Home / Ա / Նիւթեր / Հոգեբանական / Ղեկավար Խմբապետի Յատկանիշերը

Ղեկավար Խմբապետի Յատկանիշերը

 

          ա. Մտապատկեր.-

Ղեկավար խմբապետը պարտաւոր է հետեւողականօրէն իր մտապատկերը յստակացնել եւ զայն փոխանցել իր օգնականներուն: Արդարեւ երբ ան կը ձախողի իր այս դերին մէջ, օգնականներուն հաւատարմութիւնը եւ աշխատանքի աշխուժութիւնը աստիճանաբար կը տկարանայ եւ այս մէկը կ’ազդէ կազմակերպութեան ընդհանուր կառոյցին եւ ուժականութեան:

 

բ. Դատողութիւն.-

          Յատկանիշ մը, որ դժուար է սահմանել, բայց կարեւոր յատկանիշ է, որ յստակօրէն կը զատորոշէ լաւ ղեկավար խմբապետը վատէն: Յաջող ղեկավար խմբապետները լաւ կը տրամաբանեն, նախապէս կ’ուսումնասիրեն իրենց տրամադրութեան տակ եղող բոլոր տուեալները, ապա կու տան իրենց որոշումը: Ճանչնալ օգնականներուն յատկանիշերը, քաջալերել զանոնք, որպէսզի տան իրենց լաւագոյնը, կարեւոր առաքինութիւն մըն է յաջող ղեկավար խմբապետի մը համար: Լաւ դատողութեան տէր խմբապետները կը յաջողին իրենք զիրենք շրջապատել լաւ, կարող, գործին ատակ եւ գիտակից անձնակազմով եւ ոչ թէ հլու հնազանդ տարրերով:

 

գ. Ուժականութիւն.-

Ղեկավարութիւնը աւժասպառ աշխատանք է ֆիզիքապէս, հոգեպէս եւ զգացականօրէն: Ճշմարիտ խմբապետը նուիրումով կ’աշխատի եւ իր ունեցած ֆիզիքական, հոգեկան եւ իմացական բոլոր կարողութիւնները ի սպաս կը դնէ իր կազմակերպութեան նպատակներուն իրագործման, հետեւաբար ուժական ըլլալը անհրաժեշտ է յաջող ղեկավար խմբապետ մը ըլլալու համար:

 

դ.Վճռականութիւն.-

          Ղեկավարները ընդհանրապէս հակամէտ են ընկճուելու, որովհետեւ անոնք յանձնառութիւնը ունին իրենց ասպարէզին մէջ նոր հորիզոններ որոնելու մեծ վտանգներ յանձն առնելով, սակայն երբ կայ վճռականութիւնը յաղթահարելու յուսահատական վայրկեանները, նոյնիսկ երբ շրջապատուած ենք կասկածամիտ մարդոցմով, բոլոր դժուարութիւնները կը չքանան: Վճռականութեան յատկանիշին հզօրացման կը նպաստեն նաեւ ղեկավար խմբապետին շրջապատը, հարազատներն ու բարեկամները, որոնց քաջալերանքը ինքնավստահութիւն կը ներշնչէ իրեն, ինչ որ անհրաժեշտ տարր է վճռական վայրկեաններու, վճռական որոշումներ տալու համար:

 

ե. Հաստատուն Նկարագիր.-

          Այս ամէնէն կարեւոր յատկանիշն է բոլոր ղեկավարներուն համար: Յաջող ղեկավար խմբապետը կ’ունենայ հաստատուն նկարագիր: Իր անձնակազմին հետ յարաբերելու ընթացքին ան կ’ունենայ յատուկ ոճ: Փոխադարձաբար, իր ստորադասերը իրմէ կը պահանջեն յստակ եւ տրամաբանակն վարուելակերպ, սակայն երբ որեւէ մէկ պատճառով յարաբերելու ոճը փոփոխութեան կ’ենթարկուի, ան պարտաւոր է բացատրութիւն տալու իր ընթացքին համար: Հետեւաբար հաստատուն նկարագիր ունենալը կը նպաստէ կազմակերպութեան գոյատեւման, հզօրացման եւ անդամներու միջեւ յարաբերութիւններու կայունացման ու սերտացման:

 

զ. Արդարամտութիւն.-

Կարեւոր յատկանիշ մը, որ ճիշդ կիրարկման պարագային կը բարձրացնէ ղեկավար խմբապետին վարկը եւ հեղինակութիւնը: Խմբապետը ամէն բանէ աւելի ուշադրութիւն նէտք է դարձնէ, որ իր որոշումները արդար ըլլան, իսկ օրէնքին առջեւ բոլորը՝ հաւասար: Ամէնէն կարեւոր եւ զգայուն հարցը, զոր ղեկավարներ յաճախ կը դիմագրաւեն, իրենց ստորադասերուն մրցակցութիւնն է: Խմբապետներ նման պարագաներուն պէտք է արդարօրէն մտածեն եւ արժանին անարժանէն զատորոշել գիտնան, այլապէս անոնք կ’ազդեն իրենցմէ ստորադասներու հոգեկանին եւ հաւատարմութեան վրայ:

 

է. Անգթութիւն.-

          Տարօրինակ յատկանիշ մը, որ շատ էական է, մանաւանդ երբ բարոյական, կազմակերպչական լուրջ սայթաքումներ կամ թերացումներ պատահին, ղեկավար խմբապետը պարտաւոր է շատ արագ, կտրուկ եւ անգութ շարժիլ, որովհետեւ կազմակերպութեան պայծառ դիմագիծը եւ անդամներուն արժանապատուութիւնը ամէն բանէ վեր են:

 

ը. Ինքնաճանաչում.-

Կարգ մը մարդիկ անմիջապէս որ ղեկավարի պատմուճանը հագնին, կը դառնան եսակեդրոն եւ իրենց շարժումները, մտածումներն ու քայլերը չեն համապատասխաներ իրենց նախկին ընթացքին: Այդպիսիները լաւ կ’ըլլայ որ նախ ճանչնան իրենց անձը, գնահատում մը կատարեն իրենց կարողութիւններուն եւ թերութիւններուն եւ այս հիման վրայ սրբագրեն իրենց ընթացքը, միշտ փորձելով հասնիլ կատարեալի տիպարին:

 

          թ. Ճարտարութիւններ.-

          Յաջող ղեկավար խմբապետ մը ըլլալու համար հարկ է հետեւեալները.-

  • Գիտնալ ինչպէս կապի մէջ ըլլալ իր շրջապատին հետ:
  • Ինչպէ՞ս լաւ ունկնդրող ըլլալ երբ անհրաժեշտ է:
  • Լաւ խորհրդատու ըլլալ:
  • Որոշում տալ գիտնալ:
  • Գործի մղել եւ քաջալերել գիտնալ:
  • Երբ անհրաժեշտ է յանդիմանել գիտնալ:
  • Միջամտել գիտնալ:

 

Այս նշուած բոլոր յատկանիշերը կարելի չէ իւրացնել կարդալով կամ ուսումնասիրութիւններ կատարելով: Ասոնք պարզապէս ուղեցոյցներ են, հիմնականը փոքր տարիքէն գործունեայ ըլլալն է հաւաքական կեանքէն ներս, նախաձեռնող եւ պատասխանատուութիւններէ երբեք չվախցող ըլլալն է, մնացեալը ժամանակի ընթացքին կ’իւրացուի, անշուշտ եթէ փորձէք միշտ սորվիլ եւ դասեր քաղել ուրիշներու փորձառութիւններէն:

About admin

Check Also

Ինքնավստահութիւն

  Ինքնավստահութիւնը անձին այն զգացումն է իրեն արժէքը գիտնալու իր շուրջիններուն մէջ: Ինքնավստահ անձը կը …