«Այն անձը որ իր երիտասարդութեան շրջանին ամուր կերպով չէ կապուած որեւէ մեծ եւ օգտակար գործի, պէտք է ընդունի որ իր երիտասարդութիւնը կորսնցուցած է անարժէք կերպով, որքան ալ այդ երիտասարդութեան շրջանին ունեցած ըլլայ ուրախ եւ քաղցր օրեր»:
Այս խօսքերը կը պատկանին յեղափոխական հայ կնոջ մը՝ Դարիա Գոլոշեանին:
Ինչպէս որ հայ կինը առիթ գտած է լծուելու հանրային աշխատանքներուն՝ այր մարդու նման ու անոր կողքին, եւ ինչպէս որ հայ կինը մեծ դեր ունեցած է մշակութային, գրական կամ կրթական ասպարէզներէն ներս՝ այր մարդուն նման ու անոր կողքին, նոյնպէս ալ բովանդակ հայոց պատմութեան ընթացքին, հայ կինը կարողացած է իր կարգին պայքարիլ, ինքզինք վտանգել, իր սէրը զոհել յանուն հայ ժողովուրդին:
1890-ին, երբ կազմուեցաւ Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութիւնը, «Երիտասարդ Հայաստան»ը իր բոլոր անդամներով մտաւ Դաշնակցութեան մէջ: «Երիտասարդ Հայաստան»ի նուիրուած անդամուհիներէն էին Նաթալիա եւ Սաթենիկ Մատինեան քոյրերը, Դարիա Գոլոշեանը, Սիմոն Զաւարեանի քոյրը՝ Մարօն, Սրբուհի Եգանեանը եւ շատ ուրիշներ:
Երբ յեղափոխութեան անդրանիկ ձեռնարկը՝ Կուկունեանի արշաւանքը կը պատրաստուէր, կին մը իր երիտասարդ տղուն ձեռքէն բռնած, բերաւ յանձնեց Կուկունեանին, որպէսզի իր զաւակն ալ արժանի ընէ «ազգի փրկութեան ծառայելու»:
Ուրիշ կին մը Մաքօ անունով, որ լաւ ձի նստիլ եւ հրացան գործածել գիտէր, զինուոր ղրկելիք զաւակ չունէր: Իր զաւակը 8-9 տարեկան էր: Ուստի խնդրեց Կուկունեանէն, որ զինք տանի իբրեւ զինուոր:
Կին ֆետայիներ հազուադէպ եղած են: Ժամանակի մտայնութիւնը չէր արտօնէր նման բան: թէեւ պատահած է, որ կիներ տղամարդու հագուստներով կռուած են ֆետայական խումբերու մէջ:
Մեծ է թիւը այն հայ կիներուն, որոնք իրենց ամուսիններուն հրաժեշտ տալով քաջաբար խրախուսեցին. «Ուխտդ ընդունելի ըլլայ, կեանքդ թանկ ծախէ, քանի մը թուրք սպաննէ… յետոյ… »: Շատեր իրենց ամուսիններուն կամ եղբայրներուն հետ միասին տարին յեղափոխական աշխատանք, անոնց կողքին կռուեցան թշնամիին դէմ, ու մինչեւ իրենց վերջին շունչը դիմադրելով նահատակուեցան:
1915-ին, երբ մեծ թիւով հայ մտաւորականներ ձերբակալուեցան Պոլսոյ մէջ, հայուհիներ գործի անցան: Անոնք պահուած ընկերները տեղափոխեցին, անոնց համար ապահով թաքստոցներ պատրաստեցին, զէնք եւ փամփուշտ փոխադրեցին, Պոլիսէն դուրս գտնուող ընկերներու հետ գաղտնի կապեր պահեցին: Այսպէս գործեցին հայուհիները եւ մէկ բռնուածի տեղ տասը նորեր մէջտեղ եկան իրենց երիտասարդ կեանքը ազգին զոհելու համար: