ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ 19-ՐԴ ԴԱՐՈՒ ԱՌԱՋԻՆ ԿԻՍՈՒՆ
Ա.Իրադարձութիւնը Հայաստանի եւ Անդրկովկասի մէջ 19րդ դարու սկիզբը
Հայ ժողովուրդի ծանր դրութիւնը.- Հայ ժողովուրդը ոտք դրաւ 19րդ դար՝ զրկուած ազատ ու անկախ ապրելու հնարաւորութենէն: Մեր երկիրը կը գտնուէր շահական Պարսկաստանի եւ սուլթանական Թուրքիոյ տիրապետութեան տակ:
Արեւելեան Հայաստանի հիմնական մասը ընդգրկուած էր Երեւանի, Նախիջեւանի եւ Ղարաբաղի խանութիւններու մէջ, իսկ Հիւսիսային որոշ շրջաններ ընդգրկուած էին Վրացական թագաւորութեան կազմին մէջ: Երեւանի խանութիւնը, որպէս խոշոր եւ սահմանային վարչական միաւոր, անուանուած էր նաեւ սարդարութիւն (կուսակալութիւն), իսկ անոր խանը՝ սարդար: Խանութիւնը բաժնուած էր 15 շրջաններու (մահալներու)՝ Զանգիբասարի, Սուրմալուի, Սարդարապետի, Թալինի, Ապարանի եւ այլն: Խանութեան գլուխ կանգնած էր խանի կողմէ նշանակուած խանը: Մահալները կը կառավարէին շահի կողմէ նշանակուած միրբուլուքները, իսկ գիւղերը՝ գիւղապետները: Քաղաքներու կառավարիչները կը կոչուէին քալանթարներ:
Արեւմտեան Հայաստանի հիմնական մասը ընդգրկուած էր Կարսի, Ախալցխայի, Էրզրումի, Վանի, Տիգրանակերտի (Տիարպէքիր), Սեբաստիոյ փաշայութիւններու (վիլայէթներ) մէջ: Փաշայութիւնները բաժնուած էին գաւառներու (սանճաք), իսկ վերջիններս՝ գիւղերու:
Օսմանեան Թուրքիան եւ շահական Պարսկաստանը աւատապետական յետամնաց երկիրներ էին: Ներքին խժդժութիւնները, կամայականութիւններն ու բռնութիւնները այդ պետութիւններու անբաժան ուղեկիցներն էին: Ինչպէս սուլթանն ու շահը ամբողջ երկրի մէջ, այնպէս ալ փաշաներն ու խաները իրենց վարչական տարածներու մէջ միահեծան իշխողներ էին:
Թուրքիոյ եւ Պարսկաստանի տնտեսութիւնը կը գտնուէր յետամնաց վիճակի մէջ: Տնտեսութեան հիմնական ճիւղը՝ գիւղատնտեսութիւնը՝ խիստ ցած մակարդակի վրայ էր:
Ծանր է գիւղացիութեան դրութիւնը: Աշխատող զանգուածներու շահագործումը կատարուած էր գլխաւորապէս հարկահանութեամբ: Հարկերը կը գանձուէին հողէն, ջուրէն եւ արօտավայրերէն օգտուելու համար: Տասնհինգ տարեկանէն բարձր իւրաքանչիւր տղամարդ գլխահարկ կու տար, ամէն մէկ ընտանիք՝ ծխահարկ: Բազմաթիւ հարկեր կը վճարէին նաեւ արհեստաւորներն ու արուեստականները: Գիւղացիները կը վճարէին բնամթերքով, իսկ առեւտար-արհեստաւորական դասը՝ դրամով: Անոնք պարտաւոր էին վար ու ցանք ընել տիրոջ համար, մասնակցիլ անոր տուներու, բերդերու, պարիսպներու կառուցման, ճանապարհներու եւ առուներու շինարարութեան եւ այլն: «Երեւանի խանութեան գիւղացիները ,- գրած է Խաչատուր Աբովեանը,- կուռ ու բեգարի տակ չորցած, չոփ դարձած էին»:
Պարսիկ խաներու, յատկապէս թուրք փաշաներու տիրապետութեան տակ ուրիշ ժողովուրդներու շարքին ծանր իրաւական պայմաններու մէջ կը գտնուէր նաեւ հայ ժողովուրդը: Ան զուրկ էր կեանքի ու գոյքի ապահովութենէ, երկրի քաղաքացիի տարրական իրավիճակներէն: Հայ ժողովուրդը ռայա էր, այսինքն՝ հպատակ, իրաւազուրկ շերտ: Տնտեսական հարստահրութիւններէն զատ ան ենթարկուած էր նաեւ ազգային, կրօնական հալածանքներու: Անոր վկայութիւնը չէր ընդունած դատարանի մէջ, ան իրաւունք չունէր ձի հեծնել, զէնք կրել եւ մահմետականի առջեւ պարտաւոր էր գլուխ խոնարհիլ, հագուստով տարբեր ըլլալ անոնցմէ: Իր ազգային ծագման ու դաւանանքի համար ան կը վճարէր յատուկ հարկեր, որոնցմէ գլխաւորը խարաջ կը կոչուէր: Հայ ժողովուրդը կը կրէր բարոյահոգեբանական ծանր հարուածներ, վիրաւուրուած էր անոր ազգային արժանապատուութիւնն ու նուիրական զգացումները:
Այդ ամէնը կը ստեղծէր ու կը խթանէր թրքական եւ պարսկական դաժան լուծը թօթափելու ձգտումը:
Ռազմաքաղաքական իրադարձութիւնը.- 19-րդ դարու սկիզբները բարդ իրադարձութիւն կը ստեղծուէր Անդրկովկասի մէջ: Երկրամասի ժողովուրդները կը ձգտէին թօթափել թրքական եւ պարսկական տիրապետութիւնը: Ռուսիան կը ջանար գրաւել եւ իր կայսրութեան միացնել Անդրկովկասը: Ան, յանձինս վրացիներու եւ հայերու, իր քաղաքականութիւնը իրականացնելու համակիրներ կը ստեղծէր:
1801 թ. խաղաղ ճանապարհով Արեւելեան Վրաստանը միացաւ Ռուսիոյ: Վրաստանի հետ Ռուսիոյ տիրապետութեան տակ անցան նաեւ հայակական շարք մը շրջաններ՝ Լոռի-Փամբակը, Ղազախը եւ Շամշադինը:
Ռուսիոյ՝ դէպի Հարաւ ծաւալուիլը եւ Անդրկովկասի մէջ ամրանալը բուռն ընդվզում յառաջացուց երկու հակամարտ պետութիւններու՝ Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի կողմէն: Անոնք կը ձգտէին Պարսկաստանն ու Թուրքիա հրահրել Ռուսիոյ դէմ եւ կանխել վերջինիս յառաջխաղացումը: Ֆրանսան եւ Անգլիան միակամ էին Ռուսիան Անդրկոկասէն վտարելու մտադրութեան մէջ: Գլխաւորապէս անոնց վարած քաղաքականութեան հետեւանքով 1804 թ. սկսաւ ռուս-պարսկական պատերազմը:
Ռազմական գործողութիւները կ՛ընթանային յօգուտ Ռուսիոյ:
1805-1806 թթ. Ռուսական զօրքը գրաւած էր Ղարաբաղի Շաքիի, Շիրուանի, Պաքուի խանութիւնները: Կոտրելով հակառակորդի դիմադրութիւնը՝ 1808 թ. ռուսերը երկրորդ անգամ ըլլալով կը պաշարեն Երեւանի բերդը: Բերդը ամրացած էր ֆրանսական ռազմական մասնագէտներու ղեկավարութեամբ եւ ամուր պաշտպանուած էր: Քանի մը անյաջող գրոհներէն յետոյ ռուսական զօրքի հրամանատար՝ Գուդովիչը, դադրեցուցած էր պաշարումը եւ վերադարձած Վրաստան:
1812 թ. հայրենական պատերազմին Ռուսիոյ յաղթանակը նպաստեց ռուս-պարսկական պատերազմի յաջող աւարտին: Ռուսերը պարսից թագաժառանգ Աբբաս-Միրզայի դէմ Ասլանդուզի, Լենքորանի եւ Մեղրիի ճակատամարտերուն վճռական յաղթանակներ տարին:
1813 թ. Հոկտեմբերի 12ին Ղարաբաղի Կիւլիստան գիւղին մէջ կնքուեցաւ ռուս-պարսկական հաշտութեան պայմանագիրը: Այդ պայմանագրի համաձայն Շիրակը, Լոռին, Ղազախը, Շամշադինը, Զանգեզուրը, Ղափանը եւ Ղարաբաղը անցան Ռուսիոյ տիրապետութեան տակ:
Ռուս-թրքական առաջին պատերազմը.-Ռուս-պարսկական առաջին պատերազմը կը շարունակուէր, երբ Նաբոլէոն կայսեր դրդումով 1806 թ. Թուրքիան պատերազմ սկսաւ Ռուսիոյ դէմ: Օգտուելով թուական գերակշռութէնէ՝ թրքական զօրքերը Կարսի, Ախալքալաքի եւ Ախալցխայի ուղղութեամբ յաջող յարձակումներ կատարեցին: Դժուար կացութիւն ստեղծուած էր ռուսական փոքրաքանակ զօրքերու եւ տեղի բնակչութեան համար: 1807 թ. ամրան թրքական զօրքերը գլխաւոր հրամանատար Եուսուֆ փաշայի գլխաւորութեամբ քանի մը անգամ յարձակումի դիմեցին, բայց յաջողութեան չհասան: Գլխաւոր ճակատամարտը տեղի ունեցած է 1807թ. Յունիսին Կիւմրիի մօտ: Երկու կողմերն ալ 7 ժամ շարունակ լարուած մարտեր մղեցին: Թուրքերը թէպէտ թուական գերակշռութիւն ունէին, բայց չդիմանալով հակառակորդի հարուածներուն, խուճապահար փախան դէպի Կարս: Անոնք մարտի դաշտին վրայ ձգեցին աւելի քան 1000 սպանուած, իսկ Եուսուֆ փաշան հազիւ փրկուեցաւ գերի իյնալէ:
Աննշան իրադարձութիւններով պատերազմը ձգձգուեցաւ եւ միայն 1812թ. Պուխարեստի մէջ հաշտութիւն կնքուեցաւ, որով Բեսարաբիան եւ Աբխազիան անցան Ռուսիոյ, իսկ գրաւուած միւս տարածքները վերադարձուեցան Թուրքիայէն: Պայմանագրի կնքման աջակցեցաւ Մոլտովիայի մէջ բնակող հայազգի նշանաւոր գործիչ Մանուկ պէյը, որու առանձնատան մէջ ստորագրուեցաւ պայմանագիրը:
Բ.-Ռուս-պարսկական 1826-1828 թթ. պատերազմը եւ Արեւելեան Հայաստանի միացումը Ռուսիոյ
Պատերազմի առաջին փուլ.- Պարսկաստանը չէր հաշտուած Անդրկովկասի իր տարածքները Ռուսիոյ անցնելու իրողութեան հետ: Անգլիոյ դրդումով ան ձգտած էր վերադարձնել կորսուած տարածքները: Միւս կողմէ՝ Ռուսիան կը ջանար գրաւել նաեւ Հայաստանը եւ աւելի ամրապնդել դիրքերը Անդրկովկասի եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ:
Դեկաբրիստներու ապստամբութիւններէն յետոյ անգլիական գործակալները լուրեր կը տարածէին, թէ Ռուսիոյ մէջ գահակալական կռիւներ ու խառնակութիւն սկսած է: Անոնք շահին համոզած էին, որ զօրքը ապստամբած է, չ՛ենթարկուիր թագաւորին, ուստի ամենայարմար ժամանակն է ռուսերուն Անդրկովկասէն վտարելու, կորսուած տարածքները ետ վերադարձնելու համար:
Պարսկական 60 հազարնոց բանակը թագաժառանգ Ապպաս-Միրզայի գլխաւորութեամբ 1826 թ. Յուլիսին, խախտելով Կիւլիստանի պայմանագիրը, ներխուժեց Ռուսիոյ սահմանները: Երեւանի Յուսէյին խանի զօրքերը յանկարծակի յարձակումով ներխուժեցին Շիրակի եւ Փամբակի սահմանները: Սկսաւ ռուս-պարսկական երկրորդ պատերազմը: Պարսկական բանակի անսպասելի յարձակումը ծանր դրութիւն ստեղծեց ռուսական փոքրաքանակ զօրամասերու եւ սահմանամերձ բնակչութեան համար:
Պարսկական զօրքերը Յուլիսի վերջը պաշարեցին Ղարաբաղի Շուշիի բերդը: Բերդի 1700 հոգինոց կայազօրը եւ այնտեղ ապաստանած շրջակայ գիւղերու բնակիչները դիմեցին ինքնապաշտպանութեան: Պարսիկները անգլիական մասնագէտներու գլխաւորութեամբ ականապատեցին բերդի պարիսպները եւ քանի մը անգամ գրոհեցին, բայց յաջողութեան չհասան:
Բերդի կայազօրի պետ՝ գնդապետ Ռեուտի գլխաւորութեամբ, ռուս զինուորները եւ հայերը տոկունութեամբ դիմադրեցին: Պատշպանական մարտերու մասնակից Լազարեանը, նշելով, որ հայերը հացահատիկի իրենց ամբողջ պաշարը նուիրեցին պաշտպաններուն, աւելցուցած է. «Կը յիշեմ նոյնպէս, թէ ինչպէս մեր հայերը գիշերները իրենց ուսերուն վրայ տարած էին հացահատիկներու ծանր պարկերը Շուշի գիւղի ջրաղացները, ուր իւզպաշի եղբայրներ Սաֆար եւ Ռոստոմ Թարխանեանները արագ աղած էին հացահատիկները եւ ուրիշի հետ ուղարկած էին բերդ: Առանց այդ օգնութեան կայազօրը երբեք չէր կրնար տանիլ վեց շաբթուայ պաշարումը: Ապպաս-Միրզան քանի ոը անգամ փորձեց վերցնել իրեն համար ատելի այդ ջրաղացները, բայց անոր բոլոր փորձերը փշրուեցան՝ զարնուելով հայերու հերոսական դիմադրութեան, որոնց առաջնորդած էին Թարխանեան եղբայրները»: Ղարաբաղի հայերը, իրենց նախնիներու աւանդներուն հաւատարիմ, հերոսաբար պաշտպանած էին հայերու հողը:
Շուշիի 47 օր տեւած պաշտպանութիւնը նկատելիօրէն ձախողցուց թշնամիի՝ Թիֆլիսի վրայ յարձակելու ռազմական ծրագիրը:
Հայաստանի տարբեր շրջաններու մէջ ձեւաւորուած էին կամաւորական ջոկատներ, որոնք խիզախօրէն մարտնչած էին թշնամիի դէմ: Լոռի-Փամբակի մէջ քաջաբար կռուած էր Մարտիրոս Վեքիլեանի ջոկատը, իսկ Ղազախ-Շամշադինի եւ Դիլիջանի մէջ հակառակորդի դէմ սրընթաց գրոհներ կատարած էր վարդապետ Գրիգոր Մանուչարեանի հեծեալ ջոկատը: Ան պատերազմական համարձակ յարձակումներով գերութենէ ազատեց հարիւրաւոր ընտանիքներ:
Հայազգի նշանաւոր կեներալ Վ.Մադաթովի երկու հազարնոց զօրաջոկատը 1828 թ. Սեպտեմբերի 3ին, Շամխորի մօտ ծանր պարտութեան մատնեց Ապպաս-Միրզայի տասը հազարնոց զօրամասը: Նոյն ամսուն Գանձակի ճակատամարտին մէջ ռուսական զօրքերը նոր յաղթանակ տարին: Հետապնդելով թշնամիին՝ անոնք Հոկտեմբերին ազատագրեցին ամբողջ Ղարաբաղը:
Այսպիսով, 1826 թ. ամրան պարսիկներու ունեցած յաջողութիւնները կարճատեւ եղան: Նոյն տարուայ աշնան ռուսական զօրքերը տեղի բնակչութեան աջակցութեամբ պաշտպանութենէ անցան յարձակման եւ թշնամիին դուրս քշեցին ռուսական սահմաններէն: Այսպիսով աւարտեցաւ պատերազմի առաջին փուլը:
Ռազմական գործողութիւնները 1827 թ. Երեւանի գրաւումը.- 1827 թ. գարնան Երմոլովին փոխարինած կեներալ Պասկեւիչի գլխաւորութեամբ վերսկսան պատերազմական գործողութիւնները: Ապրիլին սկիզբը ռուսական բանակի առաջապահ զօրամասը շարժեցաւ դէպի Երեւան եւ նոյն ամսուան կէսերուն առանց դիմադրութեան գրաւեց Էջմիածինը: Շուտով անձնատուր եղաւ նաեւ Նախիջեւանի խանը: Արաքսի ափին գտնուող Աբասաբադ բերդը գրաւելու համար կատաղի մարտերու մէջ պարսիկները ջախջախիչ պարտութիւն կրեցին:
Երբ կեներալ Կրասովսկին իր զինուորներուն ամրան շոգերէն պատսպարելու համար հանգիստ տուած էր Արագածի լանջերուն, Ապպաս-Միրզան երեսուն հազարնոց զօրքով յանկարծակի յարձակեցաւ Էջմիածնի վրայ: Օգոստոսի 17ին Օշական գիւղի մօտ տեղի ունեցաւ արիւնահեղ ճակատամարտ Կրասովսկիի փոքրիկ զօրամասի եւ թիւով տասը անգամ գերազանցող պարսկական զօրքերուն միջեւ:
Ռուս զինուորները եւ անոնց շարքերուն մէջ մարտնչող հայ կամաւորները բացառիկ խիզախութեան եւ ծանր կորուստներու գնով կրցան փրկել Էջմիածինը թշնամու ձեռքը իյնալէ եւ աւերումէ: Ճակատամարտին մէջ զօհուած ռուս զինուորներու յիշատակը յաւերժացնելու համար Օշականէն Էջմիածին տանող ճանապարհի վրայ յուշարձան կառուցուեցաւ, որ կանգնած է մինչեւ օրս:
Ռուսերը յաջողեցան առանց կորուստներու գրաւել պարսկական կարեւոր ամրութիւններէն մէկը՝ Սարդարապատը: Անոնցմէ ետք ռուսական զօրքերը շարժեցան եւ պաշարեցին Երեւանը: Երեւանի բերդը կառուցուած էր քաղաքի հարաւային ծայրամասը՝ Հրազդան գետի բարձր ու ժայռոտ ափին: Ան երեք կողմէ շրջափակուած էր երկշարք պարիսպներով: Բերդի շուրջը փորուած էին մեծ փոսեր, որոնք լեցուած էին ջուրով: Այն ամրացուած էր եւրոպացի ռազմական մասնագէտներու ղեկավարութեամբ: Համան խանը այս անգամ եւս հրաժարած էր յանձնել բերդը: Պասկեւիչը հրամայած է գրոհով վերցնել այդ: Ռուսական պաշարողական հրանօթները օր ու գիշեր ռմբակոծած են բերդը: «Հինգ օր, հինգ գիշեր, սար ու ձոր դմբած, դմբդմբած էր: Էնքան թոփի գիւլլաէր գլխուն ու սրտին դպած, հովին բերանը հասած»,- գրած է այդ դէպքերու ժամանակակից Խ.Աբովեանը: 1827 թ. Հոկտեմբերի 1ին ռուսական զօրքերը մտան բերդ: Ինկաւ պարսկական ամենաամուր ու վերջին յենակէտը Հայաստանի մէջ: Գերի վերցուեցան բերդի երեք հազարնոց կայազօրը եւ Հասան խանը: Գրաւեցին 100 թնդանօթ եւ մեծ քանակութեամբ զէնք ու զինամթերք:
Երեւանի գրաւման համար Պասկեւիչը ստացաւ «Կոմս Էրիւանսկի» տիտղոսը: Ռուսերէն եւ հայերէն շատերը պարգեւատրուեցան «Երեւանի բերդի գրաւումը» մետալով:
Երեւանի գրաւումը ոչ միայն ռազմական, այլեւ քաղաքական խոշոր նշանակութեան իրադարձութիւն էր: Անոր հետ կապուած էր հայ ժողովուրդի լաւ ապագայի յոյսերը: Երեւանի ազատգրման լուրը ուրախութեամբ ընդունեց ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ հայկական գաղութներու բնակչութիւնը:
Պատերազմին մեծ էր ժամանակաշրջանի նշանաւոր գործիչ, վիրահայոց հոգեւոր առաջնորդ՝ Ներսէս Աշտարակեցիի դերը, որ սրտառուչ կոչելով կը ոգեշնչէր հայրենակիցները: «Հասաւ ժամը,- գրած էր ան,- երբ աչքով պիտի տեսնենք Արարատեան աշխարհի եւ հայոց ազգի ազատագրութիւնը…, ոտքի՛ կանգնէք հայո՛ց քաջեր, թօթափեցէ՛ք պարսից լուծը, ուրախացուցէ՛ք ալեզարդ Մասիսը, մէկ անգամ արիւնով ներկեցէ՛ք հայրենի հողը, եւ ապա ապրեցէ՛ք ազատ»:
Պատերազմին աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցան հայ կամաւորները եւ դեկաբիստները: 1827թ. գարնան Ներսէս Աշտարակեցիի եւ Յարութիւն Ալամդրեանի գլխաւորութեամբ, Թիֆլիսի մէջ կազմակերպուեցան կամաւորական ջոկատներ, որոնք ռուսական զօրամասերու հետ մասնակցեցան ռազմական գործողութիւններուն: 1827թ. Մարտին Թիֆլիսի մէջ կազմակերպուեցաւ 117 հոգիէ բաղկացած հայ կամաւորներու առաջին ջոկատը: Մայիս ամսուն քաղաքի այդ ջոկատներուն ցուցակագրուած էին շուրջ 600 կամաւորներ: Երեւանեան արշաւանքի ժամանակ կամաւորներու շարքերը համալրուեցան հասնելով աւելի քան 1000 հոգիի:
Պատերազմական գործողութիւններուն գործուն մասնակցութիւն ունեցան Կովկաս աքսորուած դեկաբրիստները: Անոնցմէ 70 սպաներ եւ 3000 շարքայիններ մասնակցեցան ռազմական գործողութիւններուն: Աչքի ինկող դեկաբրիստներէն էին՝ Ե.Լաչինովը, Մ. Պուշչինը, Դ.Դաւիդովը, Ի.Բուրցովը, Ն.Օրժիցկին եւ շատ ուրիշներ: Դեկաբրիստ սպաներու ռազմական խոր գիտելիքները, շարքայիններու փորձն ու մարտունակութիւնը էական նշանակութիւն ունեցան յաղթանակի գործին մէջ:
Թուքմենչայի պայմանագիրը.- Երեւանը ազատագրելէ ետք կը սպասուէր, որ պարսիկները հաշտութիւն կը կնքեն, բայց այդ տեղի չունեցաւ: Ռուսական զօրքերը շարունակեցին յարձակումը եւ հետապնդելով բարոյալքուած թշնամիին, գրաւեցին Թաւրիզը, ապա՝ Խոյի, Սալմաստի գաւառները ու շարք մը այլ քաղաքներ: Պարսիկները հաշտութիւն խնդրեցին, որ ընդունուեցաւ ռուսական կառավարութեան կողմէ: Թաւրիզէն Թեհրան տանող ճանապարհի վրայ գտնուող Թուրքմենչայ գիւղին մէջ 1828թ. Փետրուարի 10ին կնքուեցաւ հաշտութեան պայմանագիր: Այդպիսով աւարտեցաւ ռուս-պարսկական պատերազմը եւ այլեւս ոչ մէկ պատերազմ տիղի չունեցաւ երկու հարեւան երկիրներու միջեւ:
Թուրքմենչայի պայմնագրով Արեւելեան Հայաստանի Երեւանի եւ Նախիջեւանի խանութիւնները եւ Օրդուբադիի գաւառը անցան Ռուսիոյ տիրապետութեան տակ: Երկու երկիրներու ռազմագերիներու թուլատրուեցաւ վերադառնալ հայրենիք: Պասկաստանի տիրապետութեան տակ մնացած հայերուն իրաւունք տրուեցաւ գաղթել եւ բնակութիւն հաստատել Հայաստանի մէջ: Պարսկաստանը պարտաւորուած էր վճարել քառասուն միլիոն ռուբլի ռազմատուգանք: Երկու երկիրներու միջեւ վերականգնուեցան դիւանագիտական յարաբերութիւնները: Ազատ առեւտուրի իրաւունք տրուեցաւ երկու երկիրներու հպատակութիւններուն, եւայլն:
Ռուսիոյ տիարպետութեան տակ անցնելով՝ Արեւելեան Հայաստանի ժողովուրդը ազատեցաւ ձուլման եւ ֆիզիքական բնաջնջման վտանգէն: Անոր ճակատագիրը կապուեցաւ կեդրոնացուած հզօր պետութեան հետ, ուր ստացաւ կենաքի եւ գոյքի ապահովութիւն:
Պարսկաստանէն եւ Թուրքիայէն աւելի քան հարիւր քսան հազար հայերու ներգաղթը արմատապէս փոխեց հայ բնակչութեան տեսակարար կշիռը Անդրկովկասի մէջ: Արեւելեան Հայաստանը դարձաւ հայ ժողովուրդի ազգահաւաքման եւ գոյատեւման հաստատուն ու ապահով կեդրոն:
Ռուսիայ եւս յետամնաց երկիր մըն էր, սակայն Պարսկաստանի համեմատութեամբ աւելի առաջադէմ էր: Ռուսական պետութեան կազմին մէջ մտնելով՛ հայ ժողովուրդը տնտեսական եւ մշակութային զարգացման աւելի տանելի պայմաններ ստացաւ: Ռուսական մշակոյթը նպաստեց հայ արուեստի ու գիտութեան զարգացման:
Նման դրական տեղաշարժերու հետ մէկտեղ պէտք չէ անտեսել նաեւ այն հանգամանքը, որ Ռուսիոյ կազմի մէջ մտնելոջ՝ հայ ժողովուրդը ազատութիւն ձեռք չբերաւ: Ան ենթարկուած էր ազգային-գաղութային ճնշումներու: Այդ առումով չիրականացան հայ ժողովուրդի ազատագրական ձգտումները: Ան պայքարած էր ազգային անկախութեան կամ Ռուսիոյ հովանիի տակ իր պետականութեան վերականգման համար: Այս ամէնով հանդերձ, Արեւելեան Հայաստանի միացումը Ռուսիոյ հայ ժողովուրդի համար ունէր որոշակի յառաջադիմական նշանակութիւն:
Գ.-Ռուս-թրքական 1828-2829 թթ. պատերազմը
Ռազմական գործողութիւններու ընթացքը.- Ռուս-պարսկական հաշտութեան պայմանագրէն շատ չանցած՝ սկսաւ ռուս-թրքական պատերազմը, որ տեղի ունեցած էր երկու ռազմաճակատներու՝ Պալգաններու եւ Կովկասի մէջ:
Յունիս ամսուն, ռուսական բականը Պասկեւիչի գլխաւորութեամբ Կիւմրիի մօտ անցաւ Աշուրեան գետը եւ շարժեցաւ դէպի Կարս: Ճանապարհին անոնք հանդիպեցան ամայացած գիւղերու: Թուրքերը հայ բնակչութիւնները քշած էին դէպի երկրի խորքերը:
Հակառակորդը մեծ ուժեր կուտակած էր Կարսի անառիկ համարուող բերդին մէջ: Երեք օր ու գիշեր կատաղի մարտեր մղած էին բերդի պարիսպներու մօտ: Ի վերջոյ ռուսերը յաջողեցան գրոհով վերցնել ռազմական կարեւոր նշանակութիկւն ունեցող Կարսի բերդը: Ռուսերու ձեռք անցաւ մեծաքանակ ռազմամթերք, գերիներու թիւը անցած էր հազար երեք հարիւրը: Կարսէն յետոյ իրար ետեւ գրաւեցին Ախալքալաքը, Ախալցխան, Արտահանը, Պայազիտը, ապա՛ Ալաշկերտը:
Ռուսերու յաջողութիւնները ե՛ւ Կովկասի ե՛ւ Պալգաններու մէջ մեծ իրարանցում առաջացուցած էր ոչ միայն Թուրքիոյ, այլեւ եւրոպական պետութիւնները կառավարող շրջաններու մէջ: Անգլիոյ հրահրումով Թուրքիան մեծ ուժեր կուտակած էր Էրզրումի (Կարին) մէջ եւ 1829թ. գարնան յարձակումի անցած: Անոնք կրցած էին ներխուժել Ախալցխա եւ կորուստներ պատճառել տեղի կայազօրին:
Ռուսական զօրքերը յաջողած էին կասեցնել թուրքերու գրոհները եւ անցնիլ հակայարձակման: Յունիս ամսուն անոնք գրեթէ առանց կռուի գրաւած էին Էրզրումը: Ինկած է Թուրքիոյ ամենահզօր եւ ամենակարեւոր ռազմական կեդրոնը: Էրզրումի գրաւման օրերուն Պասկեվիչի բանակ եկած էր ռուս մեծ բանաստեղծ Ա.Պուշկինը: Ան մօտէն դիտած էր պատերազմական գործողութիւնները, եղած էր Էրզրում քաղաքին մէջ, որուն մասին իր ուղերգութիւններուն մէջ գրած է. «Մենք տեսանք քաղաքը, որ զարմանալի տեսարան ներկայացուցած էր: Թուրքերը իրենց տաբակ կտուրներէն մռայլ կը նայէին մեր վրայ: Հայերը աղմկելով կը վխտային նեղ փողոցներու մէջ: Անոնց տղաներրը կը վազէին մեր ձիերու առջեւէն՝ խաչանկքելով ու կրկնելով՝ քրիստոնեանե՛ր, քրիստոեանե՛ր»:
Շարունակելով յաղթարշաւները՝ ռուսական զօրքերը գրաւած էին Օլթին, Խնուսը, Մուշը եւ այլ բնակավայրեր:
Պատերազմի ընթացքին արեւմտահայութիւնը ձգտած էր թօթափել թրքական ծանր լուծը, ուստի նիւթական ու ռազմական օգնութիւն ցոյց տուած էր ռուսական զօրքերուն: Արեւելեան Հայաստանի նման այստեղ եւս կազմակերպուեցան կամաւորական ջոկատներ: Պայազիտի Մելիք Մարտիրոսեանի գլխաւորութեամբ քանի մը օրուան մէջ ձեւաւորուած է 500 հոգիէ բաղկացած ջոկատ, որ աշխուժօրէն մասնակցած էր պատերազմական գործողութիւններուն: Արեւելահայերը իրենց հերթին կազմակերպած էին կամաւորական ջոկատներ եւ օգնութեան հասած հայրենակիցներուն: Ղարաբաղի կամաւորական հեծեալ գունդի մասին Ա.Պուշկինը գրած է. «Յունիսի 17-ի առաւօտեան մենք նորէն լսեցինք հրաձգութեան ձայներ եւ երկու ժամ յետոյ տեսանք Ղարաբաղի գունդը, որ վերադարձած էր՝ բերելով թրքական 8 դրօշակ»:
Ատրիանապոլիսի պայմանագիրը.- Ռուսերու յաջողութիւնները առաւել մեծ էին Պալգանեան ռազմաճակատին մէջ: Ռուսական զօրքերը յաղթարշաւով 1829թ. Օգոստոսին հասած էին Կոստանդնուպոլիսի մատոյցները: Սուլթանի խնդրանքով Սեպտեմբեր 2ին Ատրիանապոլիսի մէջ կնքուած է հաշտութեան պպայմանագիր: Այս պայմանագրին համաձայն՝ Սեւ ծովի արեւելեան ափերը՝ Փոթի նաւահանգիստով, եւ Ախալցխան ու Ախալքալաքը անցած են Ռուսիոյ: Ներում շնորհուած է պատերազմի մասնակցած երկու կողմերու հպատակներուն ու ռազմագերիներուն: Թուրքիոյ տիարապետութեան տակ գտնուող հայերուն թուլատրուած է անցնիլ Ռուսիա: Պատերազմող կողմերու միջեւ վերականգնուած են դիւանագիտական յարաբերութիւնները: Այս պայմանագրով ամրապնդուած էին Ռուսիոյ դիրքերը՝ Սեւ Ծովու, Պալգաններու եւ Անդրկովկասի մէջ:
Այդ ամէնով հանդերձ՝ Ատրիանապոլիսի պայմանագիրը ամենեւին չարդարացուց հայերու յոյսերը ու անոնց արդարացի ձգտումները: Արեւմտահայերը կը ջանային թօթափել թրքական լուծը եւ միաւորուիլ իրենց արեւելահայ եղբայրներու հետ: Անոնց այդ ցանկութիւնը չիրականացաւ Ռուսիոյ հակառակորդ մեծ պետութիւններու վարած քաղաքականութեան հետեւանքով: Անոնց հակադրական ճնշման տակ Ռուսիան Թուրքիոյ վերադարձուց Կարսը, Արտահանը, Էրզրումը, Մուշը, Պայազիտը եւ գրաւած միւս շրջանները: Այլ խօսքով Արեւմտեան Հայաստանը, չնչին բացառութեամբ մնաց օսմանեան տիրապետութեան տակ:
Ռուսական զօրքերու գլխաւոր հրամանատար՝ Պասկեվիչը եւս դժգոհ մնաց, երբ իմացաւ, որ զէնքի ուժով իր գրաւած տարածքները վերադարձուած են Թուրքիոյ: Ան Էրզրումէն Նիկոլա Ա. թագաւորին գրած է, որ հաշտութեան պայմանագիրը «ընդհանուր ուրախութեան հետ իրաւացի տրտմութեան մէջ ձգած է ժողովուրդի այն մասը, որ արժանի էր մեր կարեկցութեան ե՛ւ մշտապէս կրած իր տառապանքներով, ե՛ւ ռուսական զօրքի յաջողութեան ցոյց տուած իր փորձով, ե՛ւ այն դժբախտ ապագայով, որ անոր կը սպասէր»:
Հայերու գաղթը.- Թուրքիոյ եւ Պարսկաստանի տիրապետութեան տակ կրկնուող ներքին կռիւներու հետեւանքով, Անդրկովկասի մէջ հայկական գիւղերը աւերուած էին, բնակչութիւնը պակսած եւ մահմետականներու թիւը աւելցած էր: Կայսրութեան սահմանամերձ շրջանի տնտեսութիւնը վերականգնելու եւ վստահելի հպատակներ ունենալու նպատակով՝ կազմակերրպուեցաւ հայերու ներգաղթ: Հայ գործիչները շահագրգռուած էին եւ մեծապէս նպաստած այդ քաղաքականութեան իրականացման: Արեւմտեան Հայաստանէն գաղթը իրականացնելու համար կազմակերպուեցաւ յանձնաժողով, որու մէջ մտան Ներսէս Աշտարակեցին, գնդապետ Լազարեանը, Էրզրումի հոգեւոր առաջնորդ Կարապետ եպիսկոպոսը եւ ուրիշներ:
Թուրքիոյ եւ Պարսկաստանի տիրապետութեան տակ գտուող հայ բնակչութիւնը ուրախութեամբ ընդունեց գաղթելու առաջարկը: Տեղական իշխանութիւնները կ՛աշխատէին արգելակել նախատեսուող գաղթ, որովհետեւ զրկուած էին աշխատաւոր հմուտ ձեռքերէ: Չնայած անոր՝ գաղթել ցանկացողներու թիւը մեծ էր, եւ գաղթը լայն ծաւալ ստացաւ:
Պարսկահայերու գաղթը տեղի ունեցաւ 1828թ. գարնան: Քանի մը ամսուայ ընթացքին Թաւրիզի, Մակուի, Խոյի եւ այլ շրջաններէն շուրջ 40 հազար հայեր գաղթեցին Արեւելեան Հայաստան: Անոնք բնակչութիւն հաստատեցին Երեւանի, Նախիջեւանի, Զանգեզուրի, Ղարաբաղի եւ այլ վայրերու մէջ:
Արեւմտահայրեու գաղթը կազմակերպուեցաւ 1829-1830 թուականներուն: Հիմանականօրէն Էրզրումի, Կարսի եւ Պայազիտի փաշայութիւններէն գաղթեցին աւելի քան 80 հազար հայ բնակիչներ: Էրզրումէն գաղողները հաստատուեցան գերազանցապէս Ախալցխայի եւ Ախալքալաքի մէջ, կարսեցիները՝ Շիրակի եւ Թալինի շրջաններու, իսկ Պայազիտցիները՝ Սեւանայ լիճի աւազանին շուրջը, հիմնելով Նոր Պայազիտ անունով բնակավայրը:
Գաղթ իրականացաւ ծանր պայմաններու մէջ, անբաւարար էին տեղափոխութեան միջոցները, սնունդն ու հագուստը: Այնուհանդերձ պետութիւնը որոշ չափով դիւրացուց նոր բնակավայրերու մէջ հաստատուելու անոնց պայմանները: Ներգաղթողները վեց տարիով ազատուած էին հարկերրէ, կարիքաւոր ընտանիքներուն դրամական նպաստ կու տային, անոնք օժանդակութիւն կը ստանային նաեւ տուներ կառուցելու համար: Երկրագործներուն բնակեցուցած էին գիւղերու մէջ, իսկ արհեստաւորներուն ու առեւտարականներուն՝ քաղաքներու մէջ: Անոնք, յաղթահարելով դժուարութիւնները, սկսան մշակել ամայի հողերը, այգիներ տնկեցին, ջրանցքներ ու ճանապարհներ շինեցին, կեանք տուին հին ու նոր բնակավայրերուն:
Արեւմտահայերու եւ Արեւելահայերու ներգաղթը խոշոր նշանակութիւն ունեցաւ գիւղատնտեսութեան եւ արհեստներու զարգացման համար: Փոխուեցաւ Արեւելեան Հայաստանի ու Անդրկովկասի բնակչութեան ազգային կազմը յօգուտ հայութեան: