Home / Ա / Նիւթեր / Հ.Յ.Դ. եւ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐ / Վարդան Շահպազ (Մինաս Տօնիկեան)

Վարդան Շահպազ (Մինաս Տօնիկեան)

index2

              Մինաս Տօնիկեան, ծնած է Սեբաստիոյ, Տիվրիկ շրջանի Օտուռ գիւղը, 1864ին: Եղած է համեստ ընտանիքի մը զաւակը: Յաճախած է տեղւոյն վարժարանը, հազիւ քանի մը տարի ապա կը ձգէ դպրոցը ու կը զբաղի խաշնարածութեամբ, իր ազատ ժամերը տրամադրած է ատաղձագործութեան:
Հազիւ Երիտասարդ՝ ամուսնացած էր հայկական տոհմիկ սովորութեան համաձայն: Հայկական գաւառներու ընկերային-տնտեսական ծանր պայմանները զինք կը մղեն պանդխտութեան որ յղի կնոջը իր ծնողքի խնամքին վստահելով կ’անցնի Պոլիս, ապրուստ ճարելու եւ ընտանիքը ապահովելու նպատակով:
Պոլիսը, սակայն, այլ հունի մէջ կը մտցնէ Մինաս Տօնիկեանի կեանքը: Հոն կը ծանօթանայ եւ կը փարի Դաշնակցութեան, որուն շարքերէն ներս կը ճանչցուի Վարդան Շահպազ ծածկանունով, առաջին զինուորեալներէն մէկը կ’ըլլայ նորակազմ կուսակցութեան եւ կրակի իր մկրտութիւնը կը ստանայ 1896ի Օգոստոսին, երբ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը որոշեց, ծրագրեց եւ գործադրութեան յանձնեց Օսմանեան Դրամատան գրաւման յանդուգն գործողութիւնը: Համիտեան կոտորածներուն վերջ տալու, ինչպէս նաեւ հայկական նահանգներու բարենորոգումներու Եւրոպական Ծրագիրը անմիջապէս ի գործ դնելու պահանջով:
Գրաւման աւարտէն ետք, ան կ’անցնի Ֆրանսա ապա Արժանթին: Բայց երկրի կանջը այնքան ուժեղ էր, որ արդէն Շահպազ վերադարձի ճամբան ընտրած կ’ուղղուի Պարսկաստան, հաստատուելու համար Խոյ՝ Սալմաստ ուր Դաշնակցութեան զինագործարանը հիմնուած էր:
Նիկոլ Դումանի հետ կը լծուի Վանի շրջակայ գաւառներու հայութեան ինքնապաշտպանութիւնը կազմակերպելու, զինելու եւ մարզելու գործին:
1897ին կը մասնակցի Խանասորի արշաւանքին, որմէ ետք կուսակցական որոշումով կը պահուի Կարսի Հ.Յ.Դ.ի զինագործարանին մէջ, որպէսզի երկիր մտած նորագիր Հայ յեղափոխականներուն ու դաշնակցական գործիչներուն գաղափարական, մարտական եւ կազմակերպչական անհրաժեշտ պատրաստութիւնը ջամբէ: 1904ին իբրեւ պատգամաւոր կը մասնակցի Հ. Յ. Դաշնակցութեան Գ ընդհանուր ժողովին:
Մինչեւ Օսմանեան սահմանադրութեան հռչակումը, անխոնջ կը ծառայէ հայկական յեղափոխութեան՝ Կարսէն Վան եւ Էրզրումէն Սասուն, գործակիցն ու յանդուգն աջակիցը դառնալով ատենի ֆետայական եւ յեղափոխական գործիչներուն:
1908ին Վարդան Շահպազ կը վերադառնայ իր ծննդավայրը, վերամիանալով մօր, կնոջ եւ արդէն պատանի զաւկին: Հոն կը նուիրուի Սեբաստիոյ հայութեան մարտական ինքնակազմակերպումին:
Առաջին Աշխարհամարտին, փոքր խումբով մը կը քաշուի Տիվրիկի լեռները, ուրկէ դժոխային պայմաններու մէջ անդադար յանդուգն ու յաղթական կռիւներ մղելով, Տերսիմի վրայով կը յաջողի անցնիլ Երզնկա ու միանալ Մուրատին ու Կայծակ Առաքելին: Բայց Սեբաստիոյ հայութեան կոտորածներուն եւ տարագրութեան հետ Շահպազ կը կորսնցնէ իր ընտանիքը. Միայն քոյրն էր որ զէնք վերցուցած կը միանայ Շահպազի խումբին:
1918ին կ’անցնի Պոլիս, հոնկէ ալ կը ղրկուի Կիլիկիա որպէսզի ինքնապաշտպանութեան կռիւը կազմակերպէ Մարաշի մէջ, որմէ ետք կը վերադառնայ Պոլիս եւ կը ղրկուի Պուլկարիա, ուր կազմակերպչական եռուն աշխատանք կը ծաւալէ ամբողջ պալքաններու տարածքին մինչեւ 1927:
1920ականներու վերջը կը գործուղուի դէպի Սուրիա, հայ-քիւրտ միացեալ ապստամբութեան, քրտական այս շարժումը յաջողութիւն չունենար: Արդէն վաթսունամեայ գաղափարի մարտիկը կը մնայ Հալէպ եւ կը լծուի կազմակերպչական աշխատանքի Մեծ Եղեռնէն փրկուած տարագիր հայութեան մէջ Ազատ Անկախ Միացեալ Հայաստանի ձգտումը վառ պահելու նպատակին զինուորագրուելով: Ետքը կ’անցնի Քեսապ, ուր կը ստանայ «Հայրիկ» անունը:
Ապա կ’անցնի Պէյրութ, ուր 1946ին ներգաղթի օրերուն, Վարդան Շահպազ տեսնելով, որ ոչ մէկ օգտակարութիւն կրնայ ունենալ այլեւ իր սիրած կուսակցութեան, կ’ուզէ իր վերջին օրերը անցնել մայր հայրենիքին մէջ եւ թաղուիլ հոն: Սակայն երբ կ’իմանայ թէ Հայաստան երթալու համար պէտք էր հրաժարիլ եւ հեռանալ իր կուսակցութենէն, առանց բառ մը իսկ ըսելու կը վերադառնայ իր սենեակը (Պէյրութի Ժողովրդային Տունը): Շահպազի համար Դաշնակցութենէն հրաժարական տալը համազօր էր մահուան:
Վերջին 2 տարիներուն ան գրեթէ դուրս չէր գար իր սենեակէն, ծերութեան պատճառով ան ուժասպառ էր եւ տեսողութիւնը կորսնցուցած, բայց նորահաս սերունդներուն ամենօրեայ ակնածանքին եւ հպարտութեան արժանացած կենդանի վկայութիւն մը դարձաւ եւ այդպէս հրաժեշտ տուաւ իր այնքան պաշտած ժողովուրդին ու գաղափարի մեծ ընտանիքին՝ 8 Յունիս 1959ին: Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը մեծ շուքով կատարեց Վարդան Շահպազի թաղումը որուն ընթացքին կուրծքին վրայ զետեղուեցաւ եռագոյն քսակ մը, որուն մէջ կար ափ մը հող Հայաստանի դաշտերէն:
Մեծ խոնարհ մըն էր Վարդան Շահպազ: 70 տարիներ ուխտեալ մըն էր, որ ոչինչ ցանկացաւ ինքն իրեն: Բայց տուաւ ազգին, Հայրենիքին եւ իր կուսակցութեան՝ իր հոգին, սիրտը եւ բովանդակ կեանքը:

About admin

Check Also

ՆԵՒՐՈՒԶԻ ԵՒ ԽԱՆԻ ԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ԿՌԻՒԸ

1904ի ապստամբութեան պատրաստուող Սասնոյ հայութեան զէնք եւ զինամթերք հասցնելու համար, 1903ի աշնան, Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը կը ձեռնարկէ …

Leave a Reply