Home / Ա / Նիւթեր / Պատմական / ԱԶԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐԻ ԱՇԽՈՒԺԱՑՈՒՄ

ԱԶԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐԻ ԱՇԽՈՒԺԱՑՈՒՄ

ԱԶԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐԻ ԱՇԽՈՒԺԱՑՈՒՄ

1-Ազատագրական պայքարի թեւակոխումը զինեալ պայքարի փուլ

Զինեալ պայքարի գաղափարախօսութեան ձեւաւորումը.- Պեռլինի վեհաժողովի արդիւնքներէն յոսախաբ հայութեան մէջ աստիճանաբար հասունացած էր այն գաղափարը, որ ապրելու եւ գոյատեւելու իրաւունք կը ստանան ոչ թէ խնդրելով, այլ պայքարով: Այդ գաղափարախօսութեան ռատվիրան Մկրտիչ Խրիմեանն էր, որ դեռեւս 1876 եւ 1877 թուերուն գրած աշխատութիւններուն մէջ ժողովուրդը պատրաստած էր պայքարի: Ան գտած էր որ «ցանկալի ազատութիւնը» նուաճելու համար անհրաժեշտ է «արիւն թափել»: Պեռլինի վեհաժողովէն յետոյ ան աւելի համաոզուեցաւ անով: Թողելով Օսմանեան կայսրութեան մայրաքաղաքը՝ ան մեկնեցաւ Արեւմտեան Հայաստանի նշանաւոր Վան քաղաքաը, ուր աւելի ուժգին սկսաւ քարոզել զինուած պայքարի գաղափարը:

Ազատագրական պայքարի գաղափարներ արծարծած էր նաեւ Թի‎ֆլիսի մէջ լոյս տեսնող «Մշակ» թերթի խմբագիր Գրիգոր Արծրունին: Ան գտած էր, որ արեւմտահայ գիւղացին ձեռքով մը պէտք է մուրճ ու արօր բռնէ, իսկ միւսով՝ հրացան: Միայն այդպէս հնարաւոր է պաշտպանել ազգի գոյութիւնը: Զինուած պայքարի գաղափարախօսներէն էին նաեւ գրողներ Րաֆֆին, Ռաֆայել Պատկանեանը, Ծերենցը, Մուրացանը: Իր հրապարակախօսական յօդուածներով եւ գեղարուեստական ստեղծագրոծութիւններով («Ճալալեդդին», «Խենթը», «Կայծեր» վէպերով) Րաֆֆին բարձրացուցած էր զէնքի միջոցով հայրենիքը ազատագրելու գաղափարը: Ռաֆայել Պատկանեանը խորհած էր իր ժողովուրդի թոյլ ձեռքի մէջ պողպատէ սուր դնելու մասին: Մուրացանի «Գէորգ Մարզպետունի» վէպի հերոսը ապացուցած էր, որ «մէկ ծաղիկով ալ գարուն կու գայ», այսինքն՝ նոյնիսկ մէկ անձը կրնայ ժողովուրդի մէջ ազդեցութեան հուր բորբոքել: Ծերենցի «Երկունք Թ. դարու» վէպի հերոս Խութեցի Յովնանը գլխաւորած է տեղի հայութեան պայքարը արաբ նուաճողներու դէմ: Այդ հերոսներու օրինակով հայ գրողները ժողովուրդի մէջ աստիճանաբար ներառած էին զինուած պայքարի ելլելու գաղափարը: Այդ մտայնութիւնը նպաստեց ազատագրական նպատակներ հետապնդող խմբակներու ստեղծման:

Ազատագրական խմբակներն ու կազմակերպութիւնները.-

 Եւրոպական յառաջդիմական գաղափարներու ներթափանցումը հայութեան մէջ խթանած էր արեւելահայ մտաւորականութիւնը, որ ուղիներ որոնէ արեւմտահայութեան ազատագրութեան համար: Այդ նպատակով 1869թ. Ալեքսանդրապոլի մէջ (Կիւմրի) ստեղծուեցաւ «Բարենպատակ ընկերութիւնը» ուսուցիչ Արսէն Կրիտեանի ղեկավարութեամբ, իսկ 1874թ. Ղարաքիլիսէյի մէջ (Վանաձոր) ստեղծուեցաւ «Հայրենիքի սիրոյ գրասենեակ» խմբակը: Այս խմբակի անդամներէն մէկը երկու անգամ գտնուած էր Արեւմտեան Հայաստան: 1876թ. այս երկու խմբակներն ալ բացայայտուեցան ցարական կառավարութեան կողմէ եւ ցրուեցան, իսկ Արսէն Կրիտեանը բանտարկուեցաւ եւ զրկուեցաւ ուսուցութիւն ընելու իրաւունքէն:

1882թ. խումբ մը հայ ուսանողներ Մոսկուայի մէջ հիմնադրեցին «Հայրենասէրներու միութիւն» կազմակերպութիւնը, որ կը գտնուէր ռուս յեղափոխականներու ազդեցութեան տակ: Կազմակերպութիւնը ունէր իր տպագիր օրկանը՝ «Ազատութեան աւետաբեր» լրագիրը, որ հայ իրականութեան առաջին քաղաքական թերթն էր: Այս կազմակերպութիւնը ունեցաւ քանի մը տարուան կեանք:

Ազատագրական գաղափարները նոր ուժով բորբոքեցան Վանի մէջ, երբ Պեռլինի վեհաժողովէն հիասթափուած Խրիմեանը 1879թ. վերադարձաւ Վան: Այստեղ էր նաեւ վարժապետանոց բացած Մկրտիչ Փորթուկալեանը եւ Վանի ռուսական փոխհիւպատոս Կոստանդին Կամսարականը: Անոնց հովանաւորութեամբ 1879թ. վերջերը Վանի մէջ ստեղծուեցաւ «Սեւ Խաչ» գաղտնի ընկերութիւնը, որ ունէր իր լեգալ օրկանները: «Սեւ Խաչի» գործունէութիւնը աստիճանաբար մարեցաւ, երբ կառավարութիւնը Վանէն հեռացուց Մկրտիչ Փորթուկալեանը եւ Մկրտիչ Խրիմեանը, իսկ փոխհիւպատոս Կոստանդին Կամսարականին փոխադրեց այլ վայր: Որոշակի արկայածումներով «Սեւ Խաչը» իր գոյութիւնը պահպանեց մինչեւ 1880-ական թուականներու կէսը:

Գաղտնի կազմակերպութիւններէն էր նաեւ 1881թ. ստեղծուած Էրզրումի կամ Կարինի «Պաշտպան հայրենեացը»: Անոր ղեկավար մարմինը կոչուած էր Գերագոյն խորհուրդ: Ան բաղկացած էր եօթը հոգիէ. մէկը՝ խորհրդակցական, վեցը՝ հիմնական ձայնի իրաւունքով: Կազմակերպութիւնը ստեղծուած էր խիստ գաղտնի պայմաններու մէջ: «Պաշտպան հայրենեացը» ինքնապաշտպանական նպատակով ստեղծուած կազմակերպութիւն էր, որուն հիմնական շարժիչ ուժը քաղաքի եւ գիւղի արհեստաւորներն ու երկրագործներն էին: Անոր հիմնադիր անդամներէն Խաչատուր Կերեկցեանը մեկնեցաւ Վան եւ Մ.Խրիմեանի միջոցով կապ հաստատեց «Սեւ Խաչի» անդամներուն հետ: Կարինի հոգեւոր առաջնորդ  Մաղաքիա Օրմանեանը օգնած էր կազմակերպութեան ֆինանսական միջոցներով եւ խորհուրդներով: Կազմակերպութիւնը կապեր հաստատեց նաեւ Կ.Պոլսոյ պատրիարք  Ներսէս Վարժապետեանին եւ «Մշակ» թերթի խմբագիր Գրիգոր Արծրունիի հետ: 1882թ. կազմակերպութիւնը պատահաբար բացայայտուեցաւ կառավարութեան կողմէ: Սկսան զանգուածային ձերբակալութիւնները: Անոնց դատավարութիւնը սկսաւ 1883թ. ամրան: Այդ առաջին քաղաքական դատն էր հայերու նկատմամբ: Թրքական պատժաչափերը ոչ ոք չկրեց: Պատրիարքի միջամտութեամբ անոնց մեծ մասը 1884թ. Յուլիսին ազատեցան: «Պաշտպան Հայրենեացը» փառաբանուեցաւ ժողովուրդի կողմէ. Անոր մասին երգեր հիւսուեցան: Այդ ժամանակներէն մեզի հասած է «Ձայն մը հնչեց Էրզրումի բարձր հայոց լեռներէն» երգը:

80-ական թուականներուն ստեղծուեցան բազմաթիւ այլ կազմակերպութիւններ, որոնք ժողովուրդի մէջ կ՛արթնցնէր ազգային համախմբման, ինքնագիտակցութեան եւ պայքարի գաղափարներ:

2-Հայ ազգային կուսակցութիւնները

Արմենական կուսակցութիւն.- Գաղտնի կազմակերպութիւններու ստեղծումը պարարտ հող նախապատրաստեց ազգային կուսակցութիւններու յառաջացումին համար: Առաջին հայ քաղաքական կուսակցութիւը ծնունդ առաւ Վանի մէջ, որտեղ դեռեւս չէր մարած «Սեւ Խաչ»ի գործունէութեան կեանքը: Իբրեւ քաղաքական անբարեյոյս անձ Վանէն արտաքսուելէ յետոյ Մկրտիչ Փորթուկալեանը հաստատուեցաւ Ֆրանսայի Մարսել քաղաքի մէջ եւ սկսաւ հարատարակել «Արմենիա» թերթը: «Սեւ Խաչի» նանխկին անդամները, որ յուսալքուած էին Մկրտիչ Փորթուկալեանի արտաքսումով, աստիճանաբար նորէն համախմբուեցան, եւ 1885թ. խիստ գաղտնի պայմաններով Վանի մէջ ծնաւ առաջին քաղաքական կուսակցութիւնը: Անոր անդամները ուսուցչի հրատարակած թերթի անունով կուսակցութիւնը կոչեցին Արմենական: Կուսակցութեան փաստական ստեղծողը եւ ղեկավարը Մկրտիչ Թերլեմեզեանն էր, որ յետագային հօր անունով կոչուեցաւ Աւետիսեան: 1890-ականներուն ստեղծած իրենց առաջին ծրագրին մէջ իբրեւ կուսակցութեան առաջնային նպատակ մատնանշած էին թրքական բռնապետութիւնը յեղափոխութեան միջոցով տապալելու անհրաժեշտութիւնը: Անոնք կը գտնէին, որ պէտք է ժողովուրդին նախապատրաստել յեղափոխութեան համար եւ զինախումբեր ստեղծել: Ժողովուրդի ինքնապաշտպանութիւնը կազմակերպելու համար անհարժեշտ էր զէնք հայթայթել: «Արմենիա»յի օրինակներն ու զէնք Վան փոխադրելու ժամանակ զոհուեցան առաջին երիտասարդ արմենականներ՝ արեւելահայ Վարդան Գոլոշեանն ու վանեցի Յովհաննէս Ագրիպասեանը:

Արմենակներու գործունէութիւնը մեծ թափ ստացաւ Վանի մէջ 1890ական թուականներու երկրորդ կիսուն, թրքական կառավարութեան ձեռնարկած զանգուածային կոտորածներու ժամանակ: 1896թ. Վանի ինքնապաշտպանական մարտերը ղեկավարած էր Մկրտիչ Աւետիսեանը: Ան իր շուրջը համախմբեց ոչ միայն արմենակեանները, այլեւ դաշնակցականներն ու հնչակեանները եւ ուժգին հակահարուած տուաւ թրքական ուժերուն: Խումբ մը երիտասարդներու հետ Պարսկաստան անցնելու ճանապարհին ան զոհուեցաւ: Ծանր կորուստներ ունեցած կուսակցութիւնը իր գոյութիւնը պաշտպանեց մինչեւ 20րդ դարու երկրորդ տասնամեակը: Ան մեծ մասնակցութիւն ունեցաւ 1915թ. Վան ինքնապաշտպանական մարտերուն, իսկ 1921թ., միաւորուելով այլ քաղաքական ուժերու հետ, ստեղծուեցաւ Ռազմակավար-ազատական կուսակցութիւնը:

Հնչակեան կուսակցութիւն.-

 1887թ. Ժընեւի մէջ ուսանող խումբ մը երիտասարդներ յայտարարութեամբ մը կը դիմեն «Արմենիայի»խմբագիր Մ.Փորթուկալեանին առաջարկելով համախմբել ազգային-ազատագրական ուժերը եւ ստեղծել միասնական յեղափոխական կուսակցութիւն: Փորթուկալեանը կը տպագրէ այդ յայտարարութիւնը, սակայն առաջարկը կը մերժուի: Յետոյ Ժընեւի մէջ խումբը կը հեռանայ «Արմենիա»յէն եւ 1887թ.ին կը հրատարակէ «Հնչակ» թերթը: Անոր ղակավար անդամներէն էին Աւետիս Նազարբեկեանը, Ռուբէն Խանազատը եւ ուրիշներ:

Անոնք ռուս նարոդնիկներու ազդեցութեան տակ գտնուած էին, որոնց պայքարի եղանակները, յատկապէս ահաբեկչութիւնը, գրաւած էին հնչակեանները: Անոնք կապուած էին նաեւ Ժընեւի մէջ գործող Գ.Պլեխանովի «Աշխատանքնի ազատագրութիւն» մարքսիստական խումբին հետ: 1888թ. «Հնչակ» թերթին մէջ հրատարակուած է կուսակցութեան ծրագիրը, որուն մէջ նախատեսուած էին գործունէութեան հեռաւոր եւ մօտակայ նպատակները: Մօտակայ նպատակը թրքական բռնապետութենէն Արեւմտեան Հայաստանի ազատագրումն էր, իսկ անոր իրագործման միջոցներէն էին ագիտացիա, բրոբականտական եւ դեռորը: Արեւմտեան Հայաստանը ազատագրելէ ետք նախատեսուած էր պարսկահայերու եւ ռուսահայերու ազատագրումը: Հայութեան հատուածներու միաւորումէն պէտք է ստեղծուէր դիմոկրատական հանրապետութիւն, որուն հեռաւոր նպատակը սոցիալիզմի կառուցումն էր ողջ մարդկութեան համար, որ վերջ պիտի դնէր մարդու կողմէ մարդուն շահագործման: «Հնչակ»ին մէջ հրատարակուած այդ ծրագիրը յայտարարեց կուսակցութեան ստեղծման մասին: 1889թ.ին անոնց ներկայացուցիչը մասնակցեցաւ 2րդ հիմնադիր ժողովին: Նոյն թուականին Խանզատն ու Կա‎ֆեանը մեկնեցան Կ.Պոլիս, հանդիպումներ ունեցան նշանաւոր հասարակական-քաղաքական գործիչներու հետ: Անոնցմէ Արփիար Արփիարեանին ոգեւորեց ծրագրի Արեւմտեան Հայաստանի ազատագրութեան հարցը, եւ ան իր ողջ խումբով մտաւ հնչակեան կուսակցութեան մէջ:

1890թ.ին Տրապիզոնի մէջ ստեղծուեցաւ առաջին մասնաճիւղը, որ կապեր հաստատեց Կ.Պոլսոյ հնչակեաններուն հետ: Միացեալ ջանքերով 1890թ. Յուլիսի 15ին կազմակերպուեցաւ Գում-Գափուի ցոյցը, որ գնդակոծուեցաւ կառավարուեթան կողմէն: Կուսակցութեան ուժեղ մասնաճիւղեր ստեղծուեցաւ շարք մը հայաշատ վայրերու մէջ: Կուսակցութեան ներսը եղած բոցեալիզմի վերաբերեալ տարաձայնութիւնը հարթելու համար 1896թ.ի Յունուարին Լոնտոնի մէջ հրաւիրուեցաւ պատգամաւորական ժողով: Այնտեղ Արեւմտահայ հնչակեաննրը Ա.Արփիարեանի եւ Մ.Տամատեանի ղեկավարութեամբ պահանջած էին, որ կուսակցութիւնը հարաժարի սոցեալիզմի քարոզչութենէն եւ ղեկավարմար կեդրոնացած սկզբունքէն: Այդ ժամանակ կուսակցութիւնը բաժնուեցաւ երկու թեւի: 1896թ. Լոնտոնի պատգամաւորական ժողովին արեւմտահայ թեւը ստացաւ «վերակազմեալ հնչակեաններ» անունը: Անոնք յետագային կատաղի պայքար սկսան իրարու դէմ, որ յաճախ աւարատեցաւ երկու թեւերու սպաննութիւններով:

Հայ Յաղափոխական Դաշնակցուցիւն.- Թիֆլիսի տարբեր յեղափոխական կազմակերպութիւնները միաւորուեցան Քր.Միքայէլեանի ղեկավարած հայ նարոդնիկներու խումբին հետ: Այդ ընթացքին որոշուեցաւ արեւմտահայերու ազատագրութեան համար պայքարող բոլոր խումբերու միաւորումով ստեղծել «Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութիւն»: 1890թ. Սեպտեմբերին լոյս տեսաւ անոր «Մանիֆեստը», որտեղ գործունէութեան նպատակը յայտարարուած էր՝ «Թուրքաց հայրու քաղաքական ազատութիւնը»: Ընտրուեցաւ կեդրոնական վարչութիւն: Միաւորուելու համար բանակցութիւններ սկսան նաեւ Թիֆլիս եկած հնչակեան Խանազատի հետ: Վերջինս պնդած էր, որ կուսակցութեան ծրագրին մէջ դրուի սոցիալիզմի սկզբունքները: Անոր դէմ դուրս եկան Քր.Միքայէլեանն ու Ս.Զաւարեանը: Կուսակցութիւններու միաւորման դէմ էին հնչակեաններէն Նազարբեկեան ամուսինները: Միութիւնը չկայացաւ: Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութիւնը իր գործունէութեան առաջին ամիսներուն իր կազմակերպական ցանցերը տարածեց Անդրկովկասի մէջ, թափանցեց Արեւմտեան Հայաստան, նաեւ Ռուսիոյ հայաշատ վայրերը: Կուսակցութեան առաջին ընդհանուր ժողովը տեղի ունեցաւ 1892թ.ին: Քննարկուեցան բոլոր վիճելի հարցերը: Կուսակցութեան գործելակերպի քննարկման ժամանակ սուր քննդատութեան ենթարկուեցաւ կեդրոնացած ղեկավարութեան համակարգը: Յաղթեց Ս.Զաւարեանի եւ Յ.Դաւիթեանի կողմէ առաջադրուած ապակեդրոնացման սկզբունքը, որ դարձաւ կուսակցութեան յետագայ ընդարձակման նպաստող ամենամեծ գործօնը: Այդ ընթացքին կուսակցութիւնը վերանուանուեցաւ Հայ Յաղափոխական Դաշնակցութիւն: «Դրօշակ»ի 1894թ. համարներուն մէջ տպուեցաւ «Մեր ծրագիրը»: Ծրագրային հարցերուն մէջ կուսակցութիւնը պէտք է ըլլար միասնական եւ կեդրոնացուած: Ծրագիրը բաղկացած էր երեք մասերէ՝ «Նպատակ», «Միջոցներ, «Կազմակերպութիւն»: Կուսակցութեան նապատակն էր ընդհանուր ապստամբութեան միջոցով Արեւմտեան Հայաստանի տնտեսական եւքաղաքական ազատութիւնը: Միջոցներէն էին մարտական խումբերու ձեւաւորումը, ժողովուրդին զինելը եւ ինքնապաշտպանութեան կազմակերպումը: «Կազմակերպութիւն» բաժինը ընդունած էր ապակեդրոնացման սկզբունքը: Առաջին ընդհանուր ժողովին յաջորդած տարիները եղան Հ.Յ.Դ.-ի ընդարձակման շրջանը: Անդրկոկասի բոլոր նահանգներու եւ հայաշատ վայրերու, Հիւսիսային Կովկասի, ռուսական բոլոր գաղութներու մէջ ստեղծուեցան տեղական մարմիններ: Ուժեղ կառոյցներ ձեւաւորուեցան Ատրպատականի, Վան-Վասպուարականի, ապա նաեւ թրքական կայսրութեան հայաշատ վայրերուն մէջ: 1890-ական թուականներու երկրորդ կէսէն Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը սկսաւ աստիճանաբար դառնալ ամենաազդեցիկ համահայկական կուսակցութիւնը:

Հայ ազգային կուսակցութիւնը, չնայած իր ոչ համերաշխ գործելակերպին, մեծ աշխատանք կատարեց ժողովուրդի ազգային ինքնագիտակցութեան արթնցենելու եւ ինքնապաշտպանութեան գործը կամակերպելու գծով:

Հայդուկային շարժումը

Արեւմտահայ ազգային-ազատագրական պայքարի մէջ մեծ տարածութիւն գտաւ հայդուկային կամ ֆիտայական շարժումը: Հայդուկ հունգարերէն բառ է, կը նշանակէ պարտիզպան, ֆիտայի արաբերէն բառ է, կը նշանակէ անձնազոհ: Հայդուկային շարժումը Արեւմտեան Հայաստանի մէջ սկսաւ 19րդ դարու 80ական թուականներու կէսերէն, ան իր սուր ծայրով ուղղուած էր բոլոր տեսակի ճնշումներու եւ բռնակալութեան դէմ: Մեծ մասամբ իբրեւ ճնշող եւ բռնակալ հանդէս կու գային քիւրտ ռազմական աւագանին՝ ցեղապետները եւ թուրք պաշտօնէութիւնը: Վրիժառու հայդուկի զէնքը անհրաժեշտութեան պարագային ուղղուած էր նաեւ հայ մատնիչներու դէմ: Չհանդուրժելով լլկանքները՝ հայ գիւղացին ոեւէ քիւրտ աղա կամ թուրք ոստիկան սպաննելէ ետք կը թողեր տուն, տեղ, ընտանիք եւ կը բարձրանար լեռները: Անոնք անսպասելի յարձակումներ կը կատարէին կառավարական զօրքերու, քիւրտ հերոսախումբերու կամ հարկահաններու վրայ: Հայդուկային խումբերը կ՛առաջնորդուէին չգրուած օրենքներով, այնտեղ կը տիրէր երկաթեայ կարգապահութիւն: Առաջին հայդուկներէն էր 1869թ. ծնած Արաբօն (Առաքել Մխիթարեան), որ չհանդուրժելով քիւրտ ցեղապետի վայրագութիւնները, որոշեց անոնց պատասխանել «ակն ընդ ական» սկզբունքով: Ան յանդուգն էր, արի, վեհանձն. կը պաշտպանէր հասարակ գիւղացիին՝ անկախ ազգութենէն: Կողոպտած էր հարուստներու ունեցուածքը, բաժնած անխտիր բոլոր գիւղացիներուն: Կովկասէն զէնք տեղափոխելու ժամանակ Արաբոյի 16 հոգինոց խումբը շրջապատուեցաւ թշնամիի կողմէն եւ բոլորն ալ գրոհի ենթարկուեցան:

Ֆիտայական շարժումը վերելք ապրեցաւ, երբ անոնց գործունէութիւնը սկսաւ ղեկավարել ազգային կուսակցութիւնները:

Հայդուկային շարժման ականաւոր դէմքերէն էր Արմենակ Ղազարեանը, որ ծնած է 1864թ. Սասունի Ահրոնք գիւղին մէջ: Իբրեւ ֆիտայի ան յայտնի դարձաւ Հրայր Դժոխք, Ուրուական անունով: Անոր նպատակն էր ոչ թէ ստեղծել ֆիտայական խումբեր, այլ առաջացնել համաժողովրդական շարժում: Լեռ բարձրանալու փոխարէն ան կը շրջէր գիւղէ-գիւղ եւ ժողովուրդին մէջ ըմբոստութիւն կը տարածէր: Երբ Հ.Յ.Դ. Տարօնի մէջ սկսաւ իր գործունէութիւնը, Հրայրը ընդունուեցաւ անոր շարքերը: Ան թղթակցած էր «Հնչակ»ին եւ «Դրօշակ»ին, պախարակած անոնց միջ-կուսակցական տարաձայնութիւնները: Ան իրատես գործիչ էր. չէր հաւատար Եւրոպայի խաբուսիկ յոյսերուն, ո՛չ ալ թուրքերու խոստումներուն: Ան գործօն մասնակցութիւն ունեցաւ Սասունի 1894թ. ինքնապաշտպանական մարտերուն եւ զոհուեցաւ 1904թ. Սասունի ապստամբութեան վճռական կռիւին:

Ֆիտայական շարժման անուանի հայդուկներէն էր Սերոբ Վարդանեանը՝ Ախլաթի շրջանի Սոխորդ գիւղի գիւղապետի կրտսեր եղբայրը: Իր վրայ յարձակած քիւրտերէն մէկուն սպաննելէ յետոյ, անոր նախ կը փախցնեն Կ.Պոլիս, ապա Ռումինիա: Այնտեղ հայդուկային խումբ կը ձեւաւորէ ան եւ 1895թ.ին կը վերադառնայ Ախլաթ: 1896-97 թուականներուն Ողջ գաւառի մէջ ան կը կազմակերպէ ժողովուրդի ինքնապաշտպանութիւնը: Այդ պատճառով ժողովուրդը անոր կը կոչէ Աղբիւր Սերոբ, այսինքն՝ կեանք պարգեւող: 1897-99 թ. ֆիտայական շարժումը կոչուեցաւ Սերոբեան շարժում: Թեղուտ գիւղի վճռական ճակատամարտէն յետոյ ողջ շաբաթ մը ան կը թաքնուի ձիւնապատ լերան կատարին: Այդ ժամանակներէն անոր կը կոչուի նաեւ Նեմրութի Ասլան: Կառավարութիւնը մեծ գին կը յայտարարէ Սերոբի գլուխին համար: Գեղաշէնի լրտես Աւօն կը թունաւորէ անոր եւ կը յայտնէ Պշարէ Խելիլին: Գելեգուզան գիւղին մէջ թունաւորուած Սերոբը իր ընտանիքին եւ ընկերներու հետ կը դիմադրէ Պշարէ Խալիլի զօրքերը, բայց կը զոհուի թշնամիին սարսափը եւ ժողովուրդի սիրելին: Սակայն անոր անունը անմար կը մնայ ժողովուրդի յիշողութեան մէջ: Անոր մասին հիւսուեցան երգեր ու ասքեր:

Հարիւրաւոր հայդուկներու շարքին իր պատուաւոր տեղը ունի Գէորգ Չաւուշը: Ան հին հայդուկներէն էր, մարտնչած էր բազմաթիւ խումբերու մէջ: Իր անձնազոհութեամբ եւ սխրանքներով չէր զիջած Սերոբին, սակայն անմռունչ կատարած էր անոր հրամանները: Գէորգը մղեց բազմաթիւ կռիւներ՝ Մազրայի, Շենիկի, Բերդակի, Պնաւի մարտերը, որոնք բոլորն ալ աւարտած էին յաղթանակով: Անոնցմով ան սիրտ տուած էր հայութեան, հաւատ ներշնչած ֆիտայիներուն, իսկ քիւրտ ու թուրք շահագործողները վախցած էին Գէորգի պատիժէն: Ան դարձած էր անորսալի վրիժառու: Կառավարութիւնը ուժեղացուց անոր հետապնդելու գործունէութիւնը եւ 1907թ. Սուլուխի կռիւին Գէորգը զոհուեցաւ, բայց անոր անունը մնաց ժողովուրդի սրտերուն մէջ իբրեւ անձնազոհութեան եւ նուիրումի վսեմ օրինակ:

Սերոբի խումբի հայդուկներէն էր Անդրանիկ Օզանեանը, ծնած է 1865թ. Սեբաստիայի վիլայէթ Շապին-Գարահիսար քաղաքը: Սպաննելով իր անմեղ հօրը ծեծող թուրք պաշտօնեային՝ ան բանտարկուած է, ապա փախած Կ.Պոլիս, յետոյ՝ Ռումինիա: Որոշ ժամանակ անց վերադարձած է Արեւմտեան Հայաստան, յետոյ իր տեղը գտած է Աղբիւր Սերոբի խումբին մէջ, որտեղ աստիճանաբար մեծ հեղինակութիւն ձեռք բերած է: Սերոբի դահիճ Պշարէ Խելիլի սպաննութիւնը իրականացնելէ ետք դարձած է հայդուկեպետ: Անոր հռչակը աւելի տարածուեցաւ Առաքելոց վանքի ինքնապաշտպանութեան ժամանակ: Նահանգական իշխանութիւնները փորձեցին խաբէութեամբ ծուղակը ձգել Անդրանիկն եւ անոր խումբը բայց չյաջողեցաւ:

Ժողովրդական հերոս Անդրանիկը բազմաթիւ յաղթական կռիւներ մղեց Արեւմտեան Հայաստանի տարբեր վայրերու մէջ: Ռուսական բանակի հրամանատարութեան կողմէ արժանացաւ կեներալի բարձր աստիճանի, բայց հոշուով միշտ մնաց հայդուկ, պատրաստ զոհուելու իր ժողովուրդին եւ հայրենիքին համար:

Հայդուկային խումբերու մէջ նշանաւոր դեր կը կատարէին բազմաթիւ քաջակորով այլ հայորդիներ:

Հայդուկային շարժումը հայ ազգային-ազատագրական շարժման փառաւոր էջերէն է: Ան նպաստեց ժողովուրդի ազգային ինքնագիտակցութեան բարձրացման: Բազմաթիւ հայ խիզախ վրիժառուներ իրենց սխրանքներով անմահացան ժողովուրդի սրտին մէջ, ապացուցելով, որ աւելի լաւ է զոհուիլ պատուով իբրեւ մարդ, քան քաշ տալ խղճուկ ու ստրկական գոյութիւնը:

zp8497586rq

About admin

Check Also

Հայկական Հնագոյն Ցեղերն ու Ցեղային Միութիւնները

           Ինչպէս ամէն ժողովուրդի, այնպէս ալ հայ ժողովուրդի կազմաւորման գործընթացը ընդգրկած է երկար ժամանակ, թերեւս …