Home / Դ / ԱՅԼԱԶԱՆ / Գիտութիւնը եւ Կրօնը

Գիտութիւնը եւ Կրօնը

Religion_Vs__Science

                       Սովորաբար, գիտութեան եւ կրօնի հաշտարարները, ապացուցելու համար որ կրօնը յետամնացութեան յատկանիշ չէ, կը դիմեն շարք մը մեծ գիտնականերու հաւատացեալ ըլլալու փաստին, ինչպիսին էին Պղատոնը, Բասթէօրը, Բասկալը, Նիւթոնը, Տարուինը եւ շատեր: Սակայն, այդ օրինակները գրեթէ ոչինչ ապացուցելով, որոշ մտահոգութիւն կը յառաջացնեն անաստուածներու մօտ, ստիպելով անոնց մտածել գիտութեան եւ կրօնի հաշտութեան ուղղութեամբ : Ուստի դիմենք աւելի համոզիչ ապացոյցներու: Գիտութեան եւ կրօնի անհամատեղութեան խնդիրը կը յառաջանայ այն պատկերացումէն, թէ երկուքն ալ կ’ուսումնասիրեն աշխարհակառոյցի միեւնոյն հարցերը, որուն մէջ գիտութիւնը կ’օգտուի տրամաբանութենէն, իսկ կրօնը կը պահանջէ կոյր հաւատք, սակայն եթէ ճիշդ է այն իրողութիւնը, որ ճանաչողութեան միակ աղբիւրը հաւատքն է, ապա գիտութիւնը մարդոց խաբող դաժան աւելորդաբանութիւն մըն է, իսկ եթէ ճիշդ է այն, որ ճանաչողութեան միակ սկզբունքը տրամաբանութիւնն է, ապա կրօնը մարդոց թիւրիմացութեան մէջ ձգող աւելորդաբանութիւն մըն է:

Ինչպէ՞ս կրնան հաշտուիլ այս երկու ուսմունքները.-

                 Կրօնի եւ գիտութեան առաջին հաշտարարները յայտարարեցին, որ ամէն մէկը կը խօսի տարբեր բաներու մասին, այդ իսկ պատճառով անոնց միջեւ չի կրնար յառաջանալ ոչ մէկ հակասութիւն: Այս տեսակէտը կ’ըսէ թէ գիտութիւնը կ’ուսումնասիրէ տեսանելի աշխարհը, իսկ կրօնը աշխարհի առնչութիւնը սկզբնապատճառի հետ: Սակայն չէ՞ որ կրօնական ուսմունքը փոփոխութեան կ’ենթարկէ մարդոց պատկերացումները կեանքի մասին եւ նոյնը կ’ընէ նաեւ գիտութիւնը: Ինչպէ՞ս կրնանք պնդել թէ գիտութիւնն ու կրօնը կ’ուսումնասիրեն տարբեր բաներ եւ ընդհանուր հարցեր չունին: Գիտութիւնը եւ կրօնը մասամբ կ’ուսումնասիրեն նոյն բանը աշխարհը եւ կեանքը, բայց կ’ուսումնասիրեն այդ բանի տարբեր կողմերը, անոր համար ալ մենք իրաւունք կը ստանանք պնդելու, թէ գիտութիւնը եւ կրօնը կ’ուսումնասիրեն տարբեր բաներ: Բայց կրօնի եւ գիտութեան ամէնէն ուժեղ բախումը տեղի կ’ունենայ հրաշքներու ասպարեզէն ներս, ուր գիտութիւնը չի կրնար ընդունիլ բնական օրինաչափութիւններէն դուրս գտնուող որեւէ երեւոյթ: Բայց պէտք է խոստովանիլ, որ իսկական խոր հաւատքը, վերջին հաշուով կապուած է հրաշքի գոյութեան հետ: Չէ՞ որ ամէն մէկ աղօթք հրաշք գործելու խնդրանք է, այսինքն՝ խնդրանք, որ կեանքին միջամտեն ինչ որ արտասովոր ուժեր, բայց միթէ՞ արտասովոր ուժերու գոյութիւնը կը հակասէ գիտութեան:

           Ինչպէ՞ս կրնանք պնդել, թէ ուշ կամ կանուխ մենք ի սպառ ճանչնալու ենք տիեզերքը, այսինքն բացատրելու ենք բոլոր հրաշքները: Միթէ՞ հնարաւոր է, օրինակ, կենդանիներուն այնպէս վարժեցնել, որ անոնք թուաբանական խնդիրներ լուծեն: Միթէ՞ հնարաւոր է ենթադրել, որ մենք խեղճուկ էակներս, որ ի վիճակի չենք լուծելու մեր փոքրիկ երկրագունդի խնդիրները, տիեզերքի ամէնագիտուն իշխաններն ենք:

          Քիչ մը խորանալով այս հարցերու մէջ եւ քիչ մը օգտուելով ժամանակակից գիտութեան արդիւնքներէն, կարելի է համոզուիլ որ գիտութեան կողմէն ուսումնասիրուող առարկայէն դուրս, գոյութիւն ունի ուժերու ամբողջ բազմութիւն մը, որոնք ոչ մէկ կերպով կրնան ուսումնասիրուիլ գիտութեան կողմէն: Այսինքն՝ կան օրինաչափութիւններ, որոնց ուսումնասիրութիւնը գիտութեան կարողութիւններէն դուրս է: Մեզ համար ալ միշտ կը մնայ անճանաչելիութեան անվերջ ոլորտ մը: Թէ՛ գիտութիւնը եւ թէ՛ կրօնը կ’ընդունին, որ աշխարհը ունի յատուկ խորհրդաւորութիւն, որ ան անճանաչելի է սկզբունքօրէն: Միայն թէ կրօնի համար անհրաժեշտ է անմիջական կրօնական փորձ, աւելի «սուր» աչքեր, մարդկային կատալերագործութիւն, իսկ գիտութիւնը նոյնպէս լի է սահմնանափակումներով: Այսպիսով գիտութեան եւ կրօնի հաշտարարները ուղղուած էին ապացուցելու, թէ կրօնը եւ գիտութիւնը կ’ուսումնասիրեն աշխարհակառոյցի տարբեր ոլորտները:

              Բայց ինչպէ՞ս կ’ուսումնասիրեն, ի՞նչ միջոցներ կ’օգտագործեն: Այս մասին մեր հաշտարարները կը խօսին բաւական աղօտ կերպով: Լաւագոյն դէպքի մէջ անոնք կ’ըսեն, որ գիտութիւնը տրամաբանութիւն կը պահանջէ, իսկ կրօնը՝ հաւատք: Թէ՛ կրօնը եւ թէ գիտութիւնը կ’ուսումնասիրեն ամխարհակառոյցը, բայց գիտութիւնը կը դիտէ որպէս բաղկացուցիչ մասերու գումար, իսկ կրօնը կ’ընկալէ աշխարհի ոգին: Տրամաբանութիւնը եւ ըմբռնումը կողք-կողքի կը գործեն համակարգերու ստորադասական բոլոր աստիճաններու վրայ, այսինքն՝ այնտեղ, որտեղ տիեզերքը կը դիտուի որպէս բարձրագոյն համակարգ:

About admin

Check Also

Դասախօսութիւն Նիւթ «Արեւմտահայերէն՝ Տագնապներ Եւ Մարտահրաւէրներ»

Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Սրբ. Եպս. Սարգիսեանին Կազմակերպութեամբ Ազգային Գրադարանի Յանձնախումբին …