Home / Ա / Նիւթեր / ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՉԱԿԱՆ / ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ / 12-13 տարեկան / ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԸ

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԸ

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԸ

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ օրէնսդիր իշխանութիւնը կը ներկայացնէ Ազգային Ժողովը: Ազգային ժողովի լիազօրութիւնները կը սահմանուին սահմանադրութեամբ: Ազգային ժողովը կը գործէ Հայաստանի Հանրապետութեան «Ազգային Ժողովի կանոնակարգ» օրէնքին համապատասխան: ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ԿԱՌՈՒՑՈՒԱԾՔԸ ԵՒ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԳԸ Ազգային ժողովի մարմիններն են. 1-Ազգային ժողովի նախագահը 2-Անոր տեղակալները 3-Պատգամաւորները 4-Յանձնաժողովները Ազգային ժողովի գործունէութիւնը կ՛իրականանայ նստաշրջաններու, նիստերու, մշտական եւ ժամանակաւոր յանձնաժողովներու միջոցով: Համաձայն ՀՀ Սահմանադրութեան՝ Ազգային Ժողովը կազմուած է 131 պատգամաւորներէ: ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԸ Պատգամաւոր կրնայ ընտրուիլ 25 տարին լրացուցած, վերջին հինգ տարուան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի հանդիսացող, վերջին հինգ տարուան մէջ Հանրապետութեան մէջ մշտապէս բնակող եւ ընտրական իրաւունք ունեցող իւրաքանչիւր ոք: Պատգամաւորը չի կրնար զբաղեցնել պետական այլ պաշտօն կամ կատարել վճարովի այլ աշխատանք, բացի գիտական, մանկավարժական եւ ստեղծագործական աշխատանքներէն: Պատգամաւորին կարելի չէ կալանաւորել, քրէական պատասխանատուութեան ենթարկել, առանց Ազգային ժողովի համաձայնութեան: Պատգամաւորը հանդիպումներ կ՛ունենայ քաղաքացիներու հետ, ընդունելութիւն կը կազմակերպէ իր ընտրատարածքին մէջ եւ ընթացք կու տայ ընտրողներէն ստացուած առաջարկութիւններուն եւ գանգատներուն: ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԻ ԵՐԴՈՒՄԸ Յանուն համազգային նպատակներու իրականացման եւ հայրենիքի հզօրացման ու բարգաւաճման՝ կ՛երդուեմ բարեխղճօրէն կատարել ժողովուրդի առաջ ունեցած պարտաւորութիւններս, պահպանել Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութիւնը եւ օրէնքները, նպաստել Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան եւ շահերու պահպանման, ընել ամէն ինչ քաղաքացիական համերաշխութեան, ազգային ու համամարդկային արժէքներու պահպանման համար:

About talar

Check Also

ԱՐՏԱՇԷՍ ԵՒ ԱՐՏԱՒԱԶԴ

ԱՐՏԱՇԷՍ ԵՒ ԱՐՏԱՒԱԶԴ             Խորենացին կը նկարագրէ Արտաշէսի աշխարահաշինութիւնը, գիտութեան, արուեստի հովանաւոր ըլլալը եւ ապա …