Home / Ա / Նիւթեր / Հոգեբանական / Ինչպէս Ըլլալ Լաւ Առաջնորդ

Ինչպէս Ըլլալ Լաւ Առաջնորդ

   Ով է Առաջնորդը.-
Առաջնորդ բառին իմաստը մինչեւ 20-րդ դարու կիսուն ընդունուած էր այն հիմամբ, որ ան անմիջապէս կապակցութիւն ունի խնդրոյ առարկային հետ այսինքն առաջնորդ սահմանուած կ՝ըլլայիր ի ծնէ կամ քու ընտանիքիդ, ընկերութեան մէջ գրաւած դիրքիդ շնորհիւ կամ ալ ակներեւ որոշ յատկութիւն մը ունենալդ համար: Ասոնցմէ ոմանք իրականութիւն ըլլալով անդերձ 20-րդ դարու վերջաւորութեան վերոյիշեալ գաղափարի ( Առաջնորդ ) տեսութիւնը մեծամասնութեամբ ընդունուեցաւ թէ .- «Առաջնորդը չի ծնիր, այլ կը պատրատուի»:
Գիտութիւնը կեդրոնացաւ առաջնորդին ստանձնած գործերուն, պատասխանատուութիւններուն եւ փոխ յարաբերութիւններուն վրայ: հետեւաբար մէկ անձէ կախեալ չէ խումբի մը յաջողութիւնը, այլ նաեւ խումբի անդամներու  հաւաքաբար մասնակցութենէն:
Առաջնորդը սահուն փոխ յարաբերութիւն կ՝ունենայ այն ընկերութեան մէջ, ուր առիթը եւ ազատութիւնը երկուստեք է (առաջնորդ եւ անդամներ) հիմնուած յարգանքի, սիրոյ եւ պատասխանատուութեան գիտակցութեան վրայ:
Սոյն մթնոլորտը կրնայ ստեղծուիլ երբ առաջնորդը քաջատեղեակ է հետեւեալներուն.-
ա- Իր ուժերուն եւ կարողութիւններուն:
բ- Խումբի անդամներուն իւրաքանչիւրին կարողութեանց:
գ- Իր կազմակերպութեան տեսական եւ գործնական ուժերուն:

  1. Առաջնորդ ըլլալու գիտակցութիւնը ինքնին ուժ մը կը ներկայացնէ: Իբր առաջնորդ որքան գիտակից ես քու ներքին ուժիդ, որքանով կը ճանչնաս քու անհատականութեանդ յատկութիւնները, քու կարողութիւններդ, հետապնդած արժէքներդ, որքանով ընդունակ ես նորութիւններ ընկալելու, որքանով հանդարտ կը դիմագրաւես դժուարութիւններ եւ կը կատարես պարտականութիւններ:
    Հետապնդած նպատակդ անձնական փառքիդ եւ շահերուդ հետամուտ են թէ խումբի շահերուն:
    Իսկ ունեցած կարողութիւններդ որքանով կը նպաստեն խումբի արդիւնաւորման եւ բարօրութեան:
    Վերոյիշեալ եւ նմանօրինակ հարցումներու անկեղծ պատասխանելը անձնապէս, առանց բացայայտելու, առաջնորդի դերի մէջ մտնելու կամ անատակ զգալ հիմնական գրաւական պայմանն է:
  2.   Այս մէկը հասկնալն ու խորքը թափանցելը շատ աւելի բարդ է որովհետեւ իւրաքանչիւր անդամ ունի իր յատուկ ակնկալութիւններն ու կարողութիւնները եւ մտային ու հոգեկան ուրոյն վիճակը:
    Հոն խումբին մէջ կը հանդիպինք տեսակաւոր վարուելակերպ ունեցող անձերու ինչպէս՝ չափազանց հետաքրքիրը, կասկածամիտը, կռուազանը, յամառը, ամէնագէտը, լռակեացը, բարին, շատախօսը, ամչկոտը, քաղաքավարը, խելացին, անքաղաքավարը եւ խանգարողը:
    Ընդհանրապէս նմանօրինակ անձերու հետ յարաբերելու լաւագոյն ձեւը անհատական աշխատանքն է.- գործի մղել, պարտականութիւն տալ, ընտրել իր մէջ դրականը, խուսափիլ քննադատութենէ մանաւանդ հանրութեան առջեւ, եւլն:
    Դժուար անհատականութիւն ունեցողները երկար ատեն կը պայքարին պարտադրելու իրենց յոռի վարուելակերպը ի վերջոյ կամ կը լքեն կը հեռանան եւ կամ կը ձուլուին, այսպիսով առիթը չի տրուիր խնդրոյ առարկային ընդհանուր մթնոլորտը խանգարելու:
  3. Երրորդը կազմակերպչական բաժինին կը վերաբերի ուր առաջնորդը պէտք է լաւ գիտնայ իր կազմակերպութիւնը կառավարող ուժերը, թէ որուն համարատու ես, ինչ տեսակի ճնշումներու ենթակայ ես, որքան ժամանակ կը տրամադրուի այս գործին եւայլն:

վերոյիշեալ երեք տուեալները իւրացնելէ եւ սերտելէ ետք միայն գործնական քայլերու կրնաս դիմել որոնցմէ են.-
-Տարբեր կարողութիւններ լաւապէս ճանչնալէ ետք, ապահովել անոնց մասնակցութիւնը, յարմար անձիք գործ ուղղել յարմար գործին եւ ճիշդ ժամանակին:
-Հաւասարակշռել զգացական եւ տրամաբանական վարուելակերպը, ինչպէս՝ պատիժներու, գովասանքներու պարագային:
-Վարժեցնել խումբի անդամները որպէսզի պատրաստ ըլլան ընկալելու որեւէ փոփոխութիւններ:
-Զգացնել խումբի անդամներուն թէ լաւատեղեակ ես իրենց անհատական բազմատեսակ կարողութիւններուն, կը սիրես զիրենք եւ իրինց վստահութիւնը կը սիրաշահիս:
-Պահանջկոտ ըլլալ նախապէս իրենց սահմանուած եւ վստահուած գործերուն հանդէպ:
-Խումբի աշխատանքներուն հաւաքաբար մասնակցութիւնն ու արդիւնքը պէտք է հաւասարակշռութեամբ գոհացնէ բոլոր անդամները:
-/Քլիք/-ներու կազմութեան ժամանակ ուշադիր ըլլալ որպէսզի անոնք չխանգարեն ընդհանուր մթնոլորտը:
-Առիթ պէտք է տրուի անհատներուն որպէսզի ազատ զգան արտայայտելու իրենց գաղափարները:
-Միշտ ուշադիր ըլլալ խումբի անդամներուն միջեւ ստեղծելու ուրախութիւններն ու նեղութիւնները:

Այս բոլոր անհատականութիւնները համադրելն ու գործի մղելը բարդ է ի մասնաւորի առաջնորդութեանդ սկզբնաւորութեան, բայց փորձառութեամբ, տրամաբանելով եւ համբերութեամբ կը հարթուին դժուարութիւնները եւ գործը հեզասահ ընթացք մը կ՝ունենայ:

About admin

Check Also

Ինքնավստահութիւն

  Ինքնավստահութիւնը անձին այն զգացումն է իրեն արժէքը գիտնալու իր շուրջիններուն մէջ: Ինքնավստահ անձը կը …