Համաշխարհային Առաջին Պատերազմը (1914-1918)
Եւրոպական պետութիւններու յարաբերութիւնները լարուած էին՝ հողային եւ տնտեսական մրցակցութեան պատճառով. իւրաքանչիւր պետութիւն գաղտնաբար պատերազմի կը պատրաստուէր, զինակցութիւններ կը կազմէր: Զինակցած էին Գերմանիա, Աւստրիա, եւ Իտալի. համաձայնած էին Ռուսիա, Անգլիա, եւ Ֆրանսայ:
Եւրոպա այս գրգռուած վիճակին մէջ էր, երբ 1914 Յունիսին Պոսնիոյ մայրաքաղաք՝ Սարայեւոյի մէջ սերպ ահաբեկիչի մը կողմէ սպաննուեցաւ Աւստրիոյ գահաժառանգ իշխանը: Աւստրիա ուզեց պատժել յանձաւորը, Ռուսիան պաշտպան կանգնեցաւ Սերպիոյ եւ ճակատները շանթի արագութեամբ կազմուեցան իրար դէմ:
1914 Յուլիս 28ին Աւստրիա պատերազմ յայտարարեց Սերպիոյ դէմ: Աւստրիոյ միացան Գէրմանիա, Պուլկարիա, եւ աւելի ուշ Թուրքիա. այս ձեւով կազմուեցան «Միջին Եւրոպայի Զինակցութիւնը»: Սերպիան պաշտպանեցին Ռուսիա, Ֆրանսա, Անգլիա կազմելով դաշնակցութիւն մը գերմանական զինակցութեան դէմ: Աւելի ուշ 1917ին պատերազմի մտան նաեւ Միացեալ Նահանգները արգելք ըլլալու համար գերմանական կայսրութեան:
Համաշխարհային այս պատերազը տեւեց չորս տարի (1914 Օգոստոսէն մինչեւ 1918 Նոյեմբեր 11): Վերջացաւ ձարական Ռուսիոյ քայքայումով եւ Գերմանիոյ պարտութեամբ: Հայ ժողովուրդը այս չորս տարիներու ընթացքին ենթարկուեցաւ պատմութեան ամէնէն զարհուրելի աղետին, կորսնցուց Թուրքիոյ մէջ գտնուող իր ամբողջ հարստութիւնը եւ իր ամբողջ մտաւորականութիւնը: Աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն մարդ սպաննուեցաւ թուրք կառավարութեան որոշումով եւ ահաւոր պայմաններու մէջ:
1908ին Սուլթան Համիտ պարտադրուած երկրին մէջ հռչակեց սահմանադրական կարգեր: կազմուեցաւ կառավարութիւն, ջնջուեցաւ գրաքննութիւնը եւ ազատ արձակուեցան քաղաքական բանտարկեալները: 1908ի սահմանադրութիւնն ալ թրքական խաբէութիւններէն մէկն էր, այս միջոցով թուրքիոյ վարիչները կը ջանային ազատիլ եւրոպական միջամտութիւններէ:
Թուրքերը սահմանադրութեան հռչակումէն տարի մը ետք կազմակերպեցին Կիլիկիոյ կոտորածը, որ սկսաւ Ատանայէն եւ շուտով տարածուեցաւ Կիլիկիոյ զանազան շրջաններուն մէջ: Այս կոտորածը կազմակերպուեցաւ Սուլթան Համիտի եւ օրուան կառավարութեան գիտակցութեամբ ու թելադրութեամբ: Կոտորածին մասնակցեցան թուրք ժողովուրդը եւ օսմանեան բանակը:
Օրուան իշխանութիւնը Իթթիհատ կուսակցութիւնը աշխատեցաւ արդարացնել ինքզինք գահընկէց ըրաւ Սուլթանը:
Կիլիկիոյ ջարդէն մինչեւ համաշխարհային Ա պատերազմը (1909-1914) Թուրքիոյ հայութիւնը ապրեցաւ համեմատական խաղաղութեան մէջ երկրին մէջ հաստատուեցաւ ժամանակաւոր անդորրութիւն առիթէն օգտուելով հայերը նուիրուեցան շինարարական եւ մշակութային աշխատանքի:
1912ին Պալքանեան պատերազմէն ետք բարենորոգումներու հարցը կրկին անգամ չկատարուեցան որովհետեւ թուրքերը պատերազմի մտան գերմաններու կողքին եւ առիթէն օգտուելով կազմեցին ծրագիր մը՝ ամբողջովին բնաչնչել հայ ժողովուրդը:
Դաշնակցութեան Կարինի Ընդհանուր Ժողովը:
Ընդհանուր պատերազմի նախօրեակին Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը իր Ը Ընդհանուր Ժողովը կը գումարէր Կարինի մէջ: Հ.Յ.Դաշնակցութեան օրակարգի խնդիրը բարենորոգումներու հարցն էր: Թուրք կառավարութիւնը իր պատուիրակ Պէհաէտտին Շաքիրի միջոցով ընդհանուր ժողովին առաջարկեց ընդունիլ թրքական ծրագիրը՝ պատերազմի պարագային օգնելու կառաւարութեան, այսինքն՝
ա.- Հայ երիտասարդներէ կազմել հայկական գունդեր, թուրք բանակին օգնելու պարէնի եւ շինարարութեան գործին մէջ:
բ.- Կովկասի թաթարներու եւ վրացիներու հետ ապստամբիլ ձարական իշխանութեան դէմ եւ խափանարար գործերով ջլատել ռուս կովկասեան ուժերը:
գ.- Արտասահմանեան մամուլով եւ դրամական միջոցներով նպաստել թրքական յաղթանակին:
դ.- Թուրք եւ գերման կառավարութիւնները վստահ իրենց յաղթանակին վրայ յետ պատերազմին պիտի կազմեն հայկական ինքնավարութիւն Արարատեան գաւառներու մէջ թրքական հովանաւորութեամբ:
Բնաջնջումի Ծրագիրներ:
Երբ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը Կարինի ժողովով մերժեց թուրքերուն հետ գործակցիլը Կովկասի ճակատին վրայ, թուրք ղեկավարները վճռեցին գործադրել վաղուց կանխամտածուած իրենց ոճրային ծրագիրը՝ հայ ժողովուրդի բնաջնջումը:
Թուրք կառավարութեան գլուխը կը գտնուէին Իթթիհատականները՝ Թալէաթ, Էնվէր, Ճեմալ, Պէհաէտտին Շաքիր, Նազմը եւ այլն: Իթթիհատական պետերը բացի Ճեմալ Փաշայէն, չափազանց գաղտնի նիստ մը գումարեցին 1915ի Ապրիլին:
Ժողովը կը նախագահէր Թալէաթը: Անոնք պահը յարմար նկատեցին հայերու խնդիրը արմատէն ջնջելու: Եւրոպական ոչ մէկ պետութիւն մնացած էր Պոլսոյ մէջ որպէսզի հաշիւ պահանջեր կամ սպառնալիք ներկայացներ: Գաղտնի ժողովը ձեւակերպեց իր զրպարտութիւնները հայերը բնաջինջ ընելու: Անոնք միտ ունէին շարք մը զրպարտութիւններ. ինչպէս՝
- Հայերը ընդհանուր ապստամբութեան պատրաստուած են, մեր բանակը թիկունքէն զարնելու եւ ռուս յառաջխաղացքը դիւրացնելու:
- Դարեր շարունակ եւրոպական միջամտութիւնները հետապնդած են հայկական բարենորոգումներու հարցը:
- Միակ ցեղն է, որ արգելք կը հանդիսանայ համաթուրանական ծրագրին:
- Այնքան ատեն որ այս ցեղը կ’ապրի մեր հողերուն վրայ՝ Թուրքիան ազատ եւ անկախ չի կրնար տարածել իր սահմանները:
- Փոքր ազգ մը պէտք է զոհուի մեծ ազգի մը կենսական շահերուն համար:
- Կովկասի մէջ հայերը թուրքերուն դէմ կազմած են կամաւորական գունդեր:
- Իսլամ ժողովուրդները պէտք է ըմբռնեն, թէ իրենց եղբայրները՝ Անգլիոյ, Ռուսիոյ կամ Ֆրանսայի իշխանութեան տակ կը հեծեն եւ կը կոտորուին. եկած է առիթը սրբազան վրէժի:
- Պատերազմէն վերջ, հայկական ինքնավարութիւն մը կրնայ կազմուիլ թուրքիոյ արեւելեան սահմանին վրայ եւ Թուրքիան կ’ունենայ Պուլկարիոյ եւ Սերպիոյ նման այլ թշնամի մը:
- Եթէ Թուրքիան պատերազմէն յաղթական դուրս գայ ոչ ոք կրնայ իրմէ հաշիւ պահանջել, իսկ եթէ պարտուի ամէն բան կորսուած կ’ըլլայ Թուրքիոյ համար:
Թուրքերը տարիներէ ի վեր կը մտածէին ազատիլ Հայկական Հարցէն բնաջնջելով մեր ժողովուրդը, թուրք ղեկավարները տարիներ առաջ յայտարարած էին արդէն. «Մենք չենք ուզեր կրկնել նախկին սխալները: Մեր նախահայրերու գործած անըմբռնելի սխալները այսօր մեզ կը դնեն չափազանց տագնապալից կացութեան մը մէջ»:
Նախկին սխալներ ըսելով թուրք ղեկավարները կը մեղադրէին իրենց նախահայրերը եւ հետեւաբար իրենք ծրագրած են ամբողջովին բնաջնջել հպատակ ժողովուրդները- հայ, յոյն, քիւրտ եւ արաբ:
Բնաջնջումի Կազմակերպումը:
Իթթիհատականներու ժողովը հայերը արմատէն ջնջելու որոշում առնելէն ետք յանձնաժողով մը կազմեց երեք անձերէ՝ Պէհաէտտին Շաքիր, բժշ. Նազըմ եւ կրթական նախարար՝ Շիւքրի Պէյերէն, որոնք կազմակերպեցին ջարդերու եղանակը, ժամանակը եւ ձեւակերպութիւնները:
Թալէաթը եղաւ վերին հրամանատարը, բնաջնջումի ծրագիրը յղացաւ Պէհաէտին Շաքիրը, նախ տեղահանութիւն յետոյ սպաննութիւն: Տեղահանութիւնը պիտի կատարուէր ոստիկանութեան հսկողութեան տակ: Նախ խորհեցան բանակին յանձնել ջարդի դժուարին խնդիրը, սակայն բանակը չէր կրնար այս ոճիրով ծաnրաբեռնուիլ եւ ժամանակ չունէր պատերազմով զբաղած ըլլալուն համար:
Յանձնաժողովը գտաւ իրեն լաւագոյն գործակիցը, որոշելով բանտերէն դուրս հանել գողերն ու ոճրագործները եւ անոնց յանձնել այս կարեւոր գործը: Թուրք կրօնականները մզկիթներու մէջ սկսան գրգռել ամբոխը, սրբազան պատերազմի կոչ ուղղելով եւ Ղուրանէն կեավուրներու սպաննութիւնը արդարացնող օրինակներ բերելով: Վերջին ծայր գաղտնապահութեամբ հրահանգները ղրկուեցան օսմանեան բոլոր գաւառները, ծածկագիր եւ ստորագրուած Թալէաթին կողմէ: Այս հրահանգներուն անսաստող թուրքը հայրենիքի թշնամին կը նկատուէր: Պատերազմը պատրուակ բռնելով՝ հայերուն արգիլուեցաւ անցնիլ գաւառէ գաւառ, խիստ գրաքննութիւն կատարուեցաւ հայերու նամակներուն վրայ: Կայսրութեան բոլոր կողմերը, ուր հայեր կը բնակէին, ամենախիստ խուզարկութեան ենթարկուեցան տուները զէնք փնտռելու նպատակով:
Արտաքնապէս մեղմ եւ անուշ լեզուով ջանացին համոզել հայերը թէ եղածը պատերազմական նախազգուշութիւն է, թէ պիտի տեղափոխուին ներսի գաւառները թուրք եւ քիւրտ խուժանին բռնութիւններէն եւ ոխակալութենէն զերծ մնալու համար: Հայերը արտօնութիւն ունէին իրենց հետ տանելու թանկագին ինչքեր, դրամը եւ գոհարեղէնները: Շատ մը հայեր միամիտօրէն հաւատացին այս սուտերուն: Անոնց միտքէն անգամ չանցաւ թէ ահաւոր դաւ մը կը պատրաստուէր իրենց:
Ցեղասպանութեան Գործադրութիւնը:
1915ի Ապրիլին տեղահանութիւնը սկսաւ Կարինի եւ Տրապիզոնի կողմերէն: Հայերուն հրաման տրուած էր իրենց ինչքերը ծախել կամ պահ դնել եկեղեցիներու մէջ: Գիշերուայ ժամերուն ոստիկանական ջոկատները արթնցուցին հայ ընտանիքները եւ անոնց խումբերու բաժնելով ճամբայ հանեցին: Այրերը զատեցին կիներէն եւ տղաներէն ու խարազանի տակ քշեցին այդ անզօր զոհերը, որոնք անմարդկային ձեւերով սպաննուեցան չէթէներուն ահաւոր զէնքերով եւ անտանելի չարչարանքներով: Ծովեզերեայ քաղաքներուն մէջ հայ մանուկները գոց արկղներու մէջ դրուելով ծով նետուեցան, ուրիշ վայրերու մէջ հազարաւորներ այրուեցան եւ ողջ-ողջ թաղուեցան: Հարիւր հազարաւորներ կարաւան կարաւանի խառնելով մտրակներու տակ քալեցին դէպի միջագէտքի անապատները: Տարագրուած բազմութեան միայն 1/10 հասաւ Մեսքէնէ, Տէր Զօր եւ Ռաս իւլ Այն:
Թալէաթ հրահանգեց իր պաշտօնեաներուն, որ բնաջնջուի բոլորը: Այս հրամանին վրայ մահէն ազատած հիւանդներն ու մանուկները սպաննուեցան Տէր Զօրի եւ Ռաս Իւլ Այնի մէջ չէչէններու կողմէ:
Հայերու Թիւը:
Պոլսոյ Պատրիարքարանի մարդահամարին համաձայն 1882ին Օսմանեան հողին վրայ կ’ապրէին 2,660,000 հայեր որոնց 1,600,000ը հաստատուած էին զուտ հայկական գաւառներու մէջ, մնացեալը մօտակայ շրջաններ, իսկ շօշափելի մաս մը՝ Կիլիկիա:
Համիտեան կոտորածներու հետեւանքով հայերուն թիւը նահանջ արձանագրեց եւ 1912ին հայերու թիւը իջաւ 2,100,000-ի Թուրքիոյ մէջ:
1915ի ահաւոր կոտորածը հայերէն խլեց շուրջ 1,500,000 զոհեր եւ միլիառներու հասնող հարստութիւն, տուն, տեղ, կալուածներ, եկեղեցիներ ու մատենադարաններ:
Թալէաթ եւ իր ոճրագործ գործակիցները կարծեցին թէ հասան իրենց նպատակին, արմատէն ոչնչացուցին հայութիւնը սակայն, իր մօտիկ սահմաններու վրայ հայ ազգը օրէ օր ծաղկեցաւ եւ ծնունդ առաւ հերոսներ որոնք իրենց սխրանքներով փաստեցին ջարդարար թուրքին, թէ հայ ազգը տէրն է իր բոլոր իրաւունքներուն եւ պիտի չյուսահատի ամէնէ դժուար պայմաններուն մէջ իսկ:
Ահարկումներ:
1918ին զինադադարէն ետք Իթթիհատ կուսակցութեան եւ կառավարութեան ղեկավարները փախչեցան զանազան երկիրներ: Հայ Յեղափոխութիւնը սակայն գտաւ զանոնք եւ մէկ-մէկ սպաննեց-
- 16 Մարտ 1921ին, Սողոմոն Թէհլիրեանի գնդակով Պերլինի հրապարակին վրայ սպաննուեցաւ Թալէաթ փաշան:
- 19 Յուլիս 1921ին Պոլսոյ մէջ, սպաննուեցաւ Ճիւանշիրը Միսաք Թորլաքեանի գնդակով:
- 5 Դեկտեմբեր 1921ին, Արշաւիր Շիրակեանի ձեռքով, Հռոմի մէջ սպաննուեցաւ Թուրքիոյ վարչապետը՝ Սայիտ Հալիմ փաշա:
- 7 Ապրիլ 1922ին Պերլինի հրապարակին վրայ Արշաւիր Շիրակեանի եւ Արամ Երկանեանի գնդակներով զգետնուեցան Պեհաէտտին Շաքիրը եւ Ճեմալ Ազմին:
- 21 Յուլիս 1922ին Թիֆլիսի մէջ Ստեփան Ծաղիկեանի, Պետրոս Տէր Պօղոսեանի եւ Արտաշէս Գէորգեանի ձեռքով ահաբեկուեցաւ Ճեմալ փաշան: