Home / Ա / Նիւթեր / Հոգեբանական / ՔՈՒՆԻ ԺԱՄԱՆԿ ՔԱԼԵԼ ԵՒ ԽՕՍԻԼ

ՔՈՒՆԻ ԺԱՄԱՆԿ ՔԱԼԵԼ ԵՒ ԽՕՍԻԼ

kuni jamanag kalel

Քունի ժամանակ խօսիլը, քունի նշանաւոր խանգարումներէն մէկը կը համարուի: Այս երեւոյթը տարածուած է 50% փոքրերուն մէջ եւ 5% մեծերուն:

Փաստուած է թէ քունի ժամանակ խօսելու պարագան տարածուած է փոքրերուն քով աւելի քան մեծերուն:

Փոքրերուն համար քունի այս խանգարումները անվնաս կը համարուին, իսկ մեծերուն պարագային պատճառները են՝ հոգեկան խանգարումներ, անհանգստութիւններ կամ յարատեւ մտահոգութիւններ կրնան ըլլայ:

Քունը կը բաղկանայ 5 փուլերէ, 3րդ եւ 4րդ փուլերուն կը սկսի խոր քունը, իսկ երազները 5րդ փուլին մաս կը կազմեն:

Այս երեւոյթը կրնայ պատահիլ որեւէ փուլի ընթացքին բացի երազելու ժամանակ: Քունի ժամանակ խօսակցութիւնը կ՛ըլլայ անյստակ, առանց արտայայտութեան եւ առանց ֆիզիքական որեւէ շարժումի, իսկ երբ յստակ կ՛ըլլայ խօսակցութիւնը եւ նեղութիւն կը պատճառէ անձին,այդ պարագային պէտք է դիմել հոգեբանի եւ աւելի ծանր պարագաներու մասնագէտ բժիշկի:

Քունի ժամանակ քալելու երեւոյթը չէր ճանչցուած մեծերուն քով որովհետեւ սերտողութիւնները կեդրոնացած էին միայն փոքրերուն պարագային:

2012-ին Neurology ամերիկեան թերթին մէջ կը յայտարարուի թէ սերտողութիւններ սկսած է մեծերու համար քունի ժամանակ քալելու խանգարման մասին: Այս պարագան ուսումնասիրած են խումբ մը ամերիկացի ուսանողներ հարցադրելով մօտաւոր 200 000 մասնակից եւ այս հարցադրումներուն արդիւնքները հետեւեալն էր մասնակիցներէն 3.6 % կը տառապին այս պարագայէն տարեկան 2 կամ 3 անգամ, իսկ 1% ամսական, ապա 30% ին մէկ անգամ պատահած է իրենց կեանքին մէջ:

Այս  երեւոյթին հիմնական պատահած է ընկճուածութիւնը: Քունի ատեն քալելը կը սկսի քնանալու 3րդ փուլին մէջ եւ կը տեւէ 30 երկվայրկեանէն 30 վայրկեան եւ ընդհանրացած է փոքրերուն քով: Քալելու ժամանակ ուղեղը կ՛ըլլայ կէս արթուն եւ կէս պառկած, փաստուած է թէ երազելու ժամանակ չի պատահիր քալելը: Կրնայ ըլլալ անձը աչքերը բաց քալէ բայց առանց տեսնելու:

Շատ դժուար է արթնցնել քալող անձը իր քունէն, բայց վախնալու կարիք չկայ, որովհետեւ քունին մէջ քալողը արթուն անձէն աւելի ուշադիր կը քալէ:

Ի վերջոյ անձը յաջորդ օրը չի յիշեր որեւէ մէկ բան:

About admin

Check Also

Ինքնաօտարացումն ու Քաղաքականութիւնը

           Ինքնօտարացումը հոգեկան հիւանդութիւն է, որ պատճառ կը դառնայ մարդու կողմէն օտար յատկանիշներն ընդունելու ու …

Leave a Reply