ԱՇԽԱՐՀԻ 7 ՆՈՐ ՀՐԱՇԱԼԻՔՆԵՐԸ
Փորթուգալի մայրաքաղաք Լիզպոնի «Էսթատիօ Տալուզ» մարզադաշտին մէջ 2007-ին, յայտարարուեցան աշխարհի 7 նոր հրաշալիքներուն ընտրութեան արդիւնքները: Համացանցի կամ հեռաձայնի ճամբով կատարուած քուէարկութեան մասնակցած էր շուրջ 100 միլիոն հոգի:
Աշխարհի 7 նոր հրաշալիքներու ընտրարշաւը ընթացք առած էր 2000 թուականին՝ զուիցերիացի շարժանկարի արտադրիչ, գրող եւ օդաչու Պեռնար Վեպէրի կողմէ: Ձեռնարկէն գոյացած գումարին կէսը պիտի յատկացուի համաշխարհային մարդասիրական դատերու, ինչպէս նաեւ կոթողներու վերանորոգման ու պահպանման:
2000 թուականին շուրջ 200 վայր ներկայացուած էր իբրեւ թեկնածու՝ աշխարհի հրաշալիք դառնալու, սակայն 2006 թուականին զտումի հանգրուանէ մը ետք 21 վայր անցաւ աւարտական հանգրուան:
Քուէարկութեան իբրեւ արդիւնք աշխարհի 7 նոր հրաշալիքներ ընտրուած են.
1-Մեքսիքայի Չիչէն Իթզա բուրգը:
2- Պրազիլի Քրիստոս Փրկիչ արձանը:
3-Չինաստանի մեծ պատը:
4- Փերուի Մաչու Փիքչուն:
5-Յորդանանի Փեթրա քաղաքը:
6- Հռոմի Քոլիզիոմը
7- Հնդկաստանի Թաժ Մահալը:
Անոնք պարտութեան մատնեցին 14 այլ թեկնածուներ, որոնց շարքին՝ Փարիզի Էյֆէլի աշտարակը, Յունաստանի Աքրոփոլիսը, Պոլսոյ Այիա Սոֆիան, Ճափոնի Քիոմիցու տաճարը եւ Ռուսիոյ Կրեմլինը:
Աշխարհի աւանդական 7 հրաշալիքները կեդրոնացած էին Միջերկրականի եւ Միջին Արեւելքի մէջ: Այդ ցանկը կազմած էին Հին Յունաստանի աշխարհագրագէտները, որոնցմէ ամէնէն հանրածանօթն է Սայտայի Անթիփաթէրը, որ ապրած է Քրիստոսէ առաջ 2րդ դարուն:
Աշխարհի աւանդական 7 հրաշալիքներէն վեցը՝ Բաբելոնի կախուած պարտէզները, Ողիմպոսի Զեւսի արձանը, Եփեսոսի Արտեմիսի մեհեանը, Հալիքարնասի շիրիմը, Ռոտոսի Քոլոսը եւ Աղեքսանդրիոյ փարոսը անհետացած են: Ներկայիս կը շարունակեն գոյութիւն ունենալ միայն Եգիպտոսի բուրգերը:
Եգիպտացի պաշտօնատարներ յայտնած են, որ բուրգերը պէտք չէր նոյնիսկ մրցանքին մասնակցէին: Այսպիսով ցանկը կազմուած է մէկ աւանդական, առաւել 6 նոր հրաշալիքներէ:
Եգիպտոսի բուրգերը
Պրազիլի Քրիստոս Փրկիչ արձանը
Հնդկաստանի Թաժ Մահալը
Մեքսիքայի Չիչէն Իթզա բուրգը Չինաստանի մեծ պատը
Չինաստանի Մեծ Պատը
Իտալիա