Home / Ա / Նիւթեր / Պատմական / ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ-ԱԶԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՇԱՐԺՄԱՆ ՆՈՐ ՓՈՒԼԸ

ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ-ԱԶԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՇԱՐԺՄԱՆ ՆՈՐ ՓՈՒԼԸ

ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ-ԱԶԱՏԱԳՐԱԿԱՆ

ՇԱՐԺՄԱՆ ՆՈՐ ՓՈՒԼԸ

Արեւմտահայրեու Ազգային Սահմանադրութիւնը:
Զէյթունի 1862թ. Ապստամբութիւնը

1-Արեւմտահայ ազգային սահմանադրութիւնը

Սահմանադրական շարժման նախադրեալները.- Հպատակ ժողովուրդներու ազատագրական պայքարը կանխելու նպատակով 19րդ դարու 2րդ քառորդէն վերջ, Օսմանեան կայրութիւնը դիմեց բարենորոգումներու: 1839 եւ 1856 թուականներուն հրապարակուեցան բարենորոգումներու ծրագիրներ, որոնցմով հռչակուած էին Թուրքիոյ բոլոր ժողովուրդներու իրաւահաւասարութիւն, կեանքի եւ գոյքի անձեռնմխելիութիւն, հարկերու արդարացի եւ կանոնաւոր գանձման պարագաները: Սակայն անոնցմէ ոչ մէկը չիրականացաւ, թէեւ բաերնորոգումներու կիրարման կողմնակից էին նաեւ եւրոպական տէրութիւնները: Աւատատիրական Թուրքիան պատրաստ չէր փոփոխութիւններու: Էրիմի պատերազմէն յետոյ (1856թ.) արեւմտահայերը եւս ձեռնամուխ եղան իրենց ազգային կեանքի վերակառուցման գործին: Կ.Պոլսոյ հայ հանրութեան մէջ զօրացաւ հակասութիւնները հասարակ ժողովուրդի (արհեստաւորներ, մանր ու միջին առեւտրականներ) եւ ամիրաներու՝ հարուստներու ու անոնց սատարող բարձրաստիճան եկեղեցականութեան միջեւ: Ամիրաները աւելի քան մէկ դար տնօրինած էին հայ հանրութեան եկամուտները, անոր ազգային ու կրթական հաստատութիւնները: Անոնք ճնշուած վիճակի մէջ պահած էին ոչ միայն Կ.Պոլսոյ իրենց աշխատաւոր հայրենակիցները, այլեւ իրենց տնտեսական շօշափուկները տարածած էին Արեւմտահայաստանի գաւառներու վրայ: Ամիրաները թրքական փաշաներէն ստացած էին հարկեր հաւաքելու արտօնութիւն եւ իւրաքանչիւրէ ստացած էին եկամուտներու մէկ մասը:

Սահմանադրական շարժումը.- Թուրքիոյ մէջ վերնախաւի դէմ ուղղուած ժողովրդական շարժումը գլխաւորած էին եւրոպական առաջաւոր գաղափարներով կրթուած մտաւորականները: Անոնք մշակեցին ազգային վարչութեան կանոնադրութիւն, որ 1857թ. ներկայացուեցաւ հաստատման: Այս կանոնադրութեամբ պոլսահայերու աշխարհիկ վարչութեան տրուած էին բաւական իրաւունքներ, վերացուած էին ամիրաներու եւ բարձրակարգ եկեղեցականութեան արտօնութիւնները: Վերջիններուս յամառ դիմադրութեան պայմաններուն Օսմանեան կառավարութիւնը մերժեց կանոնադրութիւնը: 1859թ. կազմուեցան յանձնաժողովներ ազգային նոր կանոնադրութիւն մշակելու համար: Ժողովուրդի պայքարի արդիւնքով այդ փաստաթուղթը, ազգային սահմանադրութիւն անուանումով, 1860թ. Մայիսի 24-ին ընդունուեցաւ արեւմտահայերու ազգային Ընդհանուր ժողովի կողմէ: Եւս մէկ անգամ խմբագրուելով՝ վաւերացուեցաւ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ 1836 թուականին:

Ազգային սահմանադրութիւնը որեւէ քաղաքական նշանակութիւն չունեցաւ թրքական լուծը թեթեւցնելու, արեւմտահայերու հարստահարութիւնները վերացնելու տեսակէտէն: Բայց ասոր հանդերձ, սահմանադրութիւնը հաստատած էր դպրոցի եւ ազգային-կրօնական կապերու զարգացումը:

Արեւմտահայերու սահմանադրական պայքարի յաջողութեան մեծապէս նպաստեց յառաջադէմ մտաւորականութիւնը, որուն ուժերով ստեղծուեցաւ սահմանադրութեան բնագիրը:

Սահմանադրութեան հեղինակներէն էր ականաւոր հասրակական գործիչ Նահապետ Ռուսինեանը (1819-1876): Կրելով եւրոպական առաջաւոր շարժումներու ազդեցութիւնը՝ ան իր համախոհներուն հետ ներգրաւուած է սահմանադրական շարժման մէջ: Ն.Ռուսինեանը աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցած է սահամադրութեան վերաքննութեան, ազգային ժողովի կանոնագրի եւ այլ կարեւոր խնդիրներու առաջադրման եւ մշակման գործին մէջ: Ան հեղինակն է հանրայայտ «Կիլիկիա» երգին:

Սահմանադրութեան հիմնական սկզբունքները մշակուած են ճարտարապետ Նիկողայոս Պալեանի (1826-1858) ձեռքով: Ան աջակցած է Կ.Պոլսոյ հայութեան մշակութային-լուսաւոարական շարժումներուն:

Սահմանադրական շարժման երեւելի դէմքերէն էր Գրիգոր Օտեանը (1834-1887): Օտեանը օսմանեան առաջին սահմանադրութիւնը խմբագրողներէն մէկն էր: Ան զբաղած է Արեւմտեան Հայաստանի խնդիրով եւ մշակած է անոր նուիրուած ծրագիր:

Սահմանադրականներու նոյն սերունդէն էր Սերվիչէնը (Սերովբէ Վիյէնեան, 1815-1897): Ան 1860-1870-ական թթ. գլխաւորած է սահմանադրական շարք մը մարմիններու աշխատանքները:

2-Հայ հասարակական միտքը

Պահպանողականներ.- 186-1870-ական թթ. հայ ժողովուրդի քաղաքական ու տնտեսական զարգացման հիմնահարցը առաջնահերթ նշանակութիւն ստացաւ: Գործիչներուն մէկ մասը կը կարծէր, որ օսմանեան եւ ռուսական ճնշումներուն դիմակայելու համար անհրաժեշտ է պահպանել աւանդութիւնները, լեզուն եւ կրօնը: Ժողովուրդի տնտեսական դրութեան բարելաւման հիմնական միջոցնեը անոնք կը համարէին երկրագործութեան, արհեստներու եւ առեւտուրի զարգացումը:

Այսպիսի սահմանադրական հայացքներ ունէր Գաբրիէլ վարդապետ Այվազովսկին (1812-1880), որ «Մասեաց Աղաւնի» ամսագրի խմբագիրն էր: Ան յատկապէս պաշտպանած էր կրօնի եւ եկեղեցւոյ ազգապահպան նշանակութեան գաղափարը:

Գրեթէ նոյն քարոզչութեամբ հանդէս եկած է Մարկոս Աղաբեկեանը (1830-1908) իր խմբագրած «Կռունկ Հայոց Աշխարհին» ամսագրով: Ան ընդիմադիր տեսակէտներ յայտնած է ցարիզսի գաղութային քաղաքականութեան դէմ, արտայայտած հայ բնակչութեան բողոքը Օսմանեան բռնակալութեան նկատմամբ: Այս նոյն դիրքորոշումը ոնէր Պետրոս Շանշեանը (1819-1889), որ յատկապէս հանդէս եկաւ տնտեսական անկում ապրող հայ արհեստաւորութեան դրութիւնը բարելաւելու առաջարկկներով: Հայ առաքելական եկեղեցին Շանշեանը համարած էր ազգային գոյութեան հիմնասիւներէն մէկը:

Կ.Պոլսոյ մէջ գործող պահպանողականներէն եր Յովհաննէս Չամուրճեան-Տէրոյեանցը (1801-1888), «Երեւակ» պարբերականի խմբագիրը: Ան յայտնի է արեւմտահայերու սահմանադրութեան դէմ իր մղած պայքարով, ուրուն հիմքին ինկած էր այն տեսակէտը, թէ սահմանադրութիւնը պէտք է նուազեցնէ եկեղեցւոյ դերը ազգային կեանքին մէջ: Հ.Չամուրճեանը բնավիճած է յառաջադիմական գործիչներու հետ ժողովուրդի քաղաքական վիճակի, կրօնի, եկեղեցւոյ եւ ազգային լուսաւորութեան շուրջ:

Ազատամատական հոսանք.է Պահպանողականներուն հակադրուած էին ազատամիտ հայեացքներ ունեցող գործիչները:

Ազատամիտ ուղղութեան հետեւորդ էր Ստեփանոս Նազարեանը (1821-1879): Հայ հանրութեան զարգացման կարեւոր միջոցը ան համարած էր բարենորոգումները: Իր խմբագրած «Հիւսիսափայլ» ամսագրով Նազարեանցը պայքարած էր յետամնացութեան ու խաւարամտութեան դէմ, պաշտպանած ազգային լուսաւորութեան ու կրթութան տարածման եւրոպական ուղին: Հայկական կեանքին մէջ ան կողմնակից էր եկեղեցւոյ եւ հոգեւորականութեան ազդեցութեան սահմանափակման:

«Հիւսիսափայլ»ին մէջ Ստ.Նազարեանի հետ համագործակցած էր Միքայէլ Նալպանտեանը (1829-1866), որ քարոզած էր շատ աւելի արմատական յեղափոխական գաղափարներ: Մ.Նալպանտեանը հայ ժողովուրդի քաղաքական եւ տնտեսական ազատագրութիւնը կապած էր ռուսական եւ համաեւրոպական յեղափոխական շարժումներուն հետ: Մ.Նալպանտեանը մասնակցած էր արեւմտահայերու հասրակական պայքարին, սատարած սահմանադրական գործերուն, յատկապէս Յ.Սուաճեանի ու անոր համախոհներուն հետ: Անոր յառաջադիմական հրապարակախօսութիւնն ու գրական ստեղծագործութիւնները խոր հետք ձգած են հայ հասարակական մտքի եւ գրականութեան զարգացման յետագայ ընթացքին վրայ:

Արեւմտահայ իրականութեան մէջ յառաջադիմական գաղափարներ քարոզած էին Մկրտիչ Խրիմեանը (1820-1907), «Մեղու» պարբերակի խմբագիր Յարութիւն Սուաճեանը (1831-1874): Յ.Սուաճեանը համազգային միասնութեան ջերմ  պաշտպանն էր եւ Մ.Նալպանտեանի հետ ունեցած իր կապերով նպաստած էր արեւմտահայ եւ արեւելահայ հատուածներու հոգեւոր-մշակութային մերձեցման:

Յ.Սուաճեանի գաղափարակիցն էր Զմիւրնիոյ հայ գաղթավայրի մէջ գործող Գրիգոր Չիլինկիրեանը (1839-1923): Ան իր խմբագրած «Ծաղիկ» հանդէսով ընդդիմացած է աշխարհիկ ու հոգեւորական վերնախաւի կամայականութիւններուն: Պաշտպանած է սահմանադրութիւնը՝ վկայակոչելով եւրոպական մտածողները:

Յառաջդիմական գործիչներու շարքը արեւմտահայ կեանքին մէջ լրացուցած է Մաթէոս Մամուրեանը (1830-1901)՝ «Արեւելեան Մամուլ» հանդէսի խմբագիրը:

Արեւելահայ հատուածի ազատամտութեան ներկայացուցիչն էր նաեւ Գրիգոր Արծրունի (1845-1892): Ան ազգային ազատագրական պայքարի համոզուած գործակից էր: Հասարակութեան յառաջընթացքը ան կապած էր խաղաղ ընթացքի, բարենորոգումներու հետ՝ մերժելով յեղափոխութիւններն ու սոցիալական ցնցումները: Անոր խմբագրած «Մշակ» նշանաւոր թերթը պատկառելի ներդրում ունի արեւելահայերու եւ արեւմտահայերու մտաւոր-մշակութային շփումներու ու գործնական յարաբերութիւններու ասպարէզին մէջ: Առաւել արմատական կողնորոշում ունէր խոշորագոյն գրող, հրապարակախօս Րա‎ֆֆին (Յակոբ Մելիք-Յակոբեան): Օսմանեան լուծէն արեւմտահայութեան ազատագրութեան հնարաւորութիւնը Րաֆֆիին ակնկալած էր զինուած համաժողովուրդական պայքարէն: Այս գաղափարներուն նուիրուած են անոր վէպերը: Ինչպէս Գր.Արծրունի, Րաֆֆին եւս յոյսեր չէ կապած արեւմտահայութեան սահմանադրութեան եւ Օսմանեան Թուրքիոյ բարենորոգչական ընթացքի հետ:

Այսպիսով, հայ հասարակական մտքի ներկայացուցիչները 19րդ դարու 60-70-ական թթ. յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած են հայութեան քաղաքական, տնտեսական ու մշակութային զարգաման խնդիրներուն: Ազգի գոյատեւման ու զարգացման ուղիները անոնք պատկերացուցած էին կամ խաղաղ վերափոխումներու՝ բարենորոգումներու, կամ ալ ազատագրական զինուած պայքարի միջոցով:

3-Զէյթուի 1862թ. ապստամբութիւնը

Զէյթունի կիսանկախ վիճակը.- 19րդ դարու երկրորդ կիսուն ազատագրական պայքարի ցայտուն օրինակներէն է Զէյթունի ինքնապաշտպանութիւնը: Զէյթուն քաղաքը (եւ համանուն գաւառը) կը գտնուի Թուրքիոյ տարածքին, լեռնային Կիլիկիոյ մէջ: Տեղը դժուարանցանելի է, ան շրջապատուած լեռներով: Վաղ ժամանակներէն այստեղ հայ ազգաբնակչութիւնը կեդրոնացած է: Հայութիւնը, ապաւինած իր արիութեան ու անմատչելի լեռներուն, կրցած էր դարեր շարունակ յետ մղել նուաճողները եւ պահպանած էր իր կիսանկախ դրութիւնը: Զէյթուն քաղաքը եւ գաւառը փաստօրէն կառավարած էին հայկական աւանդական իշխանական տուները, որոնք թեթեւ հարկ կը վճարէին սուլթանական իշխանութեան: Զէյթունի եւ գաւառներուն մէջ 19րդ դարու 2րդ կիսուն կը բնակէին 35-40 հազար հայեր եւ շուրջ 8.5 հազար մահմետականներ: Իր կիսանկախ վիճակով եւ ազգասիրական վարակիչ օրինակով Զէյթունը դարձած էր օսմանեան իշխանութիւններու աչքի փուշը: Վերջիններս շատ փորձեր կը կատարէին հնազանդեցնելու անոր, սակայն միշտ պարտութիւն կը կրէին: Անյաջողութեան մատնուեցան նաեւ օսմանեան կայսրութեան այն փորձերը, որ կը ջանային Զէյթունը դարձնել կառավարչի նստավայր եւ բնակիչներուն պարտադրել կանոնաւորապէս հարկեր վճարել: 1860թ. Յուլիսին կառավարութիւնը որոշեց փոխել իրավիճակը եւ վերջնականապէս հնազանդեցնել Զէյթունցիները:

Զէյթունի ինքնապաշտպանութիւնը.- 1862թ. Մարաշի կուսակալ Ազիզ փաշան կանոնաւոր զօրքով ծրագրեց յարձակիլ Զէյթունի վրայ: Թրքական բանակի թիւը կը հասնէր մօտ 40 հազարի: Անոնց դէմ դուրս եկաւ Զէյթունցիներու 7 հազարնոց զօրախումբը, որ զինուած էր ընդամէնը պապենական հնաոճ հրացաններով, մահակներով ու քարերով: Իր բազմապատիկ թուական գերազանցութեան եւ սպառազինութեան շնորհիւ փաշան Յուլիսի27-ին գրաւեց քանի մը հայկական գիւղեր, որոնցմէ ետք զէյթունցիներու ջոկատները շրջակայ գիւղերու բնակչութեան հետ ամրացան քաղաքին մէջ: Օգոստոս 2ին թրաքական ուժերը տարբեր կողմերէ արդէն շրջապատած էին Զէյթունը: Լեռնականները իրենց ամբողջ ռազմական ուժը բաժնեցին չորս հիմնական մասերու եւ խելամիտ ու յանդուգն գործողութիւններով դժուար ճակատամարտերէն կրցան հակահարուած տալ թշնամիին: Թուրքերը ծանր կորուստներ տուին: Թրքական բանակին դէմ մղուող մարտերուն իրենց ռազմական տաղանդն ու քաջութիւնը ցուցադրեցին զէյթունի իշխաններ՝ Մ.Եաղուպեանը, Ն.Սուրէնեանը եւ ուրիշներ: Իրենց սխրանքներով աչքի ինկան վարդապետ Մահտեսի Գրիգորը, Մարկոս Թաշճեանը եւ առհասարակ մարտնչող ողջ հայ բնակչութիւնը:

Այս պարտութենէն յետոյ, չհրաժարելով Զէյթունը գրաւելու մտադրութենէն, կառավարութիւնը Աշիր փաշան նշանակեց զօրահրամանատար: Նախատեսուած էր նոր, 150-հազարնոց բանակով յարձակիլ Զէյթունի վրայ, հիմնայատակ ընել եւ սուրի քաշել հայ բնակչութիւնը: Սակայն զէյթունցիները կրցան խուսափիլ արհաւիրքէ՝ դիմելով Կ.Պոլսոյ պատրիարքի եւ ‎ֆրանսական կառավարութեան օգնութեան: Վերջինս կը ձգտէր զօրացնել իր ազդեցութիւնը Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ, ուստի խոստացաւ օգնել անոնց՝ ճնշում գործադրելով թրքական կառավարութեան վրայ: Փոխարէնը Ֆրանսան ակնկալած էր կաթոլիկական դաւանանքի ընդունումը զէյթունցիներու կողմէ: Իսկ Օսմաեան կառավարութիւնը, զգուշանալով Կիլիկիոյ մէջ Ֆրանսական ազդեցութեան զօրացմէն, տեղի տուաւ: Զէյթունի պաշարումը վերացաւ. լեռնականները իրենց հերթին զիջումներ կատարեցին կառավարութեան: Անոնք այնուհետեւ պէտք է ենթարկուէին օսմանեան վարչական կառավարման, կանոնաւորապէս վճարէին հարկերը՝ փոխարէնը օգտուելով իրենց ազգային-եկեղեցական գործերը ինքնուրոյն վարելու իրաւունքէն:

Այսպէս աւարտեցաւ 1862թ. Զէյթունի հերոսական պայքարը, որ խոր հետք ձգեց ազգային ինքնագիտակցութեան եւ ազատագրական պայքարի յետագայ ընթացքի վրայ: Հայութիւնը բնաշխարհի եւ գաղթավայրերու մէջ նիւթական միջոցներ հանգանակած եւ ուղարկած էր Կիլիկիա՝ աջակցելով անոր քաջակորով բնակչութեան: Զէյթունի իրադարձութիւններու ազդեցութեամբ Վանի, Էրզրումի, Մուշի եւ Կ.Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցան յուզումներ եւ հանրահաւաքներ:  Զէյթունցիներու պայքարը նպաստեց հայ հասարակական մտքի վերելքին, գրականութիւնն ու հարապարակախօսութիւնը համակեց ազատագրական տրամադրութիւններով: Բանաստեղծ եւ հասարակական գործիչ Մ.Պէշիկթաշլեանը «Անձրեւ» ընկերութեան մէջ միաւորուած իր համախոհներու հետ նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւն ցոյց տուած է զէյթունցիներուն: Մ.Պէշիկթաշլեանը գրեց իր բանաստեղծութիւններու զէյթունեան շարքը, ուր գեղարուեստական մեծ ուժով պատկերուած է զէյթունցիներու պայքարը: Յ.Սուաճեանի «Մեղուն», Գրիգոր Չիլինկիրեանի «Ծաղիկը» եւ այլ պարբերակներ նոյնպէս արձագանգեցին հերոսամարտին:

 

zp8497586rq
zp8497586rq

About admin

Check Also

Հայկական Հնագոյն Ցեղերն ու Ցեղային Միութիւնները

           Ինչպէս ամէն ժողովուրդի, այնպէս ալ հայ ժողովուրդի կազմաւորման գործընթացը ընդգրկած է երկար ժամանակ, թերեւս …