Home / Ա / Նիւթեր / Գիտական / ՊԻԼ ԿԷՅԹՍ

ՊԻԼ ԿԷՅԹՍ

ՊԻԼ ԿԷՅԹՍ

Այս դարու հանճարեղ, Microsoft-ի հիմնադիր, որուն հարստութիւնը հասաւ 100 պիլիոն տոլարի… ՊԻԼ ԿԷՅԹՍ:

Այս մեծ երեւոյթը սկսաւ պարզ գործով մը, միլիարներու ճամբան սկսաւ միտքով մը…

   Ի՞նչպէս Պիլ Կէյթս կրցաւ որոշել եւ իրագործել.

Պիլ Կէյթս կը պնդէր իր դպրոցի ուսուցիչներուն, թէ երբ երեսուն տարեկան ըլլայ միլիոնատէր պիտի դառնայ: Բայց միայն այս անգամն էր որ ինքն իր արժէքը կորսնցուց, որովհետեւ ան երեսուն մէկ տարեկանին դարձաւ Պիլիոնատէր: Ան բոլոր տեսակի առիթները օգտագործեց իր կեանքի ընթացքին եւ իր որոշումները կայացուց տրամաբանելով: Փոքր տարիքէն կ՛ըսէր. «կրնամ ընել ամէն գործ որուն
մասին կը մտածեմ»:

Պիլ Կէյթս ծնած է 28 Հոկտեմբեր 1955-ին, Սիաթել, Ամերիկա: Եղած է հարուստ ընտանիքի զաւակ: Կէյթսի հայրը փաստաբան եղած է, իսկ մայրը ուսուցչուհի. Պիլ Կէյթս չէ ուզած իր ժամանակը պարապ անցնել նոյնիսկ ազատ եղած ժամերուն: Ան պատմած է թէ իր ընտանեկան հաւաքոյթներէն միշտ օգտակար դասեր քաղած է: Կէյթս իր փոքր տարիքին կը խօսէր ինչպէս մեծ մը: Երբ 14 տարեկան եղաւ հիմնեց համակարգիչի ծրագրաւորման ընկերութիւնը:

   Պզտիկ ծրագիրներ (խաղեր).

Պիլ Կէյթս միշտ առաջնակարգ եղած է թուաբանութեան եւ գիտութեան մէջ: 1968-ին իր յաճախած դպրոցի տնօրէնութիւնը կ’որոշէ համակարգիչ գնել եւ այս որոշումը Պիլ Կէյթսին կեանքը փոփոխութեան կ՛ենթարկէ:

Գանթ Իվանսը եւ Փօլ Ալընը, որոնք Կէյթսէն երկու տարի մեծ են, հիմնեցին Կէյթսին հետ Microsoft-ը:

Անոնք իրենց ազատ ժամերուն կը զբաղէին համակարգիչով:

1969 թուականին Կէյթս եւ Փօլ Ալընը հիմնեցին (Lakeside) անունով ընկերութիւն մը:

Կէյթս դպրոցի երկրորդական շրջանին շարունակեց աշխատիլ համակարգիչի վրայ եւ իր դասընկերոջ Փօլին հետ հիմնեց Traf-O-Data ընկերութիւնը:

Այս ընկերութիւնը կ’արտադրէ համակարգիչի ծրագիրներ, որոնք կը ծանօթացնեն ինքնաշարժ վարելու օրէնքները միացեալ նահանգներու մէջ: Այս ընկերութիւնը մեծ յաջողութիւն չի գտներ, բայց շահ կը ձգէ:

Պիլ Կէյթս եւ Ալըն կ՛որոշեն իրենց ընկերութեան գրասենեակները փոխադրել աւելի մեծ գործատեղի մը:

Կէյթս միշտ կը հետապնդէր իր պաշտօնեաները, որոնց թիւը 13 էր: Անոնք հաւաքեցին ու շահեցան առաջին միլիոն տոլարը, երբ Կէյթս տակաւին 21 տարեկան չէր եղած: Կէյթս շատ դժուարութիւններու հանդիպեցաւ: Ան ջղային մարդ մըն էր եւ պաշտօնեաները դժուարութեամբ կը հասկնային զինք:

86_QDOS ընկերութիւնը Պիլ Կէյթսին եւ Ալընին կ’առաջարկէ գործի ծրագրաւորում եւ այս ընկերութիւնը պատրաստ է միլիոններ վճարել: Բայց Կէյթս ինքնաշխատութեամբ կը շինէ այդ ծրագրաւորումը եւ կը ծախէ 25 հազար տոլարի IBM ընկերութեան: Պաշտօնեաներուն թիւը հասաւ 30–ի եւ ստեղծեցին մուկը (Mouse):

1986–ին անոր պաշտօնեաներուն թիւը հասաւ 1200–ի Park Land–ի մէջ:

• Microsoft –ի ծնունդը.

Կէյթս իր երկրորդական ուսումը աւարտելէ ետք, ծրագրած էր յաճախել Ամերիկեան լաւագոյն համալսարաններէն մէկը եւ այս մէկը իրականացաւ ու յաճախեց «Հարվըրտ» համալսարանը:

Բայց Կէյթս ինքզինք առաջնակարգ չէր զգար թուաբանութեան մէջ, միւս աշակերտներուն քով եւ համոզուած է ըսելով, թէ եթէ առաջնակարգ չեմ թուաբանութեան մէջ ինչու շարունակեմ այս ճիւղը:

1974–ին Փօլ Այըն գտաւ տնտեսական թերթերէն մէկուն կողքին վրայ դրուած անձնական համակարգիչի նկար: Այս մէկը Կէյթս տեսնելէ ետք գիտցաւ, որ համակարգիչի դարը պիտի սկսի:

Կէյթս ամենահարուստներէն է աշխարհի, հարստութեան 1/3 կու տայ չքաւորներուն, Կէյթս աշխարհի ամենասուղ տուներէն մէկուն տէրն է: Ան 1994–ին ամուսնացած է Մէլինտա Ֆրանսէօի հետ, Տալասէն, եւ ունի երեք զաւակներ: Իր  կնկան հետ հիմնած է օգնութեան կեդրոն մը եւ զայն կոչած են «Պիլ եւ Մէլինտա» օգնութեան կեդրոն: Այս կեդրոնը կ՛օգնէ ժողովուրդին եւ յատկապէս (էյտզ)է վարակուած հիւանդներուն:

2005–ին (Ֆօրպս) թերթին մէջ յիշուած է թէ Կէյթս 28,4 պիլիոն ծախսած է այս հաստատութիւններուն համար:

2005–ի վերջերը նշուեցաւ Microsoft–ի 30 ամեակը:

zp8497586rq

About admin

Check Also

ՀԱՄԱԿԱՐԳԻՉ

ՀԱՄԱԿԱՐԳԻՉ Համակարգիչը ելեկդրոնիկ սարք մըն է, որ շատ դժուար գործեր կը կատարէ ուղեղէն շատ աւելի …