Home / Ա / Նիւթեր / Հոգեբանական / Տարաձայնութիւն

Տարաձայնութիւն

Տա­րա­ձայ­նու­թեան Սահ­մա­նու­մը

Գիտ­նա­կան­ներ տար­բեր ձե­ւե­րով բա­ցատ­րած են տա­րա­ձայ­նու­թիւնը. յի­շենք հե­տեւ­եալ սահ­մա­նում­նե­րը .-

1-Տա­րա­ձայ­նու­թիւնը` այն  հար­ցը, լու­րը կամ նա­խա­դա­սու­թիւնն է, որ շր­ջա­նա­ռու­թեան կը դր­ուի մար­դոց հա­մո­զելու հա­մար ներ­կա­յաց­ուած գա­ղա­փա­րը: Ապա ան կը փո­խանց­ուի ան­ձէ անձ, եր­բեմն կը տա­րած­ուի նա­եւ թեր­թի, պատ­կե­րաս­փիւ­ռի  եւ ձայ­նաս­փիւ­ռի ճամ­բով: Այս սահ­մա­նու­մով տա­րա­ձայ­նու­թիւնը պայ­ման չէ, որ ու­նե­նայ ճշ­մար­տու­թեան չա­փա­նիշ­ներ, եւ իր նիւ­թը կ՛ըլ­լայ դէպ­քի մը կամ ան­ձի մը շուրջ:

2-Տա­րա­ձայ­նու­թիւնը մշա­կող­նե­րը առա­ջին հեր­թին կը պատ­րաս­տեն այն հմուտ մաս­նա­գէ­տը, որուն պի­տի վս­տա­հին գա­ղա­փա­րի մը տա­րա­ծու­մը, այն­պէս մը, որ ունկն­դի­րը ան­մի­ջա­պէս հա­ւա­տայ անոր: Այս պա­րա­գա­յին տա­րա­ձայ­նու­թիւնը կը դառ­նայ հո­գե­բա­նա­կան պա­տե­րազ­մի մի­ջոց­նե­րէն  մէ­կը եւս, աւե­լին` կա­րե­ւո­րա­գոյ­նը, որով­հե­տեւ ան կ՛ազ­դէ ժո­ղո­վուր­դի զգա­ցում­նե­րուն վրայ եւ կը փոր­ձէ գա­ղա­փար­նե­րու իրա­րան­ցում մը ստեղ­ծել:

Տա­րա­ձայ­նու­թեան Կա­նո­նը

Տա­րա­ձայ­նու­թիւն մը յա­ջող ըլ­լա­լու հա­մար պէտք է ան ու­նե­նայ եր­կու յատ­կա­նիշ­ներ` կա­րե­ւոր եւ յս­տակ: Տա­րա­ձայ­նու­թեան նիւ­թը պէտք է նպա­տա­կադր­ուած խաւին հա­մար կա­րե­ւոր ըլ­լայ եւ յս­տակ:

Տա­րա­ձայ­նու­թեան տե­սակ­նե­րը.-

1-Արար­քի մը մղող տա­րա­ձայ­նու­թիւն 

Այս տե­սա­կի տա­րա­ձայ­նու­թիւնը կը տա­րած­ուի կրա­կի արա­գու­թեամբ, շատ կարճ ժա­մա­նա­կա­մի­ջո­ցի մը մէջ: Անոր  նիւ­թը կ՛առնչ­ուի աղէտ­նե­րու, պա­տե­րազմ­նե­րու եւ վայ­րա­գու­թիւն­նե­րու ու կը տա­րած­ուի լար­ուած մի­ջա­վայ­րե­րու մէջ, որով­հե­տեւ կապ­ուած կ՛ըլ­լայ զօ­րա­ւոր զգա­ցում­նե­րու հետ:

2-Ժա­մա­նա­կա­ւո­րա­պէս յայտ­նուող տա­րա­ձայ­նու­թիւն

Այս տա­րա­ձայ­նու­թիւնը որոշ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մը հա­մար կը յայտն­ուի, ապա կը վե­րա­նայ, ետ­քը, յար­մար առի­թին կը վե­րա­նո­րոգ­ուի:Օրի­նակ. պա­տե­րազմ­նե­րու ըն­թաց­քին շր­ջա­նա­ռու­թեան դր­ուած այն տա­րա­ձայ­նու­թիւնը, որ կ՛ըսէ, թէ թշ­նա­մին ջու­րը թու­նա­ւո­րած է:

3-Ցան­կու­թիւն մը իրա­կա­նաց­նե­լու մի­տու­մով եղած տա­րա­ձայ­նու­թիւն

Այս տա­րա­ձայ­նու­թիւնը կ՛ըլ­լայ անձ­նա­կան փա­փա­քի եւ ցան­կու­թեան յա­գեց­ման նպա­տա­կով կամ են­թադ­րու­թեան մը ար­դիւն­քով:

4-Վա­խի տա­րա­ձայ­նու­թիւն

Այս տա­րա­ձայ­նու­թիւնը կը տա­րած­ուի այն ժա­մա­նակ, երբ մի­ջա­վայ­րը վա­խի մէջ է, որով­հե­տեւ ան պատ­րաստ կ՛ըլ­լայ ամէն յե­րիւ­րան­քի հա­ւա­տա­լու եւ երե­ւա­կա­յե­լու:

5-Ատե­լու­թեան տա­րա­ձայ­նու­թիւն

Այս տա­րա­ձայ­նու­թեան  նիւ­թը  ձա­խո­ղու­թիւնը կամ դա­ւա­ճա­նու­թիւնն է. անոր զոհ կ՛եր­թան ղե­կա­վար­ներ եւ յայտ­նի դէմ­քեր:

Այս տե­սա­կը կը նկատ­ուի ամե­նա­տա­րա­ծու­նը եւ վտան­գա­ւո­րը:

6-Վախ ներշն­չող տա­րա­ձայ­նու­թիւն

Այս տե­սա­կը կը ստեղծ­ուի ժո­ղո­վուր­դին մօտ մտա­վա­խու­թիւն­ներ ստեղ­ծե­լու  նպա­տա­կով, օրի­նակ. պա­տե­րազ­մի շր­ջա­նին կը տա­րա­ձայն­ուի, թէ հաց չէ մնա­ցած:

 

Տա­րա­ձայ­նու­թիւնը Տա­րա­ծե­լու Պատ­ճառ­նե­րը

1-Ու­շադ­րու­թիւն գրա­ւել

2-Վա­խէն ձեր­բա­զատ­ուիլ

2-Թշ­նա­ման­քը սրել ու վնաս հասց­նել հա­կա­ռա­կոր­դին

3-Ապա­հո­վու­թիւն ներշն­չել

4-Վս­տա­հու­թիւն ձեռք բե­րել

5-Կան­խա­գու­շա­կել կամ են­թադ­րել

Բար­դոյթ­նե­րէ տա­ռա­պող եւ անինք­նավս­տահ ան­ձեր յա­ճա­խակի­օ­րէն կը դի­մեն տա­րա­ձայ­նու­թեան:

 

Տա­րա­ձայ­նու­թեան Օգ­տա­գոր­ծու­մը

Տա­րա­ձայ­նու­թիւնը հին ժա­մա­նակ­նե­րէն ի վեր օգ­տա­գոր­ծուող մի­ջոց է: Հռո­մի կայս­րե­րը ու­նէ­ին խումբ մը զի­նուոր­ներ, որոնց կ՛ան­ուա­նէ­ին «տա­րա­ձայ­նու­թեան պա­հակ­ներ»: Անոնց պար­տա­կա­նու­թիւնն էր ժո­ղո­վուր­դին մէջ մտ­նել, լսել առօր­եայ նիւ­թե­րը եւ կայս­րին փո­խան­ցել զա­նոնք, որ­պէս­զի հարկ եղած պա­հուն տա­րա­ձայ­նու­թիւններ  տարածէ­ին ի նպաստ կայ­սեր:

Այլ օրի­նակ մըն ալ Ճեն­քիզ խա­նի հա­մբա­ւին առնչ­ուած էր: Պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին տա­րած­ուած էր այն գա­ղա­փա­րը, թէ Ճեն­քիզ խան  թշ­նա­մի­նե­րուն յաղ­թած է իր մե­ծա­թիւ եւ վայ­րագ  զօր­քին շնոր­հիւ, սա­կայն պատ­մա­բան­ներ հե­տա­գա­յին փաս­տե­ցին, որ թա­թար­նե­րը ընդ­հան­րա­պէս այդ­պի­սի հզօր զօրք չեն ու­նե­ցած:

Յա­ռա­ջա­դէմ  եր­կիր­ներ եւ պե­տու­թիւն­ներ հե­տաքրքր­ուած են տա­րա­ձայ­նու­թեան երե­ւոյ­թի տա­րած­ման ու­սում­նա­սի­րու­թեամբ: Անոնք կ՛ու­սում­նա­սի­րեն  տա­րա­ձայ­նութ­եան տար­բեր տար­րերն ու անոնց ու­նե­ցած դրա­կան ու ժխ­տա­կան ազ­դե­ցու­թիւնը մի­ջա­վայ­րի մը վրայ:

Տա­րա­ձայ­նու­թեան Փո­խանց­ման Հիմ­քե­րը

Տա­րա­ձայ­նու­թիւն մը տա­րա­ծե­լը կ՛անց­նի հո­գե­բա­նա­կան երեք հանգր­ուան­նե­րէ` հասկ­նալ, յի­շել եւ տալ: Զգա­ցում­նե­րը շատ մեծ դեր կը խա­ղան տա­րա­ձայ­նու­թիւն մը տա­րա­ծե­լու մէջ:

Մար­դը նախ կը լսէ նա­խա­դա­սու­թիւնը կամ գա­ղա­փա­րը, ետ­քը կը հասկ­նայ լսա­ծը եւ երբ պի­տի փո­խան­ցէ զայն ու­րի­շին (ընդ­հան­րա­պէս կ՛ընտ­րէ այն ան­ձը, որ կը հա­ւա­տայ իր ըսած­նե­րուն) այն ատեն կը փոր­ձէ յի­շել լսա­ծը եւ կը փո­խան­ցէ զայն` աւելց­նե­լով իր մտա­ծում­նե­րը:

Գիտ­նա­կան­ներ այն եզ­րա­կա­ցու­թեան հա­սած են, որ լու­րի մը շե­ղու­մը կ՛ըլ­լայ առա­ջին հանգր­ուա­նին` իմա­նա­լու ժա­մա­նակ, որով­հե­տեւ իմա­նա­լու կա­րո­ղու­թիւնը ան­ձէ անձ կը տար­բե­րի նկա­տի առած ան­հա­տի տա­րի­քը, խե­լա­ցիու­թիւնը եւ լեզ­ուա­յին կա­րո­ղու­թիւնը:

Եթէ տա­րա­ձայ­նու­թիւնը աննպա­տակ  օգ­տա­գործ­ուի կը դառ­նայ շա­տա­խօ­սու­թիւն եւ բամ­բա­սանք:

About admin

Check Also

Ինքնավստահութիւն

  Ինքնավստահութիւնը անձին այն զգացումն է իրեն արժէքը գիտնալու իր շուրջիններուն մէջ: Ինքնավստահ անձը կը …

Leave a Reply