Մեսրոպ Մաշտոց հմտացած է յատկապէս յունարէն եւ ասորերէն լեզուներու մէչ, ապա ծառայութեան մտած է Վաղարշապատի արքունի Դիւանատունը՝ զինուորական քարտուղարի պաշտօնով: Այստեղ պալատական գրատուներուն եւ մատենադարաններուն մէջ՝ երիտասարդ Մեսրոպ Մաշտոցը կարելիութիւն ունեցած է աւելի խորացնելու իր գիտելիքները:
Նաեւ Վաղարշապատի մէջ է որ Մեսրոպ Մաշտոց դարձած է հոգեւորական եւ 390ական թուականներու սկիզբները՝ խումբ մը աշակերտներով մեկնած է Գողթն գաւառը, քրիստոնէական ուսուցումներու քարոզչութիւնը կատարելու համար: Ահա այստեղ ան միաժամանակ գործօն պայքար ծաւալած է հեթանոսական պաշտամունքի մնացորդներուն եւ աղանդաւորական շարժումներուն դէմ: Արդարեւ Բիւզանդիա կը միտէր հայ եկեղեցին քաղկեդոնականացնել, իսկ Պարսկաստան հետեւողականօրէն կը փորձէր հայ ժողովուրդը վերադարձնել զրադաշտականութեան, մանաւանդ որ այս ուսմունքը իր հիմքերը տակաւին կը պահպանէր ժողովուրդին մէջ եւ դեռ հայ եկեղեցւոյ ներսդին առկայ էին երկու ճիւղաւորումներ՝ յունամէտ եւ ասորամէտ:
Գողթն գաւառի իր գործունէութեան ընթացքին, Մեսրոպ Մաշտոց խորապէս համոզուած է, որ ասորայունական ազդեցութիւններու, հեթանոսական ուսմունքի եւ մանաւանդ հայ եկեղեցւոյ հակառակորդնեդուն դէմ հիմնաւորուած պայքարը մղելու եւ անոր Առանքելահաստատ դիմագիծը պահպանելու համար՝անհրաժեշտ է ունենալ սեփական տառերով գրուած՝ սեփական դպրութիւն եւ գրականութիւն: Մեսրոպ Մաշտոց այս մտորումներով վերադարձած է Վաղարշապատ, խորհրդակցած է օրուան Հայոց Կաթողիկոս՝ Սահակ Աղ Պարթեւ հայրապետի (387-439) եւ հայոց Վռամշապուհ Արշակունի թագաւորի (392-414) հետ, որոնք յանձն առած են աջակցիլ Մեսրոպ Մաշտոգի՝ հայերէն այբուբենի յօրինման գործին, առաջինը՝ կրօնական նկատառումներով, երկրորդը՝ պետական:
Մեսրոպ Մաշտոցի տքնաջան աշխատանքը վերջապէս յաջողութեամբ պսակուած է եւ հաւանաբար 405 թ. Կրցած է ստեղծել նոր ու կատարեալ հայկական այբուբեն մը, թէեւ յիշուած թուականին շուրջ ակներեւ հակասութիւններ առկայ են: Աւելի՛ն, հայ գիրերու գիւտին մասին, ընդհանարապէս տարբերութիւններ առկայ են նաեւ մեր պատմիչներէն Կորիւնի, Ղազար Փարպեցիի եւ Մովսէս Խորենացիի փոխանցած տեղեկութիւններուն մէջ:
Ապա Մեսրոպ Մաշտոց վերադարձած է հայրենիք, ուր անմիջապէս լծուած է դպրոցներ հիմնելու եւ հայ մանուկներուն հայատառ գրագիտութիւն ուսուցանելու աշխատանքին:
Զուգահեռաբար ան մեծ եռանդով զբաղած է թարգմանական աշխատանքով եւ նաեւ ինքնուրոյն ստեղծագործութիւններով, որոնցմէ մեզի հասած է միայն՝ «Յաճախապատում Ճառք» խորագրեալ հատորը:
Յատկանշական է թէ՝ պատմութեան մէջ ընդունուած երեւոյթ է որ, ժողովուրդներ իրենց ստեղծագործական անկորնչելի աւանդները կրնան կերտել միայն քաղաքական խաղաղ ու տնտեսական բարօր պայմաններու մէջ, սակայն Ե. դարուն մինչ հայոց պատմութեան սխրանքներն ու փայլուն յաղթանակները արդէն դարձած էին երբեմնի փառքեր եւ հայ ժողովուրդը Հայաստանի երկու հատուածներուն մէջ կը հեծէր Բիւզանդական Կայսրութեան (Արեւմտեան Հայաստան) եւ Սասանեան Պարսկաստանի (Արեւելեան Հայաստան) ձուլիչ քաղաքականութեան լուծին տակ, իրօք հայոց թագաւորը հմտութեամբ յաջողած էր իրականացնել այս պատմական իրագործումը՝ առանց պարսից արքունիքին կողմէ յարուցուած որեւէ խոչընդոտի, եւ մեսրոպաստեղծ հայկական այբուբենը մշակութային բացառիկ հրաշալիք մը հանդիսացած էր, նախ պահելու Հայ Եկեղեցւոյ առաքելահիմն դաւանանքը եւ ազգային ու մշակութային ինքնուրոյնութիւնը, իսկ քաղաքական առումով՝ հայ գիրի ու գրականութեան ստեղծումը արթնցուցած էր հայ ժողովուրդի զաւակներուն ինքնագիտակցութիւնը՝ արգիլելով անոնց ապազգայնացումը: Այլ Խօսքով, երբ քրիստոնէական վարդապետութեան մէջ մարդիկ Քրիստոսի ժառանգորդիներն էին, առանց ցեղային կամ ազգային խտրութեան, մեր պատմութեան այս բախտորոշ հանգրուանին՝ նուիրեալներու փաղանգ մը ըմբռնելով ժամանակի խորհուրդը, հայ ժողովուրդին սպառնացող ներքին եւ արտաքին վտանգը, հիմնաւորուած էր հայացման եւ ազգայնացման ժամանակաշրջանը, մանաւանդ որ Սահակ Ա. Պարթեւ Հայրապետի օրօք ձեւաւորուած էր նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ դաւանաբանական դիմագիծը:
Պատմաբաններու վկայութեամբ, Մեսրոպ Մաշտոց իր խորաթափանց եւ հեռատես աշխարհայեացքով կը պատկանի քաղաքական ճքուն միտք ունեցող եւ հմուտ հասարակական, քաղաքական ու կրօնական հայ գործիչներու փաղանգին, որուն մասին Պարոյր Սեւակ դիպուկ կերպով հետեւեալ հաստատումը կատարած է.
«Պէտք էր մի բան անելթ Բայց ի՞նչ: Եւ ինչպէ՞ս:
Հարցնում էին բոլորը, իսկ պատասխանող չկար: Եւ այդ բախտորոշիչ պահին էր, երբ ծնուեց մէկը, ում մասին մեր պատմիչները իրենց խօսքն սկսում են զարմանալի մի պարզութեամբ՝
Եւ այր մի՝ Մաշտոց անուն…»: