ՍԵԲԱՍՏԱՑԻ ՄՈՒՐԱՏ

ՍԵԲԱՍՏԱՑԻ ՄՈՒՐԱՏ

Պաքուի գորշ երկինքին տակ, անծանօթ դամբարանի մը մէջ կը հանգչի «հայ մարտական կազմակրպութեան ամենաընտիր նժոյգներէն» Սեբաստացի Մուրատ: Ան, որուն կեանքը անհաշիւ արիւնալի արկածներու շարք մը եղաւ Սեբաստիայէն Սասուն, Սամսուն, Երզնկա, Պոլիս, Զանգեզուր, Պոնտոս եւ մինչեւ Պաքու: Հ.Յ.Դաշնակցութեան ֆետայական փաղանգի ընտրեալագոյն ներկայացուցիչներէն էր Սեբաստացի Մուրատը: 4 Օգոստոս 1918ին, ան կը նահատակուէր պարտաճանաչ զինուորի հպարտ դիրքին մէջ, թաթար հորդաներու կուրծք տուած պահուն, առանց տեսնելու հայկական անկախութեան արեւը, որուն դողդոջուն ճառագայթները արդէն իսկ կը շողշողան Մասիսի կատարներէն…

Քաջութեան եւ յանդգնութեան մարմնացումը հանդիսացող Սեբաստացի Մուրատ ծնած է Սեբաստիոյ Կովտուն գիւղը: 1874ին, Եօթը-ութը տարեկանին ան կը ղրկուի գիւղին Տէր Թոդիկեան վարժարանը: Չհանդուրժելով ուսուցիչի ծեծին՝ կը հեռանայ ու կը դառնայ հովիւ՝ գիւղացիի մը մօտ: Շուտով աչքի կը զարնէ իր քաջութեամբ: Կը սիրէ որսորդութիւնը, պարը, գօտեմարտը: Գիւղական բոլորին խրախճանքներուն հիացմունքի առարկան էր: Զինք կը կոչէին Տօնական Փեհլիվան:

Օր մը, ճամբան իր վրայ թուրքեր կը յարձակին, Մուրատ կը սպաննէ մէկը, միւսները կը փախչին: Ոստիկանութիւնը կը ձերբակալէ հայրը, որ եղելութենէն լուր չունէր: Մուրատ լեռնէն վար կ՛իջնէ եւ անձնատուր կ՛ըլլայ: Քանի մը ամսուան բանտարկութենէն ետք, իբրեւ անչափահաս ազատ կ՛արձակուի եւ կը մեկնի Պոլիս: Պոլսոյ մէջ բեռնակրութիւն կ՛ընէ, իսկ գիշերները դպրոց կը յաճախէ եւ 16-17 տարեկանին կը սորվի թերթ կարդալ: Կը մասնակցի յեղափոխական ցոյցերու, կ՛անդամակցի Հնչակեան Կուսակցութեան. կը դառնայ սարսափը հայ լրտեսներուն: 1893ին, ցոյցի մը հետեւանքով կը հետապնդուի, անձնատուր չ՛ըլլար: Եւրոպական դեստաններուն միջոցով ինք եւ ընկերները նաւ կը դրուին եւ կը հեռացուին մայրաքաղաքէն: Քանի մը ամիս Եգիպտոս եւ Յունաստան մնալէ ետք, Մուրատ կ՛երթայ Թիֆլիս: Ապա կ՛անցնի Կարս եւ կը մտնէ Հ.Յ.Դաշնակցութեան շարքերը, պայման դնելով, որ առաջին առիթին զինք Երկիր ղրկեն: Զէնք կը փոխադրէ, խումբեր կը կազմակերպէ եւ զինավարժութիւն կը սորվեցնէ երիտասարդներուն:

1903ին է, որ կ՛իրականանայ Մուրատի երազը, իբրեւ պարզ զինուոր Թորգոմի խումբին հետ կ՛երթայ Սասուն, միանալով Գէորգ Չաւուշին, Անդրանիկին եւ Հրայրին: Կը մասնակցի կռիւներուն, կը սիրուի Սասնոյ ժողովուրդէն: Սերոբի մահէն ետք, ընկերներէն ոմանք կ՛ուզեն զինք խմբապետ նշանակել, սակայն ան կը մերժէ:

Սասնոյ Բ. ապրստամբութեան, 1904ին, Մուրատ կը կատարէ հերոսական գործեր: Կ՛ընտրուի Զինուորական Խորհուրդի անդամ:

1910ին ամրան, Մուրատ կ՛ամուսնանայ: Հարսանիքը կը կատարուի Սեբաստիոյ Ս.Նշան վանքին մէջ. ներկայ կ՛ըլլայ Դանիէլ Վարուժան: Մուրատ կ՛ըսէ՝ «Ամուսնանալով չեմ հրաժարիր պայքարէս: Որեւէ ատեն, որ հայրենիքս զիս կանչէ, անոր ձայնին է, որ պիտի հետեւիմ, հաւատարիմ՝ Հ.Յ.Դ.ի փարապանծ դրօշին»:

Մուրատի կինը ուսուցչուհի էր, յեղափոխական շունչով սնած եւ մեծցած հայուհի մը:

Երբ ծայր կու տայ Ա. Աշխարհամարտը, Մուրատ ամէն ջանք կը թափէ հալածանքի պատրուակներ չտալու համար թուրք կառավարութեան: Նոյնիսկ Էնվէր փաշան դիմաւորելու կ՛երթայ ան: Սակայն հայերու դէմ հալածանքները կը սաստկանան: 15 Մարտ 1915ին, Մուրատ հրաժեշտ կու տայ կնոջ, զաւակին եւ մօր, եւ լեռ կը բարձրանայ: Իր փոքր խումբին հետ ամբողջ ամիսներ ան կը թափարի լեռներուն վրայ, կը վարակուի բծաւոր տենդէ, բախումներ կ՛ունենայ զինուորական ջոկատներու հետ եւ 6 Հոկտեմբերին կը հասնի Սասուն, իսկ 29 Նոյեմբերին, հայ եւ յոյն զինակիցներով, կը յարձակի ծովեզերքը խարսխած թուրք առագաստանաւի մը վրայ: Կը կռուի բնութեան դէմ, կը բռնուի փոթորիկի: Իրական ոդիսական մը, որ գրի առնուած է Զապէլ Եսայեանի կողմէ: Կովկասի մէջ, Մուրատ կը գտնէ իր զինակից ընկերները: Երզնկայի գրաւումէն ետք, հոն կ՛երթէ եւ Կայծակ Առաքելի հետ «մէկ հայ՝ մէկ ոսկի» կարգախօսով բազմաթիւ հայեր կ՛ազատէ քիւրտերու միջոցով: Մուրատի կոչին կը պատասխանէն բազմաթիւ նուիրատուներ եւ այսպիսով կարելի կ՛ըլլայ ազատել հազարաւոր հայեր՝ Տերսիմի եւ Խարբերդի շրջաններէն: Ռուսական ճակատի քայքայումէն ետք, Մուրատ գնդապետ Մորելի հետ կը կազմակերպէ հայկական ուժերը, կը դիմադրէ թշնամիին: Կովկասն սպսուած օգնական ուժերը չեն հասնիր: Մուրատ կը նահանջէ Երզնկայէն: Երբ Սեպուհի հետ Մուրատ Կարս կը հասնի, յանդիմանութիւն կը ստանայ, որ ակն ընդ ականի քաղաքականութեան հետեւելով, թուրք բնակչութեան վնասներ պատճառած է Երզնկայի, Բաբերդի եւ Էրզրումի մէջ: Պարագայ մը, որուն դէմ բողոքած էր Պոլսոյ գերման դեսպանատունը:

Դառնացած ու յուսալքուած՝ Մուրատ եւ խումբ մը զինակիցներ Թիֆլիսէն կը մեկնին հիւսիսային Կովկաս: Մուրատ եւ Սեպուհ կը պատասխանեն Ռոստոմի հրաւէրին՝ կ՛անցնին Ցարիցին եւ ծովու ճամբով կը հասնին Պաքու:

Այդ օրերուն, Ռոստոմ, Շահումեան եւ Գիւլխանդանեան կը գործակցէին՝ կռիւ մղելու թուրք եւ գերման յարձակող ուժերուն դէմ: Տագնապի շրջանին կը հասնին Մուրատ եւ Սապուհ, որոնք անմիջապէս կռուի մէջ մտնելով, կը ներշնչեն նոր ոգեւորութիւն եւ դիմադրական կորով:

Պաքուի առջեւ, թշնամին կ՛աւելցնէ ճնշումը: Մուրատ անհրաժեշտ կը գտնէ բլուրի մը գրաւումը եւ կը ձեռնարկէ յարձակումի (4 Օգոստոս 1918) «Եւ այդ միջոցին աղեկտուր ճիչ մը անցաւ մեր շարքերէն… Մուրատ կ՛ընկնէր շնչասպառ՝ մահառիթ գնդակի մը հարուածէն եւ բլուրի զառիվայրէն թաւալգլոր կ՛երթար դէպի թշնամին: Հայ զինուոր մը առաջ նետուեցաւ՝ ռազմակին մարմինը բռնելու, բայց ինքն ալ զոհ գնաց ուրիշ գնդակի մը: Այլեւս անկարելի էր մօտենալ: Երկու օր ետք միայն կարելի եղաւ ձեռք ձգել թանկագին մարմինը եւ տխուր հանդիսաւորութեամբ հողին յանձնուեցաւ Մուրատ, երկու նահատակներու հետ»:

Այսպէս վերջ գտաւ արի ու յանդուգն ռազմիկին՝ Սեբաստացի Մուրատին արկածալից կեանքը:

ՄՈՒՐԱՏԻ ԵՐԳԸ

Հայաստանէն եկած զինուոր,

Պատմէ ինծի հայերնիքից,

Անդրանիկի զինուորները,

Վրէժ Լուծում են քիւրտերից:

 

Ուրախ եղիր դու հայ տղայ,

Ունիս պաշտպան քաջ Անդրանիկ,

Մուրատի պէս հոտով ծաղիկ,

Էլ ինչ է ուզում հայրենիք:

 

Վիթխարի պէս կտրիճ Սեպուհ,

Պողպատի պէս բազուկները,

Կայծակի պէս կտրիճները,

Էլ ի՞նչ են ուզում հայերը:

 

Գէորգ Չաւուշ եւ Հրայրը,

Սարսափ պատեց Քիւրտիստանը,

Կոտորուեցաւ ողջ բանակը,

Ազատուած է Հայաստանը:

 

About admin

Check Also

Վարդան Շահպազ (Մինաս Տօնիկեան)

              Մինաս Տօնիկեան, ծնած է Սեբաստիոյ, Տիվրիկ շրջանի Օտուռ գիւղը, 1864ին: …

Leave a Reply