Ազգը մարդկային պատմութեան ամէնահին շրջաններուն իսկ գոյութիւն ունեցած երեւոյթ մըն է, սակայն ընկերաբանները չեն անդրադարձած անոր եւ որեւէ վերլուծումներ կամ ուսումնասիրու-թիւններ չեն ըրած 19րդ դարէն առաջ: Կարգ մը ընկերաբաններու կողմէ ազգ կամ ժողովուրդ ըմբռնումները ժխտելի դարձած են իսկ՝ ուրիշներու քով անհասկնալի, իսկ ոմանք բացատրած են որպէս հոմանիշներ, սակայն …
Read More »Զարգացում, Ազատութիւն եւ Գիտակցուած Պատասխանատուութիւն
Ազատութիւնը կը մնայ գլխաւոր առանցք զարգացած եւ մշակուած մարդու մտածումներուն, խօսքին, աշխարհահայացքին, մտաթռիչքներուն, երազներուն, անծանօթ հորիզոններ արշաւելու եւ նուաճելու փորձերուն, հեռանկարներուն…: Անոր համար ազատութեան ձգտումը, հոգեմտաւոր կաշկանդումներէ ձերբազատումը շատ աւելի կը նշանաւորուին քան ինքնութեան որոնումը, ինքնաճանաչողութիւնը: Պարզ բացատրութեամբ՝ զարգացումը կը մնայ անկատար եւ ապազդեցիկ առանց ազատութեան, իսկ ազատութիւնը՝ …
Read More »ՀԱՅ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ (2)
Դ)ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆը, կազմուեցաւ Թիֆլիսի մէջ, 1890ին: Ան կը գտնուէր հաւաքական մէկ դրօշի տակ համախմբել Կովկասի թէ երկրի մէջ գործող յեղափոխական բոլոր կազմակերպութիւններն ու խումբերը, միասնական ճիգերով առաջ մղելու համար …
Read More »ՀԱՅ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ (1)
ՀԱՅ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ Արդիական իմաստով հայ քաղաքական կուսակցութիւնները ծնունդ առած են միայն 19րդ դարու վերջին շրջանին: Հայոց Պատմութեան մէջ կը յիշատակուին կէս կրօնական-հերձուածային բնոյթի, կէս ընկերային բնոյթի շարժումներ, ինչպէս ի մասնաւորի՝ 7րդ 9րդ դարերուն Պաւլիկեան շարժումը եւ 9-րդ 10-րդ դարերուն Թոնդրակեցիներու շարժումը: Գոյութիւն ունեցած են նաեւ քաղաքական հոսանքի եւ ազդեցութեան հակադրութիւններ …
Read More »ԸՆԿԵՐՎԱՐՈՒԹԻՒՆ
Բոլոր ընկերութիւններուն մէջ ընդհանրապէս տեղի ունեցած է շահագործութիւն, սակայն որքան կը զարգանան այդ ընկերութիւնները այնքան կը բարդանան շահագործման երեւոյթները: order essay online – Ընկերվարութիւնը, որպէս միջազգային վարդապետութիւն, ցայտուն դարձաւ 18-րդ դարուն, որպէս երազային կամ ցնորական ընկերվարութիւն, որուն գլխաւոր արտայայտիչներէն էին անգլիացի Թովմաս Մոր եւ Ֆրանսացի Սան-Սիմոն: Սակայն անոնք չունէին …
Read More »ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ
Յեղափոխութեան սահմանում Յեղափոխութիւնը իրաւազուրկ եւ ճնշուած ամբոխներու զայրոյթի բնական պոռթկումն է: Ան ցանկալի երեւոյթ չէ անպայման, քանի յաճախ կարեւոր թիւով զոհեր կը պահանջէ, եւ եթէ ժողովուրդ մը ի վիճակի է առանց յեղափոխութեան, այսինքն՝ բարեշրջումով հասնելու իր առաջադրանքներուն, ցանկալի է յեղափոխութենէ խուսափիլ: Բայց երբ ուրիշ ելք չկայ, յեղափոխութիւնը կը դառնայ անխուսափելի …
Read More »ՄԱՐԴԱԿԵՐՏՈՒՄ, ՀԱՅԱԿԵՐՏՈՒՄ, ՀԱՅՐԵՆԱԿԵՐՏՈՒՄ
ՄԱՐԴԱԿԵՐՏՈՒՄ, ՀԱՅԱԿԵՐՏՈՒՄ, ՀԱՅՐԵՆԱԿԵՐՏՈՒՄ paper writing Գաղափարապաշտութիւն, սեփական անձի ամբողջական նուիրումներով լրացուած: Գործունէութիւն, ուժականութիւն, մարտունակութիւն, արիութիւն: Վճռակամութիւն եւ զոհաբերութեան անսահման պատրաստակամութիւն՝ հաւաքական նպատակներու իրականացման ճամբուն վրայ: Անշահախնդրութիւն, ուղղամտութիւն, պարկեշտութիւն, համեստութիւն, ընկերական փոխադարձ սէր ու գուրգուրանք: Կարգապահութեան ոչ միայն լոկ կանոնական, այլ էապէս յեղափոխական բարոյական ըմբռնում: Այսպէս բանաձեւուած է դաշնակցական …
Read More »ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԲԱՑԱՐՁԱԿ ԸՄԲՌՆՈՒՄԸ
ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԲԱՑԱՐՁԱԿ ԸՄԲՌՆՈՒՄԸ Ազատութիւն եւ ազատագրութիւն արտայայտութիւնները յաճախակի կրկնութեամբ հասարակ մակերեսայնութեան մը մէջ ինկած են: Ժամանակաւոր բաւարարութիւններ եւ կացութիւններ ազատականութեան անունին տակ, մարդոց նայուածքներու հիմնական արժանիքներէն վրիպած են երբեմն, հիմնուելով այն սահմանումին վրայ թէ ազատութիւնը կամովին ինքզինք հարազատ կացութեան մը ենթարկելու կարելիութիւնն է: Իրողութիւնը այն է, որ ենթակայական անհրաժեշտութիւնն …
Read More »ՑՆՈՐԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐՎԱՐՈՒԹԻՒՆ
ՑՆՈՐԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐՎԱՐՈՒԹԻՒՆ computer repair softwareԸնկերվարութեան հնագոյն պատկերացումը կը նկատենք հին Յունական առասպելներու մէջ, ի մասնաւորի Պղատոնի մօտ: Առաջին անգամ ընկերվարութեան մասին, այսինքն, համայնական սեփականութեան մասին կը խօսի Անգլիացի Թոմաս Մօրը (1473-1535) իր «Ուտոպիա» գործին մէջ: Անոր կը յաջորդէ Թոմասօ Քամբանէլա, իր «Արեւի Քաղաք» գործով (1568-1639) կը ներկայանայ իրաւազրկուածներու որպէս պաշտպան: …
Read More »ԽԱՆԱՍՈՐԻ ԱՐՇԱՒԱՆՔԸ 25 ՅՈՒԼԻՍ 1897.
25 ՅՈՒԼԻՍ 1897. ԽԱՆԱՍՈՐԻ ԱՐՇԱՒԱՆՔԸ ՇՏԿԵՑ ՀԱՅՈՒՆ ՄԷՋՔԸ 25 Յուլիս 1897. Յուլիս 25ը շատոնց նուաճած է իր բացառիկ տեղը հայ ժողովուրդի հերոսական խոյանքը մարմնաւորած անմոռանալի եւ յաւէտ պաշտելի թուականներու շարքին: 114 տարի առաջ, Յուլիսի այս օրը, Դաշնակցութեան կազմակերպած ֆետայական մեծաթիւ արշաւախումբը պատմութիւն կերտեց հայոց հողին վրայ: 24-էն 25 Յուլիսի լուսցող …
Read More »