Ինչպէս ամէն ժողովուրդի, այնպէս ալ հայ ժողովուրդի կազմաւորման գործընթացը ընդգրկած է երկար ժամանակ, թերեւս հազարամեակներ: Հնդեւրոպացիներու մայր լեզուն կրող ցեղէն անջատուած հայկական ցեղերը տնտեսական եւ քաղաքական գործօններու ազդեցութեամբ համախմբուած եւ կազմաւորուած են իբրեւ ժողովուրդ, ըստ երեւոյթին, մ.թ.ա. երրորդ – երկրորդ հազարամեակներուն: Հասկնալի է, որ հայ ժողովուրդը կազմաւորուած է ոչ միայն զուտ հայկական ցեղերէ, այլ բազմաթիւ օտար, ոչ ազգակից ցեղերու, ցեղախումբերու միաձուլումէն, իրողութիւն մը, որ յատուկ է նաեւ աշխարհի միւս ժողովուրդներուն: Սակայն անվիճելի է, որ հայ ժողովուրդի կազմաւորման ցեղա-լեզուական հիմքը եղած է «Հայ» եւ «Արմէն» հայկական ազգակից ցեղախումբերը:
Հայ ժողովուրդի ծագման ու կազմաւորման վերաբերեալ մեզի հասած են հայկական, յունական եւ վրացական առասպելախառն աւանդութիւններ:
Սկսած երրորդ հազարամեակէն՝ օտար աղբիւրներու մէջ եւս յիշատակութիւններ կան հայկական ցեղերու եւ ցեղային միութիւններու մասին: Մ.թ.ա. քսաներրորդ (ԻԳ) դարուն Միջագետք գտնուող Աքքադական պետութեան թագաւոր՝ Նարամ-Սինի ձգած արձանագրութիւններուն մէջ քանի մը անգամ կը յիշատակուի դէպի հիւսիս՝ Արմանի (նաեւ՝ Արմանում) երկրի վրայ կատարած իր արշաւանքներու մասին: Երկիրը՝ Հայաստանն է: Յատկանշական է, որ աքքադացիները «արմանում» անուանած են նաեւ ծիրանը, զուտ հայկական համարուող այդ միրգը, որով այնքան հարուստ էր Արմէնիա երկիրը:
Մ.թ.ա. երկրորդ հազարամեակին հայկական լեռնաշխարհի ցեղային միութիւններէն կեդրոնական դեր կատարած է Հայասան, որու մասին տեղեկութիւններ պահպանուած են արեւմուտքի մէջ, իրենց դրացի խաթերու ձգած սեպագիր ու գաղափարագիր արձանագրութիւններուն մէջ, ուր խեթերը իրենց լեզուին յարմար ձեւով հայերուն կ’անուանեն հայասաներ, իսկ իրենց երկիրը՝ քաղաքի անունով Հայասա:
Ըստ խեթական արձանագրութիւններուն՝ Հայասան կը գտնուէր Բարձր Հայքի տարածքին, Սեւ Ծովէն հարաւ, Եփրատ գետի վերին հոսանքին աւազանը եւ դէպի հարաւ մինչեւ հայկական ներքին Տաւրոս: Իրեն սահմանակից էին արեւմուտքէն խեթական, իսկ հարաւէն խուռիական Միտանի թագաւորութիւնները: Հայասային բնակիչները եղած են հայեր, իսկ իրենց լեզուն՝ նախահայերէնը:
Հայասա երկիրը առաջին անգամ յիշատակուած է խեթական թագաւոր՝ Սուպպիլուլիումի (1380-1346) տարեգրութեան մէջ, որ խմբագրած է իր որդին՝ Մուրսիլ Բ.ը (1345-1320): Այդ տարեգրութենէն կ’իմանանք, որ Տուդխալիա Գ.ը (1410-1390) իր որդիի՝ Սուպպիլուլիումի մասնակցութեամբ երկու ռազմական արշաւանք կատարած է Հայասա երկրի դէմ՝ իրեն երնթարկելու նպատակով: Երկրորդ արշաւանքի ժամանակ Տուդխալիա Գ.ի դէմ դուրս կու գայ Հայասայի Կարաննի «թագաւոր»ը: Ճակատամարտը տեղի կ’ունենայ Կոմմախա քաղաքի մօտ, որ կը վերջանայ Կարաննիի պարտութեամբ:
Հայասա երկրի մասին ժամանակագրական տեսակէտէ յետագայ տեղեկութիւնները կը ստանանք Սուպպիլուլիումի եւ Հայասայի «թագաւոր» Հուգգանայի միջեւ կնքուած մէկ դաշնագրէն: Այդ դաշնագրով պայմանաւորուող կողմերը կը պարտաւորուին վերացնել իրարու միջեւ գոյութիւն ունեցող թշնամութիւնը, չյարձակիլ իրարու վրայ եւ փոխադարձաբար՝ օգնել ու պաշտպանել: Կնքուած դաշնագիրը աւելի հաստատուն դարձնելու նպատակով Սուպպիլուլիումը իր քրոջը կնութեան կու տայ Հուգգանային, սակայն պայմանով, որ իր քոյրը գերադասուի Հուգգանայի միւս կիներէն եւ դառնայ անոր առաջին կինը: Դաշնագիրի աւարտին Սուպպիլուլիումին կը յայտարարէ, որ ինք ոչ մէկ թշնամութիւն եւ վատութիւն կը մտածէ հայասաներու նկատմամբ, եթէ իրենք ալ նոյն կեցուածքը որդեգրեն, ապա թէ ոչ մասայաբար կը կոտորէ հայասաները եւ կ’աւերէ ու կ’ոչնչացնէ անոնց քաղաքը:
Խեթերու եւ հայասաներու միջեւ տեղի ունեցած յետագայ փոխյարաբերութիւններու մասին մեզի կարեւոր տեղեկութիւններ հասած են Մուրսիլ Բ.ի տարեգրութենէն: Կը պարզուի, թէ երկուքի միջեւ կնքուած բարեկամութեան դաշնագիրը իր ուժը պահպանած է մինչեւ Հուգգանայի մահը: Վերջինիս յաջորդած է Անիա «թագաւորը»:
Անիան օգտուելով Մուրսիլի բացակայութենէն կը յարձակի սահմանակից խեթական Դանկուվա քաղաքի վրայ, կ’աւերէ եւ կը կողոպտէ, հոնկէ իրեն հետ կը տանի մեծ թիւով գերիներ, անասուններ եւ հարստութիւններ:
Մուրսիլ Բ.ը, որ Կաշկա ցեղերու դէմ պայքար կը մղէր, յաղթելէ ետք անոնց դեսպանութիւն կ’ուղարկէ Հայասա-Ազզիի «թագաւոր»ի քով, կը պահանջէ վերադարձնել խեթական ստրուկներն ու Դանկուվա քաղաքէն իրեն հետ տարած գերիները: Հայասայի «թագաւոր»ը կը մերժէ: Մուրսիլ քանի մը անգամ նամակ կ’ուղարկէ նոյն հարցով, սակայն Անիան կը հրաժարի վերադարձնել ստրուկներն ու գերիները: Այս պատճառ կը դառնայ, որ Մուրսիլ իր յարձակումներով գրաւէ երկիրը: Եւ վերջապէս Հայասա-Ազզիի աւագները կը խոստանան Մուրսիլի վերադարձնել իրենց քով գտնուող ստրուկներն ու գերիները:
Հայասա երկիրը վերջին անգամ յիշատակուած է Տուդխալիա Դ.ի (1260-1230) մէկ արձանագրութեան մէջ:
Խեթական արձանագրութիւններու հաղորդած տեղեկութիւններէն կ’իմանանք, թէ հայասաները ԺԵ-ԺԳ դարերուն (մ.թ.ա.) ապրած են տոհմատիրական կարգերով, անոնց հիմնական տնտեսական զբաղմունքը եղած է անասնապահութիւնն ու երկրագործութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ զարգացած եղած է մետաղամշակութիւնն ու արհեստագործութիւնը:
Հայկական միւս յայտնի ցեղերը եղած են «Արմէ-Արմի»ները, որոնք երկրորդ հազարամեակի վերջը եւ առաջին հազարամեակի սկիզբը հայկական լեռնաշխարհի հիւսի-արեւմուտքէն շարժելով դէպի հարաւ կը հաստատուին Շուպրիա երկիրը (Վանայ լիճի արեւմուտքը՝ Աղձնիք նահանգի մէջ) եւ Թ դարուն (մ.թ.ա.) կը ստեղծեն Արմէ-Շուպրիա հզօր ցեղային միութիւնը:
Հին ասսուրա-բաբելական եւ խեթական արձանագրութիւններուն մէջ արմէնները յիշատակուած են արման, ասորեստանեան արձանագրութիւններուն մէջ՝ արիմէ կամ ուրումէ, ուրարտականին՝ արմէ կամ ուրմէ, Հոմերոսի «Իլիական» գիրքի մէջ արիմ անուններով: Հայագէտ բոլոր լեզուաբանները համամիտ են, որ «Արմէնի», «Արմէնիա» կամ հին պարսկերէն «Արմինա» անուան վերջին «նի», «նիա» կամ «ինա» մասնիկը ոչ թէ հնդեւրոպական, այլ խուրրիտա-ուրարտական ծագում ունի, որ հայկական «ք» կամ նոր պարսկերէն «ստան» մասնիկի նման այս կամ այն ցեղի բնակութեան վայրը ցոյց կու տայ:
«Ուրումէ» ձեւով արմէններու մասին առաջին յիշատակութիւնը կատարած է ասորեստանի Թիգլաթպալասար Ա.ը իր տարեգրութեան մէջ: Ան կը յայտնէ, թէ ինքը յաղթած է եւ իրեն հպատակեցուցած ուրումեացիները, որոնք Խաթթի երկրի անհնազանդ մարդիկ էին եւ իրենց ուժով գրաւած էին Շուբարտու (Շուպրիա) երկրի բնակավայրերը: Թ դարէն սկսեալ (մ.թ.ա.) Արմէնի Շուպրիան յաճախակի ենթարկուած է ասորեստանեան եւ ուրարտական թագաւորներու կողոպտիչ արշաւանքներուն:
Ասորեստանի Ադադնիրարին իր թագաւորութեան առաջին շրջանին Արիմէ-Արմի երկրի վրայ խոշոր արշաւանք մը կատարած է, ուր նուաճած, կողոպտած եւ իրեն ենթարկած է այդ երկիրը: Սակայն անոր մահէն ետք ոչ միայն կ’ազատագրուին, այլ՝ յարձակման անցնելով, կը գրաւեն Ասորեստանի ենթակայ շարք մը քաղաքներ:
Ուրարտական թագաւորներէն առաջինը Մենուան է, որ կ’արշաւէ Արմէնի-Շուպրիա երկրի վրայ, զայն անուանելով Ուրմէ կամ Ուրմէուխի: Մենուա Մուշ քաղաքի մօտ կը ձգէ արձանագրութիւն մը, ուր կը յայտնէ այդ երկրի նուաճման մասին: Ուրարտու թագաւորներէն դէպի Արմէ երկիրը արշաւած է նաեւ Արգիշտի Ա.ը եւ Սարդուր Բ.ը:
Սկզբնաղբիւրներու հաղորդած տեղեկութիւններէն կ’երեւի, որ անոնք գոյութիւն ունեցած են մինչեւ Է դարու կէսը (մ.թ.ա.), անոնք ապրած են տոհմատիրական կարգերու աստիճանական քայքայման շրջանին: Հիմնական զբաղմունքը եղած է անասնապահութիւնն ու երկրագործութիւնը:
Ստրկատիրութիւնը քիչ զարգացած էր եւ ունէր նահապետական բնոյթ: Այս կը պարզուի այդ երեւոյթէն, թէ Ասորեստանէն եւ Ուրարտուէն ստրուկները կը փախչէին եւ ապաստան կը գտնէին Արմէնի-Շուպրիոյ մէջ:
Թոգարամա կամ Թէգ-Արամա.-
Ե դարու պատմագիրներէն շատեր հայերը սերած կը համարեն Թորգոմի սերունդէն, այդ պատճառով ալ շատ յաճախ կ’անուանեն «Որդիք Թորգոմայ» կամ «Ազգն Թորգոմայ», իսկ Հայաստանը՝ «Տուն Թորգոմայ»:
«Տուն Թորգոմայ»ն Եզեկիէլ մարգարէի վկայութեան համաձայն կը գտնուէր Գոմեր կամ Գամեր երկրի, այսինքն՝ Կիմմերներու երկրի մօտ: Ուսումնասիրողներէն շատեր ճիշդ կերպով համապատասխան կը համարեն խեթական արձանագրութիւններուն մէջ յիշատակուող Թէգ-Արամա երկրի հետ եւ զայն կը տեղադրեն Մելիտինէ քաղաքի շրջանը, այսինքն՝ յետագային Երրորդ Հայքի տարածքը: Թորգոման գտնուելով մէկ կողմէ Ասորիքի եւ Միջագետքի, իսկ միւս կողմէ՝ Փոքր Ասիոյ միջեւ կատարուող առեւտուրի հիմնական ճանապարհի վրայ մինչեւ ԺԷ դար (մ.թ.ա.) կը նուաճուի խեթական պետութեան կողմէ եւ քանի մը դար կը մնայ անոր տիրապետութեան տակ:
Հայագիտական հին եւ նոր աշխատութիւններուն մէջ արդէն ցոյց տրուած է, որ Թոգարմա երկիրը կամ յետագայի Երրորդ Հայքի տարածքը ոչ միայն հինէն հայաբնակ եղած է, այլ հանդիսացեր է հայ-արմէնական ցեղախումբերու բնակավայրերէն մէկը: Աւելցնելով՝ կարելի է բացատրել, թէ Արմէնի-Շուպրիա եւ Թորգոմա երկիրներուն մէջ ապրող արիմ-արմէնները կամ արմէնները անմիջականօրէն ցեղակից եղած են, կրած են նոյն անունները եւ խօսած են մէկ միասնական լեզուով: Հետեւաբար, Թոգարման ո՛չ միայն հայկական ցեղային միաւորումներէն մէկուն անունը եղած է, այլ հանդիսացած է հայ-արմէնական ցեղերու աճման ու ձեւաւորման հիմնական օճախը:
Հայկական լեռնաշխարհի տեղաբնիկ եւ եկուոր ցեղերու ձուլումը հայերու հետ եւ հայ ժողովուրդի կազմաւորումը.-
Դժբախտաբար, հայ ժողովուրդի կազմաւորման մանրամասնութիւնները մեզի յայտնի չեն, սակայն անկասկած է, որ այդ կազմաւորումը տեղի ունեցած է հայկական ցեղերու կողմէ՝ միւս ցեղերուն աստիճանաբար իրենց մէջ համաձուլելու ճանապարհով:
Հայ ժողովուրդի կազմի մէջ մտած կամ համաձուլուած բոլոր ցեղերու մասին մենք գրաւոր տեղեկութիւններ չունինք: Հաւանական կը գտնեն, որ անոնցմէ մէկ մասը իրենց անունները ձգած են Հայաստանի նահանգներու, գաւառներու եւ այլ տեղանուններու, ինչպէս նաեւ հայ նախարարական տուներու վրայ: Գրաւոր վկայութիւնները տեղանուններու ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ հայ ժողովուրդի մէջ համաձուլուած են ո՛չ միայն հայկական ցեղախումբերը՝ հայասաները եւ արմէնները, այլ ուրարտական, նաեւ խեթական, փոքրասիական, փռիւգիական, կիմմերական, սկիւթական եւ իրանական շարք մը եկուոր ցեղեր:
Այս բոլորով հանդերձ պէտք է հաստատել, որ առաջատար դերը պէտք է կատարած ըլլար հայկական ցեղային միութիւններէն մէկը:
Հակառակ հնդեւրոպաբաններու զարգացուցած տեսակէտին, պէտք է ընդունիլ, որ մեր ժողովուրդի կազմաւորման մէջ առաջատար դեր կատարած են ո՛չ թէ արմէնները, այլ արմէններու հետ նոյն հայկական ցեղախումբին պատկանող, բայց տարբեր անուն կրող հայասաները, կամ հայերը: Ուստի, անկասկած, որ երկրորդ կարեւոր դերը կատարած պիտի ըլլար արմէնները: Այսպիսով սկիզբը պարսիկները, իսկ անոնց միջոցով յոյները եւ միւս ժողովուրդները վերջինիս անունով հայերը անուանած են Արմէն եւ անոնց երկիրը՝ Արմէնիա:
Հայ ժողովուրդի կազմաւորման զուգընթաց կը կազմաւորուի եւ կը ձեւաւորուի նաեւ հայերէն համաժողովրդական լեզուն:
Հատուածներու տնտեսական փոխադարձ կապերը, պետական, լեզուական ընդհանրութիւնները անհրաժեշտօրէն առաջ բերած են նաեւ հայ ժողովուրդի յատուկ, կայուն սուորոյթներ, բարքեր, բնաւորութեան գիծեր, հաւատալիքներ եւ այլն:
Հայ ժողովուրդի կազմաւորումը սկսած է Է դարուն վերջը եւ աւարտած՝ Բ դարու սկիզբը (մ.թ.ա.): Ստրաբոն կը վկայէ, որ արդէն Բ դարու սկիզբը (մ.թ.ա.) Հայաստանի մէջ բնակող բնակչութիւնը կը խօսէր մէկ լեզուով՝ հայերէնով: