Home / Դ / ԱՅԼԱԶԱՆ / Հաշուապահական Ցուցմունքներ

Հաշուապահական Ցուցմունքներ

Միութեան մը վարչութեան գործունէութեան նիւթական պատկերը յիշեալ գործունէութեան նոյն պատկերն է , սակայն թիւերով, գումարներով: Այսպէս, վարչութիւնը, որուն պարտականութիւնն է միութեան նպատակները իրագործել կը մշակէ այդ ուղղութեամբ ծրագիրներ ,կը կազմակերպէ եւ կը հետապնդէ անոնց գործադրութիւնը:
Այս աշխատանքին անբաժան մասն է տնտեսական մարզը: Վարչութիւնը կը ծրագրէ իր տնտեսական աշխատանքը՝ նկատի ունենալով նախահաշիւը , պահանջքները եւ եկամուտի աղբիւրները:Կ՝որոշէ ծախսերն ու յատկացումները եւ պարբերաբար կը հաստատէ իր գանձը:
Վարչութեան տնտեսական ամբողջ գործառնութիւնը կը ստանձնէ Հաշուապահութիւնը , որ պատասխանատու է Միութեան գանձին ու անոր պահպանման: Պատասխանատու է հաշուական փաստաթուղթերու պահպանման եւ ճշգրիտ արձանագրութեան , նաեւ գոյքերու եւ ստացուածքներու արձանագրութեան՝ յատուկ տոմարներու մէջ:
Միութեան տնտեսական ամբողջ գործառնութիւնը եւ անոր ներկայացման համակարգը կ՝արտացոլայ հաշուապահութեան միջոցաւ:
Ա.- Ինչ է Հաշուապահութիւնը.-
– Հաշուապահութիւն կը կոչենք միութեան հաշուապահական հաշիւներու իրականացումը, որ կը հիմնաւորուի հաշուական փաստաթուղթերով: Այս աշխատանքին համար կ՝օգտագործուին հետեւեալ միջոցները.-
ա. Փաստաթուղթերու ապահովում եւ դասաւորում
բ. Գոյքագրում
գ. Մուտքեր, ելքեր
դ. Տնտեսական աղբիւրներ եւ հաշուեկշիռ

-Հաշուապահութիւն կը կոչուի նաեւ վարչութեան ելեւմտական հաշուարկումը: Ան պատասխանատու է միութեան գանձին պահպանման, իւրաքանչիւր գումարի սնտուկ մուտքէն մինչեւ անոր նպատակակէտ հասնիլը: Պատասխանատու է հաշուական փաստաթուղթերու պահպանման եւ ճշգրիտ արձանագրութեան՝ յատուկ տոմարներու մէջ, նաեւ հաշուեկշիռներու պատրաստութեան:
Միութենական հասկացողութեամբ այս գործը կը տանին երկու վարչականներ: Հաշուապահը պատասխանատու է ելքին եւ անոր տոմարներուն, հաշուական փաստաթուղթերուն , իսկ գանձապահը պատասխանատու է գանձին , մուտքի ստացագրերուն եւ չէքի տետրակներուն:
Այս երկուքին համատեղ աշխատանքն է, որ կ՝երաշխաւորէ հաշուապահական գործունէութեան առողջ ընթացքը:
Գոյքապահը պատասխանատու է գոյքերու տոմարին:

Բ.-Հաշուապահութեան նպատակն է .-
– Ապահովել միութեան տնտեսական- նիւթական վիճակին առողջ պահպանումը:
– Փաստել միութեան նպատակներուն իրագործումը՝ վարչութեան նիւթական գործունէութեան եւ արդիւնքին ընդմէջէն:
– Ամրապնդել հանրութեան վստահութիւնը՝ միութեան նկատմամբ:

Գ.-.Հաշուապահութիւնը ինչպէս կը կիրարկուի.-
Հաշուապահութիւնը կը կիրարկուի միութեան նպատակներուն իրագործման համար մշակուած նախահաշիւին համաձայն եւ յատուկ ուղեգիծով, ուր ճշդուած կ՝ըլլայ գործունէութեան ժամանակաշրջանը:
Նախահաշիւը ուղղեցոյցն է վարչութեան յառաջիկայ ծրագիրներուն եւ աշխատանքին՝ թուային լեզուով եւ արժէքով:
– Միութեան մուտքերն են.- Անդամատուրք, նուիրատուութիւն, յատկացում, ձեռնարկներէ եկամուտ, քարոզչական, կտակ, վարձքեր եւայլն:
– Միութեան ելքերն են.-

1- Ընդհանուր ծախսեր.- Ամսականներ, կենցաղային ելքեր ( վարձք, ջուր, ելեկտ., վառելանիւթ, հեռաձայն, եւլն. գրենական եւ տպագրական, ( քարոզչական) յարաբերական ծախսեր, ճանապարհածախս եւլն.)
2.- Միութեան նպատակներու իրագործման ծախսեր.-նպաստներ ( կրթական, առողջապահական, խնամատարական եւլն.): Տարեվճարներ
( շրջանի յատկացումը), դասընթացքներ , քարոզչական միջոցներ, ձեռնարկներ , նպաստափաշխում, գործիքներ, գոյքեր, կալուածներ:

Ծանօթ.- Յիշեալ ուղեգիծի կիրարկման հիմնական կէտերէն են նաեւ .-
– Ելքի իրագործման պայմանները
– Կանխավճարի դրութիւնը
– Հաշուական փաստաթուղթերը
– Միութեան հաշուական տոմարները եւ հաշուապահական գործառնութեան արձանագրութեան ձեւերը:
– Մուտքի- ելքի ( հաշուական) պատկերը ( սնտուկի պատկեր )
– հաշուեկշիռը ( պիտի ընդգրկէ միութեան ունեցուածքը՝ սնտուկ- դրամատուն- կալուած- գործիք-գոյք.
Հաշուական փաստաթուղթեր.-
ա.- Մուտքի ստացագիրներ
-Գործածուող տրցակը կը մնայ գանձապահին մօտ- ստացագիրը, գործածութեան պարագային, կը կնքուի եւ կը ստորագրուի գանձապահին կողմէ:
Մուտքի ստացագիրներու նոր շարք մը կը գործածուի իւրաքանչիւր շրջանի սկզբնաւորութեան: Տպարանէն ստացուած տրցակները շարքով կը թուագրուին մայր տոմարին մէջ, յատուկ էջի վրայ արձանագրելով նաեւ տրցակի եւ ստացագրի թիւերը նշելով անոնց ինչ բանի յատկացուած ըլլալը, ապա գործածութեան դնել: Սխալ գրուած ստացագիրը, թելադրելի է չեղեալ համարել եւ նորը գրել: Վրան սրբագրուած ստացագիրը ընդունելի չէ:
– Շրջանի աւարտին, կէս գործածուած կամ չգործածուած մուտքի տրցակները կը չեզոքացուին:
– Յաջորդ շրջանի փոխանցուած պատրաստ գումարը կ՝արձանագրուի՝ առանց ստացագրի:
բ.- Ելքի Ընկալագիրներ.-
-Վաճառողի կամ ստանձնող կողմի անունով, ստորագրութեամբ եւ կնիքով պաշտօնական ընկալագիրները օրինական են: Նախընտրելի է գնուած ապրանքի մասին մանրամասնութիւններ նշել:
– Պաշտօնական ստացագրի չգոյութեան պարագային, կը պատրաստուի վճարման ստացագիր եւ կը ստորագրուի երկու վարչականներու կողմէ: Ամսականներու վճարման պարագային եւս կ՝օգտագործուին այս ստացագիրները:
– Առ հաշիւ գումարի պարագային անհրաժեշտ է ժողովի որոշումը:
գ.- Վճարման Արտօնագիր.-
– Վճարման արտօնագիրը կը պատրաստուի հաշուապահին կողմէ եւ կը ստորագրուի ատենապետին, հաշուապահին եւ գանձապահին կողմէ: Այս արտօնագրին կը կցուի ելքի ընկալագիրը, վճարման ստացագիրը, որ կ՝առնչուի յիշեալ արտօնագրին: Կնքուած վճարման արտօնագիրները կ՝ունենան հերթական թիւ եւ թուական: Վճարման արտօնագիրներու տրցակները հերթականօրէն կը դրուին հաշուապահի տրամադրութեան տակ:
Դ.- Հաշուեթուղթերու թղթածրարներ.-
– Հաշուեթուղթերն ու հաշուական փաստաթուղթերը կը պահուին առանձին թղթածրարներու մէջ, իւրաքանչիւր տեսակ առանձինն դասաւորուած՝ ըստ թիւի եւ թուականի:

  • Հաշուական Տոմարներ.-
    ա.- Հաշուական մայր տոմար.- Յիշեալը կը պատրաստուի հաշուապահին կողմէ: Հոն տեղ կը գտնեն միութեան հաշիւները՝ ամսական դրութեամբ: Մուտքի թէ ելքի գումարները կը փոխանցուին նոյնանման գործունէութեան յատուկ էջին: Այս յատուկ էջերը կ՝որոշուին ըստ վարչութեան կամ յանձնախումբի գործունէութեան: Առաջին գլուխը կ՝ըլլայ նախորդ շրջանէն փոխանցուած գումարը, առանց ստացագիրի: Գործունէութեան եւ անոր յատկացուած էջերուն թիւերուն ցանկը պէտք է երեւի տոմարին սկիզբի էջերէն մէկուն վրայ: Առանձին էջ պէտք է ունենայ նաեւ մուտքի ստացագրի տրցակներուն եւ վճարման արտօնագրի տրցակներուն թուական պատկերը (օգտագործուածները եւ մնացածները):
    Հաշիւներու արձանագրութեան համար, միութենէն ներս նախընտրելի է որդեգրել հաշուապահական ամէմէն պարզ, բայց միեւնոյն ատեն ամէնէն յստակ եւ գործունէութիւնները արժեւորող ձեւը ( տոմարին ձախ կողմը՝մուտք, աջ կողմը՝ ելք)
    Ամսական մուտքի եւ ելքի էջերուն մէջ, ստացագրի կամ վճարման արտնագրի թիւէն եւ թուականէն զատ պէտք է յիշել նաեւ գումարը եւ անոր փոխադրուած էջը: Յատուկ էջեր կը յատկացուին դրամատան հաշիւին եւ օտար դրամին:

Օրհաշիւի տետրակ.- Յիշեալը կը համարուի սեւագրութեան տետրակ եւ հաշուեքննութեան ատեն նկատի չ՝առնուիր: Բայց օրհաշիւի երկու տետրակները որոնք կը գործածեն հաշուապահն ու գանձապահը, առիթ կու տան ամենօրեայ ստուգման:

բ.- Գոյքերու արձանագրութեան Տոմար.- Յիշեալը միութեան մնայուն գոյքերու հարստութեան պատկերն է: Անոր մէջ գոյքապահին կողմէ կը ցանկագրուին եւ կ՝արձանագրուին գոյքերու մանրամասնութիւննեը:

գ.- Այլ տոմարներ.- ըստ գործունէութեան ծիրին.

դ.- Անդամացանկերու տոմար

Հաշուեկշիռ.- ( մուտքի եւ ելքի սնտուկ)
Հաշուեկշիռը կը ներկայացնէ միութենէն ներս որդեգրուած հաշուապահական ուղղութիւններէն հիմնական հաշուեգլուխներու սիստեմը, որուն միջոցաւ կ՝արտացոլայ միութեան գործունէութեան ծիրերը ,արժեւորելով՝ վարչութեան տարած աշխատանքը տուեալ ժամանակաշրջանին:

Հաշուապահի պարտականութիւնն է .-
ա.-Վարչութեան ներկայացնել հաշուական միամեայ կամ միամսեայ պատկերը:
բ.- Պատրաստել ձեռնարկներու նիւթական պատկերը ( որ մուտք չի գործեր տոմարին մէջ):
գ.- Պատրաստել եռամսեայ հաշուեկշիռ ( մուտքի եւ ելքի պատկեր):
դ.- Պատրաստել տարեկան հաշուեկշիռ ( շրջանի աւարտի):

5Գումար- գանձ եւ սնտուկ.-
Միութեան գանձի պատասխանատուն է գանձապահը: Շրջանի աւարտին սնտուկին մէջ որոշուած գումարէն յաւելեալ գումարները կը տնօրինուին գերադաս մարմնի որոշմամբ:

6-Փոխանցման շրջանի հաշիւ .-
   Վարչութեան մը փոփոխութեան պարագային, փոխանցման շրջանի հաշիւները կ՝անցնին յաջորդ շրջանի հաշիւներուն մէջ:

7- Հաշուեքննութիւն.-
Վարչութեանց եւ յանձնախումբերու հաշիւները ենթակայ են ընդհանուր ժողովի կողմէ ընտրուած հաշուեքննիչ մարմնի կողմէ հաշուեքննութեան եւ վաւերացման:

About admin

Check Also

Դասախօսութիւն Նիւթ «Արեւմտահայերէն՝ Տագնապներ Եւ Մարտահրաւէրներ»

Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Սրբ. Եպս. Սարգիսեանին Կազմակերպութեամբ Ազգային Գրադարանի Յանձնախումբին …