Home / Ա / Նիւթեր / Պատմական / ԱՐՏԱՇԷՍԵԱՆ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

ԱՐՏԱՇԷՍԵԱՆ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

ԱՐՏԱՇԷՍԵԱՆ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ք.Ա.201 թուականին Սելեւկեան թագաւոր Անտիոքոս Գ.-ի զօրքերը հայազգի զօրավարներ Արտաշէսի եւ Զարեհի հրամանատարութեամբ կը ներխուժեն Մեծ Հայք եւ Ծոփք: Արտաշէսը պարտութեան կը մատնէ Երուանդ Դ.-ի (Ք.Ա. 220-201 թ.) եւ կը գրաւէ Երուանդաշատ մայրաքաղաքը: Ծոփքի մէջ իշխանութենէն կը զրկուի Երուանդականներու վերջին ներկայացուցիչ Քսերքսես արքան: Սելեւկեաններու ազդեցութեան տակ կ’իյնան նաեւ Փոքրը Հայքը եւ Կոմագենէն: Արտաշէսը եւ Զարեհը կը կառավարեն երկիրը: Մէկ տասնամեակ անց վիճակը կը փոխուի երբ Մագնեսիա քաղաքի մօտ Սելեւկեանները ծանր պարտութիւն կը կրեն հռոմէական զօրքերէն: Օգտուելով այդ առիթէն եւ Հռոմիտ համաձայնութեամբ Արտաշէսը Մեծ Հայքի մէջ իսկ Զարեհը Ծոփքի իրենք իրենց անկախ թագաւորներ կը յայտարարեն:

Արտաշէս Ա.-ը ( Ք.Ա.189-160թ.) հայոց նշանաւոր թագաւորներէն մէկը եղաւ: Ան հիմնադրած է նոր արքայատոհմ, որ իր անունով կը կոչենք Արտաշէսեան:

Անոր առաջին գործը հայկական տարածքներու միաւորումը կ’ըլլայ: Ան Արեւելքի մէջ կը հասնի մինչեւ Կասպից Ծով՝ Մեծ Հայքին վերադարձնելով Փայտակարանն ու Պարսպատունիքը: Հիւսիսի մէջ կը վերադարձնէ Գուգարքը եւ Կղարջքը, որ գրաւուած էին Վրաստանի կողմէն: Հիւսիս-արեւմուտքի մէջ կ’ազատագրէ Կարինը եւ Դերջանը:

About talar

Check Also

Հայկական Հնագոյն Ցեղերն ու Ցեղային Միութիւնները

           Ինչպէս ամէն ժողովուրդի, այնպէս ալ հայ ժողովուրդի կազմաւորման գործընթացը ընդգրկած է երկար ժամանակ, թերեւս …