ԱՐԱ ԳԵՂԵՑԻԿ ԵՒ ՇԱՄԻՐԱՄ

ԱՐԱ ԳԵՂԵՑԻԿ ԵՒ ՇԱՄԻՐԱՄ

Առասպելը պահպանուած է Խորենացիի եւ Թ. Արծրունիի մօտ, ինչպէս նաեւ կցկտուր ձեւով՝ ժողովուրդի մօտ: Խորենացին որպէս աղբիւր կը յիշէ Մար-Ապպաս ասորի պատմիչը: Ան կը վկայէ նաեւ, թէ Արայի եւ Շամիրամի մասին առասպելներ կը պահուի ժողովուրդին մէջ: Այդ առասպելներու արձագանգները Վանի շուրջ ապրած են մինչեւ 19-րդ դար:

Շամիրամի ինքնութիւնը ըստ հնագոյն հաւատալիքներու՝ Շամիրամը դուստրն է Ասորեստանի Իշտար դիցուհիին, որ սեմական ազգերու մէջ կը կոչուի Միլիտտա, Աստարտէ, Տէրկէտօ անուններով: Իբրեւ սիրոյ հովանաւոր, ան կը նոյնանայ Ափրոդիտէի եւ Աստղիկի հետ: Իշտարը հզօր մարտիկ-դիցուհի է, առնական նկարագրով: Միաժամանակ ան պտղաբերութեան դիցուհին է: Անոր պաշտամունքը եղած է տարօրինակ ծէսերով: Հայաստանի մէջ շատ կային Շամիրամի անունով վայրեր, որոնք կը կապուէին կամ կը նոյնանային Աստղիկի վայրերուն, ինչ որ կը պարզէ անոնց նոյնութիւնը:

Հայաստանը հարաւէն սահմանակից ըլլալով սեմական ժողովուրդներու, հոն, յա՛տկապէս Վանի շրջանը, որ մեծ թիւով Ասորիներ ալ կ՛ապրէին, Շամիրամի առասպելը անցած է հայերուն եւ տեղայնացած՝ ստանալով ազգային բնաւորութիւններ:

About talar

Check Also

Հայկական Հնագոյն Ցեղերն ու Ցեղային Միութիւնները

           Ինչպէս ամէն ժողովուրդի, այնպէս ալ հայ ժողովուրդի կազմաւորման գործընթացը ընդգրկած է երկար ժամանակ, թերեւս …