ԾԻԾԵՌՆԱԿԱԲԵՐԴ

ԾԻԾԵՌՆԱԿԱԲԵՐԴ


Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած

 

յուշարձան է, կառուցուած Երևանի` համանուն բլուրի վրայ: Ամէն տարի Ապրիլի 24-ին հարիւր հազարաւոր հայեր և օտարազգիներ կը բարձրանան այստեղ` յարգանքի տուրք մատուցելու 1915 թուականին Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին մէջ թրքական կառավարութեան իրագործած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն:

1965-ին` Ցեղասպանութեան 50-րդ տարելիցին, Երևանի մէջ  կազմակերպուեցան միլիոնանոց ցոյցեր, որոնց արդիւնքով 1966-ին սկսաւ Ցեղասպանութեան յուշարձանի կառուցումը եւ աւարտեցաւ 1968-ին:

44 մեթր բարձրութեամբ սիւնը կը խորհրդանշէ հայերու վերածնունդը:

12 քարէ սալերը` դասաւորուած շրջանագծով, կը ներկայացնեն Արևմտեան Հայաստանի 12 հայաբնակ նահանգները, որոնք ներկայիս կը գտնուին Թուրքիոյ տարածքին մէջ:

Շրջանի կեդրոնը յաւերժական կրակն է: Յուշարձանի շուրջը տարածուող այգիին մէջ կը գտնուն 100 մեթրանոց պատ, որուն վրայ փորագրուած են ջարդերու ենթարկուած ամենայայտնի քաղաքներու և գիւղերու անունները:

1995-ին յուշահամալիրի տարածքին մէջ բացուեցաւ փոքր ստորգետնեայ թանգարան, որտեղ կարելի է գտնել տեղեկատուութիւն 1915 թ.ի իրադարձութիւններու մասին: Մասնաւորապէս թանգարանին մէջ ներկայացուած են գերմանացի լուսանկարիչներու  (թուրքերու դաշնակիցները Առաջին Համաշխարհային պատերազմին), այդ թուին Արմին Վեգների շարք մը լուսանկարները և որոշ հրատարակութիւններ:

Թանգարանին մօտ կը գտնուի պուրակ մը, որտեղ օտարերկրեայ պաշտօնեաները Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին ծառեր կը տնկեն:

Յուշահամալիրի ճարտարապետներն են՝ Արթիւր Թարխանեանն ու Մաշուր Քալաշեանը:

About talar

Check Also

ԱՐՏԱՇԷՍ ԵՒ ԱՐՏԱՒԱԶԴ

ԱՐՏԱՇԷՍ ԵՒ ԱՐՏԱՒԱԶԴ             Խորենացին կը նկարագրէ Արտաշէսի աշխարահաշինութիւնը, գիտութեան, արուեստի հովանաւոր ըլլալը եւ ապա …