Home / Ա / Նիւթեր / Քաղաքագիտական / Հայ Դատ-Ցեղասպանութիւն / «Անկարելին» Միայն Զոհաբերութեամբ եւ Հաւատքով… Կարելի Կը Դառնայ

«Անկարելին» Միայն Զոհաբերութեամբ եւ Հաւատքով… Կարելի Կը Դառնայ

                Երբ գերման, աւստրօ, հունկար, պուլկար եւ թուրք դաշնակիցները անձնատուր եղան 1918-ի աշնան, կասկածէ դուրս կը նկատուէր, որ յաղթական մեծ պետութիւնները Հայաստանի ապահովէին այն արդարութիւնն ու հատուցումները, որոնց իրաւատէրն էր ինք:

        Իրենց դատը պաշտպանելու համար, հայերը խաղաղութեան վեհաժողովին Փարիզ ղրկեցին երկու պատուիրակութիւններ, մէկը Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը, Աւետիս Ահարոնեանի գլխաւորութեամբ, իսկ միւսը՝ Հայ Ազգային պատուիրակութիւնը, որ կը ներկայացնէր Թուրքիոյ եւ գաղութներու հայութիւնը, Պօղոս Նուպար փաշայի գլխաւորութեամբ: Այսպիսով, երկու պատուիրակութիւնները ներկայացուցին «Ծովէ ծով Հայաստան»ի քարտէսը:

             Սակայն 1919-ի ամբողջ տեւողութեան մեծ տէրութիւնները չհետաքրքրուեցան Հայաստանի հարցով եւ ոչ մէկ ռազմական կամ տնտեսական օժանդակութիւն տրամադրեցին այս «նորահաս Հանրապետութեան»:

ՍԵՒՐԻ ԴԱՇՆԱԳԻՐԸ

           Հայոց արդի պատմութեան մէջ, իբրեւ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի գոյութիւնը իրաւականօրէն ու միջազգայնօրէն ճանչցող հաստատագիր, Սեւրի դաշնագիրը կը հաւաստիացնէ անկախաբար ապրելու հայ ժողովուրդին իրաւունքը ամբողջական հայրենիքի մը մէջ

          Սեւրի դաշնագիրը ստորագրուեցաւ Փարիզի մէջ 10 Օգոստոս 1920-ին: Հայաստանի կողմէ դաշնագիրը ստորագրեց Աւետիս Ահարոնեան: Ստորագրող միւս պետութիւններն էին՝ Ֆրանսա, Անգլիա, Իտալիա, Ճափոն, Փորթուկալ, Ռումանիա, Եուկոսլավիա, Չեխոսլովաքիա, Լեհաստան եւ Թուրքիա: Վերջինին կողմէ ստորագրեցին Հատի փաշան, Հալիս եւ Ռիզա պէյերը:Սեւրի դաշնագիրով Թուրքիա յանձն կ’առնէ ճանաչել Հայաստանը՝ իբրեւ անկախ եւ ազատ պետութիւն մը, հրաժարիլ Ուիլսընի իրաւարարութեամբ ճշդուելիք հողամասերու իրաւունքէն, ինչպէս նաեւ դաշնակիցներուն յանձնել այն անձերը, որոնք պատասխանատու էին Հայկական Ցեղասպանութեան: Այսպիսով, դաշնագիրին 88-րդէն մինչեւ 93-րդ յօդուածները կը վերաբերէին Հայաստանին:

Յօդուած 88.- Թուրքիա կը յայտարարէ, թէ ինք կը ճանչնայ Հայաստանը՝ իբրեւ ազատ եւ անկախ պետութիւն մը:

Յօդուած 89.- Թուրքիա եւ Հայաստան, ինչպէս նաեւ պայմանադիր բարձր կողմերը կ’ընդունին Ամերիկայի նախագահին իրաւարարութեան յանձնել Էրզրումի, Տրապիզոնի, Վանի եւ Պիթլիսի նահանգներուն մէջ Թուրքոյ եւ Հայաստանի սահմանին որոշման խնդիրը եւ ընդունիլ նախագահին որոշումով Հայաստանի դէպի ծով դուրս գալը:

Յօդուած 91.- Սահմանագծման յանձնախումբ մը պիտի կազմուի՝ Թուրքոյ եւ Հայաստանի միջեւ սահմանը տեղւոյն վրայ գծելու համար:

Յօդուած 92.- Հայաստանի սահմանները՝ Ազրպէյճանի եւ Վրաստանի հետ պիտի որոշուին շահագրգռող կառավարութեանց կողմէ, հաւաքական համաձայնութեամբ մը: Եթէ որեւէ կերպով չյաջողին հաւաքական համաձայնութեամբ իրենց սահմանները որոշել, այն ատեն այդ սահմանը դաշնակից գլխաւոր տէրութեանց կողմէ պիտի ճշդուի:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀՈՂԱՅԻՆ ՊԱՀԱՆՋՆԵՐԸ ԵՒ ՈՒԻԼՍԸՆԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ

       1918-1920 թուականներուն Հայաստանի Հանրապետութեան հողային տարածութիւնը հասած էր 45 հազար քառակուսի քիլոմեթրի:

            Իսկ ըստ Յովհաննէս Քաջազնունիի կողմէ Ամերիկեան ծերակոյտին ներկայացուած յուշագիրին, Հայաստան ունեցած է 65,700 քառակուսի քիլոմեթր տարածութիւն:

Խորհրդային շրջանին Հայաստանէն խլուած հողեր.-

  1. Ազրպէյճանի տրուած՝ նկատի չենք առներ Արցախեան պահանջին մեծ մասը, քանի որ մեծ մասը ազատագրուած է, բայց Նախիջեւանէն կը պահանջենք 5988 քառակուսի քիլոմեթր:
  2. Վրաստանէն՝ Ախալքալաք կամ Ջաւախք՝ 2800 ք.ք.:
  3. Հայաստանէն առնուած (1921-ի ռուսթրքական դաշնագիրով) եւ Թուրքիոյ տրուած՝ – Կարսի շրջանէն՝ 5800 ք.ք.
  • Կաղզուանէն՝ 4450 ք.ք.
  • Արտահանէն՝ 4000 ք.ք.
  • Օլթի գաւառէն՝ 3050 ք.ք.
  • Սուրմալու գաւառէն՝ 3650 ք.ք.

Հայաստանի սահմանները, ըստ Սեւրի դաշնագիրին.

Արեւելահայաստան ք.ք.

  • Երեւան                 3140
  • Էջմիածին             3750
  • Գումայրի         Map-miatsial-Hayastan     3300
  • Բամպակ-Լոռի    5000
  • Ղազախ-Իջեւան 4790
  • Նոր Պայազիտ      2000
  • Դալարագեազ      2000
  • Զանգեզուր            6000
  • Սուրմալու            3650
  • Նախիջեւան         5600
  • Ախալքալաք         2800
  • Ղարաբաղ            10,000
  • Կարս                     5800
  • Կաղզուան            4450
  • Արտահան            4000
  • Օլթի                      3300

Արեւմտահայաստան

  • Վանի հայկական բաժին 20,000
  • Էրզրում                             40,000
  • Բաղէշ-Պիթլիս                  15,000
  • Տրապիզոն                          15,000

Սեւրի դաշնագիրով, Միացեալ Հայաստանի սահմաններով Հայաստանի տարածութիւնը կը հասնի 161,330 ք.ք.:

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

          Դաշնագիրի ստորագրութենէն քիչ ժամանակ անց, միջազգային քաղաքականութիւնը արդէն իսկ դիմագիծը կը փոխէր: Անգլիա եւ Ֆրանսա իրենց շահերը ամէն բանէ վեր դասելով՝ պիտի մոռնային Հայկական հարցը, իսկ Մուսթաֆա «անիծեալը» կը ստորագրէր Լոզանի դաշնագիրը, միւս կողմէ Ուիտրո Ուիլսընի Ծերակոյտին մէջ հարցեր կը ծագէին: Անգամ մը եւս հայ ժողովուրդը առանձին կը մնար իր ճակատագիրին տէր կանգնելու իմաստով:

ՆԵՐԿԱՅ ԻՐԱՎԻՃԱԿ

        Հողային պահանջներն ու նահատակներուն արեան գինի հատուցումը Հայ Դատէն անբաժանելի են եւ անոնք Դաշնակցութեան հիմնական պահանջներն են ու պիտի մնան: Իբրեւ իրաւական հիմք ու արժէք ունեցող դաշնագիր՝ Սեւրը այսօր կը պահէ իր օրինականութիւնը՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի ուսերուն պարտք դնելով միջազգային ատեաններուն մէջ դաշնագիրի գործադրութիւնը պահանջելու եւ անոր իրականացումը հետապնդելու: Յիշեցնենք, որ Լոզանի դաշնագիրը երբեք չեղեալ չէ նկատած Սեւրի դաշնագիրի պայմանները, բայց եւ այնպէս Սեւրի դաշնագիրի իրականացումով Թուրքիոյ եւ թրքութեան մեծ հարւած պիտի հասնի, որովհետեւ ան յաչս աշխարհին ամօթով պիտի մնայ:

            Չըսե՛նք, որ Միացեալ Հայաստանի մը ստեղծումը անկարելի է:

           Այս աշխարհի վրայ անկարելի բան գոյութիւն չունի, այլ այդ ձեր «անկարելին» կարելի կը դառնայ համբերութեամբ, կամքով, հաւատքով, յոյսով եւ զոհաբերութեամբ: Այս բոլորը ունենալով կրնանք կատարել կարելին՝ Ամբողջական Հայաստանը:

 

About admin

Check Also

Ցեղասպանութեան Տնտեսական Դրդապատճառները

            Թեւակոխած ենք ու անցած հայոց ցեղասպանութեան 100 ամեակը, հարկ է մեզի վերապահել զգացական երեւոյթները …

Leave a Reply