ԱՐԱՐԱՏ

 

ԱՐԱՐԱՏ

 

Արարարտը  հանգած հրաբխային լեռնազանգուած մըն է: Կը գտնուի Արարատեան դաշտի հարաւը, Իգդիր գաւառի մէջ Թուրքիոյ հիւսիս-արեւելեան սահմանի մօտ: 16 ք.մ. դէպի արեւմուտք՝ Պարսկական սահմանը կը գտնուի իսկ 32 ք.մ. հարաւ՝ Հայաստանի սահմանը: Արարատը կազմուած է երկու կոնաձեւ գագաթներէ  Մեծ Մասիս՝  5165 մ. եւ փոքր Մասիս՝ Սիս 3925 մ.: Երկու գագաթներն ալ մարած հրաբուխներ են եւ ծածկուած յաւերժական ձիւնով:

Աւետիք Իսահակեան կը գրէ:

Արարատի ծեր գմբէթէն
Դար է եկեր վայրկեանի պէս ու անցեր:
Թուրն է բեկուեր ադամանդին ու անցեր:
Մահախուճապ սերունդներու
Աչքն է դպեր լոյս գագաթին ու անցեր:
Կարգը պահ մը քուկդ է հիմա
Դուն ալ նայիր  սէգ ու անցիր:

Ինչո՞ւ  վեհ է Արարատը:

Արարատը վեհ է, որովհետեւ անոր կողերը ուղիղ գծով կը բարձրանան ընդարձակ եւ միաժամանակ բաւական ցած դաշտագետինի մը վրայէն: Արարատը վեհ է, որովհետեւ խորհրդաւոր ազդեցութիւն ունեցած է հայ ժողովուրդին վրայ: Ան հայ ժողովուրդին յաւերժութեան եւ տոկունութեան  խորհրդանիշն է: Մեծ Մասիսը 4000 մ.էն վեր յաւերժական ձիւնածածկ է, իսկ անոր լանջերը չոր են ու աղքատ բուսականութեամբ: Մասիսի գագաթնային մասը  ընդհանուր  հիմքէն բարձրացած բրգաձեւ լեռ է՝ դէպի հիւսիս թեքուած զառիթափ եւ ժայռոտ գագաթով: Լանջերը  կտրուած են ճառագայթաձեւ ձորակներով եւ հեղեղատներով: Մեծ Մասիսի հիւսիս-արեւելք լանջին գտնուող խորխորատը կը կոչուի՝ Վիհ Մասեաց: Վիհ Մասեացը ձգուած լերան գագաթէն մինչեւ ստորոտ մօտ 10 ք.մ. է: Ըստ Մովսէս Խորենացիի Վիհ Մասեացը առաջացած է 139 թ. երկրաշարժին հետ եւ 1840 թ. երկրաշարժին հետեւանքով կործանուած է հոն գտնուող Ս.Յակոբ վանքը եւ իր մօտ գտնուող Ակոռի գիւղը:  Մասիսի հետ կապուած է Հայոց Արտաւազդ թագաւորի մասին առասպելը: Ժողովուրդը Մասիսի անդունդներն ու վիհերը համարած է չարութեան ու նախանձի խորտակման վայրեր:

Ըստ աւանդութեան, Մասիսի վիհերէն մէկուն մէջ կործանուած է Արտաւազդը, որ նախանձով  լեցուած է իր հօր՝ Արտաշէս արքայի հանդէպ, հետապնդնած  ու նուաստացուցած է իր եղբայրներն ու մերձաւորները: Ան որսի ժամանակ գլորուեր է Մասեաց վիհը, ուր քաջքերը շղթայած են զինք: Այնտեղ հաւատարիմ գամփռները շարունակ կը կրծեն շղթաները, իսկ դարբինները, կատարելով ժողովուրդի կամքը «կը զարնեն կռանը սալին, որ անիծեալ արքայի կապանքը ամրանայ:

Արարատի   Յիշատակութիւնները:

1-Արարատ անունը առաջին անգամ գրաւոր յիշատակուած է Աստուածաշունչի, Ս.Ծննդոց գիրքին մէջ, բայց ոչ  Մասիս, այլ  Արարատ անունով:  Աստուածաշունչի միջոցաւ Արարատը անունը ընդունուած է քրիստոնեաներու կողմէն եւ տարածուած  այլ ժողովուրդներուն մէջ:  Քրիստոնաեաներուն համար Արարատը եղած է սուրբ եւ սիրուած լեռ մը, որովհետեւ Ս.Գրոց համաձայն Նոյը համաշխարհային ջրհեղեղի ժամանակ իր ընտանիքով ապաստանուած է հոն եւ կեանքը այնտեղէն կրկին տարածած է աշխարհով մէկ: Այս պատճառով Արարատը ճանչցուած է նաեւ որպէս «Նոյան Լեռ» կամ «Նոյան Տապանի լեռ»:

Եղիշէ Չարենց կը գրէ.

Իմ կարօտած սրտի համար, ոչ մի ուրիշ հեքիաթ չկայ

Նարեկացու Քուչակի պէս լուսապսակ ճակատ չկայ     

Աշխարհ անցի՛ր, Արարատի նման ճերմակ գագաթ չկայ, 

Ինչպէս անհաս փառքի ճամբայ՝ ես իմ Մասիս սարն եմ սիրում:

Հայոց համար Մասիս անունը աւանդաբար գործածուած է «Ազատ», «Սրբազան», «Արեգնաճեմ», «Մթամած» եւ «Պաշտելի» մակդիրներով: Բոլոր լեզուներով կը կոչուի Արարատ, բացի թրքերէնէն եւ քրտերէնէն: Թրքերէնով կը կոչուի «Աղրը Տաղը», որ կը նշանակէ՝ «ցաւի լեռ», իսկ քրտերէնով՝ «Կրակի լեռ» հաւանաբար նկատի ունենալով անոր հրաբխային բնոյթը: Արարատ հինէն հռչակուած է որպէս «Հայոց արքունի որսատեղի», որովհետեւ հարուստ  եղած է կենդանիներով եւ թռչուններով:

Արարատի գագաթը հասնելու աշխատանքները:

1-    Պատմիչ Փաւստոս Բիւզանդ կը պատմէ թէ՝ եպիսկոպոս Յակոբ Մծբնեցի, 4-րդ  դարուն Նոյի տապանը տեսնելու յոյսով  խումբ մը մարդոց հետ փորձեց  հիւսիս-արեւելեան լանջով բարձրանալ Արարատի գագաթը: Աստուած ալ տեսնելով անոնց ապարդիւն ջանքերը եւ լսելով Յակոբի պաղատանքը, հրեշտակի միջոցաւ սուրբ տապանէն կտոր մը  կը ղրկէ անոնց եւ կը հասկցնէ Արարատի կատարին անմատչելիութիւնը: Յակոբ Մծբնեցի բերաւ այդ փայտի կտորը իբրեւ սրբազան  մասունք, որ կը պահուի Էջմիածին եկեղեցւոյ մէջ:

2-    Ֆրանսացի ճանապարհորդ Ռուբրուկ կը վկայէ ըսելով: «Հայերուն Արարատին վրայ չեն բարձրանար ոչ այնքան լերան դժուրամատչելիութեանը, որքան անոր սրբազանութիւնը չպղծելու պատճառով»: Ինչպէս նաեւ ծերունի մը ըսած է Ռուբրուկին, «Ոչ ոք պէտք է բարձրանայ Մասիսը, ան աշխարհի մայրն է»:

3-    Ֆ‎րանսացի բանախոյզ՝  Պիտտոն Տի Տուրնեքոր Արարատի գիտական  նուաճման պատմութեան մէջ լուրջ  քայլ կատարեց եւ բացառիկ բոյսեր փնտռելու նպատակով 1701-ին հասաւ յաւերժական սահմանը, ուր նկարագրեց  լերան ‎ֆիզիքական իւրայատկութիւնը  եւ բուսական աշխարհը:

4-    1829-ի Սեպտեմբերին առաջին անգամ Արարատի գագաթը  յաջողեցաւ բարձրանալ  Դորպատի համալսարանի փրո‎ֆ. Ֆրետրիկ Պարոտը, որուն ուղեկից դարձաւ Խաչատուր  Աբովեանը, Ակոռեցի 2 գիւղացիներ եւ 2 ռուս զինուորներ: Հոն Ֆրետրիկ Պարոտ կատարեց բուսա-կլիմայական ուսումնասիրութիւններ:

5- 1860-ին Լոնտոնի լեռնագնացներու ակումբի անդամները քանի մը անգամ կրցան բարձրանալ Արարատի գագաթը՝ դիւրացնելով յետագայ արշաւանքներու գործը:

6- 1950-ին  Ֆրանսացի ԴըՆաւար խոստովանած է, թէ գտած է Նոյան Տապանէն փայտի կտոր մը, սակայն յետագայ գիտական ուսումնասիրութիւնները պարզեցին, որ այն աւելի արդի ժամանակաշրջանի կը պատկանի: Ինչպէս նաեւ Արարատի գագաթը բարձրացողները կը խոստովանին անոր մագլցելու դժուրութիւնները եւ կը գործածեն յատուկ կացիններ եւ մետաղակօշիկներ:

Շիրազն ասաց՝

Մասիսն է սիւնն Հայաստանի,
Ազգն հաւաքող մա•նիսն է տունն Հայաստանի,
Բաւ՛ է, հայեր՛, ցրուած մնաք, մատներիս պէս,
Բռունցքուելն է յաւերժութիւնն Հայաստանի:

 

About talar

Check Also

Արցախը Մինչեւ 1920

Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ կարեւոր երեւոյթներէն է քրիստոնէութեան տարածումը մեր երկրին մէջ եւ նոր հոսանքի …

Leave a Reply