Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ կարեւոր երեւոյթներէն է քրիստոնէութեան տարածումը մեր երկրին մէջ եւ նոր հոսանքի ընդունումը, որպէս պետական կրօն: Բնականաբար այդ իրողութիւնները ընդգրկեցին նաեւ Արցախ աշխարհը եւ միանգամայն նոր հուն ստեղծեցին մեր ժողովուրդի այդ հատուածի պատմական ճակատագրի վրայ:
Ինչպէս յայտնի է, քրիստոնէութիւնը մուտք գործած է Հայաստան Թադէոս առաքեալի կողմէ: Երբ Վասպուրականի Արտազ գաւառի մէջ կը նահատակուի առաքեալը, անոր աշակերտները կը մեկնին դէպի Հայաստանի տարբեր շրջանները ու կը շարունակեն իրենց ուսուցիչի անաւարտ գործը: Այդպէս Եղիշէ անունով աշակերտը նախ Թադէոսի նահատակութեան լուրը կը հասցնէ Երուսաղեմ, ապա Երուսաղէմի առաջին հայրապետ Ս. Յակոբէն ձեռնադրուելով կրկին կը մեկնի Հայաստան: Իր քարոզչութեան ան կը սկսի երկրի հիւսիսարեւելեան նահանգներէն, սակայն անկէ ալ առաջ քարոզչութիւն կը կատարէ Մասգթաց աշխարհը սկսելով Չոր մայրաքաղաքէն: Պատճառն այն էր որ այդ շրջանը դուռ էր Անդրկովկասի համար եւ յետոյ իր ճակատագրով յաճախ կապուած էր Հայաստանի հիւսիսարեւելեան նահանգներու Ուտիքի եւ Արցախի հետ:
480ական թուականներուն, վաչականը կը ստեղծէ փոքրիկ թագաւորութիւն մը եւ կը կատարէ բազում բարեփոխութիւններ երկրի կառավարական, տնտեսական, կրթական եւ մշակութային բնագաւառներուն մէջ, որոնք անփոխարինելի դեր ունեցան այդ հողի ճաքատագրի մէջ յետագայ բոլոր ժամանակներուն, անոր շնորհիւ է որ վաչականին Բարեպաշտ կը կոչեն:
Ե. դարու վերջաւորութեան կամ Զ. դարու սկզբնաւորութեան Վաչականի «Աղուան» ամառանոցին մէջ, երկրի հոգեւոր եւ աշխարհիկ բազմաթիւ գործիչներու մասնակցութեամբ ժողովի մը ընթացքին կ’ընդունին քսանմէկ կանոններ «Սահմանադրութիւն Կանոնական» ի միջի այլոց, օրէնքներու հայերէն ամենահին ժողովածուն է:
Եօթներորդ դարու առաջին տասնամեակներուն Արեւելքի մէջ ձեւաւորուեցաւ նոր հզօր տէրութիւն մը՝ Արաբական Խալիֆայութիւն: Նորաստեղծ մահմետական կրօնի դրօշի ներքեւ այդ տէրութիւնը Հայաստան առաջին անգամ արշաւեց 640 թ.:
Հնագոյն ժամանակներէն պահպանուած մշակոյթի նիւթերը եւ պատմութեան աղբիւրները կը վկայեն թէ Արցախի մէջ յառաջդիմած է հողագործութիւնը, խաղողագործութիւնը, ձիաբութութիւնը, շերամապահութիւնը ինչպէս նաեւ ոսկեծնութեան, արծաթահալութեան եւ երկաթահանութեան հմտութիւնները:
Բագրատունեաց հայ թագաւորութեան ժամանակներուն քաղաքական եւ տնտեսական նպաստաւոր պայմանները խթան դարձան մշակոյթի զարգացման ամբողջ Հայաստանի նաեւ Արցախի մէջ: Արցախի մէջ մշակոյթի կարեւոր ճիւղերէն էին՝ նկարչութիւնն ու ձեռագործը: ԺԲ. դարու կէսերէն Արցախի մէջ ծնունդ առին հայ մշակոյթի բազմաթիւ գանձեր՝ Կիրակոս Գանձակեցիի «Հայոց Պատմութիւնը», Վարդան Արեւելցիի «Տիեզերական Պատմութիւնը» կոչուած նաեւ «Հաւաքումն Պատմութեան», Գրիգոր Մականացիի «Նետողաց Ազգի Պատմութիւնը»: Սակայն աւա՜ղ, մշակոյթի բուռն վերելքը ԺԴ. դարուն կասեցուեցաւ մոնկոլներու տիրապետութեան քայքայման եւ հայ հողի վրայ նորանոր ասպատակիչներ յայտնուելու պատճառով:
ԺԷ. դարու վերջերուն արտաքին վտանգի զօրացումով եւ ներքին ռազմական կարողութիւններու աճին հետ Արցախի մելիքներու շարքերուն մէջ նկատելի կը դառնայ տարաձայնութիւնը՝ կապուած երկրի ազատագրման ուղիներու հետ: Խաչէն Վարանդայի, Դիզակի մելիքները անփոփոխ կերպով իրենց յոյսը կը կապեն Ռուսաստանի օգնութեան եւ կ’ըմբոստանան Պարսկաստանի, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ դէմ: Հզօրացող Ռուսաստանը կը ձգտէր տէր դառնալ այդ տարածքներուն, մանաւանդ մետաքսի շահաւէտ առեւտուրի կեդրոններուն եւ ճանապարհներուն: Եւ այդ ձգտումները կը համընկնէին հայերու եւ վրացիներու ազատագրական յոյսերուն հաւատակից Ռուսաստանի օգնութեամբ: Սակայն այդ տարածքներուն նկատմամբ նկրտումներ ունէր նաեւ Թուրքիան եւ անոր շահերը կը բախէին Ռուսաստանի հետ: Իսկ եւրոպական տիրութիւնները մանաւանդ Ֆրանսան եւ Անգլիան կը ջանային որ Ռուսաստանը չյառաջանայ դէպի արեւելք, չդառնայ աւելի հզօր մրցակից իրեն համար: Անոնք ռուսերու դէմ կը գրգռէին պարսիկներն ու թուրքերը:
1722ին ուրախ լուր կը հասնի Արցախ թէ մելիքները միանան վրացի զօրքին եւ դիմաւորեն ռուսական զօրքը, որ կ’արշաւէր դէպի Պարսկաստան: Սակայն ռուսական զօրքը անսպասէլի ետ կ’ուղղուի եւ կը վերադառնայ Ռուսաստան պատճառաբանելով աննպաստ եղանակը՝ փոթորիկի պատճառով ռուսերու նաւատորմի կրած աղէտը Կասպից ծովու վրայ: Այդ նոյն ընթացքին Թուրքիան նոյնպէս տենդագին կերպով կը պատրաստուէր տէր դառնալու այդ բարեբեր երկիրներուն: Այդպիսի իրավիճակի մէջ երկու տէրութիւնները ճիշդ կը համարեն չհակադարձել զիրար, այլ հաշտ կերպով իրենց մէջ բաժնել Պարսկաստանի հպատակ այդ շրջանները: Անոր համար ռուսական զօրքերը ետ կը վերադառնան կէս ճամբայէն եւ կը սկսի ռուս-թրքական գաղտնի բանակցութիւնները:
1726ի ամրան արդէն թուրքերը կը գրաւեն Վրաստանը: Ետքը դէպի Շամախի շրջան անցնելով մէկ կողմ կը ձգեն Արցախը, որովհետեւ այս տեղ մեջ ուժ կար եւ թուրքերէն շատ ժամանակ եւ ուժ կը խլէր, իսկ անոնք կը շտապէին օր առաջ հասնելու Շամախի, տէր դառնալու գաղտնի համաձայնութեամբ իրենց «բաժին» դարձած հողերուն, իսկ անոնցմէ ետք Արցախը լրիւ շրջափակուած կ’ըլլար թուրքերու կողմէն, հետեւաբար կարելի կ’ըլլար հպատակացնելը:
Մելիքները Ռուսաստանէն օգնութիւն կը խնդրեն, սակայն անոր փոխարէն ան պայմանագիր կը կնքէ՝ 1724ին Թուրքիոյ հետ, որուն հետ կը բաժնուի պարսկահպատակ Կովկասն ու Այսրկովկասը, Արցախը եւ Հայաստանըբառին ձգելով Թուրքիոյ: Անկէ ետք Ռուսաստանը արցախցիներուն կ’առաջարկէ ու կը համոզէ որ տեղափոխուին եւ բնակութիւն հաստատեն Ռուսաստանի բաժին ինկած շրջաններու մէջ, սակայն անոնք կը մերժեն տեղափոխման առաջարկը, արդէն յոյսը իրենք իրենց վրայ դնելով, ամէն կերպ կ’օգտագործեն պաշտպանելու իրենց հողը եւ քանիցս կը ջարդեն թուրքերուն: Հետաքրքրական է ռուսական պատուիրակը որքան զարմացած էր ու հիացած մելիքներու զօրքով, ան կը յայտնէ. «Այսպիսի կռուող ժողովուրդ ոչ մէկ տեղ կայ»:
ԺԸ. Դարու ազատագրական կռիւները զօրացուզին Արցախի զինական ուժը, ամրացուցին ժողովուրդի ազատատենչ ոգին, որոնց շնորհիւ ան կարելիութիւնը ունեցաւ դիմակալելու յետագայ արհաւիրքներուն:
Արցախի միացումը Ռուսաստանին ամրացուեցաւ 1813ին Կիւլիստանի մէջ կնքուած ռուս-պարսկական պայմանագիրով, որ մեծ պետութիւններուն կողմէ հաստատուեցաւ Փարիզի մէջ 1814ին: Սակայն պարսիկները չհաշտուեցան տարածքներ կորսնցնելու հետ: 1826ին անոնք պատերազմ հռչակեցին Ռուսաստանի դէմ: Երբ պարսիկներու թագաժառանգ Ապաս-Միրզան աւերուածութիւններով կը մօտենայ Արցախին, մելիք Յովսէփը ինք դէպի շահ երթալով, համոզեց անոր Արցախ չմտնել եւ չաւերել գիւղերը: Ան այս արարքով փրկեց իր ժողովուրդը: Շուշիի մէջ հայերը մեծ օգնութիւն ցուցաբերեցին ռուսական կայազօրին, հերոսաբար պաշտպանեցին, մինչեւ օգնական զօրքին հասնիլը: Պատերազմը շահեցան ռուսերը եւ 1828ին Թուրքմենչայի պայմանագիրով ամբողջ Արեւելեան Հայաստանը նոյնպէս միացուեցաւ Ռուսաստանի փրկուելով այլադաւան բռնկալներէ:
1836ի ընդունուած օրէնքը, որ յայտնի է «Պոլոժենի» անոնվւ, անով հայ եկեղեցիին պաշտօնապէս տրուեցաւ բաւական լայն արտօնութիւններ, կրթական մշակութային եւ հարակից խնդիրներով: Անով ւերացուեցաւ Գանձասարի Կաթոցիկոսութիւնը: Ան դարձաւ մետրոպոլիտութիւն ենթակայ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, որ Արցախը մայր հայրենիքին կապող կարեւոր գործօն մը եղաւ: Արցախի մէջ զարգացաւ գիւղատնտեսութիւը, Եւրոպայէն կը բերուին նոր տեսակի գործիքներ ու սարքեր: Վերելք ապրեցաւ արհեստագործութիւնը, մեծ ճանաչում գտաւ արցախեան գորգերը, զարգացաւ շերամապահութիւնը, դարուն վերջաւորութեան արդէն դպրոցական լայն համակարգ ստեղծուած էր:
Թիֆլիսի եւ Պաքուի միջոցաւ, կապուելով եւրոպական շուկային՝ զարգացաւ առեւտուրը, իսկ Շուշին դարձաւ ամբողջ Կուկասի ամենածաղկուն կեդրոններէն մէկը: Այստեղ կեդրոնացած էին Արեւելեան Հայաստանի թերեւս բոլոր գաւառներէն բնակիչներ, շրջանը կ’ապրէր բարգաւաճ մթնոլորտի մէջ: Շուշիի տպարանը Էջմիածինէն ետք երկրորդը եղաւ: Այսպէս քաղաքակրթութիւնը բուռն կերպով կը թափանցէր Արցախ: Սակայն 20րդ դարու սկիզբը հայ կեանքի վերելքը դէմ հանդիման եղաւ բռնի ու վայրենի ուժի: 19րդ դարու վերջերը Արցախի տարբեր կողմերը գիւղացիները քանիցս ըմբոստացան նորընծայ կեղեքիչներու, բէկերու եւ աղալարներու դէմ, սակայն վերջիններուս կը պաշտպանէին ռուսական իշխանաւորները, կաշառքով կը հովանաւորուէր ամենայն ապօրինութիւնը: Նոր ժամանակներուն արդէն 20րդ դարուն այդ բոլորը նոր ընթացք ստացաւ:
20րդ դարը աղիտալի սկիզբ ունեցաւ, 1903 Յունիս 12ին ռուս կայսրը օրէնք ընդունեց հայ եկեղեցւոյ կալուածքներու եւ գոյքերու բռնագարաւումը: Տեղական իշխանաւորներու համար այդ մէկը յարմար միջոց էր կողոպտելու եւ ուժասպառ ընելու հայ եկեղեցին, որ մեր ժողովուրդի կեանքի կազմակերպման ‘, կրթութեան եւ մմշակոյթի զարգացման մարմինն էր: Կաթողոկոս Խրիմեան Հայրիկը շրագրեց չենթարկուիլ այդ հրամանին մինչեւ որ նոր ելք մը գտնուի: 1905ին երբ Ռուսաստանի ողջ տարածքին մէջ յեղափոխական շարժումներ սկսած էին, այս օրէնքը վերացուեցաւ: Վերականգնեցան դպրողները, բայց հիմա ջարդերը սկսան: Պաքուի նահանգապետ Նակաշիձէի հովանաւորութեամբ թուրք հրոսակախումբերը սկսան հայերու ջարդել ու կողոպտել: Հայերը անցան ինքնապաշտպանութեան եւ ջարդեցին հրոսակները: Այս գործին մէջ Ն. Դուման հայդուկապետը մեծ դեր ունեցաւ, ինչպէս նաեւ Դրօն, որ սպաննեց Նակաշիձէն: Կոտորածներու ալիքը հասաւ Շուշի ու Ղարաբաղի շրջանները: Դաշնակցութիւնը կանխազգալով վտանգը, բոլոր կողմերը պաշտպանութեան միջոցներ ձեռնարկեց:
1918ի սկիզբները Շուշիի մէջ ստեղծուեցաւ հայ կուսակցութիւններու եւ կազմակերպութիւններու մէջ կուսակցական բիւրօ, որ ձեռնամուխ եղաւ ինքնապաշտպանութեան կազմակերպման: Կապի մէջ մտան Շուշիի թաթարներու հետ, ստեղծեցին ազգամիջեան մարմին մը ընդհարումներէն խուսափելու համար: Թուրք-թաթար մուսուլմանութիւնը ամէն տեղ արագ զինուած էր: 1918 Յունուարին անոնք Շամքոր կայարանին մէջ զինաթափեցին թուրքական ճակատէն Ռուսաստան վերադարձող զօրամասին, վերցուցին ամբողջ զէնքն ու զինամթերքը, իսկ անոնց կոտորեցին: Տուն վերադարձաւ նաեւ Շուշիի մէջ գտնուող ռուսական զօրամասը, հայերը խնդրեցին որ անինք գոնէ զէնքը իրենց տան, մերժեցին, տուին թուրքերուն: 1918 Մայիսին Պաթումի մէջ Թուրքիոյ եւ Այսրկովկասեան երեք ժողովուրդներու՝ հայերու, վրացիներու եւ թաթարներուներկայացուցիչներու միջեւ բանակցութիւններ եղան: Որոշուեցաւ որ այդ 3 ժողովուրդները անկախ հանրապետութիւններ ստեղծեն:
1918 Մայիս 22-26ը հայերը գոյատեւման ճակատագրական կռիւներ մղեցին թրքական բանակին դէմ Սարդարապատի մէջ: Այդ յաղթական կռուի մէջ անօրինակ սխրանքներ կատարեցին արցախցիները: Կամաւորներու գունդը, որ ձեւաւորուած էր Թիֆլիսի մէջ եւ ճամբայ ելած Ղարաբաղի ինքնապաշտպանութեան օգնելու, անոր փոխարէն մասնակից դարձաւ ազգի փրկութեան ճակատամարտին ու երեւի թէ որոշիչ դեր ունեցաւ: Անոնք միացան ճակատամարտի կեդրոնին մէջ գործոցղ, դարձեալ հիմնականին մէջ ղարաբաղցիներէն կազմուած 5րդ գունդին, Վանի պաշտպանբւթենէն յայտնի Պօղոս բէկ Փիրումեանի հրամանատարութեամբ: Ըսենք նաեւ որ ճակատամարտի ընդհանուր հրամանատարն ալ անոր հօրեղբոր որդին էր, դարձեալ ղարաբաղցի: Մայիսի վերջաւորութեան ստեղծուեցան յիշեալ երեք հանրապետութիւնները եւ Ատրպէյճանը տենդագին քայլերու ձեռնարկեց Արցախին տիրելու համար: Իսկ այստեղ 1918 Յուլիս 16ին վերացուեցաւ միջկուսակցական բիւրօն, ստեղծուեցաւ կոմիսարներու (նախարարներու) խորհուրդը, նոյն ամսուն 22-24ին տեղի ունեցաւ Ղարաբաղի հայերու առաջին համագումարը, որուն հրաւիրուած էին ու մասնակցեցան մէկական ներկայացուցիչ ամէն գիւղերէ: Գետաշէնի պատուիրակը կը պահանջէ, որ աչքաթող չըլլան հիւսիսային Արցախի գիւղերը Կիւլիստանէն մինչեւ Գետաշէնի ենթաշրջանը: Կը կազմուի ժողովրդական կառավարութիւն՝ բաղկացած 7 հոգիէ, նախգահ եւ ներքին ու արտաքին գործերու կառավարիչ՝ Եղիշէ Իշխանեան: 1918ի վերջաւորութեան Աղ Աշխարհամարտին պարտուած Թուրքիան պարտաւոր էր զօրքը ետ քաշել Անդրկովկասէն: Զօրքը գնաց, իսկ զօրապետները մնացին հայերուն դէմ կռիւը կազմակերպելու: 1919 Յունուար 15ին անգլիական դիւանակիտական ու ռազմական ներկայացուցիչ՝ զօրաւար Թոմսընի աջակցութեամբ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը Արցախի ու Զանգեզուրի նահանգապեդ կը նշանակէ Սուլթանով, որ երիտ թուրքերու գործակալն եւ հայկական ջարդերու ծանօթ կազմակերպիչ մըն էր:
1920 Ապրիլին Հայաստանէն Արցախ հասաւ զէնք, զինամթերք եւ դրամ, եկաւ նաեւ Դրօն եւ փոքխ ջոկատով սկսաւ գործել Վարանդայի մէջ: Յետոյ եկաւ Նժդեհ, որ հաստատուեցաւ Դիզակի մէջ: Փորձեց կազմակերպել եւ կաժավարել շրջանը, ստեղծուեցաւ Արցախի վարիչներու խորհուրդ Ասլան Շահնազարեանի գլխաւորութեամբ: Զօրահաւաք կազմակերպուեցաւ, Հայաստանէն եկած ներկայացուցիչները սկսան գործել նաեւ հիւսիսային գաւառներուն մէջ, դարձեալ համագումար կազմակերպուեցաւ երկու հատուածներուն մէջ, որոնք առանձին-առանձին մերժեցին Ատրպէյճանը եւ որոշեցին Հայաստանին միանալ: Այդ ընթացքին , 1920 Ապրիլ 28ին Ատրպէյճանի մէջ համայնավարական կարգեր հաստատուեցան, նոյն Սուլաթանովը այս անգամ դարձաւ համայնավար, Արցախը յայտարարեց խորհրդային եւ Շուշիի մէջ կազմեց համայնավար իշխանութեան ղեկավար մարմին, որու նախագահը եղաւ ինք: