Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Չորս Կառավարութիւնները
Հայաստանի առաջին հաարապետութեան շրջանին իրարու յաջորդած չորս դահլիճներ:
ա.-1918 Մայիսի վերջէն մինչեւ 1919 Մարտ՝ Յովհաննէս Քաջազնունիի դահլիճը: Այս շրջանը պետական – կազմակերպչական շրջան է:
բ.-1919 Մարտէն մինչեւ 1920 Մայիս 5 Ալեքսանդր Խատիսեանի դահլիճ: Այս շրջանը քաղաքացիական – ստեղծագործական շրջան կարելի է կոչել:
գ.-1920 Մայիս 5-էն մինչեւ 1920 Նոյեմբեր 23՝ Համօ Օհանջանեանի դահլիճ (Բիւրօ – Կառավարութիւն), որ իշխանութեան գլուխ եկաւ պայքարելու համար համայնավարութեան դէմ:
դ.-1920 Նոյեմբեր 24-էն Դեկտեմբեր 2՝ Սիմոն Վարցեանի դահլիճը, որուն պիտի վիճակուէր խորհրդային Ռուսիոյ ներկայացուցիչներուն հետ ստորագրել Խորհրդայնացման համաձայնագիրը: