Home / Ա / Նիւթեր / Պատմական / ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԿԱԶՄՈՒԹԻՒՆԸ

ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԿԱԶՄՈՒԹԻՒՆԸ

Հայ Ժողովուրդի Կազմութիւնը

Հայ ժողովուրդի կազմութիւնը բազմաթիւ դարերու վրայ կ՛երկարի: Այս կազմաւորումին հիմք ծառայած են Հայկական լեռնաշխարհի բնիկ ցեղերը: Միաձուլման ընթացքին վրայ ազդած են բնականաբար դրացի կարգ մը ժողովուրդներ, ինչպէս Խեթերը կամ Հիթիթները՝ արեւմտեան սահմաններուն վրայ եւ Խուռիները՝ հարաւի մէջ:

Այսուհանդերձ, հիմնական դերը խաղացած են Հայասայի հայկական ցեղերը եւ արմէնները: Անոնց միացուլումով կազմուած է բուն կորիզը, որուն շուրջ միւս ցեղերու խմբաւորումով յառաջացած է ապագայ Հայոց ազգը:

Հայկական հին աւանդութեան մէջ եւս Հայկ եւ Արմենակ ներկայացուած են իբրեւ Հայր եւ որդի: Այստեղ Հայկ կը մարմնաւորէ Հայկական ցեղերը: Այսպէս կը բացատրուի նաեւ օտարներուն կողմէ մեզի տրուած արմէն անունը, մինչդեռ հայերը իրենք զիրենք ճանչցած են միայն հայ անունով:           

Ժամանակի ընթացքին Հայ եւ արմէն ցեղային միաւորումներուն մէջ կը ձուլուին Հայկական լեռնաշխարհի հայալեզու եւ այլ ցեղեր: Անոնց համար հաղորդակցութեան հասարակաց միջոց կը դառնայ ամէնէն հզօր եւ կենսունակ ցեղին լեզուն՝ հայերէնը: Կազմաւորուող հայ ժողովուրդը կրած է անշուշտ ձուլուող միւս ցեղերուն ‎‎‎‎Ֆիզիքական կերպարանքին, մշակոյթին եւ բարքերուն կարգ մը գիծերը եւ ազդեցութիւնները:           

Հայերէնը կը պատկանի հնդեւրոպական լեզուախումբին եւ կը կազմէ անոր ուրոյն եւ անկախ մէկ ճիւղը:           

Պատմութեան մէջ հնդեւրոպական անունով ծանօթ են այն ժողովուրդները, որոնց կը հանդիպինք Հնդկաստանէն Եւրոպա տարածուող երկիրներուն մէջ: Սկզբնապէս հնդեւրոպական ցեղերը ապրած են միասին, համախումբ ձեւով եւ խօսած են միեւնոյն լեզուով: Յետագային, տարածուելով Եւրոպայի եւ Ասիոյ մէջ տարբեր ուղղութիւններով, ճիւղաւորուած է նաեւ իրենց լեզուն եւ ծնունդ տուած բազմաթիւ բարբառներու:

Հնդեւրոպական նախնիներու գործածած նախալեզուն կորսուած է, բայց անկէ ծագում առած լեզուները իրարու ազգակից են՝ իրենց արմատ բառերու զգալի պաշարով, շարահիւսութեամբ եւ քերականական այլ նմանութիւններով:            

Հնդեւրոպական ցեղերու նախահայրենիքին տեղը վերջնականապէս ճշդուած չէ: Գիտնականները փնտռած են զայն Եւրոպայի եւ Ասիոյ տարբեր շրջաններուն մէջ, առանց սակայն վերջնական եզրակացութեան մը յանգելու: Նորագոյն կարծիքի մը համաձայն այդ նախահայրենիքը եղած է Փոքր Ասիոյ արեւելեան շրջաններուն, Հայկական լեռնաշխարհին եւ Իրանի արեւմտեան մասին մէջ:          

Յայտնի է, որ Հնդեւրոպական շատ ցեղախումբեր երկար ատեն բնակած են Սեւ եւ Կասպից ծովերու հիւսիսը տարածուող տափաստաններուն մէջ (հարաւային Ռուսիա եւ Ուքրանիա), Վոլկա եւ Դանուբ գետերու միջեւ երկարող լայնարձակ տարածութիւնները:

Իրենց այս աճելավայրին մէջ այդ ցեղերը վաչկատուն էին եւ կը վարէին թափառաշրջիկ անասնապահի կեանք:  Նշանաւոր էին իբրեւ վարժ ձիաբոյծներ եւ ձիաւորներ: Պղինձի գիւտէն ետք, յատկապէս Գ. հազարամեակի կէսերուն, հնդեւրոպական ցեղերու այս նախնիները, մետաղաշատ վայրերու տիրելու նպատակով, ձեռնարկած են ռազմական մեծ արշաւանքներու: Շնորհիւ իրենց ձիավարժութեան, ռազմակառքերուն եւ հեծելազօրքին, որոնք մեծ գերակշռութիւն կու տային անոնց, այս ցեղերը Ասիոյ եւ Եւրոպայի մէջ կը նուաճեն ընդարձակ երկրամասեր: Անոնցմէ հատուած մը Եւրոպայի հիւսիսը կը տարածուի Պալթիկ ծովու ուղղութեամբ եւ կը թափանցէ Գերմանիա եւ Սկանտինաւեան երկիրներ:    

Ուրիշ մաս մը կ՛իջնէ հարաւ՝ Պալքանեան եւ Իտալական թերակղզիները: Այս վերջիններէն կը յառաջանան յունախօս եւ լատինախօս ժողովուրդները: Ասիական երկիրներու մէջ տարածուող հնդեւրոպական ցեղերէն յայտնի են հնդիկները, պարսիկները, մարերը եւ քիւրտերը, որոնք ընդհանուր անունով մը կը կոչուին արիական:         

Յաջորդական քանի մը ալիքներով հնդեւրոպական ցեղերը Գ. եւ Բ. հազարամեակներուն կը յայտնուին նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներուն մէջ: Կը տարածուի, որ անոնց մէկ մասը թափանցած է հիւսիսէն՝ Կովկասեան լեռնաշղթայի վրայով, իսկ միւսները արեւմուտքէն՝ Պալքանեան թերակղզիէն: Պալքաններէն դէպի արեւելք  շարժող հնդեւրոպական այս ցեղերուն կարգին կը գտնուէին արիմ- արմէնները, մուշկերը եւ այլն, որոնք 1200 թուականէն սկսեալ կը թափանցեն Հայկական լեռնաշխարհի արեւմտեան շրջանները ու ժամանակի ընթացքին շփուելով բնիկ հայկական ցեղախումբերուն՝ կը միաձուլուին անոնց հետ: Հայ ժողովուրդի կազմաւորման կեդրոնը, ուրեմն, կը հանդիսանայ Հայկական լեռնաշխարհի արեւմտեան մասը, Հայասայի թագաւորութեան սահմաններէն մինչեւ Արածանիի եւ վերին Տիգրիսի հովիտները: Միաձուլման գործողութիւնը հետզհետէ կը տարածուի դէպի արեւելք՝ իր մէջ ընդգրկելով ամբողջ Հայկական բարձրաւանդակը:

About talar

Check Also

Հայկական Հնագոյն Ցեղերն ու Ցեղային Միութիւնները

           Ինչպէս ամէն ժողովուրդի, այնպէս ալ հայ ժողովուրդի կազմաւորման գործընթացը ընդգրկած է երկար ժամանակ, թերեւս …