Home / Դ / ԱՅԼԱԶԱՆ / Վարչական Պարտականութիւններ

Վարչական Պարտականութիւններ

Ատենապետի Պարտականութիւնն է.-

  • Վարել ժողովները։
  • Որոշել ատենադպիրին հետ մասնաճիւղի ժողովներու թուականները, օրակարգերը եւ հսկել արձանագրուած որոշումներու ճշգրիտ եւ արագ գործադրութեան։
  • Ստորագրել բոլոր պաշտօնական վաւերագրերը եւ նամակները։
  • Կնքել եւ ստորագրել գանձապահին հետ պատրաստուած չեքերը եւ վճարման արտօնագրերը։
  • Ի պաշտօնէ մասնակցիլ բոլոր յանձնախումբերուն։

Ատենադպիրի Պարտականութիւնն է –

  • Արձանագրել մասնաճիւղի հերթական եւ արտակարգ ժողովներու ատենագրութիւննրը, որոնցմէ օրինակ մը կը փոխանցուի գերադաս մարմնին։
  • Որոշել ատենապետին հետ մասնաճիւղի ժողովներու թուականները։ օրակարգերը եւ հսկել արձանագրուած որոշումներու ճշգրիտ գործադրութեան։
  • Պահել ստացուած գրութիւնները։
  • Ունենալ անդամներու ցանկը տոմարի մէջ։
  • Պահել թղթակցութիւնները, անուանացանկերը եւ յարակից տեղեկութիւնները պարունակող տոմարներ։
  • Պատրաստել շրջաբերականներ յաւտկապէս անդամական եւ ընդհանուր ժողովներու համար։

Գանձապահի Պարտականութիւնն է.-

  • Գանձել մասնաճիւղի հասոյթները եւ գործաոնութիւնները կատարել կազմին որոշումով հաշուպահի ընկերակցութեամբ։
  • Վճարումները եւ փոխանցումները կատարել ըստ մասնաճիւղի որոշումներուն։
  • Ստորագրել բոլոր նիւթական վաւերագրերը (ստացագիր, վճարման արտօնագիր)։

Հաշուապահի Պարտականութիւնն Է.-

  • Գանձապահին հետ զուգընթաց պահել հաշիւները։
  • Պահել աոանձին հաշուետոմար, մասնաճիւղին ներկայացուցած հաշուական տեղեկութիւնները պէտք է վաւեարացուին նաեւ իր կողմէ։
  • Պատրաստել, ամիսը անգամ մը, վարչութեան հաշուեկշիռը։
  • Պատրաստել հաշուական որեւէ տեղեկագրութիւն, որ կը պահանջուի գերադաս մարմինի կողմէ։

Գոյքապահի Պարտականութիւնն է.-

Արձանագրել մասնաճիւղի բոլոր ստացուածքները. – Գրասենեակային կահոյք – գրասենեակային սարքեր – գոյքեր եւ սպասներ – մնայուն եւ վաճառելի նիւթեր։

 

Արխիւներու Պահպանում.-

ա.- Ունենալ տոմարներ.–

  • Ստացուած գրութիւններու
  • Առաքուած գրութիւններու
  • Հաշուապահական մայր տոմար
  • Գոյքերու արձանագրութեան տոմար
  • Մասնաճիւղերու, խորհուրդներու, յանձնախումբերու եւ խումբերու անուանացանկեր
  • Խմբական ժողովներու ներկայութեան տետրակ
  • Անդամական անուանացանկ եւ հասցէ, մուտքի թուականի շարքով
  • Անդամական ընդհ. եւ զեկուցական ժողովներու տոմար

 

բ.- Տետրեր

– Վարչական ժողովներու ատենագրութեանց

– Յանձնախմբային ժողովներու ատենագրութեանց

– Խումբերու ժողովներու արձանագրութեանց

– Հեռաձայնի եւ հասցէներու

 

գ.- Թղթածրարներ

  • Ստացուած եւ առաքուած գրութիւններու
  • Նամակներու եւ Շրջաբերականներու – զեկուցումներու – տեղեկագրերու եւ հաղորդագրութիւններ

 

 

Վարչական գիտելիքներ

  1. Ատենագրութիւն. – ժողովի ընթացքին, օրակարգերու քննարկաման լուծման եւ առնուած որոշումներու արձանագրութիւն։
  2. Նամակ.- Գլխաւոր փոխյարաբերութեան միջոց։
  3. Զեկուցում.- Բանաւոր կամ գրաւոր տեղեկութիւններ ծրագրի մը կամ գործունէութեան մը շուրջ, տրուած անհատի մը կամ մարմինի մը կողմէ։
  4. Շրջաբեարական. –

– Վարչութեան կողմէ առնուած որոշումի մը գրաւոր հաղորդումը։

– Վարչութեան մտահոգութիւն դարձած երեւոյթի մը, կարեւոր գաղափարի մը, յիշատակութեան արժանի դէպքի մը փոխանցումը։

  1. Տեղեկագիր.- Ձեռնարկի աւարտին գործունէութեան շուրջ կատարուած աշխատութիւն մը, որ կու տայ ձեռնարկին նիւթաբարոյական դրական եւ ժխտական պատկերը։

About admin

Check Also

Դասախօսութիւն Նիւթ «Արեւմտահայերէն՝ Տագնապներ Եւ Մարտահրաւէրներ»

Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Սրբ. Եպս. Սարգիսեանին Կազմակերպութեամբ Ազգային Գրադարանի Յանձնախումբին …

Leave a Reply