18րդ դարու կէսէն մինչեւ 19րդ դարու սկիզբը ականատես պիտի ըլլանք հայ ազգային գիտակցութեան զարթօնքի մը: Ի՞նչ էին այդ զարթօնքին պատճառները:
ա-Օսմանեան կայսրութեան ճնշուածութիւնը Աւստրօ Հունգարիա¬Ռուսաստան հակամարտութեան որպէս արդիւնք:
բ-Արեւմուտքի դերը եւ Ռուսիոյ երեւումը Անդրկովկասի մէջ:
գ-Հայ Եկեղեցւոյ դերը:
դ-Հայ մտաւորական շարժումը եւ կրթական հաստատութիւնները:
ե-Մխիթարեան շարժումը:
ա.Արեւմուտքի դերը
18րդ դարուն եւրոպական քաղաքակրթութիւնը հզօր զարգացում ապրեցաւ: Մէջտեղ եկան ազգերու ինքնորոշման իրաւունք հասկացողութիւնները (Կարիպալտի՝ Իտալիոյ մէջ, Քիսմարք՝ Գերմանիոյ մէջ):
բ.Հայ Եկեղեցին
Հակառական դարեր շարունակ պետականութիւնը կորսնցուցած ըլլալու հանգամանքին, հայ ազգը կրցաւ իր ազգային գիտակցութեան նախատարրերը պահպանել՝ շնորհիւ հայ եկեղեցւոյ (մշակոյթ, լեզու, աւանդութիւններ), մանաւանդ երբ հայ եկեղեցին հայութեան տէրը եղաւ (քաղաքական կեանքին) Օսմանեան կայսրութեան ներքեւ, Սուլթան Մահմուտ Բ.ի կարգադրութեամբ:
գ.Հայ մտաւորական շարժումը եւ կրթական հաստատութիւնները
(Սանասարեան, Պէրպէրեան, Արմաշ եւ Վան Վարժարանները (Արեւմտեան Հայաստանի մէջ), Գէորգեան Ճեմարանը (Ս.Էջմիածնայ մէջ), Լազարեան Ճեմարանը (Մոսկուայի մէջ):
Մեծ եղաւ հայ առաջատար մտաւորականութեան դերը այս շարժումին մէջ: Անոնք սկիզբը դրին աշխարհաբարի շարժումին, խօսակցական հայերէնը մօտեցնելով գրական հայերէնին: Գրաբարին փոխարինեց աշխարհաբարը, որ աւելի մատչելի եւ հասկնալի էր ժողովրդային լայն զանգուածներու կողմէ: Այս շարժման ծիրէն ներս կարելի է յիշել՝ Հայր Ղեւոնդ Ալիշան, Խ.Աբովեան, ՐաՖՖի, Խրիմեան Հայրիկ):
Ծայր առաւ նաեւ տպագրական աշխատանք մը, հրատարակութիւններու եւ մամուլի իմաստով:
դ.Մխիթարեաններու դերը
Մխիթար Վարդապետը Սեբաստիոյ մէջ գործող Կաթողիկէ միաբան մըն էր, որ կը գործէր Սեբաստիոյ մէջ: Հոնկէ ան կը հալածուի, կ’անցնի Կարին, յետոյ՝ Պոլիս, ապա՝ Ֆրանսա եւ վերջապէս Վենետիկ, ուր 1717ին Սուրբ Ղազար Կղզիին վրայ կը հիմնէ միաբանութիւնը, որ ապագային կ’ունենայ իր մասնաճիւղերը՝ Թրիեսթէի եւ Վիեննայի մէջ:
Մեծ եղաւ մխիթարեաններու դերը հայկական զարթօնքին մէջ: Անոնք կամուրջ մը եղան Արեւմուտքի եւ հայերու միջեւ: Հրատարակեցին բառարաններ, համայնագիտարաններ, դասագիրքեր եւ զբաղեցան թարգմանական գրականութեամբ: Կազմուեցան հայ մտաւորական կեդրոններ բուն Հայաստանի մէջ.-
¬Ս.Էջմիածին՝ Գէորգեան Ճեմարան:
¬Վան (Խրիմեան Հայրիկի Գործունէութեամբ եւ «Արծիւ Վասպուրական»ի հրատարակութեամբ):
¬Էրզրում (Սանասարեան Վարժարան):
¬Շուշին, որպէս մտաւորական եւ դպրութեան կեդրոն:
Հայաստանէն դուրս, հիմնականին մէջ Պոլիս, ԹիՖլիս, Մոսկուա, Վենետիկ, Վիեննա ապա Ժընեւ եւ Պոսթըն:
Հայ միտքի այս բոլոր օճախներուն մէջ հայ ազգի վերականգնումի գաղափարը մարմին առաւ: Կրօնական համայնքէ մը ազգի հասկացողութիւն, ամրապնդուեցաւ հայ ժողովուրդի մէկ ազգ ըլլալու գիտակցութիւնը (գիտակցութիւնը թէ ունինք մէկ մշակոյթ, մէկ պատմութիւն, մէկ լեզու, մէկ հայրենիք):