Ժողովի Դիւանի Պարտաւորութիւնները
Ատենապետը՝
ա.– Կը բանայ եւ կը վարէ նիստերը։
բ.- Ձայն կու տայ ժողովականներուև։
գ.- Հարցերու քննութեան ընթացքին պարբերաբար կ’ամփոփէ արտայայտուած միտքերը, առանց իր կողմէ որեւէ արժեւորում կատարելու։
դ.- Հարցի մը քուէարկութեան հանգյրուանին բանաձեւուած առաջարկը կամ առաջարկները յստակ կերպով կը ներկայացնէ ժողովականներուն, սկսելով աոաջին աոաջարկէն։
ե.- Քուէարկութեան հանգյրուանին ձայն չի տար լուսաբանութիւններու կամ նոր աոաջարկներու համար։
զ.- Կը կատարէ ձեռամբարձ քուէներու ստուգումը, դիւանի միւս անդամներուն օժանդակութեամբ։
է.- Հարցի մը մասին ժողովականի իր կարծիքը յայտնելու կամ առաջարկ մը ներկայացնելու համար, ատենապետութիւնը կը յանձնէ միւս ատենապետին, իսկ չգոյութեան պարագային ատենադպիրին։
ը.- Կը հսկէ ժողովի կանոնաւոր ընթացքին, նկատի ունենալով ժողովականներու արտայայտութիւններու պատշաճութիւնը, նիւթէն շեղումները, կրկնութիւնները եւ ի պահանջեալ հարկին կարգի կը հրաւիրէ զանոնք։
թ.- Հաշիւ կը պահանջէ բացակայող կամ ուշացող ժողովականներէն եւ կամ նախապէս արտօնութիւն կու տայ անոնց բացակայելու, ուշանալու կամ ժողովասրահէն դուրս գալու։
ժ.– Կը փակէ նիստերը։
Ատենադպիրները՝
ա. – Իւրաքանչիւր նիստին կը պահեն ներկայ-բացականերու տոմարը։
բ.- Կարգով կ’արձանագրեն ձայն ուզող ժողովականներուն անունները եւ նոյն կարգով զանոնք կը փոխանցեն ատենապետին։
գ.– Կը պահեն նիստերու ատենագրութիւնները արձանագրերով նիստերու կարգաթիւը,
գումարման թուականը, ժամն ու վայրը, ներկաներուն, բանաւոր բացականերուն, բացականերուն թիւը, ժողովը վարող դիւանի անդամներուն անունները։ Կ’արձանագրեն նաեւ ժողովականներուն արտայայտած միտքերը, թեր ու դէմ կարծիքները, առաջարկները, ի պահանջեալ հարկին անոնց անուններով, քուէարկուած որոշումները իրենց արդիւնքներով, այսինքն թեր ու դէմ եւ ձեռնպահ քուէներուն թիւերը։
գ.– Յաջորդ նիստին կը կարդան նախորդ նիստին ատենագրութիւնը։
- ժողովի վերջին նիստին ատենագրութիւնը կարելի չէ յետաձգել յաջորդ վարչութեան շրջանի աւարտին գումարուող ժողովին։
Վերջին նիստի ատենագրութեան վաւերացման համար ժողովը կ’որդեգրէ հետեւեալ ձեւերէն մէկը, ըստ յարմարութեան. –
– ժողովի աւարտին դիւանը նիստի կը հրաւիրէ ժողովավայրը մնացած ժողովականները, վաւերացնելու վերջին նիստի ատենագրութիւնը։
– ժողովի աւարտին դիւանը կը ներկայացնէ վերջին նիստի սեւագրութիւնը առ ի վաւերացում, ատենագրութեան շարահիւսութիւնը վերապահելով իրեն։
– Վերջին նիստի ատենագրութեան վաւերացումը կը վստահուի դիւանին եւ կամ դիւանին եւ նորընտիր վարչութեան։
- Դիւանը իր մօտ կը կեդրոնացնէ եւ նորընտիր վարչութեան կը փոխանցէ ժողովին վերաբերող բոլոր թղթածրարներն ու արձանագրութիւնները՝ տեղեկագիր, հաշուեկշիռ, ատենագրութիւն, զեկուցագիր, եւայլն։
- Դիւանը կը պատրաստէ ժողովին կողմէ ընտրուած վարչականներու, ներկայացուցիչներու կամ պատգամաւորներու հաստատագիրները եւ լիազօրագիրները ուղղուած համապատասխան գերադաս վարչութիւններու եւ կամ ժողովներու:
- ժողովի փակումէն ետք, դիւանը նիստի կը հրաւիրէ նորընտիր վարչութիւնը կազմելու իր դիւանը։
ժողովի դիւանը նորընտիր վարչութեան կը փոխանցէ իր մօտ գտնուող ժողովին վերաբերող ամէն տեսակի արձանագրութիւն եւ թղթածրար։
Ծանօթ.- Վարչութեան դիւանի կազմութեան անկարելիութեան պարագային, նորընտիր վարչութեան անդամները կը նշանակեն ներկայացուցիչ մը, որուն պարտականութիւնն է կարճ ժամանակամիջոցին նիստի հրաւիրել նորընտիր վարչութիւնը կազմելու իր դիւանը։ Դիւանի կազմութենէն ետք կը կատարուի փոխանցում շրջանաւարտ եւ նորընտիր վարչութիւններու միջեւ:
Օրակարգ
Ժողովի օրակարգը նախապէս ճշղուած կ’ըլլայ ժողովի հրաւիրած վարչութեան կողմէ։ ժողովի դիւանը կրնայ փոփոխութիւն մտցնել օրակարգի դասաւորումին մէջ։ Եթէ ժողովական մը փոփոխութեան դէմ առարկէ եւ իր առարկութիւնը երկրորդուի, դիւանը պարտաւոր է փոփոխութեան իր առաջարկը դնել ձեռամբարձ քուէարկութեան։ Փոփոխութիւնը կը կատարուի ձայներու պարզ մեծամասնութեամբ։
Օրակարգի դասաւորման փոփոխութիւն կրնայ աոաջարկել նաեւ ժողովական մը։ Փոփոխութիւնը կը կատարուի, եթէ դիւանը համաձայն է եւ անոր դէմ առարկող չկայ։ Երկրորդուած առարկութեան պարագային, փոփոխութեան առաջարկը կը դրուի քուէարկութեան։ Նոյնպէս քուէարկութեան կը դրուի դիւանին կողմէ մերժուած եւ սակայն երկրորդուած փոփոխութեան որեւէ առաջարկ։
Նոր վարչութեան ներկայացուցիչներու եւ պատգամաւորներու ընտրութիւնները կը կազմեն օրակարգի վերջին կէտը, զոր կարելի չէ առաջ բերել։
Օրակարգի վրայ նոր կէտ մը աւելցնելու առաջարկ կրնայ ներկայացուիլ դիւանին կամ ժողովականի մը կողմէ: Յաւելումը կը կատարուի, երբ դիւանին առաջարկը կամ ժողովականին երկրորդուած առաջարկը ձեռամբարձ քուէարկութեամբ կը ստանայ ձայներու պարզ մեծամասնութիւնը։
Ոչ մէկ ձեւով կարելի է օրակարգի վրայ աւելցնել պաշտօնավարող վարչութեան հաշուեքննութիւնը եւ նոր վարչութեան մը ընտրութիւնը, երբ այս կէտերը նախապէս չեն դրուած օրակարգի վրայ, այսինքն երբ ժողովը վարչութեան հաշուետուութեան եւ նոր վարչութեան ընտրութեան ժողով մը չէ։
ժողովականները իրաւունք չունին պաշտօնավարող վարչութեան գործունէութիւնը քննսդատելու կամ անոր մասին քննադատական արտայայտութիւն ընելու այն ժողովներուն, որոնց օրակարգին վրայ վարչութեան հաշուետուութեան կէտը չէ ճշդուած։ ժողովականները կրնան լուսաբանական հարցումներ ուղղել եւ ընել առաջարկներ ու թելադրանքներ։
Ժողովական Ընթացք Ձայն Առնել եւ Խօաիլ
Ժողովական մը խօսելու համար ձայն կ’ուզէ դիւանէն եւ խօսիլ կը սկսի, երբ ատենապետը ձայն տայ իրեն անմիջապէս կամ ըստ արձանագրութեան կարգին։ Խօսք առնող ժողովականը իր խօսքը կ’ուղղէ դիւանին։ Ոչ մէկ ժողովական կրնայ ընդմիջել խօսող ժողովական մը։ Երբ բազմաթիւ են ձայն ուզող ժողովականները, անոնց անունները կարգով կ’արձանագրուին դիւանին կողմէ։ Երբ այլեւս ձայն ուզող չկայ, ատենապետը փակուած կը յայտարարէ ձայն ուզողներու ցանկը եւ նոր անուններ չեն արձանագրուիր։ Դիւանը կրնայ, նոյն ձեւով ձայն ուզողներու երկրորդ ցանկի մը կազմութեան առիթ տալ։ Երրորդդ ցանկի մը առիթ կը տրուի դիւանին կողմէ կամ ժողովականի մը երկրորդուած եւ քուէարկուած առաջարկով։ Նոյն ժողովականը կրնայ արձանագրուիլ իւրաքանչիւր ցանկին։ Դիւանը կրնայ ժամանակի սահմանափակում կատարել, օրինակ, առաջին ցանկին համար խօսողներուն տրամադրելով առաւելագոյնը 15 վայրկեան, երկրորդին ՝ 7, երրորդին՝ 5։
Խօսքի Տեսակներ
– Կան խօսքի հետեւեալ տեսակները.-
ա.- Լուսաբանական հարցում
բ.- Ըստ էութեան արտայայտութիւն
գ.- Առաջարկ
դ.- Ըստ կարգի արտայայտութիւն
ա.- Լուսաբանական հարցում.- Լուսաբանական հարցում կ’ուղղուի հաշուետու վարչութեան գործունէութեան շուրջ եւ հարցի մը քննութեան կամ առաջարկի մը առիթով։
– Հաշուետու վարչութեան գործունէութեան շուրջ եւ նախ քան անոր ըստ էութեան քննարկումը, լուսաբանական հարցում կ’ուղղուի տեղեկագրին մէջ անհասկնալի կամ մութ մնացած կէտի մը պարզաբանումին կամ յաւելեալ լուսաբանութեան համար։ Լուսաբանական հարցում մը չի կրնար գնահատանքի կամ քննադատական բնոյթ եւ շեշտ ունենալ։ Հարցումներուն կարելի է պատասխանել, լսելէ ետք բոլոր հարցումները կամ հարցում առ հարցում։ վարչութիւնը կրնայ դիւանէն կարճ դադար մը ուզել պատասխաններուն շուրջ խորհրդակցելու համար։
– Հարցի մը կամ ներկայացուած առաջարկի մը շուրջ լուսաբանական հարցում կ’ուղղուի, ըստ այնմ կարծիք տալու կամ քուէարկելու համար։
բ.– Ըստ էութեան արտայայտութիւն.- Վարչութեան գործունէութեան շուրջ ըստ էութեան արտայայտուող ժողովականը կրնայ հաշիւ պահանջել վարչութենէն, ընել իր հիմնաւորեալ գնահատանքը կամ քննադատութիւնը։ Վարչութիւնը կը պատասխանէ քննադատութիւններուն։
Բանաձեւի յանձնախումբը կը հետեւի ըստ էութեան արտայայտութիւններուն եւ վարչութեան պատասխաններուն, ըստ այնմ խմբագրելու համար հաշուետու վարչութեան գործունէութեան շուրջ քուէարկութեան դրուելիք գնահատումի բանաձեւը։
գ.- Առաջարկ.- Առաջարկ մը նկատի կ’առնուի եւ քննութեան կ’ենթարկուի միայն այն պարագային, երբ երկրորդուած է այլ ժողովականի մը կողմէ: Յանձնախումբի մը ներկայացուցած առաջարկը պէտք չունի երկրոդուելու։
Առաջարկի մը քննարկումի աւարտէն ետք, ատենապետը առիթ կու տայ այլ առաջարկի մը քննարկումին։
Առաջարկի մը քննութեան ընթացքին, ժողովական մը կրնայ ներկայացուած առաջարկին մէջ բարեփոխութիւն աոաջարկել։ Եթէ առաջարկը ներկայացուցած ժողովականը ընդունի բաբեփոխութիւնը, առաջարկը կը քննուի բարեփոխուած ձեւով։ Եթէ չընդունի, բարեփոխութիւն առաջարկող ժողովականը բարեփոխութեան ենթարկած իր առաջարկը կրնայ իբրեւ նոր առաջարկ ներկայացնել։ Նոյնպէս, երբ ժողովական մը համաձայն չէ բարեփոխութեան, որուն համաձայն գտնուած չէ առաջարկ բերողը, կրնայ սկզբնական առաջարկը ներկայացնել իբրեւ իրը։
դ.- Ըստ կարգի արտայայտութիւն.- ժողովական մը ըստ կարգի ձայն կ’ուզէ, դիւանին ուշադրութեան յանձնելու համար դիւանին կամ ժողովականի մը կողմէ կատարուած ժողովական շեղում մը կամ վրիպում մը, որպէսզի վերահաստատուի ժողովական կարգը։ Ըստ կարգի ձայն ուզողը նախապատուութիւն ունի։ Երբ ժողովական մը ձայն կ’ուզէ ըստ կարգի ըսելով, ատենապետը կ’ընդմիջէ իր կամ ժողովականի մը խօսքը լսելու համար ըստ կարգի արտայայտուիլ ուզողը։ Ատենապետը երբ իրաւացի գտնէ ըստ կարգի մատնանշումը, ընթացք կու տայ անոր։ Ի պահանջել հարկին՝ մատնանշումի մասին որոշում տալէ առաջ կը դիմէ դիւանի միւս անդամներուն կամ նոյնիսկ ժողովի կարծիքին։
Տրուած Որոշումի Մը Վերաքննութիւնը
Ժողովին կողմէ տրուած որոշումի մը վերաքննութեան առաջարկ կրնայ ներկայացնել որոշումին ի նպաստ քուէարկուած ժողովական մը միայն։ Նոյնպէս հարկ է, որ վերաքննութեան առաջարկը երկրորդողը ըլլայ որոշումին ի նպաստ քուէարկած ժողովական մը։ Երբ այս ձեւով երկրորդուի վերաքննութեան առաջարկը, ձայն կը տրուի երկու թեր եւ երկու դէմ արտայայտուողներու, որոնք իրենց տեսակէտը կը պարզեն առանց նոր վիճաբանութիւններու։
Տրուած որոշումը վերաքննութեան կ’ենթարկուի ձայներու երկու երրորդի մեծամասնութեամբ։
Փոխարինող որոշումը կը տրուի ձայներու պարզ մեծամասնութեամբ։ Հետեւաբար կը բեկանուի նախկին որոշումը։ Երբ կարելի չ’ըլլար վերաքննուած որոշումը փոխարինող որոշում մը տալ ձայներու պարզ մեծամասնութեամբ, նախկին որոշումը կը մնայ ի զօրու:
Տրուած Որոշումի Մը Բեկանումը
Նոյն ձեւով տրուած որոշումի մը բեկանումը կարելի է աոաջարկել առանց փոխարինող նոր որոշումի մը։ Անհրաժեշտ է, որ բեկանումի առաջարկը ներկայացնեն եւ զայն երկրորդեն որոշումին ի նպաստ քուէարկած երկու տարբեր ժողովականներ։ Տրուած որոշումը կը բեկանուի ձայներու երկու երրորդի մեծամասնութեամբ։
Քուէարկութիւն
Ժողովը իր կամքը կ’արտայայտ է քուէարկութեամբ։ Քուէարկութեան ձեւերն են.–
- Ձեռամբարձ քուէարկութիւն
- Գաղտնի քուէարկութիւն
ա.- Ձեռամբարձ քուէարկութիւն կը կատարուի ձեոքերու բարձրացումով, ընթացիկ հարցերու համար, ինչպէս ատենագրութեան վաւերացում, օրակարգի փոփոխութիւն, յանձնախումբերու ընտրութիւն, ժողովական ընթացքի շուրջ ճշդում, եւայլն։
Ընդհանուր ձեւով որոշումները եւս կը տրուին ձեռամբարձ քուէարկութեամբ։
բ.- Գաղտնի քուէարկութիւն կը կատարուի դիւանին կողմէ բաժնուած թղթիկներուն վրայ կատարուած արձանագրութեամբ։ Գաղտնի քուէարկութեան պարագաները ճշղուած են ընդհանուր Ծրագիր-Կանոնագրով, ինչպէս վարչութիւններու ընտրութիւն, ներկայացուցիչներու եւ պատգամաւորներու ընտրութիւն։
ժողովական մը, սակայն ձեռամբարձ քուէարկութեան փոխարէն կրնայ գաղտնի քուէարկութիւն աոաջարկել։ Առաջարկը երբ երկրորդուի կը դրուի ձեռամբարձ քուէարկութեան եւ կը գործածուի երբ ստանայ ձայներու պարզ մեծամասնութիւնը։
Թեր ,Դէմ, Ձեռնպահ
Առաջարկի մը քուէարկութեան ատեն ժողովական մը կրնայ թեր կամ դէմ քուէարկել եւ կամ չմասնակցիլ քուէարկութեան մնալով ձեռնպահ։
Գաղտնի քուէարկութեան ատեն ձեռնպահ ժողովականը իր քուէաթուղթը ճերմակ կը վերադարձնէ։ Անձերու ընտրութեան ատեն, ժողովականը կը քուէարկէ ի նպաստ իր նախընտրած թեկնածուներուն, գաղտնի քուէարկութեան ատեն կը գրէ անոնց անունները կամ կը մնայ ձեռնպահ։
Ծանօթ.– Երբ ձեռնպահ մնացողներու թիւը քուէարկողներու պարզ մեծամասնութիւնը կը կազմէ, քուէարկութեան դրուած առաջարկը կը վերաքննուի ժողովին կողմէ։
Մեծամասնութիւն
ժողովը իր կամքը կ’արտայայտէ քուէներու մեծամասնութեամբ։ Կայ երկու տեսակ մեծամասնութիւն պարզ մեծամասնութիւն եւ երկու երրորդի մեծամասնութիւն։
Քուէներուն կէսէն մէկ կամ կոտորակ մը աւելին կը կազմէ պարզ մեծամասնութիւն։ Քուէներուն երկու երրորդը կը կազմէ երկու երրորդի մեծամասնութիւն եւ պարզ մեծամասնութիւն։
Ծանօթ.-
ա.- Քուէներու ստուգման ատեն քուէարկողներու ընդհանուր թիւէն կը զեղչուին ձեռնպահ կամ ճերմակ քուէները եւ զեղչուած թիւին վրայ կը հաշուուի պարզ կամ երկու երրորդի մեծամասնութիւնը։
բ.- Քուէաթուղթ մը , որ ընտրելի անձերու թիւէն աւելի անուն կը կրէ, ամբողջութեամբ չեղեալ կը համարուի եւ կը նկատուի ճերմակ քուէ։ Ձեռամբարձ քուէարկութեան ատեն ժողովական մը կրնայ քուէարկել միայն մէկ անգամ թեր կամ դէմ կամ մնալ ձեռնպահ։ Անձերու ընտրութեան ատեն կրնայ քուէարկել այնքան անգամ, որքան ընտրելիներ կան, կամ մնալ ձեռնպահ։
գ.- Ընտրուած կը նկատուին մեծամասնութեամբ քուէ ստացողները։
Ժողովական Կարգապահոիթիւն
Բոլոր ժողովականները պարտին յարգել ժողովական կանոնները։ Ատենապետը երբ կը վարէ ժողովը, պարտի վեր մնալ ժողովի վէճերէն։ ժողովական մը կրնայ ատենապետին թերացումը մատնանշել։ Կրկնութեան պարագային, կարելի է թերացող ատենապետին փոփոխութիւնը առաջարկել։ Երբ առաջարկը երկրորդուի, խնդրոյ առարկայ ատենապետը իր տեղը կու տայ միւս ատենապետին (ատենապետի չգոյութեան պարագային ատենադպիրին), որ առանց քննարկումի փոփոխութեան առաջարկը կը դնէ ձեռամբարձ քուէարկութեան։ Երբ պարզ մեծամասնութեամբ ատենապետի փոփոխութիւն որոշուի, կ’ընտրուի նորը եւ նախկինը կը դառնայ պարզ ժողովական։ Ատենապետը իրաւունք ունի ժողովական մը կարգի հրաւիրելու պահելու համար ժողովին կանոնաւոր ընթացքը եւ կարգը։ Ի պահանջել հարկին, ատենապետը կրնայ ժողովականի մը նկատմամբ ընել հետեւեալ կարգապահական տնօրինումները.-
ա.- Ազդարարութիւ ն
բ.- Ձայնի իրաւունքէ զրկում հարցի մը քննութեան ընթացքին
գ.- Ձայնի իրաւունքէ զրկում որոշ ժամանակամիջոցի մը համար
դ.- Ձայնի իրաւունքէ զրկում մինչեւ նիստի աւարտը Ըստ կարգի ձայն առնելով ենթակայ ժողովականը կրնայ բողոքել եւ պահանջել, որ դիմուի ժողովի կարծիքին։ ժողովը իր կարծիքը կու տայ ձեռամբարձ եւ ձայներու պարզ մեծամասնութեամբ։ Ատենապետին պահանջով կամ երկրորդուած առաջարկի մը հիմամբ, երկու երրորդի մեծամասնութեամբ կարելի է ժողովէն
հեռացնել անուղղայ կամ հակամիութենական ժողովական մը։
Ժողովի Փակում
Ատենապետը կը փակէ ժողովը, երբ աւարտած է օրակարգի վրայ գտնուող բոլոր հարցերուն քննութիւնը եւ ընտրութեան պարագային ընտրուած են վարչականներ, ներկայացուցիչներ կամ պատգամաւորներ։
Երբ երկրորդուած առարկութիւն կայ ժողովը փակելու դիւանի կարգադրութեան դէմ, կը դիմուի ժողովին, որ ձեռամբարձ եւ պարզ մեծամասնութեամբ կը յայտնէ իր կամքը։
Նոյնպէս, երբ հակառակ դիւանի կարծիքին երկրորդուած առաջարկ կայ ժողովը փակելու, նկատելով որ սպառած է օրակարգի բոլոր կէտերուն լուծումը նոյն ձեւով կը դիմուի ժողովի կամքին։
Ժողովի Առարկում եւ Լուծում
Նուիրապետական կարգով գերադաս ժողով մը, գերադաս վարչութիւն մը կամ անոր լիազօր ներկայացուցիչը կրնայ աոկախել եւ կամ լուծուած յայտարարել իրմէ ստորադաս ժողով մը, երբ որոշումը արդարացնող պատճառներ կան։