1.- Հայ Ժողովուրդի Կազմաւորման Շրջանը.-
Ք.Ա. 3-րդ հազարամեակի կէսերէն մինչեւ Ուրարտուի պետութեան անկումը երկարող շուրջ երկու հազար տարուան շրջանը, հայ ժողովուրդի աստիճանական կազմաւորման շրջանն է: Հայկական Բարձրավանդակի, Տիքրիսի եւ Եփրատի վերին հովիտներուն, ինչպէս նաեւ Փոքր Հայքի զանազան շրջաններուն մէջ միաժամանակ ապրած կամ իրարու յաջորդած ցեղային միութիւնները, ոմանք ազիանիկ ծագումով, ոմանք հնդեւրոպական –Հայասայի հայերը, Սուբարիները, Նայիրեան ցեղերը, Արմէնները, Հաթերու մնացորդացները, Ուրարտուի պետական միաւորը կազմող ցեղախումբերը, եւ այլն, հետզհետէ միաձուլուեցան՝ յառաջացնելով շեշտուած կերպով հնդեւրոպական բնոյթ եւ կառոյց ունեցող միեւնոյն լեզուն խօսող մէկ ժողովուրդ՝ Հայ Ժողովուրդը:
Կազմաւորման շրջանը ընկերային տեսակէտէ կը յատկանշուի շատ յստակ հոլովոյթով մը, մարդկային ընկերութեան ամէնանախնական միաւորներէն՝ տոհմերէն՝ աստիճանական անցում դէպի ցեղերը, ցեղերու միութիւնները (Նայիրի, Արմենի, Շուպրիա…) եւ ի վերջոյ՝ Ուրարտուի կեդրոնացեալ պետականութիւնը, իր դասակարգային զանազան խաւերով:
Յստակ հոլովոյթ նաեւ՝ քաղաքական մակարդակի վրայ, յղկուած քարէն, պղինձէն եւ պրոնզէն՝ աստիճանական զարկացում դէպի երկաթի եւ այլ մետաղներու գործածութիւնը, ամէնանախնական գործիքներէն ու զէնքերէն՝ մինչեւ Ուրարտական բաւական նուրբ ձեռարուեստն ու թրծուած կաւէ նուրբ անօթները, մեհիններէն եւ տոլմեններէն՝ մինչեւ Տուշպայի, Էրեբունիի եւ Թէյշեպայինի (կարմիր բլուր) նրբազարդ պալատներն ու տաճարները:
2.- Ազգային Կազմաւորման Շրջան.-
Հայութեան ազգային կազմաւորման շրջանը կը կազմեն Ք.Ա. 6.րդ դարերը, այսինքն Ուրարտուի տկարացումէն եւ անկումէն մինչեւ Արտէշէսեան հարստութեան հաստատումը եւ ուժեղացումը:
Հայկական Բարձրավանդակն ու մերձակայ շրջանները կը ճանչցուին արդէն, օտարներու կողմէ, Արմենիա կամ Արմինիա ընդհանուր անուան տակ: Ուրարտական պետութեան օրերունինքզինք հետզհետէ պարտադրած հայ-արմէն տարրը, արդէն իսկ միաձուլուած եւ կազմած մէկ ժողովուրդ, իր ազգային հաւաքական դիմագիծը կը կերտէ յաջորդաբար՝ Մարրերու, Աքեմենեան Պարսիկներու եւ Սելեւկեան իշխանաւորներու դէմ մղուող պայքարներուն ընթացքին: Հայաստանի մեծագոյն մասի վրայ, մերթ Մարական կամ Աքեմենեան կայսրութեանց իբրեւ ենթակայ թագաւորութիւն, մերթ կիսանկախ կամ բոլորովին անկախ, բայց այս անգամ հակադրուած հայկական այլ թագաւորութիւններու: Ք.Ա. 189 թուականէն սկսեալ, Արտաշէսեան հարստութեան հիմնադիր՝ Արտաշէս Ա.ի գործը եղաւ Հայաստանի քաղաքական միաւորումը եւ ընդարձակումը՝ կեդրոնացնել մէկ պետութեամբ:
Չորսէն հինգ հարիւր տարիներու այս ժամանակաշրջանին, ցեղային նոր ու կարեւոր զանգուածներ մուտք չգործեգին Հայաստան: Հաւանաբար հին Հաթերու եւ Սուբարիներու մնացորդացները, հոս ու հոն, շարունակեցին ձուլուիլ արդէն իսկ կազմաւորուած հայ ժողովուրդին մէջ, երբեմն կռուով ու զինուորական պարտադրանքով, երբեմն խաղաղ ու դանդաղ եղանակով՝ խառն ամուսնութիւններով: Պարագայաբար Հայաստանի վրայ քաղաքականապէս տիրող տարրերէն՝ ոչ պարսիկները եւ ոչ սելեւկեանները կրցան կամ ուզեցին որեւէ ձեւով արգելք հանդիսանալ հայոց ազգային անհատականութեան աստիճանական կազմաւորման եւ շեշտումին:
Ծանօթ է արդէն յոյն պատմիչի մը՝ Քսենոֆոնկի վկայութիւնը Ք.Ա. 5-րդ դարու վերջաւորութեան կամ 6-րդ դարու սկիզբի Հայաստանին ազգային յստակ դիմագիծին մասին: Այլ պատմիչի մը՝ Ստրաբոնի վկայութեամբ, Ք.Ա. 2-րդ դարու սկիզբը բովանդակ Հայաստանի ժողովուրդը կը ներկայանար իբրեւ միեւնոյն լեզուն՝ Հայերէն խօսող միաձոյլ մէկ ազգ:
3.- Քաղաքական Հզօրացման եւ Անկախութեան Շրջանը.
Առաջին անգամ չէր, որ Հայաստանի տարածքին վրայ գոյութիւն կ’ունենար կեդրոնացեալ ուժեղ պետութիւն մը: Սակայն շնորհիւ Արտաշէսին եւ իր յաջորդներուն, կազմուեցաւ հայկական կեդրոնացեալ պետութիւնը: Գոյութիւն ունեցած էր Ուրարտական պետութիւնը, բայց ոչ Ուրարտացի ազգը:
Ուրարտուն եղած էր, ցեղային միութիւններու եւ ժողովուրդներու պետական միացում մը, ուր մանաւանդ անկման շրջանին, գերիշխող էր արդէն հայ-արմէն տարրը: Բայց հայ ազգը ժողովուրդի մը հոլովոյթին գերագոյն այդ հանգրուանը տակաւին չէր կազմուած այդ օրերուն:
Ք.Ա. 189 թուականէն մինչեւ Ք.Ե. 3-րդ դարու վերջը կամ 4-րդ դարու սկիզբը երկարող շուրջ հինգ հարիւր տարուան շրջանի Հայոց Պատմութեան քաղաքական ամենափայլուն շրջանն է: Արտաշէսի եւ իր յաջորդներու օրով ոչ միայն Հայաստանի հողային տարածքը ամբողջացաւ, այլ կազմաւորուած հայ ազգը դարձաւ ուրոյն եւ ուժեղ պետականութեան տէր ժողովուրդ. աւելին՝ Մեծն Տիգրան ստեղծեց իր ժամանակաշրջանի արեւելքի զօրագոյն կայսրութիւններէն մէկը: Արարատեան դաշտը դարձաւ Հայաստանի քաղաքական կաեանքի կեդրոնը: Քաղաքակրթական տեսակէտէ՝ հելլենիզմը տարածուեցաւ Հայաստանի մէջ ու միաձուլուելով տեղական ուրոյն քաղաքակրթութեան հետ, որու արմատները Ուրարտուէն, Հայասայէն եւ աւելի հինէն կու գային, հետզհետէ ազգայնացաւ ու հայացաւ:
Տիգրանի կայսրութեան անկումէն ետք, շուրջ մէկ դար, քաղաքական որոշ անիշխանութիւն տիրեց Հայաստանի մէջ, որու հետեւանքով ուժեղացած տեղական փոքր իշխանութիւնները (նախարարութիւնները), այլ խօսքով՝ զարգացաւ աւատապետութիւնը, որ պիտի հանդիսանար Ք.Ե. 65 թուականին հաստատուած Արշակունեաց հարստութեան ընկերային-վարչական հիմքը:
Արշակունիներու օրով Պարթեւական ազդեցութիւնը բնականաբար զօրացաւ Հայաստանի մէջ: Քաղաքական մարզին մէջ, սակայն, Հայաստանը կրցաւ պահել իր անկախութիւնը (թէեւ ոջ ամբողջական եւ բաձարցակ՝ ինչպէս Արտաշէսեաններու օրով), շնորհիւ այն հաւասարակշռութեան՝ զոր թագաւորները կրցան ստեղծել Հռոմի եւ Պարսկաստանի քաղաքական ազդեցութեանց եւ պահանջներու միջեւ:
4.- Հոգեմտաւոր եւ Մշակութային Ինքնուրոյնութեան Շեշտման Շրջանը, 4-րդէն 7-րդ Դարերը.
Յաջորդ երեք դարերուն ընթացքին, թէեւ Հայաստանը քաղաքական տեսակէտէ աստիճանական անկման շրջան մը ապրեցաւ, սակայն ընկերային-քաղաքական երեք իրողութիւններ եակն աւելի շեշտելու հայութեան ազգային ինքնուրոյն դիմագիծը՝ հոգեմտաւոր եւ մշակութային մարզերուն մէջ:
Երորրդ դարու վերջերը կամ 4-րդ դարու առաջին տարիներուն, Տրդատ Գ.ի եւ պետութեան Քրիստոնեութէան պաշտօնական յարումով, հայերը ունեցան նոր պատճառ մը հակադրուելու պարսիկներուն, կրօնական պատճառը: Ան կու գար աւելնալու այն իրողութեան վրայ՝ որ 226-էն ի վեր Պարթեւական տիրապետութիւնը վերջ գտած էր Իրանի մէջ, ուր կ’իշխէին այլ եւս Սասանեանները, դաժան՝ պարթեւ ծագումով հայ Արշակունիներուն նկատմամբ: Քրիստոնէացումը աւելի եւս շեշտեց անկասկած Հելլենիստական քաղաքակրթութեան շունչը Հայաստանի մէջ, սակայն քաղաքական տէսակէտէ ան Հայաստանը չնետեց արեւմտեան պետութիւններու գիրկը քանի Հռոմը տկարացած էր արդէն, եւ քանի Հայոց եկեղեցին կանուխէն շեշտեց իր ինքնուրոյնութիւնը՝ իբրեւ ազգային եկեղեցի:
Երկրորդ իրողութիւնը, որ սկզբնակէտը եղաւ հայ ազգային ինքնուրոյն մշակոյթի եւ դպրութեան ստեղծման, Հայ Գիրերու Գիւտն էր, Մեսրոպ Մաշտոցի կողմէ, 4-րդ դարու վերջաւորութեան: Գիտենք՝ որ այդ գիւտին յաջորդեց 5-րդ դարու մեր գրական ոսկեդարը: Իր սեփական լեզուն դարերէ ի վեր կերտած հայ ազգը կերտեց նաեւ իր սեփական գրականութիւնն ու դպրութիւնը: Հայ ազգային դիմագիծի կազմաւորումը այսպիսով ամբողջացաւ եւ հասաւ իր լրումին: Այնուհետեւ Հայաստանը իր արեւելքի եւ արեւմուտքի թշնամիներուն պիտի կարենար հակադրուիլ ու դիմադրել ոչ միայն իր զինական ուժով, որ ինչպէս տեսանք, արդէն իսկ տկարացած էր 4-րդ 5-րդ դարերուն, այլ նաեւ ու մանաւանդ իր սեփական դպրութեան, գրականութեան եւ ազգային ուրոյն մշակոյթի ուժով: Ուժ մը՝ որ, քաղաքական ամէնէ աննպաստ պայմաններուն մէջ, մեր ազգային անհատականութիւնը պահեց անաղարտ եւ կը պահէ մինչեւ այսօր:
Քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօնք ընդունած Հայաստանը (առաջին պետութիւնը՝ իբդ այդպիսին) եղաւ նաեւ մէկը այն երկիրներէն՝ ուր 4-րդ 5-րդ դարերուն դարբնուեցան քրիստոնէական ճարտարապետութեան ձեւերը, ծնունդ տալով գմբէթակիր պազիլիգներուն եւ մանաւանդ կեդրոնագմբէթ խաչաձեւ եկեղեցիներուն: 6-րդ դարու կէսերէն մինչեւ 7-րդ դարու 70ական թուականները երկարող ժամանակաշրջանը կը կազմէ հայկական ճարտարապետութեան ոսկեդարը, որու ընթացքին ստեղծուեցան անկրկնելի գլուխ-գործոցներ, ինչպէս՝ Օձունի, Սբ. Հռիբսիմէի եւ Զուարթնոցի եկեղեցիները եւ շատ ուրիշներ: Այսպիսով Հայաստանը հիմնական տեղ ունեցաւ քրիստոնէական զանազան ոճերու դարբնումին մէջ: