Home / Ա / Նիւթեր / Պատմական / ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԵԱՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԵԱՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԵԱՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Պետականութեան Վերականգնումը

Թ. դարը եղաւ արաբներուն համար թուլացման եւ տկարացումի դարաշրջան մը: Հայերը անմիջապէս օգտուեցան առիթէն եւ վերականգնեցին իրենց կորսուած պետականութիւնը Թ. դարու երկրորդ կիսուն:

885-ին Բագրատունի իշխան մը՝ Աշոտ, յաջողեցաւ ինքզինք պարտադրել իբրեւ թագաւոր եւ այս ձեւով հիմնեց Բագրատունեաց Հարստութիւնը: Հաւանաբար (ըստ Դրասխանակերտցի պատմագրին) Բագրատունեաց Հայաստանի արեւմտեան սահմանը կը հասնէր մինչեւ Կարին, Եկեղեաց գաւառ, հիւսիւսէն կ՛ընդգրկէր Գուգարքը, Ուտիքը, արեւելքէն իր սահմաններուն մէջ կը մտնէին Փայտակարանը, Հեր եւ Զարեւանդ գաւառները եւ վերջապէս հարաւի սահմանը կը գծէր Տաւրոսեան լեռնաշղթան:

Բագրատունիներու օրով Հայաստանը ապրեցաւ տնտեսական եւ մշակութային արագ վերելքի եւ զարգացման ժամանակաշրջան մը: Հայ ժողովուրդը ինքզինք գերազանցեց բարգաւաճելու, յառաջդիմելու եւ ստեղծագործելու մէջ: Սակայն դժբախտաբար քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական բազմաթիւ տուեալներու պատճառով կարելի չեղաւ երկիրը պահել միաձոյլ եւ միաւորուած երկար ժամանակ: Իրմէ անջատուեցան

908-ին Վասպուրականը

963-ին Վանանդը

970-ին Սիւնիքը

978-ին Ցաշիր – Ձորագետը

Անի – Շիրակի Թագաւրութիւնը

Անի – Շիրակի թագաւորութիւնը թէեւ անդամահատուած մնաց, սակայն բոլորին մէջ կարեւորագոյն եւ առաւել կամ նուազ չափով պահեց որոշ գերակշռութիւն մը միւս թագաւորութիւններուն վրայ:

Գագիկ Ա.-ի օրով Անի Շիրակի թագաւորութեան սահմանները կը հասնէին արեւելքէն Աղուաններու Մարտաքաղաքին մօտերը, արեւմուտքէն մինչեւ Բասէն. հարաւէն մինչեւ Մանազկերտ. հիւսիսէն մինչեւ Աղուաններու Շամքոր քաղաքը:

Աւատապետական զարգացած կագերով երկիր էր Անիի թագաւորութիւնը: Բագրատունիները վերականգնեցին նաեւ գործակալութիւնները: Պետական անկախ այս կառոյցը գոյատեւեց մինչեւ 1045-թուականը:

Վասպուրականի Թագաւորութիւնը 908-1021

Արծրունիները նախարարական բացառիկ այն տուներէն էին, որ արաբական տիրապետութեան ժամանակ մեծցան եւ ծաւալեցան:

Արդէն իսկ Բ. դարու կէսերէն անոնք տէր դարձած էին Մարդպետունիներուն կալուածներուն: Աւելի վերջ իւրացուցին նաեւ Ամատունիներուն, Ռշտունիներուն, Անձեւացիներուն եւ ուրիշներուն կալուածները:

9-րդ դարուն Արծրունիներուն կալուածները կը տարածուէին Արաքս գետէն մինչեւ մեծ Զապ գետ, Ուրմիոյ լիճէն մինչեւ Վանայ լիճ:

Ուրեմն Վասպուրական նահանգը գրեթէ ամբողջութեամբ (բացի Նախջաւան եւ Գողթն գաւառներէն), Մոկքը ամբողջութեամբ Կորճէքի եւ Պարսկահայքի կարգ մը գաւառները, նաեւ Այրարատի՝ Կոգովիտ եւ Տուրուբերանի՝  Աղիովիտ, Բզնունիք Կոր, Խոռխոռունիք գաւառները: Սակայն այս հողամասին ամբողջութիւնը, Արծրունիներուն բացարձակ հակակշռին տակ չէր: Որոշ շրջաններու մէջ հաստատուած էին արաբներ եւ ստեղծած Էմիրութիւններ (Ամեուկի եւ Վարագի Էմիրութիւնները, Հեր եւ Զարեւանդի Էմիրութիւնները): Այս Էմիրութիւններն ալ հայաբնակ միւս իշխանութիւններուն նման Վասսալ Էին Արծրունի սիւզըռէնին:

Արծրունի թագաւորները 922 թուականէն վերջ դարձան եւ մնացին Վասսալ Անիի թագաւորութեան:

Վասպուրականի թագաւորութեան գլխաւոր քաղաքներն էին՝ Վան, Ոստան, Բերկրի, Արճէշ, Խլաթ, Մանազկերպ: Վարագ եւ Աղթամար վանքերը դարձան մշակոյթի կեդրոններ: Աղթամար կղզին վերածուեցաւ ամրոց-քաղաքի եւ հոն կառուցուեցաւ հայկական ճարտարապետութեան գլուխ-գործոցներէն մէկը՝ Սուրբ Խաչ եկեղեցին ԺԱ. դարու առաջին քառորդին:

Վասպուրականի թագաւորութիւնը կը հաշուէր 4000 գիւղեր, 8 քաղաքներ, 72 բերդեր-ամրոցներ, 115 վանքեր:

Վասպուրականը գիւղատնտեսութեամբ, արհեստերով եւ վաճառականութեամբ բարգաւաճ էր:

Վանանդի Կամ Կարսի Թագաւորութիւնը 963-1065

Բագրատունիներու կալուած ու Բագրատունի իշխաններու կողմէ կառավարուած այս թագաւորութիւնը կ՛ընդգրկէր նախ Վանանդ գաւառը, յետոյ ընդարձակուելով իր մէջ առաւ Արշակունիքը, Ստորին Բասէնը, եւ Աշոցքի մէկ մասը:

Միշտ Վասսալ Անի – Շիրակի թագաւորութեան, ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած գլխաւորաբար զինուորական ուժին վրայ Կարսի թագաւոիերը ամրացուցին բերդերը, ինչպէս՝  Կարսը, Կապոյտ բերդը: Կարսի թագաւորութիւնը իր տարածութեամբ հազիւ կը հասնէր Վասպուրականի թագաւորութեան մէկ երրորդին:

Սիւնիքի Կամ Կարանի Թագաւորութիւն 970-1170

Սիւնիքի թագաւորութեան սահմանները եղած են շատ անկայուն:Սկզբնական շրջանին ընդգրկած է Սիւնիքի նահանգը գրեթէ ամբողջութեամբ. իսկ յետոյ նոյն նահանգին մէկ երրորդը միայն (հարաւային գաւառները՝ Բաղք, Կապան, Արեւիք, Կովսական, Հաբանդ): Թագաւորութեան բնական սահմանները կ՛ըդգրկէին հիւսիսէն՝ Որոտանի ջրբաժան լեռները, հարաւէն՝ Արաքս գետը, Արեւելքէն Աղաւնու գետը եւ արեւմուտքէն Սիւնեաց լեռները: Սիւնիքի մայրաքաղաքը Կապան քաղաքն էր: Երկիրը կը հաշուէր 43 բերդ, 48 վանք, 1000-է աւելի գիւղեր: Իր դիրքին բերումով Սիւնիքը ակօսուած էր առեւտարական կարեւոր ճանապարհներով: Այդ ճանապարհներուն կարգ մը անկիւնները, բնական աճումով առաջ եկած էին գիւղաքաղաքներ: Սիւնիքի տնտեսութեան մէջ մեծ տեղ կը գրաւէր պղինձի հանքահանումը եւ մշակումը:

Տաշիր – Ձորագետի Կամ Լոռիի Թագաւորութիւնը Ժ-ԺԳ.-րդ Դար

Այս թագաւորութեան սահմանները կ՛երկարէին Շամքոր քաղաքէն մինչեւ Խոնաւի լեռնեռը եւ Ալգետէն մինչեւ Փամպակի լեռները. շրջանը կ՛ընդգրկէր Լոռին եւ քանի մը ուրիշ գաւառներ: Լոռի մայրաքաղաղը առեւտրական սերտ կապեր կը պահէր թէ՛ Անիի եւ թէ Թպլիսիի հետ: Լոռիի թագաւորութեան մէջ գիւղատնտեսութեան կողքին շատ աշխոյժ էին նաեւ արհեստները եւ առեւտուրը:

Վասպուրականի, Վանանդի, Սիւնիքի եւ Լոռիի թագաւորութիւններուն մէջ, Լռիի եւ Վանանդի թագաւորութիւնները ուղղակիօրէն Վասսալ էին Անի թագաւորութեան: Իսկ Վասպուրականի եւ Սիւնիքի թագաւորութիւնները հակառակ իրենց անջատողական ձգտումներուն կամայ թէ ակամայ, գրեթէ միշտ կապուած մնացին Անիի թագաւորութեան հետ:

Հայկական Բարձրաւանդակին վրայ հինգ թագաւորութիւններէն բացի կային նաեւ հայկական իշխանութիւններ եւ արաբական Էմիրութիւններ:

Տարօնի Իշխանութիւնը

Ե. դարէն Տարօնը, Մամիկոնեաններու մէկ ճիւղի իշխանութեան տակ մնացած առանձին նախարարութիւն էր: 826-էն վերջ, երբ Մամիկոնեանները ոչնչացան, Տարօնը դարձաւ Բագրատունիներու կալուած:

Տարօնի իշխանութիւնը կ՛ընդգրկէր Տարօնը, Սասունը, Խութը եւ Խլաթ քաղաքը իր շրջակայքով: Շրջանին մայրաքաղաքը Մուշն էր: Լեռնային վայրերու մէջ անասնապահութիւնը, դաշտերու մէջ երկրագործութիւնը, բարգաւաճ էին. աշխոյժ էր նաեւ առեւտուրը: Տարօնը յարաբերութեան մէջ էր ոչ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ Բիւզանդիոնի եւ Միջին Արեւելքի շատ մը երկիրներու հետ:

Արաբական Էմիրութիւններ Ա/ Կայսիկներու Էմիրութիւն

Վանայ լիճի հիւսիսը Կայսիկները ստեղծեցին Էմիրութիւն մը, որու կեդրոնը եղաւ Մանազկերտը: Կարեւոր քաղաք էր նաեւ Խնուսը: Այս Էմիրութիւնը, որ չէր ուզեր ենթարկուիլ խալի‎ֆային, ի վերջոյ ստիպուեցաւ Վասսալ դառնալ մէկ մասով Վասպուրականին, միւս մասով՝ Անիին:

Բ. Աղձնիքի Էմիրութիւնը

Ժ. դարու վերջերուն այս Էմիրութիւնը կը գրաւէր Արեւմտեան Տիգրիսի եւ Տաւրոսի հարաւային լանջերուն միջեւ գտնուող տարածութիւնը: Կարեւոր քաղաքներէն էին մայրաքաղաքը՝ Մուֆարզին, Արզն, Բաղէշ: Այս երեք քաղաքներն ալ կը գտնուէին Միջազգային ճանապարհներու վրայ:

Բագրատունեաց Հայաստանի Տնտեսութիւն

Գիւղատնտեսութիւնը

Արաբական խալիֆայութեան շրջանին ամայացած եւ խոպան դարձած հողային տարածութիւնները օգտուելով համեմատաբար խաղաղ պայմաններէ կրկին շէնցան: Այդ շրջանին սովորութեան վերածուեցաւ երեք տրին մէկ, հողը հանգիստ ձգելու ձեւը: Շատ տարածուեցաւ պարարտացուցիչի գործածութիւնը (աղբ): Ասպարէզ եկաւ երկաթէ խոփով ծանր գութանը (թեթեւ գութանի փոխարէն): Ընդարձակուեցան ոռոգման ցանցերը: Շատ կարեւոր ջրտարներ կառուցուեցան մանաւանդ Սիւնիքի եւ Վասպուրականի, Շիրակի մէջ եւ նաեւ Այրարատեան դաշտի վրայ: Այս նոր պայմանները մեծ չափով բարձրացուցին հողերու բերքատուութիւնը: Հացահատիկներ, թելատու բոյսեր (վուշ, կանեփ, բամպակ) պտուղներ (շաղող) բանջարեղէններ կը մշակուէին քիչ մը ամէն տեղ թէեւ չկային գիւղատնտեսական այս կամ այն մշակութեան համար մասնագիտացած շրջաններ, սակայն կային վայրեր, որ ունէին յատկանշական որոշ արտադրութիւններ: Այսպէս՝ Շիրակի, Վանանդի, Բագրեւանդի, Տարօնի, Խարբերդի, Բասէնի, Կարինի, Եկեղեաց գաւառի կարեւորագոյն արտադրութիւնը հացահատիկներն էին, մինչդեռ Այրարատեան դաշտը,  Վանայ լիճի աւազանը, Արշակունիքը, Արեւիկը աւելի զարկ տուած էին իւղատու բոյսերու եւ պտուղներու մշակոյթին:

Գալով անասնապահութեան՝ յատկանշականը այն է, որ խոշոր եղջիւրաւոր կենդանիներու եւ ձիերու բուծանումը եղած է նոյնքան կարեւոր, որքան մանր եղջիւրաւորներու բուծանումը:

Գուգարքը, Արցախը, Վասպուրականը, Սիւնիքը, Մոկքը, Կորճէքը, Սասունը անասնապահական հարուստ շրջաններ էին: Եւ վերջապէս ձկնորսութիւնը Արածանիի եւ Արաքսի մէջ, այլ մանաւանդ Սեւանայ եւ Վանայ լիճերուն մէջ բաւական հասութաբեր էր:

Արհեստագործութիւնը

Թելատու բոյսերու մշակումը, անասնապահութեան բարգաւաճումը նպաստած են հիւսուածեղէնի, կաշուեղէնի, արհեստագործութեան: Գիւղատնտեսութեան զարգացած բեռնաւորուած արհեստաւորը ստիպուած հրաժարեցաւ միայնգամայն հողային աշխատանքէն ձգեց գիւղը, հաստատուեցաւ քաղաքի մէջ, իր գործը աւելի դիւրին պայմաններու մէջ վարելու համար (հում նիւթ ճարել, ծախելու դիւրութիւն եւ ապրելու աւելի ազատ պայմաններ): Քաղաքաբնակ արհեստաւորը չի գոհանար ապսպրանքին վրայ աշխատելով, այլ կը ձեռնարկէ մեծաքանակ արտադրութեան: Այս ձեւով աւելի առաջ կը տարուի նաեւ արհեստներու մասնագիտացումը:

Բագրատունեաց շրջանին շատ նշանաւոր եղած են ջուլհակութիւնը (գորգեր, կերպասներ, սփռոցներ), դերձակութիւնը:

9-11-րդ դարերուն Հայաստանի մէջ ծնունդ առած են արհեստագործական աշխատանոցները եւ կազմակերպուած են արհեստաւորական ընկերութիւններ (եղբայրութիւններ). այս մասին փաստեր երեւան հանած են Անիի պեղումները: Արհեստագործական կարեւոր կեդրոններ էին Անին, Դուինը, Կարսը, Վանը, Մանազկերտը, Արճէշը, Բաղէշը, Կապանը, Լոռին: Դուինը նշանաւոր էր բարձրորակ հիւսուածեղէնով, ներկերով եւ կաւագործութեամբ: Անիի մէջ զարգացած էին մանաւանդ զինագործութիւնը, ոսկերչութիւնը, քարտաշութիւնը:

Թ.-էն մինչեւ ԺԱ. դար Հայաստանի մէջ բաւական զարգացած էր նաեւ հանքահանումը եւ մետաղամշակումը: Պղինձ կը հանքահանէին եւ կը մշակէին՝, Սիւնիքի թագաւորութիւնը – նշանաւոր էին Արճէշի հանքերը (Ջափան) Տաշիր- Ձորագետի թագաւորութիւնը (Ախթալային շրջան), Աղձնիքի Էմիրութիւնը: Տարօնի, Վասպուրականի եւ Կարինի մէջ կը հանքահանէին երկաթ: Կապար կ՛արտադրէին Սիւնիքը, Վասպուրականը (Ընձաքիարս լերան շրջանը): Արծաթ կար Արճէշի մէջ: Անագ Վանի մէջ: Սեղանի աղ կ՛արտադրէին Վանանդը, Նախիջեւանը:

Առեւտուր

Գիւղատնտեսութեան եւ արհեստագործութեան անջատումը եւ զարգացումը մեծ չափով խթանեցին առեւտուրը քաղաքին եւ գիւղին միջեւ: Շուկաներու թիւն ու տարածութիւնը մեծցաւ եւ կազմակերպուեցան տօնավաճառներ: (Քաղաքներու մէջ՝ Դուինի, Անիի եւ նաեւ վանքերու մօտ՝ Տաթեւի, Հաղբատի, Վարագի):

Աշոտ Ա.-ի, մանաւանդ Սմբատ Ա.-ի օրով շատ զարգացած էր նաեւ արտաքին առեւտուրը: Սմբատ Ա.-ը Բիւզանդիոնի հետ կնքած է առեւտրական համաձայնութիւն (առանց մաքսի փոխանակում): Հայաստանը առեւտրական կապեր կը պահէր նաեւ Միջագետքի, Պարսկատանի, Աղուանքի եւ ուրիշ երկիրներու հետ: Հայաստանի վրայով անցնող առեւտրական միջազգային ճանապարհները դարձան շատ բանուկ: Ը.-էն մինչեւ Թ.- դար տարանցիկ առեւտուրի կեդրոնը Դուինն էր: Աւելի վերջ մինչեւ ԺԱ. դար  նոր ճանապարհներուն գլխաւոր հանգոյցը հանդիսացաւ Անին: Անիէին կը մեկնէին ճանապարհներ զանազան ուղղութեամբ դէպի տարբեր երկիրներ:

ա) Ճանապարհ մը կը մեկնէր Անիէն դէպի Թպլիսի: Այս ճանապարհը կը ճիւղաւորուէր Աղստեւ գետի ստորին հոսանքին մօտ ճիւղ մը կ՛երթար Շամքոր քաղաքէն անցնելով դէպի Գանձակ եւ Կասպից ծով:

բ) Ուրիշ ճանապարհ մը Անին կը միացնէր Սեւ ծովէն անցնելով Ախալցիխէէն, իսկ

գ)ուրիշ մը Անին եւ Սեւ ծովը իրար կը կապէր Կարսի վրայով:

դ) Երկար ճանապարհ մը մեկնելով Անիէն կ՛երթար Բագարան, Վաղարշապատ, հոս ճանապարհը կը ճիւղաւորուէր մէկ ճիւղը կ՛ուղղուէր դէպի Սեւ ծով Կարինէն անցնելով, իսկ միւս ճիւղը կ՛երթար դէպի Սուրիա, Միջագետք, Մանազկերպէն, Բաղէշէն, Անզնէն անցնելով:

Ե) Վերջապէս կար ճանապարհ մը Անի – Երեւան – Դուին:

Հայաստանը կ՛արտածէր՝ հացահատիկներ (ցորեն) անասուններ, ձուկ, մետաղէ իրեր, զէնքեր, կերպասներ, զորգեր, ներկեր, մետաղներ, աղ, գինի, պտուղներ: Այս բոլորը շատ գնահատուած էին արտասահմանի շուկաներուն վրայ եւ շատ լաւ կը ծախուէին: Հայաստանը կը ներածէր համեմներ:

Քաղաքներ

Դուինը, Վանը, Մանազկերտը, Խլաթը, Կարինը, Բաղէշը, Նախիջեւանը մեծցան, բարեզարդուեցան, զարգացան: Բայց մանաւանդ յայտնի դարձան նոր քաղաքներ՝ ինպէս Անին, Կարսը, Արծնը, Բերկրին, Արճէշը, Ոստանը:

Ընդհանուր առմամբ քաղաքները կը պահէին իրենց հին կառոյցը: Այսպէս ունէին կեդրոնական միջնաբերդ մը (այսպիսի քաղաքներ կը կոչուէին բերդաքաղաք), որ կը պարփակէր իշխանին կամ թագաւորին պալատը եւ իր զօրանոցները: Հոս կը գտնուէին դրամատէրերու եւ ազնուականներու բնակարանները, պանդոկներ, շուկաներ, արհեստանոցներ, քարավանսերայներ եւայլն:

Շահաստանը շրջապատուած էր պարիսպով: Այս պարիսպէն դուրս կը տարածուէին աղքատ արուարձաններ, որոնք կը կոչուէին ռաբատ: Անիի աղքատ արուարձաններուն մէկ մասը գետնափոր էին, Ախուրեանի ափին:

Այս տիպարի քաղաքներէն զատ կային նաեւ անպարիսպ, բաց քաղաքներ: Բաց քաղաքներ էին Արծնը, Ոստանը, Արծկէն:

Մատենագրութեան մէջ թիւեր (70.000 զոհ Դուինի երկրաշարժին 833)

(150.000 զոհ Արծն 10 Սելճուք- թուրքերու արշաւանքին)

Ենթադրել կու տան որ Հայաստանի քաղաքները բազմամարդ էին. կը կարծուի օրինակ, որ Անին ունեցած է աւելի քան 100.000 բնակիչ:

Բագրատունեաց շրջանի արհեստագործութեան եւ մանաւանդ առեւտուրի բարգաւաճումը քաղաքներու մէջ երեւան հանեցին եւ զօրացուցին դրամատէր դասակարգ մը, որ սկսաւ հակադրուիլ աւանդական ազնուական դասակարգին:

Քաղաքներու ներքին կազմակերպութեան՝ քաղաքային խորհուրդներու մէջ, յաճախ ազնուականները կը մնային փոքրամասնութեան մէջ: Քաղաքային խորհուրդները կը զբաղէին ոչ միայն քաղաքին ներքին կեանքով, այլ նաեւ կը ստանձնէին քաղաքին պաշտպանութիւնը եւ մինչեւ իսկ բանակցութիւններ կը վարէին այս կամ այն նուաճողին հետ:

Պետական Կառոյցը

Բագրատունիներու պետութիւնը ունէր մօտաւորապէս իր նախորդներուն կառոյցը, գէթ իր գլխաւոր գիծերուն մէջ: Որոշ փոփոխութիւններով, գործակալութիւնները կը շարունակէին: Սպարապետութիւնը նախ կը վարէին Բագրատունիները, յետոյ Պահլաւունիները: Մարզպանութեան գործակալութիւնը կը վարէր երկրին արտաքին քաղաքականութիւնը, բանակցութիւնները դրացի երկիրներու հետ, բայց նաեւ կը միջամտէր միջ-աւատապետական վէճերու ժամանակ եւ կը խաղար իրաւարարի դեր: Մարզպանութիւնը Արծրունիներու իրաւունքն էր:

Դատարանները կը մնային հոգեւորականութեան կալուածը: Իւրաքանչիւր թեմ ունէր իր դատարանը:

Մշակութային Վերելք

Քաղաքներու բարգաւաճումը եւ զարգացումը, արտաքին աշխարհին հետ սերտ յարաբերութիւնները եւ ընդհանրապէս այդ ժամանակաշրջանին յատուկ միջազգային քաղաքակրթական վերելքը, բաւականաչափ ազդակներ էին ծաղկեցներու համար հայկական մշակոյթը: Գրականութեան եւ արուեստի գրեթէ բոլոր ճիւղերուն մէջ Հայաստանը ապրեցաւ ցայտուն վերելքի ժամանակաշրջան մը:

Բագրատունեաց Հայաստանը փայլեցաւ մանաւանդ ճարտարապետական արուեստին մէջ: Բարեզարդուեցան Վան եւ Ոստան քաղաքները: Աղթամարը դարձաւ քաղաք, պարիսպներով եւ հոյակապ Սուրբ Խաչ եկեղեցիով : Ճարտարապետներ եւ քանդակագործներ մեծ թափով ստեղծագործեցին մանաւանդ Անիի մէջ: Հոն Կառուցուեցան թագաւորական պալատ, քարավանսերայներ, պարիսպներ, Ախուրեանի վրայ կամուրջ եւ եկեղեցիներ (կաթողիկէ, Գագկաշէն):

Ճարտարապետական կառոյցներուն գրեթէ բոլորն ալ զարդարուեցան շատ գեղեղիկ քանդակներով, այդ շրջանէն մնացած են սքանչելի խաչքարեր:

10-րդ դարու վերջերուն (մինչեւ 11-րդ դարու սկիզբ) ապրած է պատմութեան մէջ յայտնի Տրդատ ճարտարապետը: Տրդատ ոչ միայն հեղինակն է Անիի մէջ կառուցուած բազմաթիւ յուշարձաններու, այլ նաեւ շինած է Պոլսոյ Սո‎ֆիա եկեղեցիի վերակառուցուած գմբէթը:

About talar

Check Also

Հայկական Հնագոյն Ցեղերն ու Ցեղային Միութիւնները

           Ինչպէս ամէն ժողովուրդի, այնպէս ալ հայ ժողովուրդի կազմաւորման գործընթացը ընդգրկած է երկար ժամանակ, թերեւս …