ՊԻԹԼԻՍՑԻ ՄՈՒՇԵՂ

«Սերոբի ընտիր զինուորներուն կարծես վիճակուած էր մէկիկ-մէկիկ հետեւելու իրենց վարպետին: Կառավարութիւնը մասնաւորապէս կը հետապնդէր Մուշեղը, որ պիթլիսցի լինելով, շարունակ կ՛երթար կու գար այդ քաղաքը:

«Եթէ այդ յանդուգն մարդը մէջտեղէն վերնար, այլեւս չափազանց դժուար պիտի ըլլար քաղաքին մէջ կազմակերպութիւնը պահպանել: Բացի այդ՝ Մուշեղը ժողովրդական հերոս էր եւ երկրորդ Սերոբ մը դառնալու վախը կը ներշնչէր: Թէ՛ քիւրտերը, թէ՛ հայերը եւ թէ թուրքերը կ՛երգէին Խաթաւինայ երգը, Բաբաշէնի երգերը, որոնց մէջ կը փառաբանուէին Մուշեղի քաջագործութիւնները»:

Ռուբէնի արդար սահմանումով «Սերոբ մը դառնալու վախը ներշնչող» եւ հայկական յեղափոխութեան հաւատաւոր նուիրեալներէն այն համեստ ֆետային ծնած է 1869ին, Պիթլիսի ազդեցիկ եւ հարուստ աղաներէն Համբարձում Ղպէեանցի երդիքին տակ:

Հալածանքներու, ստրկութեան եւ թշուառութեան անշնչելի մթնոլորտին մէջ կը սկսի կազմաւորուիլ տաքարիւն եւ անհանդուրժող տասնամեայ քաջի հոգին, որ պատանի տարիքին կը սկսի ո՛չ միայն ընդվզիլ իր ընկերներուն եւ հայերուն արդար իրաւունքն ու պատիւը ոտնակոխ անիրաւութիւններուն դէմ, այլեւ կը դառնայ անհանդուրժող ըմբոստացում, երբ ոեւէ հայ նախատինքի կամ զրկանքի կ՛ենթարկուի:

Մուշեղի հոգին այլեւս խաղաղ քուն չի ճանչնար այն օրէն, երբ օր ցերեկով թուրքերու կողմէ խոշտանգուած անմեղ հայու մը սրտաճմլիկ պատկերը անդադար կը պարզուի աչքերուն դիմաց: Եւ իր ընկերներուն գլուխը անցած, ան կրակի կու տայ դաժան բռնակալի որջը: Այս ըմբոստ արարքին հետեւանքը կ՛ըլլայ այն, որ խոշտանգումն ու պատիժը կը հակադարձեն առաւել վայրագութեամբ եւ տասնապատիկ աւելի լաւ կահաւորուած իր հօրենական տունը կը յանձնուի արկածեալին, իսկ Մուշեղի ընտանիքը կը նետուի փողոց:

Անակնկալօրէն չքաւոր դարձած հայրը կը մահանայ քանի մը ամիս ետք եւ Մուշեղ կը սկսի մագլցիլ հայկական ազատագրական շարժումին դժուարին բարձունքները: Բախտորոշ դիպուածով մը կը հանդիպի Խրիմեան հայրիկին, որ քաջին ճակատը իր հայրական համբոյրով օծելէ ետք՝ զայն կը նուիրէ Հայաստանի վերածնունդին: Զուր կ՛անցնին նաեւ Մուշեղը խաղաղ կեանքին բերելու մօր ճիգերը եւ ան իր նորակազմ ընտանիքին սէրը կը զոհաբերէ ի սպաս հայրենիքի սիրոյն:

Այնուհետեւ ան կը դառնայ զինատար խումբի անդամ, Սերոբի ընտիր զինուորներէն մէկը, Առաքելի, Զուլումաթի, Բալապեխ Կարապետի, Առիւծ Աւագի, Ճարտարի եւ հայ ժողովուրդի վէրքերէն ծնած բազմաթիւ գաղափարապաշտ հայդուկներու պաշտելի զինակիցն ու գաղափարակիցը, որուն առասպելական կերպարը կը սկսի պայծառանալ Խաթաւինի կռիւին ընթացքին: Բայց Մուշեղ կը դառնայ ժողովրդական հերոս եւ քիւրտերու պաշտամունքի առարկայ, մանաւա՛նդ Ջաղացքի կռիւէն ետք, երբ զիրենք պաշարած թշնամի բանակին շղթան ճեղքելով՝ «Առաքել, Մուշեղ լեռներէն իջան, աւերակ ջաղաց, հոգի ջան, օթեւան եղան»:

Առնահուտ բերդի, Սուչխան ձորի եւ Բաբշէնի կռիւները Մուշեղի անունին կու տան առասպելական փայք քանի մը հազար զինուոր հաշուող կանոնաւոր բանակները ահ ու սարսափի մատնող հերոսը կը դառնայ անվերապահ պաշտամունքի առարկան քիւրտերու, որոնք երգելով եւ ասպետական նախանձով կը սկսին հիւսել փառքը քաղաքի այս ասպետին:

Ու երբ Մուշեղը սպաննելու բոլոր ճիգերը ապարդիւն կ՛անցնին, 1899ին կառավարութիւնը կը դիմէ Արտօ անունով դաւաճան հայու մը, որ Մուշեղն ու իր ընկերները՝ Աստուրը եւ Յակոբը, Խախրէն հրաւիրելէ եւ լաւ մը հիւրասիրելէ ետք, դաւադրաբար, լոգանքի պահուն, տան մէջ պահուտած քիւրտերու միջոցով սպաննել կու տայ:

***

Առաքել, Մուշեղ

Առաքել, Մուշեղ լեռներէն իջան,
Աւերակ ջաղաց, հոգի ջան, օթեւան եղան:

Դէ՛ զարկէ՛ք, տղերք,
Դէ՛ զարկէք, քաջ քաջ,
Տիրոջ սուրբ կամքով, հոգի ջան
Մենք կ՛երթանք յառաջ:

Մենք ենք առիւծ, անոնք են ագռաւ,
Չորս հազար հոգի, հոգի ջան, արեցինք սակաւ:

Դէ՛ զարկէ՛ք…

Եկանք հասանք աւերակ ջաղաց,
Աւերակ ջաղաց, հոգի ջան, օթեւան եղանք:

Դէ՛ զարկէ՛ք…

Սարեր ու քարեր մեզ վրայ դարձան մարդ,
Աւերակ ջաղաց, հոգի ջան, օգնեցին մեզի շատ:

Դէ՛ զարկէ՛ք…

Աստուած աւերէ Խախռէ‎ֆ ըսուած գեղ,
Կորուստ տուեցինք, հոգի ջան, քաջ Մուշեղ:

Դէ՛ զարկէ՛ք…

Մուշեղ եւ ընկերք Խախռէֆ գեղ մտան,
Միամիտ սրտով, հոգի ջան, տան մէջն ալ նստան:

Դէ՛ զարկէ՛ք…

Արութիւն իր եղբայր քիւրտին դիմեցին,
Մուշեղի մարմին, հոգի ջան, գետին փռեցին:

Դէ՛ զարկէ՛ք…

Առաւօտ լուսուն պոռին չալեցին,
Մալծիրան քիւրտեր, հոգի ջան, խումբեր կազմեցին:

Դէ՛ զարկէ՛ք…

Արութիւն իր եղբայր խորհուրդ կազմեցին,
Աստծու կրակ, հոգի ջան, իրենց վրայ թափեցին,

Դէ՛ զարկէ՛ք…

Արութիւն իր եղբայր Բաղէշ գնացին,
Մուշեղի մարմին, հոգի ջան, Փաշին ղրկեցին:

Դէ՛ զարկէ՛ք…

Մուշեղ պոռաց. «Ազնիւ ընկերներ,
Մուշեղի վրէժ, հոգի ջան, շուտով հանեցէք»:

Դէ՛ զարկէ՛ք…

***

 

 

About admin

Check Also

Վարդան Շահպազ (Մինաս Տօնիկեան)

              Մինաս Տօնիկեան, ծնած է Սեբաստիոյ, Տիվրիկ շրջանի Օտուռ գիւղը, 1864ին: …

Leave a Reply