Ս. ՆԵՐՍԷՍ ՄԵԾ
(353-373)
Մեծանձնեայ մարդ մըն էր Ներսէս, բարձր եւ ցանկալի հասակով, վայելուչ գեղեցկութեամբ, որուն նմանը կարելի չէր գտնել երկրին մէջ:
Զինուորական կրթութեամբ նախանձելի էր ամԷնքին իր արիութեամբ:
Երկիւղած էր Աստուծմէ, աւանդապահ Անոր պատուիրաններուն, մարդասէր, սուրբ, զգաստ, իմաստուն եւ անաչառ: Հաշտարար էր բարքով, խոնարհ, քաղցր եւ աղքատասէր։ Աստուծոյ սիրոյն մէջ՝ կատարեալ:
Արդար էր, անարատ եւ ծառայասէր:
Աղքատները, տառապեալները շատ կը սիրէր եւ հոգածու էր անոնց համար. իր հանդերձներէն եւ կերակուրէն բաժին կը հանէր անոնց։ Նեղեալներու եւ տագնապի մատնուածներու օգնական ու վերակացու էր եւ զրկուածներու իրաւանց պաշտպան: