Home / Դ / ԱՅԼԱԶԱՆ / Սննդականոն / ԼՈԼԻԿԸ՝ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐՈՂ ԳԼԽԱՒՈՐ ԲԱՆՋԱՐԵՂԷՆԸ

ԼՈԼԻԿԸ՝ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐՈՂ ԳԼԽԱՒՈՐ ԲԱՆՋԱՐԵՂԷՆԸ

ԼՈԼԻԿԸ՝ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐՈՂ ԳԼԽԱՒՈՐ ԲԱՆՋԱՐԵՂԷՆԸ

essay services

Ամրան թէ ձմրան շրջանին ճաշի սեղաններէ անպակաս է լոլիկը, որ նախաճաշերու, ճաշերու եւ ընթրիքներու ընթացքին անպայման սեղան կը ներկայանայ եթէ ոչ հում, գոնէ եփած կերպով:

Լոլիկը յանձնարարելի է, որովհետեւ անիկա կը պարունակէ նիւթեր, որոնք կը պայքարին զանազան հիւանդութիւններուն դէմ եւ կանխարգիլեն զանոնք: Ասոր կողքին, լոլիկը այնպիսի բանջարեղէն մըն է, որուն համը կը յարմարի թէ՛ միջին արեւելեան եւ թէ եւրոպական ճաշերուն, կ՛ընկերանայ ապուրներուն եւ զանազան տեսակի թացաններուն, ինչպէս նաեւ անիկա մնայուն կերպով ներկայ է չինական եւ այլ ժողովուրդներու ճաշերուն մէջ:

Լոլիկը հիմնականօրէն հարուստ է Սէ. եւ Ի. կենսանիւթով, որ մարմնին կը ծառայէ Էյ. կենսանիւթ պատրաստելու համար: Ան նաեւ կը պարունակէ մեծ քանակութեամբ փոթասիոմ եւ երկաթ, որ կ՛օգնէ արեան գերճնշում պատճառող իւղերու եւ ջերմուժի նուազեցման:

Վերջին ուսումնասիրութիւնները այս օգտագործութիւններուն կողքին շեշտը դրած են լոլիկին ունեցած լիքոփէն (Lycopene) նիւթին վրայ, որ լոլիկին կու տայ իր բնական կարմիր գոյնը: Այդ նիւթը կը հաւասարակշռէ մարմնին մէջ գտնուող թթուները եւ կը պայքարի ‎ֆրի րետիքըլզ նիւթին դէմ, որ զանազան հիւանդութիւններ, գլխաւորաբար սրտի հիւանդութիւն եւ կանուխ ծերութիւն կը պատճառէ:

Ծանօթ է, որ բարձր քոլեսթերոլ ունեցող անհատը աւելի եւս ենթակայ է սրտի հարցերու, սակայն այս մէկը կը պատահի, երբ քոլեսթերոլը թթուի կը վերածուի եւ հաւաքուելով սրտին շուրջ՝ անոր խողովակները կը գոցէ:

Համալսարանին մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած է, որ լիքոփէն նիւթը կ՛օգնէ, որ քոլեսթերոլը թթուի չվերածուի եւ հարցեր չստեղծէ:

Սակայն լոլիկին օգտակարութիւնը հոս չի վերջանար. մեծ քանակութեամբ լոլիկ սպառողներուն մօտ կը նուազի կուրծքի քաղցկեղ ունենալու հաւանականութիւնը: Լոլիկին մէջ գտնուող ֆիթոէն եւ ֆիթոֆլու նիւթերը ուղղակի ազդեցութիւն ունին կուրծքի քաղցկեղ յառաջացնող մանրէին վրայ: Այս նիւթերը կը կազմուին բանջարեղէնին եւ լոյսի ճառագայթներուն միջեւ եղած շփման ընթացքին եւ անոնք կը կասեցնեն կուրծքի քաղցկեղ պատճառող մանրէին աճն ու տարածումը:

Լոլիկով հարուստ սննանդականոնը կ՛օգնէ, որ անհատին ոսկոսրները չփճանան, այլ, ըստ քանատացի մասնագէտներուն, անոնք կ՛օգնեն ոսկորներու աճին եւ խտութեան:

Սննդագէտներուն համաձայն, օրական շուրջ 250 միլիլիթր լոլիկի հիւթ կամ 150 միլիլիթր լոլիկի թացան սպառելը բաւարար է, որ առողջ մարմին ունենալու լոքափէն նիւթը ստանայ անհատը:

Լոլիկը աւելի առողջարար ընելու միտումով Ինտիանա համալսարանի դասախօսներէն ոմանք, Ամերիկայի հողագործութեան նախարարութեան հետ գործակցաբար, ցանած են աւելի մեծ չափի եւ աւելի մեծ քանակութեամբ լոքափէն պարունակող լոլիկներ:

Սննդագէտները կը թելադրեն, որ հումին կողքին եփած լոլիկ սպառելք, որովհետեւ անիկա աւելի դիւրին կը մտնէ արեան մէջ եւ զայն կը մատակարարէ անհրաժեշտ ու հարուստ նիւթերով: Այս մէկը կը նշանակէ, թէ թացանները նաեւ մեծապէս օգտակար են: Բժիշկները կը յանձնարարեն նաեւ, որ լոլիկը սառնարանէն դուրս պահուի, որովհետեւ պաղութիւնը անոր համն ու թարմութիւնը կը նուազեցնէ եւ աւելի ճիշդ կ՛ըլլայ զայն երկար չպահել եւ սպառել գնելէն քանի մը օր ետք:

zp8497586rq
zp8497586rq

About admin