Home / Ա / Նիւթեր / Քաղաքագիտական

Քաղաքագիտական

Ցեղասպանութեան Տնտեսական Դրդապատճառները

            Թեւակոխած ենք ու անցած հայոց ցեղասպանութեան 100 ամեակը, հարկ է մեզի վերապահել զգացական երեւոյթները եւ որպէս մղիչ ուժ միջազգային հանրութեան ներկայանալ վաւերական եւ փաստացի հիմքերով:             Հարկ է փնտռել բարոյական կորուստին հետ զուգահեր հայկական տնտեսական կորուստը ու զայն մեկնակէտ ընդունելով անցնիլ պահանջատիրական պայքարին:             Լուսարձակի տակ պէտք է ձգել …

Read More »

Ղեկավարութեան Արտաքին Յարաբերութիւնները

            Արտաքին յարաբերութիւնները ղեկավարութեան մը կիրարկած գործողութիւններն են, որոնք կը հիմնուին ղեկավարութեան պարտականութիւններուն եւ յատկութիւններուն վրայ: Ունին երկու բաժին՝ մասնակի եւ ամբողջակի: Մասնակին կ’ընդգրկէ ներքին խնդիրները, իսկ ամբողջակին՝ լրացնելէ ետք ներքին կազմուածքը, կ’անցնի ուղղակի եւ ըստ կարիքի պահանջուած յարաբերութեան:             Արտաքին յարաբերութիւնները արդի ղեկավարութեան գիտութիւններու մէկ մասնիկն են, բոլոր կիրարկումները …

Read More »

Մարքս եւ Ընկերվարութեան Առաջնորդող Ուղին

           Մարքսի իմաստասիրական աշխարհահայացքէն՝ տրամախոհական նիւթապաշտութեան տեսութենէն կը բխի ընկերվարութիւնը առաջնորդող ուղին Մարքսի պատկերացումը:             Ամէն ընկերվարական հոսանք անպայման չի բաժներ տրամախոհական նիւթապաշտութեան մարքսական տեսակէտերն ու հիմնաւորումները: Ոմանք ամբողջութեամբ կը հակադրուին անոնց:             Աւելին ընկերվարութեան առաջնորդող ուղիին, իրենց պատկերացման մէջ, անոնք յաճախ կը հակադրուին մարքսի պատկերացումին:             Պատմական նիւթապաշտութիւնը, որ …

Read More »

Հայ Ժողովուրդը Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի Ընթացքին

Համաշխարհային Առաջին Պատերազմը (1914-1918)       Եւրոպական պետութիւններու յարաբերութիւնները լարուած էին՝ հողային եւ տնտեսական մրցակցութեան պատճառով. իւրաքանչիւր պետութիւն գաղտնաբար պատերազմի կը պատրաստուէր, զինակցութիւններ կը կազմէր: Զինակցած էին Գերմանիա, Աւստրիա, եւ Իտալի.   համաձայնած էին Ռուսիա, Անգլիա, եւ Ֆրանսայ:         Եւրոպա այս գրգռուած վիճակին մէջ էր, երբ 1914 Յունիսին Պոսնիոյ մայրաքաղաք՝ Սարայեւոյի մէջ …

Read More »

Հայ Ժողովուրդի Նիւթական Կորուստները Հայոց Ցեղասպանութեան Ժամանակ

      Հայ Ժողովուրդին դէմ իրականացուած յանցագործութիւնը տակաւին Թուրքիոյ կողմէ պատասխանի կը սպասէ՝ ցեղասպանութիւնը պիտի ճանչցուի եւ վնասները պիտի հատուցուին:           Ասոնք իւթոփիական նպատակներ չեն: Որպէս Օսմանեան կայսրութեան իրաւայաջորդ, թրքական պետութիւնը ունի միջազգային իրաւական պարտաւորութիւններ: Համաձայն միջազգային իրաւունքի, յանցագործութիւններու համար պատասխանատուութիւնը կ’ինայ զանոնք իրականացուցած երկրի վրայ, ինչպէս նաեւ, ըստ շարունակականութեան եւ …

Read More »

«Անկարելին» Միայն Զոհաբերութեամբ եւ Հաւատքով… Կարելի Կը Դառնայ

                Երբ գերման, աւստրօ, հունկար, պուլկար եւ թուրք դաշնակիցները անձնատուր եղան 1918-ի աշնան, կասկածէ դուրս կը նկատուէր, որ յաղթական մեծ պետութիւնները Հայաստանի ապահովէին այն արդարութիւնն ու հատուցումները, որոնց իրաւատէրն էր ինք:         Իրենց դատը պաշտպանելու համար, հայերը խաղաղութեան վեհաժողովին Փարիզ ղրկեցին երկու պատուիրակութիւններ, մէկը Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը, Աւետիս Ահարոնեանի գլխաւորութեամբ, …

Read More »

Հայոց Ցեղասպանութեան Փաստեր՝ Գերմանական Վաւերագրութեան մէջ

Մինչ մեծ պետութիւնները՝ իրենց նոր յուսատու կառավարութիւններով եւ պետական կառվյցներով, տակաւին կը վիճին ցեղասպանութեան եզրի գործածութեան շուրջ, Ծիծեռնակաբերդի մէջ մեր նահատակներուն յիշատակի անմար կրակը կը շարունակէ բոցավառիլ: Հայութեան համար այս դատը ունի երկու երես՝ զգացական եւ գիտական: Անկարելի է, որ հայ մը ցեղասպանութիւն բառը լսելով չընդվզի, չալեկոծի անոր հոգին, չտառապի …

Read More »

1917-1920 ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

1917ի Փետրուարին Ռուսաստանի մէջ յեղափոխութիւն պայթեցաւ: Սկզբնական շրջանին յեղափոխութիւնը ունէր ազատական եւ ընկերվարական մղումներ: Յեղափոխութեան լոյսին տակ Սան Փեթերսպուրկի մէջ կազմուեցաւ ժամանակաւոր կառավարութիւն Կիրենսքիի գլխաւորութեամբ: Ժամանակաւոր կառավարութիւնը Ռուսիան պատերազմի մէջ դաշնակիցներու կողքին պահեց: Կառավարութիւնը կը միտէր ռուսական կայսրութիւնը օժտել ժողովրդավարական կարգերով: Յեղափոխութիւնը կայսրութեան ոչ ռուս ժողովուրդներուն խոստացաւ ինքնավարութիւն տալ, նոյնիսկ …

Read More »

ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ ԲԱՌԻ ՍԱՀՄԱՆՈՒՄԸ

Երբ կը գործադրուէր հայոց ցեղասպանութիւնը՝ ցեղասպանութիւն յղացքը դեր գոյութիւն չունէր: Այս բառը առաջին անգամ գործադրուեցաւ հրեայ ծագումով լեհ, ընկերային գիտութիւններու մասնագէտ եւ իրաւաբան ՌաՖայէլ Լեմկինի կողմէ 1944ին, իր հրատակարած մէկ ուսումնասիրութեան մէջ: Բառի կազմութիւնը Genocide բարդ բառ մըն է կազմուած Genos յունական բառէն, որ կը նշանակէ ցեղ կամ ազգ եւ …

Read More »

ՀԱՄԱԹՈՒՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀԱՄԱԹՐՔՈՒԹԻՒՆ

Ա.համաշխարհային պատերազմի նախօրէին երկու մեծ նպատակներ կը տիրապետէր թրքական քաղաքականութեան վրայ.- Համաթրքութիւն,  որ կը նշանակէ ձուլել ոչ թուրք բնակչութիւնը թրքութեան մէջ: Համաթուրականութիւն, որ կը նշանակէ թուրանական բոլոր ժողովուրդներու միացում «Մեծ Թուրքիոյ» մէջ, ԲոսՖորէն Կեդրոնական Ասիա: Բանաստեղծ՝ Ձիա կէօք Ալփ եւ տեսաբան՝ Թէքին Ալփ ջատագովները կ‏’ըլլան այս գաղափարներուն, որ մեծ տեղ …

Read More »