Home / Ա / Նիւթեր / Քաղաքագիտական / Հայ Դատ-Ցեղասպանութիւն / ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՕՍՄԱՆԵԱՆ ԿԱՅՍՐՈՒԹԵԱՆ ՏԻՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՏԱԿ

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՕՍՄԱՆԵԱՆ ԿԱՅՍՐՈՒԹԵԱՆ ՏԻՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՏԱԿ

16րդ դարէն սկսեալ Հայաստան անցաւ Օսմանեան Կայսրութեան տիրապետութեան տակ: Օսմանեան թուրքերը կիրարեցին Բիւզանդիոնի Վարչական դրոյթները, սակայն անոնց նման հանդուրժող չեղան: Անոնց վարչական դրոյթը բնորոշուեցաւ անհանդուրժողականութեամբ եւ փտածութեամբ: Այս մէկը շատ ծանր կշռեց մանաւանդ քաղաքակրթութիւն ճանչցած ժողովուրդներուն համար, որոնք ենթարկուեցան այս լուծին (օրինակ Հայաստանը):

Օսմանեան Կայսրութեան տիրապետութեան տակ հայ ժողովուրդը ենթարկուեցաւ շատ ծանր հարկադրանքներու, որոնցմէ կարելի է յիշել հետեւեալները.-

ա.-Մասնաւոր հարկեր (Ճիզիէ), որոնք պէտք է տային քրիստոնեաները:

բ.-Հունցքի հասոյթէն 10%ը:

գ.-«Հարաչ» անունով յատուկ տուրք:

դ.-Մարդու գլուխ գանձուող տուրք:

 

Պէտք է նշել, որ օսմանեան կայսրութիւնը իր մուտքերուն 50% կը գոյացնէր քրիստոնեաներէն գանձած տուրքերէն:

17րդ դարէն անդին սկսաւ Օսմանեան Կայսրութեան անկման շրջանը, որովհետեւ խորքին մէջ կայսրութիւնը կը ղեկավարուէր.-

ա.-Տեղական բռնատէրերով:

բ.-Վեզիրներով

գ.-Ենիչէրիներով (Զինուած յատուկ ուժեր, որոնք կազմուած էին գերի առնուած մանուկներէն եւ կ‏’ենթարկուէին զինուորական յատուկ դաստիարկութեան)

դ.-Հարէմներով (սուլթաններու կիներ):

 

Ուրեմն Օսմանեան Կայսրութիւնը կը բնորոշուէր կամայականութիւններով, ճնշումներով, հարստահարութիւններով եւ փտածութեամբ, ինչ որ զայն կը դարձնէր անհանդուրժելի լուծի:

Այս ժամանակահատուածին Երեւանի նահանգը, Նախիջեւանը եւ Ղարաբաղը կը գտնուէին Պարսկաստանի տիրապետութեան տակ: Ճիշդ է, որ Օսմանեան Կայսրութիւն-Պարսկաստան հակամարտութիւնները մեղմացուցին ճնշումը Եւրոպայի վրայ, սակայն շնչահեղձ ըրին Հայաստանը. բնականաբար պարսկական լուծը աւելի տանելի էր քան Օսմանեան լուծը, սակայն երկու կողմերուն միջեւ յարատեւ պատերազմները աւելի տկարացուցին Հայաստանը: Օրինակ Շահ Աբբասը նահանջելու ատեն իրեն հետ Պարսկաստան տարաւ 50.000 հայեր, որոնց բնակեցուց Նոր ՋուլՖա կամ Նոր Ջուղա (Սպահան):

Ղարաբաղը ինքնավար մնաց Պարսկաստանի տիրապետութեան տակ: Հոն կ‏’իշխէին հինգ գերդաստաններ (Մելիքութիւններ), որոնցմէ ամէնէն հռչակաւորը՝ Դաւիթ Բէկը եղաւ: Ան 7000 հաշուող բանակով կրցաւ ամբողջական անկախութիւն նուաճել Ղարաբաղի մէջ:

Այս կացութիւնը շարունակուեցաւ մինչեւ 18րդ դար, երբ Երեւան-Նախիջեւան-Ղարաբաղ հատուածը անցաւ Ռուսիոյ կայսրութեան տիրապետութեան տակ եւ Օսմանեան-Պարսկական հակամարտութիւնը վերածուեցաւ օսմանեան-ռուսական հակամարտութեան:

Այնուամենայնիւ, անկախութեան գաղափարը պահպանուեցաւ հայկական լեռնաշխարհի կարգ մը նահանգներու մէջ, օրինակ Սասնոյ եւ Զէյթունի մէջ, ուր պահպանուեցան ռազմական աւանդութիւնները, ժողովրդային ազգային կորովը եւ ձեռներէցութեան ոգին:

Ընդհանուր առմամբ Հայաստանը Օսմանեան Կայսրութեան տիպապետութեան տակ բոլոր բնագաւառներու մէջ (տնտեսական, մշակութային, մարդկային) ապրեցաւ գահավէժ ընթացք մը:

Բագրատունիներու վարչական զարգացած դրոյթները քայքայուեցան, աւերուեցան երկրագործութիւնը, ոռոգման ցանցերը եւ ելեւմուտքը: Աղքատութեան դրոշմը եւ թշուառութիւնը բնորոշեց հայութեան կեանքը: Խորտակուեցաւ հայկական քաղաքակրթութիւնը եւ կասեցուեցաւ զարգացման ընթացքը:

18րդ դարու սկիզբը հայ ազգը փաստօրէն կ‏’ապրէր միջնադարեան կացութեան մէջ:

 

 

 

 

About admin

Check Also

Ցեղասպանութեան Տնտեսական Դրդապատճառները

            Թեւակոխած ենք ու անցած հայոց ցեղասպանութեան 100 ամեակը, հարկ է մեզի վերապահել զգացական երեւոյթները …

Leave a Reply