Հայաստանը՝ Արաբական Ազդեցութեան Շրջանին.-
7-րդ դարու կէսերէն սկսեալ՝ Արաբները մուտք գործեցին Հայկական բարձրավանդակ եւ այնուհետեւ շուրջ չորս դար, Հայաստանը մնաց ենթակայ արաբական ազդեցութեան: Աւելի ճիշդ՝ ան կռուախնձոր հանդիսացաւ բիւզանդական եւ արաբական կայսրութեան միջեւ: Մէկ բան որոշ է սակայն, այն՝ որ Արաբները, որոնք իրենց քաղաքակրթութեան, Կրօնքին, երբեմն նաեւ ենթարկեցին բազմաթիւ հզօր ու փոքր ազգեր, չյաջողեցան միեւնոյնը ընել նաեւ Հայաստանի պարագային, որ պահեց իր ամբողջական ինքնորոյնութիւնը:
Աւելին, 9-րդ դարէն սկսեալ, եւ մանաւանդ 10-րդ եւ 11-րդ դարերուն, Հայաստանը քաղաքական թէ քաղաքակրթական փայլուն վերածնունդ մը ապրեցաւ: Խալիֆան 886 թ.ին ճանչցաւ Աշոտ Բագրատունին՝ իբրեւ Հայաստանի թագաւոր: Անմիջապէս ետք, Բիւզանդիոնը եւս ճանչցաւ Բագրատունեաց Թագաւորութիւնը: Յաջորդեց շուրջ 160 տարուան ծաղկման շրջան մը՝ գրականութեան, դպրութեան, մանրանկարչութեան եւ այլ արուեստներու եւ արհեստներու մարզերուն մէջ:
Դժբախտաբար սակայն, հակառակ իրենց ճիգերուն, Բագրատունիները չկրցան վերստեղծել երբրմնի միաձոյլ Հայաստանն ու անոր կեդրոնացեալ պետականութիւնը՝ որ վերջ գտած էր 428 թ.ին, Արշակունիներու անկումով: Տիգրանի կայսրութեան փլուզումով յառաջացած ու հետզհետէ ամրապնդուած աւատապետական կարգերը նախարարներու հակառակութիւնները, քաղաքական եւ եկեղեցական իշխանութեանց յաճախակի հակադրութիւնը պատճառ դարձան, որ երբեմնի միակտուր եւ քաղաքականապէս ուժեղ Հայաստանը այլ եւս չվերստեղծուի: Բագրատունիներու շրջանին իսկ՝ Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունեցան զանազան մեծ ու փոքր «թագաւորութիւններ» սկսած Վասպուրականի Արծրունիներէն մինչեւ Հարաւային Սիւնիքի եւ Տաշի-Ձորագետի կիսանկախ «թագաւորութիւններ»ը: Մշակութապէս բարձր, բայց քաղաքականապէս բաժնուած ու տկար Հայաստանը անգամ մը եւս անզօր եղաւ դիմադրելու թէ արեւմուտքէն եւ թէ արեւելքէն եկող թշնամիներուն: 1045 թ. Բիւզանդացիները գրաւեցին Անին: 1046-ին, Հայաստանի մայրաքաղաքը գրաուեցաւ ու աւերուեցաւ Սելճուք թուրքերու կողմէ:
Հայոց Պատմութեան 11-րդ – 14-րդ Դարերը, «Կիլիկեան եւ Զագարեան Հայաստանները».-
11-րդ դարու վերջերը, Սելճուքեան արշաւանքներու հետեւանքով Բագրատունիներու եւ Արղրունիներու երկիրներէն դէպի արեւմուտք հեռացած հայեր, միացած հինէն ի վեր այդ շրջաններուն մէջ բնակութիւն հաստատած հայոց հետ, իշխանութիւնները ստեղծեցին Կապադովկիոյ, Հայկական Միջագետքի (Եդեսեա) եւ Կիլիկիոյ մէջ: Անոնցմէ ամենազօրաւորը դուրս եկաւ Ռուբէն իշխանի կողմէ Կիլիկիոյ մէջ ստեղծուած Հայկական Պետութիւնը 1080 թ. որ հետագային, Լեւոն Բ-ի օրով (1198), դարձաւ թագաւորութիւն: Ռուբէնեաններէն թագաւորութիւնը անցաւ Հեթումեաններուն (13-րդ դարու սկիզբը), ապա աւելի ուշ, ֆրանսական ծագումով Լուսինեաններուն (1343): Երեք դար տեւող գրեթէ անընդհատ պատերազմներու (բիւզանդացիներու, սելճուքներու, ապա նաեւ՝ մոնկոլներու դէմ) պատմութիւն մը ունեցաւ Կիլիկիոյ հայկական պետութիւնը: Հայկական վերջին այս թագաւորութիւնը վերջ գտաւ 1375-ին:
Անդին, Մեծ Հայքի հիւսիսային շրջաններուն մէջ, Վրաստանի օժանդակութեամբ, Զագարեան իշխանները, 12-րդ դարու վերջաւորութեան, ձերբազատուեցան սելճուքներու լուծէն եւ 60-70 տարուան քաղաքական ու քաղաքակրթական նոր ծաղկում մը ստեղցեցին Անիի շուրջ: Շուտով սակայն Հայաստանը քաղաքականապէս ինկաւ նախ Մոնկոլներու (13-րդ դարու կէսերուն), ապա Թուրքմէն ցեղերու (14-րդ դարու կէսերուն), տիրապետութեան տակ:
Հակառակ քաղաքական այս աննպաստ պայմաններուն, եւ հիմնական վերիվայրումներուն, դարաշրջանի հայ քաղաքակրթական եւ մշակութային վերելքը ակներեւ է: Հայկական ճարտարապետութիւնը ծնունդ տուաւ Մեծ Հայքի նշանաւոր վանքերուն (Հաղբատ, Սանահին, Տաթեւ, Գօշավանք, Գլաձոր, Նարեկ, Սբ. Կարապետ, Առաքելոց եւ շատ ուրիշներ), որոնցմէ իւրաքանչիւրը դարձաւ դպրութեան, արուեստներու եւ գիտութեան իւրայատուկ համալսարան մը: Ծաղկեցաւ մանրանկարչութիւնը, գրչութիւնը, պատմագրութիւնը, փիլիսոփայութիւնը, բժշկագիտութիւնը, ներքին եւ միջազգային առեւտուրը:
Ափսոս, սակայն հասարակաց թշնամիներու դէմ պայքարի այդ դարերուն եւս, վերջ չգտան հայ նախարարական եւ իշխանական տոհմերու միջեւ հակամարտութիւններն ու կռիւները եւ հայկական իշխանութիւններէն ոչ մէկը կրցաւ ինքզինք պարտադրել բոլորին, ստեղծելու համար կեդրոնացեալ եւ ուժեղ պետականութիւն մը: Եւ Հայաստանը մտաւ երկարատեւ իր խաւարին մէջ:
Խաւարման Շրջան.-
Այդպէս միայն կարելի է անուանել, առ նուազն քաղաքական գետնի վրայ, այն երկարատեւ շրջանը որ կը սկսի 14-րդ դարու վերջերը, հասնելու համար փաստօրէն մինչեւ 19-րդ դարու կէսերը: իր մեծագոյն մասով ինկած թուրքմէն հորդաններու տիրապետութեան տակ, ապա բաժնուած Օսմանեան թուրքիոյ եւ Պարսկաստանի միջեւ, աւերուած, խոշտանգուած, հարստահարուած, կողպտուած, ջարդուած: Ահա շուրջ հինգդարեան այդ ժամանակաշրջանի Հայաստանը: Ոչինչ մնացած է Արտաշէսներու եւ Տիգրաններու խրոխտութենէն, անկախութեան ի խնդիր մղուած երկու հազարամեայ պայքարներէն, նոյնիսկ հայ նախարարներու իրերամերժ, բայց քաջարի եւ ասպետական կեցուածքներէն: Լուռ ու անխօս տառապող, ընկճուած, ճակատագրին հետ կարծես հաշտուած ժողովուրդ մը միայն:
Հայաստանէն դուրս թէ կարգ մը ծայրագաւառներու մէջ մերթ ընդ մերթ պլպլացող լոյսերը կը մնան եզակի ու տեղական երեւոյթներ, անզօր հայութիւնը արթնցնելու իր ամբողջութեան մէջ (Իսրայել Օրի, Դաւիթ Բէկ, Մխիթարեաններ, Սայաթ Նովա, եւ այլն):
Նկատելի երեւոյթ է որ, մինչ եւրոպայի մէջ աւատապետական կարգերու աստիճանական քայքայումը տեղի ունեցաւ ի շահ կեդրոնացեալ ուժեղ պետութիւններու եւ կայսրութիւններու կազմաւորման, Հայաստանը, որ կեդրոնացեալ եւ ուժեղ պետութեան անցեալ ունէր, օրին չկրցաւ թօթափել աւատապետական կարգերն ու հոգեբանութիւնը եւ վերստեղծել ուժեղ միապետութիւն մը՝ որ պատուար հանդիսանար իր արեւմուտքի եւ արեւելքի թշնամիներու դէմ: Տեսանք՝ որ այդ փորձեցին Բագրատունիները, դժբախտաբար ի զուր: Այս կրնայ բացատրուիլ եւ արտաքին թշնամիներու բացառիկ հզօրութեամբ, Հայաստանի աշխարհագրական կառոյցով:
Մշակութային եւ Քաղաքական Վերածննդման Շրջան.-
19-րդ դարի կէսերէն մինչեւ 20-րդ դարի սկիզբը տեւող շրջանը առանձին կարեւորութիւն ունի Հայոց Պատմութեան մէջ իբրեւ, դարերու խաւարէն ետք, մշակութային, գրական, քաղաքակրթական վերածնունդի եւ քաղաքական զարթօնքի շրջան:
19-րդ դարու իր վերազարթնումով, հինգդարեան խաւարէն ետք պոռթկացող հայ յեղափոխութեամբ, Հայ դատի անխոնջ հետապնդումով, ցեղասպանութենէն ետք՝ Հայաստանի առաջին անկախութեամբ, ապա նաեւ Հայաստանի մշակութային, գիտական եւ արդիւնաբերական մեծ վերելքով՝ հոգ չէ խորհրդային իարաւակարգի տակ, եւ վերջապէս իր երկրորդ անկախութեամբ, հայութիւնը կրցաւ փաստել աշխարհին՝ որ ոչինչ կորսուած է անցեալի խրոխտութենէն, ազատ ապրելու իր տենչէն, մարդկային իր արժանապատուութենէն եւ իր ստեղծագործական կարողութիւններէն: