Սփիւռքահայ երիտասարդութիւնը կ’ապրի դժուար պայմաններու մէջ։ Անոր վրայ ուժգնօրէն կր ճնշեն կեանքի անմիջական պահանջքներն ու ձգտումները, եւ երիտասարդութիւնը կր շուարի. ան կը տատանի ազգայինի ու միջազգայինի միջեւ, ընկերայինին ու քաղաքականին, ինչպէս նաեւ յեղափոխականին ու ոչ-յեղափոխականին:
Սակայն, պէտք չէ մոռնալ, թէ սփիւռքի մէջ ապրող հայութեան պայքարը ընկերային չէ, քաղաքական է։ Սփիւռքահայ երիտասարդը պարտաւոր է հայ ազգին համար ըլլալ քաղաքական միաւոր ու յարատեւ գործել այդ նպատակին համար։ Քաղաքական միաւոր ըլլալ կը նշանակէ, նոր հայրենիքներու քաղաքական շահերը լաւագոյնս պաշտպանելէ ետք, մտածել ու գործել նաեւ հայկական ազգային միաւորի քաղաքական իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ ձեռքբերման համար։ Քաղաքական մտածողութիւնը պէտք է տիրապետէ հայ երիտասարդութեան հոգիներուն ու այդ մտածողութիւնը պէտք է իբրեւ առանցք ունենայ հայուն քաղաքական իրաւունքները։
Երիտասարդութիւնը յուզող տագնապներուն առաջին պատճառը, երիտասարդութեան իր հայրենիքէն հեռու գտնուիլն է, ինչ որ ազգային հարցերով զբաղիլը կր դարձնէ զուտ գիտակցութեան հարց։ Հարց մը, որ կապ չունի իր ամենօրեայ կեանքի պայմաններուն հետ։ Ասիկա կը ստեղծէ երիտասարդութեան մէջ երկու հոսանքներ։ Նախ կայ երիտասարդութեան այն հատուածը, որ չէ հետաքրքրուած ազգային հարցերով, եւ օտարացումի ճամբուն վրայ է: Ասոր կը հակադրուի այն հոսանքը, որ ինքզինք մասնակից կը զգայ իր ազգային հարցերուն։ Այս վերջին հոսանքը կը բաժնուի երկուքի՝ անոևք, որ գտած են իրենց քաղաքական ուղին եւ կը գործեն անոր համար, եւ վերջապէս անոնք, հաւատալով հանդերձ հայութեան իրաւունքներուն ու հայկական պայքարին, կը տագնապին այլեւայլ հարցերով:
Հայ երիտասարդութեան հիմնական դժուարութիւններէն մէկն է կրկնակ պատկանելիութեան հարցը։ Հայ երիտասարդը կր ծնի, կը մեծնայ իբրեւ ամբողջական իրաւունքներով քաղաքացի իր նոր հայրենիքին եւ ինքզինք կը գտնէ երկուութեան մը առջեւ: Մէկ կողմէ՝ դարերու կեանք ունեցող հայոց ացգին ու մշակոյթին պատկանելու գիտակցութիւնը, միւս կողմէ իր երկրորդ հայրենիքին ու անոր հողին վրայ ապրող ազգին պատկանելու գիտակցութիւնը։ Մէկ կողմէ իր պարտաւորութիւնները հանդէպ իր ցեղակիցները հիւրընկալսւծ ու քաղաքացի դարձուցած հայրենիքներուն, միւս կողմէ՝ հազարամեակներու կեանք ունեցող իր մայր հողին ու ազգին հաեդէպ իր պարտաւորութիւնները։ Այս դժուարութեան իբր պատասխան հայ երիտասարդութեան մէկ մասը ընտրած է դիւրին ճամբան, այս հատուածը հրաժարած է իր հայ ըլլալու հանգամանքէն, եւ դարձած լման քաղաքացի այն երկրին ուր կ’ապրի, մինչ ուրիշ հատուած մը կազմուած աւելի գիտակից տարրերէ, ընտրած է դժուար ճամբան, փորձելով համադրելու միջին եզր մը գտնել իր քաղաքացիական պարտաւորութիւններուն եւ ազգային պարտականութիւններուն միջեւ. այս երիտասարդութիւնը լրիւ կերպով կատարելէ յետոյ իր քաղաքացիի պարտականութիւնները, իրաւունքը եւ պարտաւորութիւնը կ’ունենայ նաեւ մտածելու ու գործելու մարդկութեան կողմէ անարդարութեան ենթարկուած, հիմնական իր իրաւունքներէն զրկուած մայր ժողովուրդի, հայ ազգի ճակատագրի բարելաւման մասին. իրաւունքը կ ունենայ աշխատելու, որ ան տէր դառնայ, բոլոր ազգերուն պէս, իր անժխտելի իրաւունքներուն:
Այլ դժուարութիւն մըն է նաեւ հիներու եւ նորերու բախումը։ Երիտասարդութիւնը կը հակադրուի հիներու որոշ քարացած մտայնութեան, եւ հոսկէ կը ծնին անխուսափելի բախումներ եւ անհասկացողութիւններ։
Կայ նաեւ ազգայինի եւ միջազգայինի շփոթը։ Երիտասարդութեան մէկ հատուածը, տարուած միջազգային գաղափարաբանութենէն, կ’ապազգայնանայ ու կը դառնայ այսպէս կոչուած «Աշխարհաքաղաքացի»: Մինչ ուրիշ հատուած մը կը տագնապի այս երկու հոսանքները համադրելու ճիգերով։
Ի վերջոյ կայ երիտասարդութեան հատուած մը, որ կը պահանջէ «գործ» ներգործական իմաստով, եւ հայութեան ներկայ ընթացքը կը գտնէ կրաւորական ու անբաւարար, ասոնք կը պահանջեն քաղաքականացում ու յեղափոխականացում։ Վերջապէս կայ ասոնց հակադրուող հատուած մը, որ կը մտածէ թէ որեւէ յեղափոխական արարք աւելորդ է եւ ապարդիւն։
Որպէս սփիւռքահայ երիտասարդութեան մէկ հատուածը, Հ.Յ.Դ. Երիտասարդութիւնն ալ կը տագնապի այս հարցերով։ Կրկնակ պատկանելիութեան հարցի ուղղութեամբ, ան կը փորձէ կատարել իր քաղաքացիի պարտականութիւնները եւ միեւնոյն ժամանակ ամբողջացնել իր «հայու» պարտականութիւնները։ Գալով ազգայինի եւ միջազգայինի հարցին, Հ.Յ.Դ. երիտասարդութիւնը կը փորձէ ներդաշնակ համերաշխութիւն մը գտնել այս երկուքին միջեւ, առանց իյնալու որեւէ մէկ ծայրայեղութեան մէջ, անիկա ըլլայ չափազանց ազգայնամոլ կեցուածքը թէ միջազգային ըմբռնումով «աշխարհաքաղաքացի»ի կեցուածքը։ Այս համերաշխութեան փնտռտուքը կը զետեղուի հաստատ հիմերու վրայ, տրուած ըլլալով որ միայն ազգերու ազատ զարգացումով է որ պիտի ճոխանայ եւ բարգաւաճի միջազգային ընտանիքը։ Ազգերու գոյութիւնը եւ ազատ զարգացումը կը պայմանաւորեն միջազգային բարօրութիւնը։ Գալով յեղափոխական եւ ոչ յեղափոխական ընթացքներու հարցին, Հ.Յ.Դ. իր որակումով եւ յեղափոխական կուսակցութիւն ըլլալով, Հ.Յ.Դ. երիտասարդութիւնը կը հաւատայ յեղափոխականացումի, ու անոր խաղալիք վճռական դերին մասին։ Սփիւռքահայ երիտասարդութեան հիմնական դեր մը կը վիճակուի հայութեան իրաւունքներու հեատապնդման ճամբուն վրայ։ Այս իսկ պատճառով, անխուսափելի է որ որոշ ակնկալութիւններ գոյութիւն ունենան սփիւռքահայ երիտասարդութեան նկատմամբ:
Աոաջին հերթին, սփիւռքահայ գսղութներու աշխարհացրիւ վիճակը եւ այլազանութիւնները, կը մղեն մեզ փնտռել հասարակ յայտարար մը, որ պիտի միացնէ բոլոր գաղութները։ Այդ հասարակ յայտարարը հայ ազգային գիտակցութիւնը կրնայ ըլլալ միայն, եւ նպատակը որ երիտասարդութիւնը պիտի առաջադրէ ինքն իրեն համար։
Երկրորդ հիմնական իրականութիւնը, որուն մօտէն պէտք է ծանօթանայ սփիւռքի հայ երիտասարդութիւնը, Հայաստանն է։ Սփիւռքահայ երիտասարդէն կը սպասուի, որ իր մտասեւեռումը դարձնէ հայրենի հողը եւ անոր վրայ ապրող իր ժողովուրդը ու
լաւապէս ծանօթանայ անոր ներկայ վիճակին։ Սփիւռքահայ երիտասարդութիւնը պարտաւոր է գիտակցական վերլուծումի ենթարկել ներկայ Հայաստանի ե՛ւ ներկան, ե՛ւ անցեալը, կարենալ տեսնելու համար ապագան, որ դուրս պիտի գայ սեփական այս վերլուծումներէն եւ որուն կերտումին պէտք է նպաստէ ան, անգամ մը որ իր եզրակացութիւնը կատարէ։
Երրորդ իրողութիւնը հայ ազգի քաղաքական եւ քաղաքակրթական պատմութիւնն է։ Պէտք է ուսումնասիրել անցեալի պատմութիւնը իր տկարութիւններով ու առաւելութիւններով, կարենալ գործելու համար իրապէս ազգին մէջ, ազգին հետ,
ազգին համար։
Չորրորդ պահանջը սփիւոքի հայ երիտասարդութենէն, նկարագրային պահանջ մըն է։ Սփիւռքահայ երիտասարդը պէտք է ձգտի տեւաբար հասնելու արի ու վճռական կեցուածքի։ Ան պէտք է խոստովանի անցեալի սխալները եւ ջանայ խուսափիլ ապագայի սխալներէն։ Ան պէտք է ըլլայ անվհատ, վճռական եւ վճռակամ։
Հ.Յ.Դ. կը սպասէ որ ամէն հայ երիտասարդ գիտակցօրէն գայ կանգնելու սեփական ազգին ծառայելու տեսակէտին վրայ եւ կը բերէ իր սեփական տեսլականն ու վճոակամութիւնը, հայութեան ապագայի կերտումի սրբազան գործին։