Home / Ա / Նիւթեր / Պատմական / ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀՆԱԳՈՅՆ ԻՂԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀՆԱԳՈՅՆ ԻՂԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Հայկական Հնագոյն Իշխանութիւնները

1400  թուականէն սկսեալ խեթական արձանագրութիւնները կը յիշատակեն Հայասա անունով երկիրը:

Հայասան հանդիսացած է հայկական ցեղերու առաջին բնօրրանը եւ հիմնական դեր խաղացած է հայ ժողովուրդի ապագայ կազմաւորման մէջ: Հայասան կը գտնուէր Հայկական լեռնաշխարհի արեւմտեան մասին մէջ, Եփրատ գետի վերին հոսանքին վրայ եւ կը տարածուէր պատմական Փոքր Հայք եւ Բարձր Հայք նահանգներուն վրայ: Հայասայի Հարաւը կար Ազզի ցեղը, նոյնպէս հայախօս: Անոնք միասին կը կազմէին Հայասա-Ազզի ցեղային միութիւնը: Երկրին կեդրոնը Կումախա մայրաքաղաքն էր, հետագայ Անի-Կամախը՝ Եփրատ գետի եզերքը: Միւս քաղաքներէն յայտնի են Թիլ Հայասան, Ազզին եւ Թորդանը:

Արեւմուտքէն Հայասան սահմանակից էր Խաթթիի հզօր պետութեան: Այս երկրին թագաւորներուն սեպագիր արձանագրութիւնները մեզի տեղեկութիւններ կը փոխանցեն Հայասա-Ազզիի 15-14 րդ դարերու պատմութեան մասին:

14-րդ դարու սկիզբը խեթերը կ’արշաւեն Հայասայի դէմ, բայց չեն յաջողիր վճռական յաղթանակ տանիլ: Դարու կէսերուն անոնք կրկին կ’արշաւեն Հայասա, որ տարիներ շարունակ յամառօրէն կը պայքարի անոր անկախութիւնը պահպանելու համար: Կռիւները վերջ կը գտնեն խեթերու յաղթանակով եւ երկու երկիրներուն միջեւ պայմանագիր կը կնքուի: Խեթերու մեծ թագաւորը իր քոյրը կնութեան կու տայ Հայասայի թագաւոր Խուկանասին պայման դնելով, որ ան պիտի ըլլայ առաջին թագուհին եւ անկէ ունեցած որդին պիտի ժառանգէ թագաւորութիւնը: Խուկանաս ստորադաս ըլլալով խեթերու թագաւորին, պարտաւոր էր ռազմական օգնութիւն տալ խեթերուն, այլեւս Հայասայի մէջ ապաստան չտալ Հաթթի երկրէն փախստականներուն:

Այս պայմանագրէն դժգոհ կը մնան Հայասայի ցեղապետները, որոնք կը դադրեցնեն հարկերու վճարումը: Շարժման գլուխ կ’անցնի Հայասայի նոր թագաւոր Անիաս, որ շարք մը արշաւանքներ  կը կատարէ Հաթթի երկրի սահմաններէն ներս՝ աւար ու գերիներ վերցնելով անկէ: Գերիներու փոխանակութեան համար վարուող բանակցութիւնները արդիւնքի չեն յանգիր, նոյնպէս Հաթթիի մեծ թագաւոր Մուրսիլ Բ.ի ուղարկած զօրքերը, որոնք ուժեղ դիմադրութեան կը հանդիպին Հայասացիներու կողմէ: Ի վերջոյ, Ասորեստանի դէմ պատերազմը աւարտելէ ետք,  ‎‎‎1330ին Խեթերու մեծ թագաւոր Մուրսիլ Բ. մեծ բանակով կ’արշաւէ Հայասա-Ազզի եւ կը յաջողի հնազանդեցնել երկրին ցեղապետները: Ասով մէկտեղ, յաջորդ շրջաններուն Հայասայի անունը կը յիշուի Հաթթիի թշնամի երկիրներուն կարգին, ինչ որ ապացոյց է, որ Մուրսիլ Բ. ի յաղթանակը վերջնականապէս չէր կրցած ընկճել Հայասան: Այս վերջինը իր գոյութիւնը պահած է՝ ղեկավարուելով հաւանաբար իր ցեղապետներուն կողմէ:

Շուրջ 1200 թուականին Պալքանեան թերակղզիէն սկիզբ առած մեծ արշաւանք մը զօրաւոր ցնցում առաջ բերաւ հին Արեւելքի երկիրներուն մէջ: Ներխուժողները եգիպտական արձանագրութիւններուն մէջ կը կոչուին «Ծովերու Ժողովուրդներ»: Անոնք կը պատկանէին Հնդեւրոպական ցեղին եւ յունական կղզիներէն ու Թրակիայէն՝ ծովու եւ ցամաքի ճամբով կը հասնէին Մերձաւոր Արեւելք՝ քայքայելով իրենց ճամբուն վրայ հանդիպած մեծ  ու փոքր թագաւորութիւնները: Անոնցմէ Փռիւգները եւ Մուշկերը կ’անցնին Փոքր Ասիա, կը յարձակին Խեթական պետութեան վրայ  եւ պարտութեան կը մատնեն զայն: Կը քայքայեն Խաթթի հզօր թագաւորութիւնը՝ հրդեհելով Խաթութաս մայրաքաղաքը եւ կործանելով ուրիշ յայտնի քաղաքներ: Փոքր Ասիոյ կեդրոնական մասին մէջ կը հաստատուի Փռիւգիական պետութիւնը: «Ծովերու Ժողովուրդ»ներէն հատուածներ Միջերկրականի ափերէն կը հասնին մինչեւ Եգիպտոսի սահմանները, ուր 1195ին Ռամսէս Գ. փարաւոն դժուարաւ կը յաջողի կասեցնել անոնց ներխուժումը:

Այս խառնակ շրջանէն ետք խեթական կայսրութեան կեդրոնական եւ արեւելեան երկրամասերը կը գրաւուին Փռիւգներու, Մուշկերու եւ Հնդեւրոպական այլ ցեղերու կողմէ: Հաթթի թագաւորներու տարագրութիւնները կանգ կ’առնեն հոս: Չլսուիր նաեւ Հայասայի անունը: Հաւանաբար այս ներխուժումներու հետեւանքով կործանած էր նոյնպէս Հայկական թագաւորութիւնը, որուն դրացնութեան մէջ հաստատուած էին այժմ Հնդեւրոպական ցեղեր՝ Փռիւգներ, Մուշկեր, Արիմներ եւ այլն (Արիմ անունը կը համարուի Արմէնի նախնական ձեւը): Արդարեւ, շարք մը յոյն պատմիչներու կարգին Ե. դարու հռչակաւոր պատմագիր Հերոդոտոս կը վկայէ, որ արմէնները ազգակից էին Փոքր Ասիոյ մէջ ապրող Փռիւգներուն եւ անոնց նման զինուած էին: Կը հետեւցուի, ուրեմն, որ Հայկական բնիկ ցեղերու եւ արիմ-արմէններու առաջին շփումները տեղի ունեցած են 12 դարու սկիզբները:

12- րդ դարէն սկսեալ Հայկական լեռնաշխարհի հարաւ-արեւմտեան կողմը կը յիշուին շարք մը ուրիշ հայախօս ցեղեր: Անոնցմէ էին, ինչպէս յիշուեցաւ, Մուշկերը եւ արիմ-ուրումէացիները(արմէնները): Մուշկերը Եփրատ գետը անցնելով 1170-1165 թուականներուն յարձակում կը գործեն Ասորեստանի սահմաններէն ներս: Անոնք կը կազմէին ցեղային այնպիսի միութիւն մը, որ Ասորեստանի դէմ կը հանէր 20 հազար զօրք: Ցեղային այդ միութիւնը հետզհետէ զօրանալով կը վերածուի կայուն իշխանութեան, որ իր մէջ կ’ընդգրկէ շարք մը արենակից եւ դաշնակից ցեղեր՝ մինչեւ իսկ Նայիրեան երկիրները: Վանայ լիճին հարաւ-արեւմտեան երկրամասը, որ այդ ցեղերու բնակավայրն էր, ասորեստանցիները կը կոչէին Շուպրիա եւ Ուրումու: Աւելի ուշ երկիրը ծանօթ է Արմէ եւ Ուրմէ անուններով: Կը նշանակէ, որ Շուպրիայի եւ Ալզիի (Աղձնիքի) մէջ ապրող այդ ցեղերուն մէջ գերիշխող դիրք գրաւած էին արմէնները: Անոնց միջ- ցեղային հաղորդակցութեան միջոցն ալ արիմ-ուրումէացիներու կամ արմէններու լեզուն էր, ապագայ հայերէնը:

12-րդ դարու վերջերը մուշկերը եւ արիմ-արմէնները հինգ ցեղապետներու գլխաւորութեամբ կը վերսկսին դէպի հարաւ յարձակումներ գործել: Անոնք կը մտնեն ասորեստանեան Կադմուխի երկիրը: Ասորեստանի Թիգլատ-Պալասար Ա. թագաւորը 1115ին կը յարձակի անոնց վրայ, կը յաղթէ եւ 6000 գերի կը տանի: Մուշկերու եւ արմէններու ապստամբութեան կը միանան Տաւրոսի լեռնաբնակ խուռիները: Տարի մը ետք, սակայն, Ասորեստանի թագաւորը կրկին արշաւելով պարտութեան կը մատնէ անոնց միացեալ ուժերը եւ կը հնազանդեցնէ «ուժեղ եւ անհնազանդ շուբարիներու երկիրը»:

Հակառակ Ասորեստանի յաճախակի յարձակումներուն Արմէ-Շուպրիան իր գոյութիւնը պահեց դարերով: Յետագային Վանի ուրարտական թագաւորութիւնը եւս չյաջողեցաւ վերջնականապէս ընկճել Հայ-արմենական ցեղային այս զօրաւոր միութիւնը: Փոքր եւ Բարձր Հայքերու վրայ տարածուող Հայասան եւ Աղձնիքի, Տարօնի եւ յարակից երկրամասերուն մէջ գտնուող Արմէ-Շուպրիան հանդիսացան այն երկու կեդրոնները, ուր տեղի կ’ունենար հայ ժողովուրդի բաղկացուցիչ գլխաւոր տարրերուն՝ հայերու եւ արմէններու միաձուլումը:

About talar

Check Also

Հայկական Հնագոյն Ցեղերն ու Ցեղային Միութիւնները

           Ինչպէս ամէն ժողովուրդի, այնպէս ալ հայ ժողովուրդի կազմաւորման գործընթացը ընդգրկած է երկար ժամանակ, թերեւս …