Home / Ա / Նիւթեր / Աշխարահագրական / ՀԱՄՇԷՆԱՀԱՅԵՐ

ՀԱՄՇԷՆԱՀԱՅԵՐ

ՀԱՄՇԷՆԱՀԱՅԵՐ

 

Համշէնահայերը մինչեւ  19-րդ դարի  90-ական թուականները հիմնականօրէն բնակած են Թուրքիայի Սամսոն քաղաքէն մինչեւՊ աթում ընկած ծովափնեայ ընդարձակ տարածքներու վրայ:Պատմիչ Ղեւոնդի վկայութեամբ 788 թ. Մեծ Հայքի Կոտայքի եւ Արագածոտոն գաւառներէն մօտ 12000 մարդ չդիմանալով Արաբական իշախանութեան ճնշումներուն, Շապուհ Ամատոնիի եւ անոր որդին՝ Համամի գլխաւորութեամբ կը հեռանան Հայաստանէն եւ կը հաստատուին Բիւզանդական կայսրութեան մաս կազմող Պոնտոսի տարածաշրջանի մէջ: Յետագայ դարերուն անոնց թիւը կ՛աւելնայ քաղաքական եւ տնտեսական ճնշումներու հետեւանքով Հայաստանի տարբեր գաւառներէն արատագաղթածներուն  հաշւուն:

Բիւզանդեայի կայսրը Կոստանտինը սիրով կ՛ընդունի հայերուն, կը բնակեցնէ բարեբեր հողերու մէջ, իսկ հայ նախարարներուն կը նուիրէ Տամբուր քաղաքը, որը կարճ ժամանկամիջոցին պատերազմի հետեւանքով կ՛աւերուի:  Համամ Ամատոնի կը վերանորոգ է Տամբուր քաղաքը եւ իր անունով կը կոչէ Համամաշէն (այստեղէնալ՝ Համշէն):

Համամ Ամատունի հիմնադրած իշախանութիւնը գոյատեւեց ուղիղ 7 դար եւ կործանուեցաւ 1489 թ.: Այն Բիւզանդական, յետագային 13-րդ դարի Պոնտական կայսրութեան կազմի մէջ ունէր կիսանկախ դրութիւն: Օսմանական կայսրութեան ստեղծուելէ կարճ ժամանակ ետք հայերու եւ քրիստոնեայ միւս ազգութիւններու նկատմամբ սկսաւ գործադրուիլ կրօնական եւ ազգային անհանդուրժողութեան քաղաքականութիւն: Թէեւ Համշէնի իշխանութիւնը բաւականին հզօր էր, իսկ ժողովուրդը քաջ եւ ազատատենչ, բայց հասկնալի է, որ Օսմանեան հզօր կայսրութեան մի քանի դար տեւած ճնշումներուն ու հալածանքներուն չէր կրնար դիմադրել:Համշէնահայերու դիմադրութեան պատմութենէն յայտնի են բազմաթիւ հերոսական էջեր, սակայն յաճախ կ՛աւարտու էին անոնց պարտութեամբ, բռնի մահմէտականացմամբ ու կոտորածներով:

Այս քաղաքականութիւնը վճռական փուլ մտաւ 18- րդ դարի սկիզբներուն, Համշէնահայերը խուսափելով կոտորածներէն կը սփռուէին Սեւ Ծովի ափով մէկ:

Դիմադրութեան ամէնահզօր միջոցներն էին լեզուի, կրօնի, մշակոյթի, սովորութիւններու, ծէսերու պահպանումը ու խառն ամուսնութիւններէ խուսափիլը:

Տրապիզոն նահանգը մինչեւ 1915 թ. որոշ տուեալներու համաձայն կը հաշւուէր 100  հազարէն աւելի քրիստոնեայ հայ, իսկ իսլամացածներու թիւը աւելի մեծ էր: Վերջիններս արդէն շատ հեռացած էին քրիստոնէութիւն է ու եկեղեցի է, բայց կը գիտակց էին իրենց ազգային պատկանելիութիւնը, հիմնականին մէջ  հայախօս էին  եւ իրենց կ՛անուան էին Հեմշիլ՝ մատնանշելով հայկական ծագումը:Հայկական էին նաեւ բնակավայրերու մեծ մասի անուններն ու այլ տեղանունները:

19-րդ դարի 60-70 ական թուականներուն սկսած էր քրիստոնեայ համշէնահայերու արտագաղթը դէպի Ռուսականի կայսրութեան ծովափեայ շրջանները՝  յատկապէս Կրասնոտարի մարզ եւ Աբխազիա:

Ի դէպ՝ Ցեղասպանութեան զոհ գացածեն նաեւ մահմետական հայերը, քանի որ անոնց մէկ մասը հայախօս էին:

 

Այպիսով կարելի է արձանագրել, որ բռնի իսլամացումի երկարատեւ եւ հետեւողական քաղաքականութեան, հալածանքներու ու ցեղասպանութեան հետեւանքով համշէնահայութիւնը  բաժնուեցաւ երկու մեծ խումբերու.

1-Թուրքիայի Պոնտական ափին բնակող իսլամացած համշէնահայեր(Հէմշիլ).
            2-Սեւ ծովի աբխազական եւ ռուսական ափին բնակող քրիստոնեայ համշէնահայեր:

Համշէնահայերը ըստ բնակութեան վայրերու, դաւանանքի եւ լեզուի, այսօր կը բաժնուին 3 հիմնական խումբերու, որը հիմնաւորուած է.

ա) Արեւմտեան համշէնահայեր- կ՛ապրին թրքական Սամսոն,Օրդու, Կիպասոն, Տրապիզոն, Ռիզէի նահանգներու մէջ: Թրքախօս են: Կը դաւան են Սուննի իսլամը:

բ)Արեւելեան համշէնահայեր- կը բնակին Արդուինի նահանգի, յատկապէս Խոբա քաղաքի եւ մերձակայ գիւղերու մէջ: Հայախօս են, պահպանած  են համշէնի բարբառը: կը դաւան են Սուննի իսլամը:

գ)Հիւսիւսային համշէնահայեր- Զանգուածաբար կը բնակին Աբխազեայի եւ Ռուսաստանի Կրասնոտար երկրամասի մէջ , կը խօսին համշէնի բարբառը, կը տիրապետ են ռուսերէնը, մեծ մասը՝ նաեւ գրական արեւելահայերէնը: Քրիստոնեայ են  Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հետեւորդ:

Համշէնահայերու համայնքներ կան նաեւ Ամերիկայի ու եւրոպայ  քանի մը երկիրներու մէջ: Վերջին տասնամեակներուն թուրքիայէն արտագաղթած իսլամացած  համշէնահայերը  նոր համայնքներ ձեւաւորեցին  եւորապական երկիրներու մէջ, որոնցմէ ամէնա մեծը Գերմանիայի մէջ է:

Համշէնահայերու թուի վերաբերեալ հետազօտղներու կողմէ յայտնուած են տարբեր կարծիքներ, որոնցմէ ոչ մէկնալ, յստակ հաշուարկներու վրայ չէ հիմնուած:

Ըստ ԱլիԷ Ալթիի*  թուրքիայի մէջ կը բնակի աւելի քան մէկ միլիոն իսլամացած համշէնահայ:

Հեմշիլներ կը բնակին նաեւ Միջին Ասիայի եւ Ռուսաստանի մէջ: ընդհանուր թիւը մօտ 5 հազարէ:

Աբխազիայի բնակուող համշէնահայերու թիւը 65-75 հազար է:

Իսկ Ռուսաստանի մէջ գտնուող համշէնահայերու թիւը 300-400 հազարի միջեւ է:

Հայաստանի ճշդուած տուեալներով կ՛ապրին 5000 համշէնահայեր:

Այս տուեալներով համշէնահայերու ընդհանուր թիւը մօտ մէկ ու կէս միլիոն է, որը բնականաբար չարտացոլեր իրական վիճակը:

Հեմշիլները թէեւ զգալի չափով կը գտնուին թրքական մշակոյթի ազդեցութեան տակ, բայծ հիմնականին մէջ պահած են ազգային ծէսերը, սովորութիւնները, երգն ու երաժշատութիւնը, պարերը, կենցաղավարութեան շատ իւրայատկութիւններ,  շատեր նաեւ մայրենի բարբա: Հատկանշական է, որ կը խուսափին խառն ասմուսնութիւններէն եւ օտար գերեզմանատուներու մէջ թաղումներէն:

*Ալի Ալթիէ – Համշէնահայէ ծնած է Ռիզէ քաղաքի մէջ, աւարտած է  ՖրանկՖորտի համալսարանէն: Մկրտուելէ յետոյ ընդունած է նախնիներու ազգանունը՝ (Ալիս Կոստանեան): Գերմաներէն լեզուով արժէքաւոր աշխատութիւն մը հրատարակած է իսլամացած համշէնահայերու մասին, որը թարգմանուած է նաեւ յունարէնի:

                                                                       

            Նանոր Կարապետեան

zp8497586rq

About talar

Check Also

ՍԻՍ

Սիսը Դաշտային Կիլիկիոյ քաղաքներէն է: Անունը սեմական ծագում ունի եւ արամերէն կը նշանակէ քահանայ, կրօնաւորների …