Home / Ա / Նիւթեր / Պատմական / Հայ Հին Թարգմանութեան Սկիզբը

Հայ Հին Թարգմանութեան Սկիզբը

Բառարանային պարզ բացատրութեամբ թարգմանել կը նշանակէ «վերածել զբանն ի միոյ լեզուէ յայլ», նաեւ կը նշանակէ «մեկնել, ճառել, պատմել»: Ուրեմն հայ գիրերու ստեղծումէն (405թ.) անմիջապէս յետոյ, հայկական ինքնուրոյն գրականութեան բազմակողմանի զարգացման հետ զուգահեռ, Հայաստանի մէջ բուռն թափով կը սկսի զարգանալ նաեւ թարգմանական գրականութիւնը, որուն մշակութային արժէքը, ինչպէս ճիշդ կերպով կը նշեն մասնագէտները, դուրս գալով զուտ հայկական ազգային շրջանակներէն, համաշխարհային գրականութեան ու գիտութեան գանձարանին մէջ կը գրաւէ առաջնակարգ տեղ:
Թարգմանական աշխատանքը, մեծ եռանդով Հայաստանի մէջ ծաւալած էր (Ե.-Զ.) եւ յետագայ դարերուն, առաջին հերթին կը վկայէր Մեսրոպ Մաշտոցի, Սահակ Ա. Պարթեւի եւ անոնց աւանդները շարունակող հոյլ մը անխոնջ ու վաստակաբեռն հայ թարգմանիչներուն՝ հայ նորաստեղծ գրականութեան զարգացման համար՝ ուրիշ ժողովուրդներու գրականութեան նշանակութեան գիտակցման մասին: Հարցին կարեւորութեան ճի՛շդ այսպիսի ըմբռնումով է որ, Մեսրոպ Մաշտոցն ու Սահակ Ա. Պարթեւը հայ երիտասարդները խումբ-խումբ կ’ուղարկէին Արտասահման՝ յունարէն եւ ասորերէն սորվելու ու թարգմանական արուեստին տիրապետելու:
Միւս կողմէ տրուած ըլլալով թէ այդ ժամանակ գաղափարախօսութեան բոլոր բնագաւառները կը գտնուէին քրիստոնէական եկեղեցւոյ հակակշռին տակ, այդ պատճառով ալ օտար լեզուներով առկայ գիրքերէն կ’ընտրուէին եւ կը թարգմանուէին առաջին հերթին այնպիսիք, որոնք հարկ է որ օգնէին նոր կրօնի՝ քրիստոնէութեան գաղափարներուն տարածման եւ Հայ Եկեղեցւոյ ընկերային-քաղաքական հիմքերու ամրապնդման: Արդարեւ քրիստոնէական եկեղեցւոյ հիմքը եւ անոր կարեւորագոյն աղբիւրը՝ Սուրբ Գիրքն էր, Աստուածաշունչը, որու միջոցաւ ոչ միայն քրիստոնէական սկզբունքներու քարոզչութիւնը կը կատարուէր՛ այլ նաեւ ուսուցումը: Հետեւաբար Աստուածաշունչը այդ ժամանակ նաեւ մարդոց գրագիտութիւն սորվեցնող ձեռնարկ մըն էր:  Ուստի զարմանալի չէ թէ հայկական աւատատիրական հասարակարգի տիրապետող գաղափարախօսութեան շահերէն մեկնելով, Մեսրոպ Մաշտոց հայ տառերը յօրինելէն յետոյ, դեռեւս Սամոսատի մէջ եղած օրերուն, անմիջապէս ձեռնամուխ եղած էր Աստուածաշունչի թարգմանութեան, սկսելով անոր «Սողոմոնի Առակները» բաժինէն: Մեսրոպ Մաշտոց Սահակ Պարթեւ Հայրապետի հետ Աստուածաշունչի թարգմանութիւնը աւարտած էին 405-408 թուականներուն:
Շուրջ երեք տասնամեակ ետք, 432-433 թուականներուն, երբ Եզնիկ Կողբացի, Կորիւն, Յովսէփ Պաղնացի եւ Ղեւոնդ ուրիշ գիրքերու հետ հայրենիք բերած էին նաեւ Աստուածաշունչի յունարէն թարգմանութեան լաւագոյն օրինակը, Մեսրոպ Մաշտոցն ու Սահակ Ա. Պարթեւը իրենց աշակերտներուն հետ՝ անոր հիման վրայ վերջնականապէս խմբագրած էին Աստուածաշունչի թարգմանութիւնը,, որ իր կատարելութեամբ կը համարուի «Թագուհի Թարգմանութեանց»: Ուրեմն, եթէ մէկ կողմէ Աստուածաշունչը հսկայական ազդեցութիւն ունեցած էր միջնադարեան հայ հոգեմտաւոր կեանքին վրայ, ամրապնդելով քրիստոնէական գաղափարախօսութիւնը, միւս կողմէ կարեւոր դեր կատարած էր հայ գրական լեզուի մշակման եւ մտաւորական զարգացման պարագային:
Եւ սակայն միայն Աստուածաշունչի թարգմանութեամբ հայ աշխարհը լիակտար բաւարարութիւն չէր կրնար ստանալ: Անոր մութ եւ շատ յաճախ անհասկնալի հատուածները ընթերցողին մատչելի դարձնելու միտումով հարկ էր կարեւոր տեղ տալ ասորայունական աշխարհին մէջ արդէն լայն ճանաչում գտած՝ Մեկնողական Գրականութեան:

 
ա.- Մեկնողական Գրականութիւն
Սկզբնաւորուած էր հին Յունաստանի մէջ, երբ փիլիսոփաները սկսած էին մեկնել կրօնական առասպելները եւ անոնց մէջ տեսած էին խորունկ միտքեր եւ ուսանելի գաղափարներ: Փիլոնի Երբրայեցի եւ այլ հեղինակներ սկսած էին այլաբանօրէն բացատրել Հին Կտակարանը, Ս. Գիրքի խօսքերը մեկնելու ընթացքին որոնելով ենթադրական գաղափարներ եւ կանխասացոթիւններ, կամ ալ Ս. Գիրքին բովանդակութիւնը կը համապատասխանեցնէին ժամանակակից ըմբռնումներուն ու հայացքներուն: Այսպիսով ստեղծուած էր Մեկնողական Գրականութիւնը, ուր ընդհանուր մօտեցումով մը, հեղինակները աւելի հասկնալի, մատչելի լեզուով եւ օրինակներով կը մեկնաբանէին ու կը պարզաբանէին Սուրբ Գիրքի տարբեր հատուծները:
Հայ գրականութիւնը հարուստ է նախ սեփական Մեկնողական Գրականութեամբ, ապա նաեւ թարգմանական Մեկնողական Գրականութեամբ, երբ յատկապէս Սակակ Ա. Պարթեւ Հայրապետ եւ Եզնիկ Կողբացի թարգմանած էին Ս. Գիրքէն բազմաթիւ մեկնութիւններ: Իսկ արդէն Ե. դարու կէսերուն, հայ հեղինակներու ջանքերով թարգմանուած էին հռչակաւոր եկեղեցական մեկնիչներու՝ Բարսեղ Կեսարացիի, Աթանաս Աղեքսանդրացիի, Գրիգոր Աստուածաբանի, Կիւրեղ Աղեքսանդրացիի եւ շատ մը ուրիշներու երկերը:
Նշուած հեղինակներու գործերու բարձրարուեստ թարգմանութիւնները կարեւոր դեր կատարած են հայ հին գրականութեան եւ լեզուի զարգացման պարագային: Անոնք ունին նաեւ համաշխարհային նշանակութիւն, երբ անոնց մէկ մասին յունարէն եւ ասորերէն բնագիրները կորսուած են եւ մեզի չեն հասած:

 

բ.- Ջատագովական Գրականութիւն
Խորքին մէջ կը հանդիսանայ հայրաբանութեան բաղկացուցիչ մասը եւ ուղղուած է քրիստոնէական կրօնի հիմնաւորման ու պաշտպանութեան: Ջատագովական Գրականութիւնը ձեւաւորուած էր Բ.-Գ. դարերուն, հին Յունաստանի մէջ, որուն մեծագոյն ներկայացուցիչներն էին՝ Յուստինոս Վկան, Արիսդիտեսը, Հեբոնիմոսը, Թէոփիլէսը, Ափինագորասը, Մինուկիոսը, Ֆէլիքսը, Տերտուլիանոսը եւ ուրիշներ: Այս ուղղութիւնը կը պաշտպանէր քրիստոնէական կրօնը՝ պետական իշխանաւորներու եւ «հեթանոս» (անթիկ) փիլիսոփաներու յարձակումներէն, ստեղծելով նաեւ քրիստոնէական աստուածաբանութեան հիմքերը: Անշուշտ Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան պետական կրօն հռչակումով, հեթանոսութենէն պաշտպանելու անհրաժեշտութիւնը վերացած էր եւ Ջատագովութիւնը իր տեղը զիջած էր դաւանաբանական ու աստուածաբանական խնդիրներուն:
Հայաստանի մէջ Ջատագովական առաջին երկերը վերագրուած են Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի, սակայն հայկական Ջատագովութեան եւ Հայրաբանութեան հիմնադիրը կը նկատուի Մեսրոպ Մաշտոց, որուն գործը շարունակած են՝ Եզնիկ կողբացին, Եղիշէն եւ ուրիշներ:

 

գ.- Յունաբան Ուղղութիւն
Թարգմանիչներու նախորդ սերունդը հիմնականին մէջ մտահոգուած էր աստուածաբանական խնդիրներով, եւ քանի մը տասնամեակի ընթացքին արդէն յաջոողած էր ստեղծել ինքնուրոյն կամ թարգմանական պատշաճ գրականութիւն մը, որուն բազմապատկման հրատապ անհրաժեշտութիւնը այդ ժամանակաշրջանին այլեւս կարեւոր չէր: Այդ պատճառով, թարգմանիչներու երկրորդ սերունդը հիմնականին մէջ ուշադրութիւնը սեւեռած էր աշխարհիկ գրականութեան, այսպէս ըսելով կրօնի ու եկեղեցւոյ վերահսկողութենէն հեռու գտնուող գիտական այլ համակարգերու վրայ: Այս խնդիրը իրագործելով յունական գիտական կեդրոններու մէջ բարձր կրթութիւն ստացած հայ թարգմանիչները թարգմանութեան ժամանակ հայերէնի ձեւաբանական եւ շարահիւսական կանոնները յարմարցուցած էին յունարէնով ստեղծուած բառերու եւ դարձուածքներու օրինակով եւ նոր բառեր ստեղծած էին բառապատճէնման եղանակով: Այս հանգամանքը զգալիօրէն նպաստած էր ինչպէս հայերէն լեզուի բառապաշարի հարստացման, այնպէս ալ մասնագիտական եզրերու եւ հայոց գիտական լեզուի ստեղծման: Հայ հին գրականութեան մէջ յառաջացած այս ուղղութիւնը ընդունուած է անուանել՝ Յունաբան Դպրոց կամ Յունբան Ուղղութիւն:
Այստեղ կարեւոր է անդրադառնալ թէ Ե. դարուն կատարուած թարգմանութիւններուն մէջ իր ուրոյն տեղն ու արժէքը ունի յոյն պատմագիր Եվսեբիոս Կեսարացիի «Քրոնիկոն»ը: Հեղինակը իր «Քրոնիկոն»ը գրած է 301-325 թ.թ., հայերէնի մէջ այս գիրքը անուանուած է նաեւ «Ժամանակագրական Կանոններ» խորագրով: Արդարեւ «Քրոնիկոն»ը համաշխարհային պատմութեան բնոյթ ունի, ժամանակագրութեան ձեւով գրուած: Անոր մէջ դէպքերու յաջորդականութիւնը հասած է մինչեւ 325 թ.: Ճի՛շդ այստեղէն ալ հասկնալի կը դառնայ թէ ինչ արժէք կը ներկայացնէր յոյն հեղինակին աշխատութիւնը՝ գիտութեան ու պատմագրութեան, եւ թէ ինչու պամագրական երկու առաջիններէն մէկը՝ հայերը թարգմանած էին հայերէնի:
Եվսեբիոս Կեսարացիի գիրքը հայերէն թարգմանուած է Ե. դարուն, յունարէն բնագիրէն, որ կը կրէ նաեւ աշխատութեան ասորերէն թարգմանութեան հետքերը: Ասիկա կը նշանակէր թէ հայ թարգմանիչները «Քրոնիկոն»ի թարգմանութեան տուած էին աւելի մեծ եւ կարեւոր նշանակութիւն: Եվսեբիոս Կեսարացիի այս գիրքը հին թէ նոր ժամանակներուն թէեւ թարգմանուած է այլ լեզուներու եւս, սակայն անոնց լաւագոյնը կը համարուի հայերէն լեզուով կատարուած թարգմանութիւնը: Բացի այդ, տրուած ըլլալով որ այս գիրքին յունարէն բնագիրը կորսուած է ու չէ պահպանուած, հայերէնը փաստօրէն փոխարինած է յունարէն բնագիրին եւ որպէս այդպիսին՝ գիտական աշխարհին մէջ շատ բարձր գնահատուած է:

Հայ յունաբանները, ուսման նախապայման կը համարէին առաջին հերթին քերականութիւնը եւ հայոց լեզուի քերականութեան ստեղծման համար Ե. դարու առաջին կէսերուն սկսած էին թարգմանել այդ տեսակի աշխատութիւնները: Այս գործունէութեան լաւագոյն օրինակը կը հանդիսանայ յունական քերականագիտութեան հռչակաւոր ներկայացուցիչ, Բ. Դարու (մ.թ.ա.) հեղինակ Դիոնիսիոսի Թրակացիի «Քերականական Արուեստ» գիրքը, որ հայոց լեզուի, ոճի, քերականութեան նպաստելէն բացի՝ կարեւոր դեր ունեցած է նաեւ փիլիսոփայական եզրաբանութեան մշակման պարագային:

Մինչեւ 470ական թուականներուն հայ թարգմանիչները նոյն յաջողութեամբ թարգմանած էին հիմնականին մէջ Ափտոնիոսի ճարտասանական գրութիւններէն կազմուած «Պիտոյից Գիրք»ը եւ Թէոն Աղեքսանդրացիի «Յաղագս Ճարտասանական Կրթութեանց» երկը, որոնք խթանած էին հայ ճարտասանական արուեստի զարգացումը եւ առաջընթաց լիցք հաղորդած էին հայ փիլիսոփայութեան ու արուեստաբանութեան: Արդէն յաջորդ քայլը հանդիսացած էր փիլիսոփայական երկերու թարգմանութիւնը:

 

դ.- Փիլիսոփայական Երկերու Թարգմանութիւն
Եւ ահա Ե. դարու կրօնական կամ պատմագիտական բովանդակութիւն ունեցող թարգմանութիւնները եւ ինքնուրոյն ստեղծագործութիւնները բաւարարելով ժամանակի հոգեւոր պահանջներ, միաժամանակ կարեւոր դեր կը կատարէին թշնամի տէրութիւններու ոտնձգութիւններու դէմ՝ հայերու մղած կրօնագաղափարական պայքարի պարագային: Դէպի Ե. դարու կէսերը այդ պարաքայի ոլորտներուն մէջ՝ հիմնական խնդիրը դարձած էր միաբնակութեան եւ երկաբնակութեան բուռն հակադրութիւնը, որ թէեւ արտաքուստ դաւանաբանական բնոյթ կը կրէր, սակայն խորքին մէջ քաղաքական նպատակներ կը հետապնդէր, ծառայելով Բիւզանդական Կայսրութեան նուաճողական քաղաքականութեան եւ շահերուն: Ինչպէս նշեցինք, Բիւզանդական արքունիքը՝ Քաղկեդոնական Դաւանանքը դարձուցած էր այլ ժողովուրդներ քաղաքական ճնշումի ենթարկելու եւ իրեն հպատակեցնելու կարեւոր միջոց: Բիւզանդիայի նմանօրինակ քաղաքականութեան հակադրուելու եւ արտաքին յարձակումներէն պաշտպանուելու համար, իրենց հերթին հայերը հարկ է որ ձեռք ձգէին փիլիսոփայական ու տրամաբանական կայուն գիտելիքներ, գիտնային կրօններու պատմութիւնը, տիրապետէին վիճելու, ճարտասանելու կանոններուն եւ այլն, այս անհրաժեշտութեամբ ալ պայմանաւորուած էր փիլիսոփայական եւ այլ աշխարհիկ գիտական գրականութեան յառաջացումը հայ իրականութեան մէջ, որուն ստեղծումին Ե. դարուն 60ական թուականներուն ձեռնարկած էին Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Սահակ Պարթեւի կրտսեր աշակեըրտները: Ե. դարու կէսերուն, արդէն հայ գրականութիւնը չէր սահմանափակուած միայն սեփական կամ թարգմանական՝ կրօնական ու եկեղեցական գրականութեան շրջանակներուն մէջ: Ճիշդ այդ ժամանակ սկիզբ առած էր հայ հին գրականութեան զարգացման լայնահուն ու լայնանիստ ճանապարհը, երբ եկեղեցականէն ու թարգմանականէն բացի՝ ստեղծուած էին նաեւ փիլիսոփայութեան, պատմագիտութեան եւ ճշգրիտ գիտութիւններու (տօմարագիտոգթեան, ուսողութեան եւ այլն), վերաբերող շատ արժէքաւոր աշխատութիւններ, որոնք համաշխարհային գրականութեան շարքին պատւաւոր տեղ կը գրաւեն:
Փիլիսոփայական երկերու թարգմանութիւնը շարունակուած էր նաեւ Զ. Դարուն: Պորփիւրի, Արիսդոտելի եւ Պղատոնի աշխատութիւններու թարգմանութիւնները, նաեւ հայ մեծ փիլիսոփայ եւ խորհող-մտածող Դաւիթ Անյաղթի ինքնուրոյն ստեղծագործութիւնները՝ հայ փիլիսոփայական գրականութիւնը իր էութեամբ եւ բուվանդակութեամբ աշխարհականացուցած էին: Հետեւաբար ինքնուրոյն եւ թարգմանական գրականութեան շնորհիւ, հայ գիրերու ստեղծումէն միայն մէկ հարիւրամեակ յետոյ, հայ մշակոյթն ու հայոց լեզուն բարձրացած էին այդ ժամանակուայ ամէնէն զարգացած մշակոյթներու եւ լեզուներու մակարդակին:
ե.- Բնական Գիտութիւններու Երկերու Թարգմանութիւն
Արդ, Ե.-Ը. Դարերուն, Հայաստանի մէջ մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացած էր նաեւ բնական գիտութիւններու նկատմամբ եւ հայ թարգմանիչները այդ բնագաւառը եւս ներգրաւած էին: Անոր լաւագոյն ապացոյցը կրնայ ըլլալ Նեմեսիոս Եմեսացիի՝ «Յաղագս Բնութեան Մարդոյ» եւ Գրիգոր Նարեկացիի «Յաղագս Մարդոյ Կազմութեան» բնափիլիսոփայական, մարդակազմական բովանդակութեամբ երկերու հայերէն թարգմանութիւնը, որ 712 թ. Իրականացուցած էր անուանի գիտական՝ Ստեփանոս Սիւնեցին:

Եւ այս թարգմանութիւններով ստեղծուած եւ հղկուած էր նաեւ բժշկագիտական եւ բնափիլիսոփայական եզրաբանութիւնը:

Վերջպէս, անվարան Ե.-Ը. Դարերու հայկական թարգմանութիւնները, հայ հազարագանձ մշակոյթի ուշագրաւ մէկ բաժինը կը կազմեն, անվիճելիօրէն հայ բազմաշխատ թարգմանիչներու թարգմանական գործերը իրենց կատարողական բարձր արուեստով, ամբողջ միջնադարուն մնացած էին իբրեւ չգերազանցուած թարգմանական օրինակներ, մեզի կտակելով թարգմանական հարուստ ժառանգութիւն մը: Հայ Եկեղեցին մեծարած է թարգմանիչ վարդապետները՝ զանոնք Սրբադասելով եւ երկու եկեղեցական տօներով՝ մշտանորոգ պահելով անոնց անկորնչելի աւանդը, հայ մշակոյթի մեծ երախտաւոր՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ գահակալ ՆՍՕՏՏ Գարեգին Ա. Յովսէփեանց Կաթողիկոսի կողմէ եւ ի մեծարումն հայ թարգմանիչներուն, Հոկտեմբեր ամիսը հռչակուած է Մշակոյթի ամիս: Իսկ մենք հայ գիրի ու դպրութեան հիմնադիր թարգմանիչները կը մեծարենք՝ Պարոյր Սեւակի հայացքով. «Ծնուեցին, որ Ծնուենք, Եղա՜ն, որ լինե՜նք, Եւ անմահացա՜ն, որ անմահանա՜նք»:

Դոկտ. Հուրի Ազէզեան

About admin

Check Also

Հայ Ժողովուրդի Կազմաւորումը՝ Հայ ու Օտար Առասպելներուն Մէջ

           Գիտնականները ուսումնասիրելով ժողովուրդներու պատմութիւնն ու լեզուները հասած են այն համոզումին, որ անոնց առանձին խումբերու …