Home / Բ / Լուրեր / Հայկական / ՄԻՋ-ՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ 12 ՄԱՐՏ 2011

ՄԻՋ-ՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ 12 ՄԱՐՏ 2011

 

12 ՄԱՐՏ 2011

ՄԻՋ-ՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ

 

 

 

 

 

 

 

Ս.Ե.Մ.-ի Կ.Վարչութեան կազմակերպութեամբ` Շաբաթ 12 Մարտ 2011-ի կէսօրուայ ժամը 3:30-ին տեղի ունեցաւ Միջ-Միութենական Խորհրդաժողով մը «Հայ Երիտասարդի Իրավիճակը» թեմայով.

Խորհրդաժողովին մասնակցեցան հետեւեալ միութիւններէն՝ երկու ներկայացուցիչներով՝

Ս.Ե.Մ., Ք.Ո.Մ., Հ.Հ.Մ., Համազգային, Հ.Մ.Ը.Մ., Հ.Ե.Ը., Թ.Մ.Մ., Հ.Մ.Մ., Ք.Ե.Ա.Ճ շրջանաւարտից միութիւն եւ Պ.Մ.

 

Խորհրդաժողովին նաեւ ներկայ էր Ք.Ե.Ա.Ճեմարանի տնօրէն Պրն. Յակոբ Քիլէյճեան, ինչպէս նաեւ բոլոր միութիւններէն ունկնդիրներ:

Խորհրդաժողովին չկարողացան մասնակցութիւն բերել Հ.Բ.Ը.Մ., Տ.Ու.Ե.Մ., Ն.Սերունդն ու Վասպուրական Միութիւնները:

 

Խորհրդաժողովի Բացումը կատարուեցաւ ժամը 3:30-ին եւ Բարի Գալուստի Խօսք ներկայացուեցաւ կազմակերպիչ մարմնի անդամ  ընկ. Ներսէս Պալիոզեանի կողմէ:

Առաջին Դասախօսութիւնը ներկայացուց Օրդ. ՄարիաԳաբրիէլեան, նիւթ ունենալով՝ Միութիւն-Ընտանիք-Դպրոց օղակի ազդեցութիւնը Հայ երիտասարդին կեանքին վրայ:

Յետոյ տեղի ունեցաւ զրոյց յիշեալ նիւթին մասին թէ՛

-Որքանով կ՛ազդէ յիշուած օղակը երիտասարդին կեանքին վրայ:

-Ինչպէս պէտք է ըլլայ միութեան-ընտանիքին-դպրոցին յարաբերութիւնը որպէս զի կարենան երիտասարդին տալ իրեն հարմար եւ ճիշդ դաստիարակութիւնը:

 

Երկրորդ Դասախօսութիւնը ներկայացուց Պրն. Ժիրայր Ռէիսեան, նիւթ ունենալով՝ Հայ Երիտասարդը Կրթաօճախէն ներս

Յետոյ տեղի ունեցաւ զրոյց այս նիւթին մասին ՛

-Երիտասարդին դիմագրաւած դժուարութիւնները կրթաօճախէն ներս:

-Միջավայրի ազդեցութիւնը երիտասարդին նկարագրին վրայ

 

Երրորդ եւ վերջին Դասախօսութիւնը ներկայացուց Տիկին Զարմիկ Պօղիկեան նիւթ ունենալով՝ Երիտասարդական Միութիւններու Պարտականութիւնը

Յետոյ տեղի ունեցաւ զրոյց այս նիւթին մասին ՛

-Ինչ է երիտասարդական միութիւններու պարտականութիւնը երիտասարդին հանդէպ:

 

-Ետքը եզրափակիչ զրոյց եղաւ ընդհանուր նիւթերուն շուրջ:

 

Բոլոր նիւթերու զրուցավարն էր ՛ ընկհ. Մարիա Սարգիսեան

 

Խորհրդաժողովը փակուեցաւ ժամը 8:00ին

 

 

 

 

About talar