Սիսի մէջ կային նաեւ ասորական, յունական, խաչակիրներու, ճենովացիներու ու վենետիկցիներու եկեղեցիներ: 13-րդ դարուն Սիսի մէջ կը նստէր նաեւ ասորիներու կաթողիկոսը: Քաղաքի շրջակայքը նոյնպէս կային հայկական եւ ասորական վանքեր ու եկեղեցիներ: Սիսի կրօնական հաստատութիւնները նաեւ գիտութեան եւ հայ գրչութեան կեդրոններն էին: Քաղաքը ունէր նաեւ մայրաքաղաքին վայել բարձրագոյն դպրոցներ, որոնց մէջ մեծ հռչակ ձեռք բերեր էր Ներսէս Լամբրոնացիի համալսարանը, որտեղ կրթութիւն ստացեր են հայ գիտութեան ու մատենագրութեան անուանի գործիչներ՝ Մխիթար Գօշը, Կիրակոս Գանձակեցին, Վարդան Արեւելցին (13-րդ դ) եւ ուրիշներ: Յովհաննէս Երզնկացիի վկայութեամբ՝ Սիսի մէջ կը գործէր նաեւ բժշկական համալսարան: Սիսը ուէր հարուստ ու բազմալեզու գիրքերու մատենադարաններ:
Հասարակական բարեգործականներէն յայտնի էր Սիսի հիւանդանոցը, որ հիմնուեր էր Զապէլ թագուհիի նախաձեռնութեամբ՝ 1241 թուին: Ինքը՝ թագուհին, հիւանդանոցի առաջին բուժքոյրերէն էր:
13-րդ դարուն, քանի դեռ Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութիւնը ուժեղ եւ հզօր էր, օտար նուաճողներու արշաւանքներու եւ երկրաշարժերու հետեւանքով տեղի ունեցած արեւմուտքները արագօրէ¯ն կը վորականգնուէին: 14-րդ դարուն, սակայն, քաղաքական իրադարձութիւնները արագօրէն կը բարդանան եւ Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութիւնը չի կրնար դիմագրաւել Եգիպտոսի սուլթանութեան հզօր ուժերը: 1375 թուին, սուլթան մելիք Աշրաֆի զօրքերը ներխուժելով Կիլիկիա՝ կը պաշարեն Սիսը: Թէն բնակչութիւնը՝ մեծ թէ փոքր, կին թէ տղամարդ, հերոսաբար կը կռուին թշնամու հերոսակներուն դէմ, բայց չեն կրնար քաղաքը փրկել: 1375 թ գարնան Սիսը կը գրաւուի թշնամիի կողմէն եւ կ’աւերուի ու կը կողոպտուի: Այդ պահէն գոյութիւն ունենալէ կը դադրի Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութիւնը: Համատարած կոտորածներէն շատեր Լեւոն 5-րդ թագաւորի եւ ուրիշ մեծամեծներու հետ գերի կը տարուի Եգիպտոս: Այնուհետեւ երկար ժամանակ Սիսը անընդհատ կ’ասպատանուէր ու կը կողոպտուէր թուրքմենական ցեղերու կողմէ: 1487 թուին, քաղաքը կը գրաւեն օսմանցի թուրքերը:
Մինչեւ 1915-1918 թթ Սիսի մէջ կ’ապրէին շուրջ 10000 հայեր, որոնք կը զբաղէին երկրագործութեամբ, արհեստներով ու առուեստներով: Ունէին 6 գործող եկեղեցի, 5 դպրոց: Այստեղ Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի կից 19-րդ դարու կէսերուն կը գործէր նաեւ ժառանգաւորաց վարժարանը: Սիսի հայերը մեծապէս տուժեցին 1909 թ կոտորածներէն, իսկ 1915-1918 թթ զանգուածաբար ոչնչացուեցան կամ տարագրուեցան թուրք ջարդարարներու կողմէ: 1920 թ Մայիսի 30-ին թուրք-ֆրանսական զինադադարով Սիսը թուրքերուն անցնելէ յետոյ, հայրեու վերջին բեկորները թողեցին իրենց հայրենիքը եւ արտագաղթեցին: Այսօր քաղաքի երբեմնի փառքը կը յիշեցնէ Հեթում Ա.ի ապարանքի, բերդի պարիսպներու, աշտարակներու, թագաւորական սենեկի ու եկեղեցիներու վշտաբեկ փլատակները: