Home / Ա / Նիւթեր / Աշխարահագրական / Հայաստանի Գլխաւոր Լեռնաշղթաները

Հայաստանի Գլխաւոր Լեռնաշղթաները

Պատմական Հայաստան.

Պատմական Հայաստանը կամ Հայկական Բարձրաւանդակը (Մեծ Հայք) կը գտնուի Մերձաւոր Արեւելքի հիւսիսարեւելեան կողմը` Փոքր Ասիոյ եւ Պարսկաստանի բարձրաւանդակներու միջեւ։

Պատմական Հայաստանի սահմաններն են. հիւսիսէն՝ Փոքր Կովկասեան լեռնաշղթայ, հարաւէն Կորդուած լեռ, արեւելքէն՝ Ուրմիոյ լիճ, Արաքս եւ Ղարատաղի լեռներ, արեւմուտքէն եւ հիւսիսարեւմուտքէն՝ Անդիպոնտական եւ Անդիտաւրոսեան լեռներ։ Պատմական Հայաստանի տարածութիւնն է մօտ 300.000 քառ. քլմ.։

Հայաստան ունի լեռնային մակերեւոյթ։ Շրջապատի երկիրներուն բաղդատաբար, Հայաստան զգալիօրէն բարձր եւ իշխող դիրք մը ունի։ Ծովու մակերեսէն 1500-1800 մեթր միջին բարձրութեամբ եւ իր սահմաններուն վրայ երկարող բարձր լեռնաշղթաներով, ան կը տիրապետէ թէ՛ Պարսկաստանի եւ Փոքր Ասիոյ բարձրաւանդակներուն, եւ թէ Միջագետքի եւ Սուրիոյ տափաստաններուն։ Այս պատճառով ալ կը կոչուի լեռնաշխարհ կամ լեռնակղզի։

Հայաստանի գլխաւոր լեռնաշղթաներն են՝

Ա) Հայկական Պար, որ Հայաստանի ամենաբարձր լեռնագօտին է.
Բ) Պոնտական Պար
Գ) Հայկական Տաւրոս
Դ) Փոքր կովկասեան լեռներ

Առանձին գագաթներ՝

1) Արարատ կամ Մասիս, որ կոնաձեւ, մեկուսացած հսկայ լեռնազանգուած մըն է, կը բարձրանայ Արարատեան դաշտի հարաւը։ Մարած հրաբուխ մըն է։ Ունի երկու գագաթ՝ Մեծ Մասիս (5165 մ.) եւ Փոքր Մասիս (3925 մ.)։ Մեծ Մասիսը 4000 մեթրէն վեր ծածկուած է մշտնջենական ձիւնով։ Ոչ մէկ գետ կամ գետակ կը բխի անկէ։ Բուսականութիւնը աղքատ է։ Հայկական լեռնաշխարհի ամենաբարձր գագաթն է։

Արարատը խորհրդաւոր ազդեցութիւն ունեցած է հայ ժողովուրդին վրայ, որ կը հաւատայ, թէ Մասիսը քաջաց ոգիներու դիցարանն էր։

2) Արագած, որ հայկական լեռնաշխարհի մէջ վիթխարի լեռնազանգուած մըն է։ Կը բարձրանայ Սեւանայ լիճին արեւմտեան կողմը, Մասիսի հիւսիսը։ Բարձրութիւնն է 4035  մեթր։ Մարած հրաբուխ մըն է, որուն կատարը ծածկուած է մշտնջենական ձիւնով։ Ունի չորս կոնաձեւ գագաթներ. այդ պատճառով ալ կը կոչուի քառագագաթ Արագած։ Հայաստանի երրորդ բարձր լեռն է։ Անոր վերին լանջերը ջրառատ են. կողերէն կը բխին բազմաթիւ աղբիւրներ, որոնցմէ կը գոյանան լճակներ եւ գետակներ։ Բուսականութիւնը ճոխ է։

3) Սիփան, որ կը գտնուի Վանայ լիճին հիւսիս արեւմուտքը։ Բարձրութիւնն է 4434 մեթր։ Հայաստանի երկրորդ բարձրագոյն գագաթն է։

4) Հայկական Բարձրաւանդակի միւս գլխաւոր սարերուն մէջ յիշատակութեան արժանի են հետեւեալ գագաթները՝ Կապատջուղ՝ 3904  մ., Սրմանց՝ 3650 մ., Թոնտուրեկ՝ 3584 մ., Արտոս՝ 3550 մ., Նեմրութ՝ 3050 մ., Սուկաւէտ՝ 3445 մ.։

Հայաստանի գլխաւոր դաշտերն են՝

1) Արարատեան դաշտ, որ Հայաստանի ամէնէն ընդարձակ եւ արգասաբեր դաշտն է։ Կը տարածուի Արագածի ստորոտէն մինչեւ Մասիսի ստորոտը։ Արարատեան դաշտին մէկ մասն են Շարուրի եւ Նախիջեւանի դաշտերը։ Բարձրութիւնն է 800-1000  մ., իսկ տարածութիւնը՝ 6600 քառ. քլմ.։ Ամբողջ դաշտը կ’ոռոգուի Արաքս գետէն, որուն շնորհիւ այս դաշտը Հայաստանի ամէնէն բերքառատ շրջաններէն մէկն է։ Ունի խիտ բնակչութիւն եւ դարձած հայ քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային կեանքի կեդրոնը։ Հայաստանի մայրաքաղաքներէն մեծ մասը, ինչպէս՝ Արմաւիրը, Երուանդաշատը, Արտաշատը, Վաղարշապատը, Դուինը կառուցուած էին Արարատեան դաշտին մէջ։ Հոն կը գտնուի նաեւ Արդի Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանը։

2) Շիրակի դաշտ, որ կը գտնուի Արարատեան դաշտէն դէպի հիւսիս, Ախուրեան գետի աջ եւ ձախ ափերուն վրայ։ Բարձրութիւնն է 1200-1500 մ.։ Ախուրեան գետը կ՚ոռոգէ Շիրակի դաշտը։ Հին ժամանակ, Շիրակի դաշտը եղած է Հայաստանի ցորենի շտեմարանը։

About admin

Check Also

ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ

home remedies for gout Արցախը որպէս անկախ պետութիւն` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն (ԼՂՀ), գոյութիւն ունի 1991թ. …